Չորեքշաբթի, 18. 09. 2024

spot_img

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը

                                                                                 *ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդին մնայուն բայց համեստ խօսակիցը եղաւ 94 տարի անընդհատ՝ մեր նորագոյն պատմութեան ընթացքին եւ պիտի շարունակէ եւ պէ՛տք է շարունակէ մնալ խօսակիցը՝ գործով ու գործօն ներկայութեամբ, նոյնացած ժողովուրդի ակնկալութիւններուն ու տագնապներուն հետ, ապրելով հայ ժողովուրդի առօրեան՝ Սփիւռք թէ Հայաստան, իբրեւ անոր անբաժան ու անբաժանելի մասնիկը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հիմնադրութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն ուժ մը եղաւ, հայօգուտ բարիք մը գիտակից իր կոչումին, ծառայելով հայ ժողովուրդի համայն կածիքներուն:

Իր ամէնէն պարզ ձեւին մէջ, այդ կոչումը վերածուեցաւ կոչնակի պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութեան՝ սնուցանելու հայ հասարակութիւնը առողջ ու գործնական գաղափարներով եւ հանդիսանալու հարազատ արտայայտիչը անոր ազգային ու հայրենական էախնդիրներուն:

20րդ դարը ինչպէս ամբողջ աշխարհի, բայց յատկապէս մեր ժողովուրդի համար, եղաւ շրջան մը ճակատագրական դէպքերու: Ներկայացան մեր կեանքը յուզող ու մեր հաւաքական իմաստութիւնը փորձաքարի զարնող կենսական հարցեր: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դիմագրաւեց այդ բոլորը ազգային եւ սկզբունքային հետեւողականութեամբ ու ազնուագոյն նպատակներու վայել արի եւ ուղիղ կեցուածքով: Ազգային շահերու նկատմամբ իր անզիջող նախանձախնդրութենէն ու մեր ժողովուրդի ունեցած հնարաւորութիւններուն գիտակցութենէն թելադրուած՝ եղաւ իրապաշտ ու պարկեշտ, ազգային – հասարակական խնդիրներու իր մօտեցումին մէջ, խուսափելով միշտ անպատասխանատու պոռոտախօսութիւններէ ու աժանամիտ ցուցամոլութիւններէ:

Այսօր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 94րդ տարեդարձն է: ՌԱԿի այս տարեդարձը կը հանդիսանայ խորհրդանշելի հանգրուան մը, որ կ’առաջնորդէ գալիք նոր ծրագիրներու, որոնց միտքն ու գերագոյն նպատակը եղած է եւ կը մնայ Հայ ժողովուրդը, Հայրենիքը՝ Հայաստանը, Եկեղեցին, Հայ Սփիւռքը եւ անոր Հայապահպանումն ու Հայոց Պահանջատիրութիւնը:

Անձնուիրաբար գործեցին ու պայքարեցան մեր հիմնադիրները, անձնուրաց ոգիով պէտք է գործեն բոլոր հաւատաւորները, միշտ հետեւելով մեր լայնախոհ, ողջմիտ ու նուիրեալ պատասխանատու ղեկավարներուն:

Այս օրերուն մեր գործը այսքան ընդգրկուն, այսքան տարածուած եւ այսքան պատասխանատու չէ եղած, եթէ նկատի առնենք մեր օրերու գործունէութեան դաշտը: Անհրաժեշտ է, որ խտացնենք մեր շարքերը ազգային եւ համամարդկային արժէքներուն հաւատացող ու անոնց համար յանձնառութիւններ ստանձնող ուժերով, որպէսզի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երթը շարունակուի հայ ժողովուրդի յաղթանակներուն ի նպաստ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 94րդ տարեդարձի նշման այս օրերուն, հարցը այն չէ թէ ինչո՞ւ կը նշենք, այլ այն, թէ ինչպէ՞ս կը նշենք զայն, ինչ իրագործումներով, ինչ փորձառութեամբ, հաշուեյարդարի ի՞նչ կշիռով: Անհրաժեշտօրէն պէտք է քննութեան առնել ամբողջ շրջանի մը գործունէութիւնը՝ իր դրական թէ բացասական կողմերով եւ ճշգրիտ տուեալներու հաշուառկումով:

Այս հանգրուանը պէտք է ըլլայ վերանայում մը եւ վերադասաւորում մը անցնող 94 տարիներու վաստակին, որուն դրականը հաշուի առնելով՝ ՌԱԿուսակցութիւնը պիտի մնայ իր ազգային գաղափարական եւ հայրենական ուղիին վրայ:

Վերջապէս, ի՞նչ եղած է ու պիտի ըլլայ ՌԱԿի վաղը-ն:

Վաղը՝ իրականացած տեսիլքն է շէն ու ծաղկած Հայրենիքին, ստեղծագործական ու արտադրական եռուզեռի Հայրենիքին:

Վաղը՝ իրականացած տեսիլքն է հայ միտքի մեծութեան, լուսաւորութեան հսկայ նուաճումներով՝ իմացական աշխատութիւններու եւ յղացումներու անսահման դաշտին մէջ:

Վաղը՝ իրականացած տեսիլքն է հայ հին ու նոր քաղաքակրթութիւններու ողջագուրումին եւ դարեր ետք կարօտակէզ ու սրտայոյզ հանդիպումը ապրողներուն եւ իրենց նախնիքներուն նուիրական նշխարներուն:

Վաղը՝ իրականացած տեսիլքն է երջանկութեամբ խայտացող հայ էութեան, որ անյագօրէն կ’ըմպէ քաղցր նեկտարը վերահատուցուած արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն:

Վաղը՝ իրականացած տեսիլքն է շնորհագեղ հայ ժողովուրդին, որ արդարութեան, խիղճի ու միտքի ազատութեան անմահաբոյր մթնոլորտին մէջ՝ իր հոգին կը ցօղէ ցնծութեան արցունքներով: Եւ կուրծքը կ’ուռեցնէ գոհունակութեան ու հպարտութեան յուզումներով:

Վաղուայ այդ տեսիլքի իրականացման նուիրուած այսօրուայ աշխատաւորն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

Փառք ու պատիւ ՌԱԿի հիմնադիրներուն, երախտաւորներուն ու վաստակաւորներուն, նաեւ գալիք սերունդի ջահակիրներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին