*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*
«Գրելու համար հայերէնի մասին, պէտք է գիրքը թաթխել հայ ժողովուրդի յոյզերու սուրբ աւազանին մէջ, զի ամէն հայ մարդ երկու հայր ունի՝ իրը եւ Ամենայն Հայոց Հայրիկը»։
Վազգէն Ա.
1903 թուականին Ռուսաստանի Ձարը կը հրամայէր հայ եկեղեցիներու կալուածներուն գրաւումն ու Ս. Էջմիածնի գանձարանին կողոպուտը…:
Հայու հոգին, որ թրծուած էր դարերու կրակներու հնոցին մէջ չընկճուեցաւ, ընդհակառակը ապստամբութեան դրօշ պարզեց, ազգային միասնականութեան ամուր ճակատ մը ստեղծուեցաւ յեղափոխական կազմակերպութեանց մասնակցութեամբ, որուն ոգին էր Հայոց Հայրիկը: Անիկա հեռագիրով դիմեց Ձարին, որ յետս կոչէ իր այս քաղաքականութիւնը, բայց պատասխան չստացաւ, ուզեց անձամբ ներկայանալ՝ բայց մերժուեցաւ իր խնդրանքը: Եւ երբ կառավարական պաշտօնեաները Մայր Աթոռի գանձարանին բանալիները պահանջեցին իրմէ, Հայրիկը պոռաց անոնց երեսին. «Դուք կրնաք ետ առնել կայսրին կողմէ ինծի շնորհուած բոլոր շքանշանները, սակայն անկարելի է, որ ձեզի յանձնեմ վանքին կալուածները, ինչքերն ու դրամարկղերը, անոնք ոչ Էջմիածնին եւ ոչ ալ Ռուսաստանի կը պատկանին, այլ սեփականութիւնն են բովանդակ հայութեան…»։ Եւ երբ Կովկասի փոխ-նահանգապետ իշխան Նակաշիձէ, ազգութեամբ վրացի, թախանձագին կը խնդրէր Հայրիկէն, որ չ՛ընդդիմանար իրեն տրուած հրամանին գործադրութեան, եւ որուն յապաղումը կրնար իր կեանքը վտանգել, ըսելով՝
– Խնայեցէք ինձ, չորս զաւակներու հայր եմ, ես ի՞նչ պատասխան տամ իմ թագաւոր կայսեր…։
Հայրիկ, իր հեգնանքին սլաքները ուղղելով իր մորթին վրայ միայն մտածող պաշտօնեային կը պատասխանէր հզօր շեշտով մը.
– Եթէ դուն չորս զաւակներու հայր ես, ես ալ չորս միլիոն զաւակներու հայր եմ, հապա ե՛ս ի՞նչ պատասխան պիտի տամ իմ ազգին…։
Այսպիսին էր Հայոց Հայրիկը…:
Կախարդական այդ բառը եւ կոչումներուն վսեմագոյնը՝ Հայրիկ, կը բնութագրէ Հայաստանեայց եկեղեցիին մեծագոյն հայրապետներէն եւ մեր Զարթօնքի սերունդի ամէնէն ժողովրդական ու ամէնէն բազմաշխատ մշակներէն մէկը, որ գտած է իր մնայուն բնակավայրը իր ժողովուրդին երախտագէտ սիրտին մէջ, ապրող սուրբի մը լուսապսակով զարդարելով իր այլապէս հոյակապ դէմքը:
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան օրինակելի տիպար մըն է հոգեկան մեծութեան, առաքեալ մը՝ ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ ռահվիրայ մը՝ հայրենասիրութեան, ինչպէս նաեւ անփշրելի արժէք մը մեր իրականութեամբ, պատմութեամբ եւ մշակոյթով հետաքրքրուող ամէն մէկ ճշմարիտ հայու համար: Տակաւին՝ մեր եկեղեցականութեան այն հազուագիւտ դէմքերէն մին է անիկա, որ գիտցաւ հաշտեցնել երկնային ու երկրային կեանքը, եկեղեցիին պաշտամունքն ու Հայրենիքի սէրը եւ իր առաջնորդական պաշտօնները, պատրիարքական աթոռն ու հայրապետական գահը իբր միջոց չծառայեցուց անձնական փառքի, այլ վեղար եւ գաւազան, գահ եւ հայրապետական իշխանութիւն ի սպաս դրաւ իր թշուառ ժողովուրդին ֆիզիքական բարօրութեան, մտաւոր վերածնունդի եւ իր սպասարկած հայ հաւատքի դարաւոր տան պայծառացման, որ իրմով քիչ մը աւելի ամրացաւ, փառաւորուեցաւ եւ հարստացաւ նոյնիսկ…:
Արդարեւ Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 195 ամեակը առիթ մըն է համազգային ոգեկոչումի, քանի որ յիշատակը կանաչ է իր երախտագիր ժողովուրդին սրտին մէջ եւ հայոց պատմութիւնն ալ նուիրագործած է իր անունը, այլ հանդիսաւոր պահ մը ներշնչումի եւ ուխտի վերանորոգութեան այն սկզբունքներուն, երազին ու դատին, որոնց իրականացման համար աշխատող կամաւոր զինուորեալը եղաւ ինք մեր մէջ: Նոյնպէս Խրիմեանի հարուստ կեանքին ու թելադրական վաստակին գիտակից անդրադարձում մը՝ կրնայ բարերար ներգործում կատարել այսօրուան մեր ազգային կեանքին վրայ, զգաստութեան հրաւիրելով իրենց կոչումն ուրացող պաշտօնեաները մեր ազգին եւ խանդավառութեան հրդեհ մը վառելով յոգնած, ազգային իրականութեան հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը կորսնցուցած բոլոր հայերուն մէջ, ամէնուրեք…:
Խրիմեան ծնաւ գաւառի մը մէջ (Վանի Յանկոյսներու թաղին մէջ 4 Ապրիլ 1820ին), բայց դարձաւ բովանդակ Հայաստանի Հայրիկը: Ահա ինքնաբուխ սիրոյ եւ գիտակից երախտագիտութեան արտայայտութիւնը տրուեցաւ շուշտակ վարդապետի մը, որ իր ատենին հալածուեցաւ ու աքսորուեցաւ համիտեան իշխանութիւններէն, մերժուեցաւ իր վեղարակիր եղբայրներէն ու հայ աւագանիէն… բայց սիրուեցաւ իր ժողովուրդէն, մանաւանդ անոր խոնարհ խաւերէն, որոնց կրթութեան, անկարելի ցաւերուն ամոքումին եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան նուիրեց իր ամբողջ կեանքը, խօսքն ու գրիչը եւ վայելած հմայքը՝ Մուշի Առաջնորդական թեմէն մինչեւ Կ. Պոլսոյ հայոց Պատրիարքական աթոռը եւ Պերլինի վեհաժողովը, ուրկէ վերադարձաւ ձեռնուայն եւ խորապէս վիրաւոր քրիստոնեայի հաւատքին մէջ… ու այս յուսախաբութենէ ծնաւ իր համբաւաւոր Հարիսայի, Երկաթեայ Եւ Թուղթէ Շերեփին պարզ ու խորունկ, պատկերաւոր ու խորիմաստ առակը, որ յաջորդական ջարդերու եւ Ապրիլեան Եղեռնի ծանր հետեւանքներուն պատճառով, մինչեւ այսօր ենթակայ է թեր ու դէմ տեսակէտներու, բայց ինչո՞ւ դատապարտել իմաստուն առակախօսը, իր խօսքին սխալ ըմբռնուած եւ թերի կերպով գործադրուած ըլլալուն համար:
Իբրեւ ազգային Զարթօնքի կերտիչներէն մէկը, Խրիմեան առաջինն էր, որ գաւառին մէջ տպարան հաստատեց եւ թերթ հրատարակեց, ասկէ հարիւր յիսուն եօթ տարի առաջ՝ 1858ին: Իր «Արծուի Վասպուրական»ով եւ «Արծուի Տարօն»ով ուզեց գիրի լոյսին հրաշքը տանիլ գաւառ, փառատելու համար տգիտութեան մղումը եւ ազգային գիտակցութիւն արթնցնելու գաւառացիին մէջ, ինչպէս նաեւ գաւառի կեանքը, շունչը փոխադրելու արեւմտահայ գրականութեան, անոր մէջ բանալով Հայաստանեայց կամ գաւառի գրականութեան առաջին ակոսը: Իսկ Վարագի վարժարանին օրինակով՝ ջանաց բարեկարգել մեր դպրեվանքերուն ծանրացած մթնոլորտը, զանոնք կարենալ վերածելու համար ստեղծագործ աշխատանքի ու լոյսի փեթակներու եւ իր արժանաւոր աշակերտներէն ոմանք անփոխարինելի ծառայութիւն մատուցին մեր գրականութեան՝ գրի առնելով մեր հեքեաթներն ու առասպելները, աւանդութիւններն ու երգերը, ժողովրդական բանահիւսութիւնը:
Օգտապաշտ նկարագիրը Խրիմեանի գրականութեան, որ չունի արուեստի մտահոգութիւն ու փառասիրութիւն, սակայն իբրեւ գրող ալ՝ կը վայելէ քիչ անգամ նուաճելի ժողովրդականութիւն մը: Խրիմեանի գրիչէն մեզի հասած ամէն մէկ էջ վաւերաթուղթ մըն է իր ապրումներուն, որոնք ներշնչման աղբիւր ունին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, անոր պատմութիւնն ու ստեղծագործութիւնները եւ հաստատութիւնները: Իր տաղաչափեալ գործերը կը պաշտպանուին իրենց հետապնդած նպատակին ազնուութեամբ ու լրջութեամբ. իր քարոզները չունենալով հանդերձ ամուր կառոյց՝ կը մնան որպէս միտքի կայծկլտուկներ եւ հոգիի բխումներ, որոնք իր հօտին փաշխուած են իբր «բարոյական հացի նկանակներ». իսկ «Դրախտի ընտանիքը», «Սիրաք եւ Սամուէլ» ու մանաւանդ «Պապիկ եւ Թոռնիկ» կը կարդացուին այսօր ալ: Վերջինը միայն գրուած աքսորի մէջ, Երուսաղէմ – կը բաւէ, որ Խրիմեան անունը հպարտութեամբ կտակուի մեր գրականութեան պատմութեան եւ մեր մշակոյթի մեհեանին մէջ, գրաւէ իր արժանի տեղը: «Պապիկ եւ Թոռնիկ»ը հողի աշխատանքին երգն է, մեր հայրենական դաշտերուն պաշտպանութեան պատգամն է եւ պանդխտութեան վտանգին դէմ արձակուած ուժգին աղաղակ մը:
«Ես կը թողում քեզ մեր հայրենի ժառանգութիւն, դաշտեր ու հողեր. կը թողում քեզ գութան երկու տաւարներով, կը թողում կթան կովեր ու աշխարհներ»:
«Թէ մեռնիմ, երթամ գերեզման եւ այլեւս չկարեմ խօսիլ ձեզ հետ կենդանի բարբառով ու գրով: Ահա կը թողում ձեզ գիրս իբրեւ մշտախօս կտակ եւ յիշատակ, որուն միակ նպատակն է, որ հայն իր հայրենատուր հողէն չբաժնուի»:
«Այսպէս, Թոռնիկ, հողն պետ է կենաց եւ մահու օր, սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն, չթողուս որ ուրիշներու ձեռքեր յափշտակեն, դուն անհող մնաս»: Հայոց պահանջատիրութեան 100ամեակի այս տարին եւ քալիք տարիներ խորհրդանշական պատկերի մը եւ ներշնչող հոգիի մը պիտի վերածեն Խրիմեանի պատկառելի դէմքը: Իսկ երիտասարդ սերունդներ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն իր անմոռանալի անունը եւ պիտի լսեն Արծուեթռիչ Վասպուրականցիին միտքին թեւաբախումները, մինչեւ իրականացումը իր եւ հայ ժողովուրդի անմեռ երազին:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Հայրիկ պահեց իր հետաքրքրութիւնը թրքահայ իր հօտին առօրեայ կեանքին եւ հայկական հողին հանդէպ, որուն լուծումը սեւեռակէտը դարձած էր իր միտքին: Այդ նպատակով դիմեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թէոտոր Ռոզվելթին՝ 10 Յունուար 1905 թուակիր կոնդակով մը, որ սակայն պատասխանեց, թէ հակառակ իր բաղձանքին, չէր կրնար դրական պատասխան տալ Հայրիկի խնդրանքին տրուած ըլլալով, որ Ամերիկա որեւէ յանձնառութիւն չէր ստանձնած Պերլինի վեհաժողովին ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ, չէր մասնակցած այդ ժովին, ապա 1907ին Հայրիկ պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լահէյի մէջ գումարուող միջազգային խաղաղութեան ժողովին եւ նոյն նպատակով նամակով մըն ալ կոչ ըրաւ Մեծն Բրիտանիոյ թագաւորին ու պատասխանը չստացած, Վասպուրականի արծիւը աշնան ցուրտ առաւօտ մը, 29 Հոկտեմբեր 1907ին փակեց իր աչքերը, որոնց վրայ սառած էր իր բազմատենչ ժողովուրդին երազը: