Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

ՌԱԿի Արեւմտեան Շրջանայինի Կեանքէն ,Կը Յիշենք եւ կը Պահանջենքեք

 

*ԽԱՉԻԿ  ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

 

Դասախօսութիւն Նուիրուած Մեծ Եղեռնի 100ամեակին
Նիւթ՝ ,Մինչեւ 100ամեակը Եւ 100ամեակէն Յետոյե

Զեկուցող՝ Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Արեւմտեան թեմի Գալայճեան սրահին մէջ, Պըրպանք, տեղի պիտի ունենայ իր բնոյթով ու առաջադրանքներով խիստ շահեկան եւ հետաքրքրական հրապարակային քննարկում-դասախօսութիւն մը, Մեծ Եղեռնի 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին մաս կազմելով:

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ռ.Ա.Կ. Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան կողմէ: Այդ օր իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պիտի պատուեն թեմիս Արեւմտեան Շրջանի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ռ.Ա.Կ. Շրջանի ղեկավարութիւնը, Կեդրոնական Վարչութեան շրջանիս ապրող անդամները, մամուլի եւ հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:

Այդ օր խօսք պիտի առնէ Ռ.Ա.Կ.ի Արեւմտեան Շրջանի համակրելի ատենապետ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան:

Պիտի գործադրուի գեղարուեստական իրապէս հաճելի յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Երեւանի երգի ու երաժշտութեան բարձրագոյն հիմնարկէն շրջանաւարտ՝ Կարօ Աւագեանի (երգ), Նատիմա Սարգիսեանի (երգ) եւ Զուարթ Ճիւլհայեանի (սրինգ):

Օրուան հանդիսավարն է ,Նոր Օրե շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, Հ.Բ.Ը.Միութեան Մարի Մանուկեան վարժարանի հայկական բաժնի վարիչ՝ Հրաչ Սեփեթճեան:

Գլխաւոր բանախօսն է Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան:

Յարգելի բանախօսը ծնած է Հալէպ: Շրջանաւարտ է Հ.Բ.Ը.Միութեան Լազար Նաճարեան վարժարանէն, ապա անցած է Երեւան եւ պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած է Երեւանի  բժշկական հիմնարկը: Որպէս բժիշկ ծառայած է մօտ 35 տարի, իսկ որպէս սրտի մասնագէտ՝ մօտ 30 տարի: Ունի բազմաթիւ բժշկական ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:

Տոքթ. Ատանալեան բժշկական այլազան միաւորներու եւ կազմակերպութիւններու մաս կազելով հանդերձ, ազգային հասարակական կեանքին մէջ ալ շատ բեղուն վաստակ մը ունի: Ան փոքր տարիքէն մաս կազմած է Հալէպի հայ գաղութի կեանքին: Եղած է Ռ.Ա.Կ.ի Սուրիոյ Շրջանայինի ատենապետ, Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Թէքէեանի բարձրագոյն մարմիններուն մէջ, Սփիւռքի ու Հայրենիքի կապի ամրապնդման սատարող բազմաթիւ ծրագիրներու մաս կազմած է:

Խօսքի մեծ վարպետ մըն է Տոքթ. Ատանալեան: Քաղաքական ու ազգային գիտելիքներու եւ հայոց պատմութեան ու մշակոյթի լայնածաւալ, խոր ծանօթութիւն ունի:

Պերճախօս ու հիասքանչ հրապարակախօս մըն է ան: Սուր, ապշեցուցիչ յիշողութիւն ունի, կրնայ երկար ժամանակ անգիր ելոյթ ունենալ եւ իր մտածումները փոխանցել ժողովուրդին, միշտ լարուած պահելով զինք լսողները: Ոչ մէկ աւելորդ շարժում կը տեսնենք իր մօտ, ոչ մէկ հռետորութիւն կամ ամբոխավարական խօսքեր, կամ միապաղաղութիւն իր ելոյթներուն մէջ, այլ ծանրակշիռ բժիշկի մը խոհուն արտայայտութիւններով, վճիտ, սահուն ու մեղրահամ հայերէնով կը հմայէ իր լսարանը, արժանանալով անոր որոտալի եւ ջերմ ծափահարութեանց:

Այդ օր յարգելի բանախօսը բարձրաձայն իր մտածումները պիտի կիսէ ներկաներուն հետ վերոյիշեալ նիւթին շուրջ խօսելով:

Այս տարի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի աշխարհացրիւ հայութիւնը բազմատեսակ ու բազմաթիւ ձեռնարկներով նշեց եւ կը շարունակէ ոգեկոչել մեր նահատակներուն քաղցր յիշատակը աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ: Ռ.Ա.Կ.ի մեր շարքայինները, համակիրները եւ գիտակից հայութիւնը խիտ շարքերով մաս կազմեցին ու յաճախ նախաձեռնող եղան այդ միջոցառումներուն:

Այդ բոլորը տեսնելով թրքական իշխանութիւնները նոր մարտավարութեամբ կը ջանան չէզոքացնել մեր աշխատանքները, անամօթաբար քաղաքական հարցի վերածելով 20-րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան Ոճիրը:

Հոս է, որ հայ քաղաքական միտքն ու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ղեկավարները միասնաբար պիտի ծրագրեն, ձեւաւորեն եւ գործադրեն մէկ, միացեալ ու ներդաշնակ աշխատանք մը, դէմ կենալու Թուրքիոյ դաւադրութեանց եւ ձեռք ձգելու մեր արդար իրաւունքները:

Տոքթ. Ատանալեան այս նիւթի մասին երկար տարիներու ուսումնասիրութիւն մը ունի, որ պիտի քննարկէ այդ օր ներկայ եղողներուն հետ:

Ջերմօրէն կը հրաւիրենք հայ հասարակութիւնը ներկայ ըլլալու այս եզակի դասախօսութեան եւ հարուստ տեղեկութիւններով բաժնուելու սրահէն:

Մուտքը ազատ է եւ դասախօսութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին