Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Պահանջատիրութենէն Ա՛լ Աւելի Կարեւոր Ճշմարտութեան Ուղի

*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներն ու ամէն տեսակի մշակութային եւ գեղարուեստական ելոյթները, դժբախտաբար մեծաւ մասամբ ամփոփուեցան Ապրիլ ամսուան մէջ՝ մոռնալով, որ 100 ամեակը կը շարունակուի 2015 տարուան միւս ամիսներուն ընթացքին եւս: Արդէն իսկ գրեթէ վերցուած են անմոռուկները հայ մարդոց համացանցային էջերէն, հայկական դպրոցներու եւ դասարաններու պատերէն, աշակերտական գրասեղաններէն եւ գրեթէ ամէն տեղէ:

Միայն քիչեր, որոնց շարքին «Գոհար» Համոյթը, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս»ի անուան թատերախումբը եւ այլք, գիտակցելով 100 ամեակի տեւողութեան շրջագիծը, 100 ամեակի նուիրուած ելոյթներ ունեցան նոյնիսկ Սեպտեմբեր ու Նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին:

Հարիւր տարիներ ետք ի յայտ եկաւ այն դժբախտ իրականութիւնը, որ իսկութեան մէջ մեր ինչ ուզելը վերջնականապէս յստակ չէ՝ լացող մանուկի մը նման, որուն դիմաց ծնողքը կը շուարի, թէ ուզուածը կա՞թ է կամ խաղալիք…: Ոմանք միայն ճանաչում պահանջեցին, ուրիշներ հայկական հողերը. ոմանք արեան գին ու ներողութեան արտայայտութիւններ, իսկ կաթողիկոսութիւններ եկեղեցապատկան կալուածներու հատուցումը…:

Աստուած մի արասցէ եթէ սխալմամբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ըսէ. «Հրամմեցէք ըսէք ինչ որ կ’ուզէք՝ տա՛նք», այդ ժամանակ աշխարհի դիմաց մենք բոլորս է որ պիտի խայտառակուինք ազգովին, որովհետեւ ամէն գլուխէ տարբեր ձայն պիտի լսուի, մեզի ձգելով այդ մանկան կերպարանքին մէջ, որ չի գիտեր թէ ի՞նչ կ’ուզէ:

Ի դիմաց այս շուարած վիճակին ու տատամսումին, կ’ուզենք պահ մը յստակ տարբերութիւն գծել ուզելուն եւ ընելուն միջեւ… պէտք է ուզե՞լ թէ ոչ ընել, որովհետեւ ընելը եւ ուզելը իրարմէ անբաժան մասնիկներ են եւ մենք շատ անգամ կ’ուզենք առանց ընելու: Ինչպէս որ արհեստաւորը իր վարձատրութեան չի տիրանար՝ մինչեւ գործը ի յայտ չի բերէ, նոյնն է պարագան նաեւ մեր հայ իրականութեան. պէտք է ընել ու գործել… սակայն ի՞նչ:

Ա.- Ռազմավարական Ծրագրաւորումի Պակաս

Անցեալին բոլոր կուսակցութիւններուն պարագային նպատակն ու հեռանկարը յայտնի էր. թրքական յարձակումներէն, բռնութիւններէն ու կողոպուտէն ազատագրել հայ ժողովուրդն ու հայրենի հողը: Անոնք անձնուէր գործունէութեամբ խումբեր կազմելով, ահաբեկչութիւններ կատարելով դէմ կը դնէին թշնամիին յարձակումներուն ու նպատակներուն: Սակայն այսօր, այդ դէպքերէն աւելի քան դար մը ետք, դժբախտաբար յստակ պատկերացումը կը պակսի անոնց գործունէութեան ու նպատակներուն: Վստահաբար բոլոր հայկական կուսակցութիւններն ալ ունին իրենց նպատակն ու հեռանկարներ, սակայն կայ անոր քարոզչութեան պակասը:

Ամէն կուսակցութեան մէջ մեծերը գիտեն ռազմավարական ծրագրաւորման մանրամասնութիւնները եւ ըստ այնմ կազմակերպութեան շահերուն համար որոշ քայլեր ու որոշումներ կը յառաջացնեն, սակայն անոնցմէ անտեղեակ են համակիրներու մեծաթիւ հաւաքականութիւնը, ինչ որ դարձեալ տատամսում եւ շուարած վիճակ մը կը յառաջացնէ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Սոցիալ Դեմոկրատական Հնչակեան Կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ մօտ են Հարիրիի, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Աունի խմբաւորումներուն։ Վստահաբար անոնց մեծերը լաւապէս գիտեն, թէ ինչո՞ւ համար որդեգրուած է այդ մէկը, սակայն անոնց համակիրներու շարքերը վստահ եղէք այնքան ալ տեղեակ չեն անկէ. Ռամկավար եւ Հնչակեան համակիրը կը սիրէ՛ Հարիրին ու անոր կը քուէարկէ, Դաշնակցական համակիրը կը սիրէ Աունը ու անոր կը քուէարկէ, սակայն առանց գիտնալու, թէ ինչու, այլ պարզապէս հաւատարիմ մնալով իր կուսակցութեան դիրքորոշումներուն:

Այս մէկը ծնունդ կ’առնէ նախ Ռազմավարական Ծրագրաւորման յստակ պատկերացումի պակասէն եւ ապա անոր քարոզչութենէն, որպէսզի ամէն մարդ ինչ որ կը գործէ կուսակցութեան սիրոյն ընելու կողքին՝ հաստատ ըլլայ ու գիտնայ, թէ ինչո՞ւ համար այս քայլը կ’առնէ:

Մարդկային առողջ միտքը կ’ըսէ. «2+2=4»… սակայն ոչ լաւապէս տեղեակ համակիրի մը մօտ պատկերը հետեւեալն է՝ «?+?=4». այո, անոնք ճիշդ պատասխանը գիտեն. Տեղեակ են, որ արդիւնքը չորս է, սակայն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞սը անյստակ կը մնայ իրենց համար, ինչ որ շուարում կը յառաջցնէ, որ մեր մեծագոյն տկարութիւններէն մէկն է:

Թող ընթերցողը երբեք սխալ չհասկնայ՝ յօդուածին նպատակը երբեք կուսակցութիւնները քննադատել կամ անոնց գործունէութեան սխալները ցոյց տալ չէ. քաւ լիցի: Գրութեան նպատակը գաղափարներու յստակացում յառաջացնել է հայ ժողովուրդին մօտ, որպէսզի ան եւս գիտակցութեամբ գործէ. երբ Ապրիլ 24ի օրը արշաւի մը ընթացքին օտարի մը կողմէ հարց տրուի, որ «ի՞նչ է նպատակը», «կուսակցութիւնդ ի՞նչ կը պահանջէ», «անձնապէս քու պահանջածդ ի՞նչ է», անոր յստակ, մտածուած եւ գաղափարական մօտեցումով օժտուած պատասխան մը տրուի:

Մեր հայկական ներքին վրէժխնդիր արիւնը միշտ նոյնը կը պոռայ. «Թուրքը շուն է, պէտք չէ ապրի. մեր տուները-տեղերը առին մեր ձեռքերէն, թող խոստովանին իրենց ոճիրը, տան մեր հողերը, այլապէս զէնքով պիտի փրկենք մեր Հայրենիքը…»: Վերոյիշեալ տողերը բոլորս ալ մասամբ կամայ թէ ակամայ մեր հոգիներէն ներս ունինք, սակայն այս բոլորը ազգի մը պահանջքներու հեռանկարը յստակօրէն ներկայացնող խօսքեր չեն, այլ լոկ մարդկային ու մանաւանդ հայ մարդու արդարացի պոռթկումներ:

Այս իրար անցած ու շուարած վիճակն է պատճառը, որ շատ անգամ Ապրիլ 24ի քայլարշաւներու ժամանակ կը լսուին նման արտայայտութիւններ. «քալեմ ի՞նչ պիտի փոխուի»… «քալելով թուրքը պարտուա՞ծ պիտի ըլլայ», «ամէն տարի կը քալեմ բան չի փոխուիր» ու նման հազար ու մէկ արտայայտութիւններ:

Առ այդ ազգ մը զօրաւոր հիմերու վրայ պահելու, շուարած ու տատամսած վիճակը չէզոքացնելու համար պէտք է սորվեցնել, քարոզել ու բացատրել, յստակ հիմերու վրայ գծել ապագայ հեռանկարներն ու որդեգրուելիք դիրքորոշումները: Չըսել, որ այս մէկը այսպէս է՝ որովհետեւ այսպէս որոշուած է… այլ միշտ պատճառն ու «որովհետեւ»ը յստակացնել, որպէսզի շուարած հայերու տեղ գիտակից հայեր յառաջ քան, որովհետեւ այդպիսիներու թիւը որքան աճ արձանագրէ՝ մենք այնքան աւելի յաջողած կրնանք համարուիլ:

Բ.- Պահանջատիրութենէն Առաջ Հայապահպանում

Վերջերս կատարած ճամբորդութենէս ետք սկսայ ալ աւելի եւս շեշտս դնել ու գիտակցիլ այն երեւոյթին վրայ, որ մեր մօտ պահանջատիրութենէն շատ աւելի մեծ ու էական հարց մը կայ, որուն պէտք է ուժ տրուի. Հայապահպանութիւնը: Հայապահպանութիւն, որովհետեւ գրաւուածը պահանջելէ աւելի մենք կարիք ունինք եղածը պահելու, քանզի զգալի է այն իրողութիւնը, որ քարոզչութեան ժամանակ տրամադրելով ու պահանջելով այնքան աւելի եւս մեր ունեցածը կը կորսնցնենք:

Ճամբորդութեանս ընթացքին հանդիպեցայ մեծաթիւ հայերու, որոնք օտար ափեր հաստատուելէ ետք փոխած են իրենց անունը. Յասմիկը եղած է Գլոտիա, Աղաւնին Ակափէ ու մականուններու «եան» մասնիկը վերցնելով ալ աւելի եւս «արդիականացուցած» են իրենց ընտանեկան անունները: Հանդիպեցայ Առաքել Առաքելեան անունով երիտասարդի մը… ի՜նչ գեղեցիկ անուն եւ մականուն՝ օծուած հայկականութեամբ, սակայն Առաքել նոյնիսկ «Բարե՜ւ» բառը չի կրնար ըսել: Այցելեցի Հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կեդրոններ, հայկական դպրոցներ, ուր 10-11 տարեկան մանուկներ իրար հետ կը հաղորդակցին օտար լեզուով, 18-20 տարեկան երիտասարդներ հայերէն ոչ մէկ երգ գիտեն ու հաղորդակցութեան լեզուն դարձեալ օտար է…: Գտնուեցայ շրջաններ, ուր հայկական դպրոց չկայ եւ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կամայ թէ ակամայ կը յաճախեն օտար դպրոցներ, այդտեղ օտար շրջանակ կազմելով իրենց համար եւ նոյնիսկ տարիներ ետք օտար ամուսնութեամբ կնքելով իրենց կեանքը: Օտար լեզու, օտար կրթութիւն, օտար ամուսնութիւն… եւ արդէն կը ստանանք օտարացած հայ մը…:

Առ այդ սիրելի ընթերցող, պահանջենք մեր չգիտցա՞ծը թէ ոչ պահելու նայինք մեր ունեցած փոքրամասնութիւնը. ո՞րն է ճիշդը:

Վերջերս համացանցի ճամբով ֆրանսաբնակ տիկին մը քննադատեց զիս՝ ըսելով, որ ինչո՞ւ համար ամէն բան հայերէն կը գրեմ. ինք կը սպասէ, որ ֆրանսերէն եւ անգլերէն գրեմ, որպէսզի կարենայ կարդալ: Քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ մնալով բացատրեցի, որ իմ հայերէն գրելս չէ սխալը, այլ իր հայերէն չգիտնալուն մէջ է, որ սխալ կայ ու ստացայ հետեւեալ պատասխանը. «Դուք չէք գիտեր… մեր մեծ հայրերը, մեր մեծ մայրերը երբ հաստատուեցան այս օտար երկիրները, կարելիութիւն չունէին դպրոց հիմնելու եւ կամ հայկական կրթօճախ մը հաստատելու (թէեւ փոքր)»: Այդ դժուարին պայմաններուն վրայէն արդէն իսկ անցաւ դար մը… ի վիճակի չեղող մեր մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն զաւակները օտար հողերու վրայ դարձան մեծահարուստներ. ունեցանք գիտնականներ, ստեղծագործող միտքեր… ու ներկայիս հսկայական սերունդ մը, ըլլայ Ամերիկա, Եւրոպա թէ այլուր հայերէն չգիտնալու պատճառ կը գտնեն օտարութիւնը…:

Սակայն օտարութիւնը մենք կը տեսնենք որպէս պատճառաբանութիւն. այսօր աշխարհի տարածքին ամէն տեղ ալ մեր կուսակցութիւնները, հայկական կազմակերպութիւնները կարելիութիւնը ունին կրթօճախներ հաստատելու, Սփիւռքէն կամ Հայրենիքէն երիտասարդ հայագէտ ուժեր հաւաքելու եւ մղելու հայակերտման աշխատանքին: Այո, թէեւ ճիշդ է այն խօսքը, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւս որդեգրած է «Հայ է այն մարդը որ ինքզինք հայ կը զգայ» լոզունգը, սակայն տեղ կու գայ, որ մենք պէտք պիտի ունենանք իսկական հայերու, մեր իսկական պահանջքներն ու նպատակները իրագործելու համար: Անունով-մականունով հայեր աշխարհի տարածքին վրայ շատ կան, սակայն մեծամասնութիւն մը դժբախտաբար, բռնած է ազգային կորուստի մեծ ճամբան:

Կարդացէ՛ք Զարթօնքի շրջանի մեր գրագէտներուն կեանքը. անոնք անձնազոհութեամբ, նուազագոյն վճարումներով աշխարհի հեռաւոր շրջանները կ’երթային՝ հայերէն ու հայրենասիրութիւն սորվեցնելու համար, ու այդ սրբազան աշխատանքին վրայ է, որ Զարթօնք մը իրականացաւ 1870-1890 թուականներուն միջեւ: Զարթօնքի շրջանը մեծագոյն փաստն է, որ արդիւնք ձեռք ձգելու համար պէտք է աշխատանք տանիլ: Դժբախտաբար մենք շատ անգամ գերազանցած ենք իսրայէլացի ժողովուրդը եւ միշտ մանանայ սպասած երկինքէն:

Ժողովներու ընթացքին միշտ խօսուած է մարզանքի, նուագախումբի, բանակումի եւ նման մանր մունր բաներու մասին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապրողը իր շուրջը կը տեսնէ միայն, իրեն միայն ան է որ կը հետաքրքրէ, սակայն կայ այս բոլորէն կարեւոր ու մեծ հայութիւնը յուզող համաշխարհային հարց մը՝ ձուլում, եւ այդ ձուլումը համաշխարհայնացումի մեծ աղէտէն չէ որ յառաջ կու գայ, այլ անհետեւողականութենէ՝ հայակերտման, հայապահպանման եւ հայ ոգի ու շունչ փոխանցելու անպատրաստակամութենէն ու մասամբ անկարելիութենէն:

Թող ոչ ոք իր վրայ առնէ այս յօդուածին սուր խօսքերը, սակայն պէտք է ընդունինք, թէ իրականութիւնը այն է, որ ունինք հսկայական մեծ թիւով երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք հայ են պարզապէս որովհետեւ հայ ընտանիքէ ծնած են. մենք մեզ չմխիթարենք, որ հայութիւնը քիչ-քիչ լաւ ընթացքի մէջ ըլլալու վրայ է, այլ մեծապէս փափաքն ու հսկայական կարիքը կայ նոր աղգային Զարթօնքի մը, որովհետեւ երբ հայը օտար լեզուն իր մայրենիէն լաւ գիտէ, երբ հայը արաբերէնը հայերէնէն աւելի արագ ու սահուն կը կարդայ… երբ հայը օտարին մշակոյթը, վարքն ու բարքը իր սեփականէն լաւ գիտէ, այդ կը նշանակէ որ լաւ ընթացքի մէջ չենք:

Առ այդ եկէք պահանջելէ առաջ նախ տանք, որպէսզի մեր տալիք պահանջատիրութեան ոգին ու ձայնը ա՛լ աւելի բարձր ըլլայ. թող որդեգրուի նոր դիրքորոշում մը բոլորին կողմէ՝ «Հայերէն Չգիտցող Հայ Չմնայ» խորագիրին տակ ու իսկական Զարթօնքի նոր թափով զարկ տրուի հայապահպանման սրբազան գործին, որովհետեւ Հայաստանի գրաւուած հողերը առնելէ ետք երբ մեր ներկայ սերունդը կորսնցնենք, ոչ մէկ իմաստ կ’ունենան վերատրուած ու հատուցուած դատարկ հողերը:

Եկէք մենք չպահանջենք ոչ մէկ բան, այլ պատրաստենք ա՛լ աւելի հայախօս սերունդ մը, որ աւելի մեծ հաւատքով եւ վստահութեամբ պահանջատէրի ոգիով լեցուի, որովհետեւ երբ մենք յաւէտ ձգենք ու հեռանանք այս աշխարհէն, պահանջատէրերուն թիւը շա՜տ աւելիով պակսած պիտի ըլլայ:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին