Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Դառն Յուշեր Հայոց Տարագրութենէն Եւ Ջարդերէն

*ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ*

Յովսէփ Վրդ. Գալայճեան Քէֆէրտէզի ծնունդ է: 1915ին (հեղինակին կամ գրաշարին սխալով նշուած է 1914 – Յ. Ի.) գիւղացիներուն հետ միասին կը տարագրուի երբ դեռ մանուկ էր: Բռնագաղթի դժոխային ճանապարհներէն անցնելով կը հասնի Հալէպ, ուր Պուլղուր Խանի որբանոցը կը մտնէ: Որբանոցի սաներուն հետ Պալը Քեսեր, Պարտիզակ եւ ապա Կ. Պոլիս կը տարուի: Հոն Անարատ Յղութեան Քոյրերու որբանոցը կը մտնէ եւ ապա կը մեկնի Հռոմ, ուր Լեւոնեան Վարժարանին մէջ կ’ուսանի` աշակերտելով Շիրակացի Գերապայծառ Տէր Աբրահամեան եւ Գերապայծառ Աղաճանեան վարդապետներուն: Այնուհետեւ Ուրբանեան Համալսարանը կը մտնէ իբրեւ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսանող: 1931ին համալսարանը կ’աւարտէ եւ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի: Յաջորդ տարի կ’անցնի Պէյրութ, ուր Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ դիւանապահ-քարտուղարի պաշտօնը կը վարէ: 1939ի ամառը կ’այցելէ Ա. Մ. Ն., ուր յատկապէս Ֆիլատելֆիոյ մէջ վարդապետը համագիւղացիներու հետ ջերմ եւ սրտայոյզ հանդիպումներ կ’ունենայ ու համագիւղացի 90ամեայ Այայէն (որուն բուն անունը չէ տրուած եւ որ կը մահանայ քանի մը ամիս ետք – Յ. Ի.) կը գրառէ յուշեր եւ բանահիւսական նիւթեր, որոնցմէ նմուշներ բերուած են գրքոյկին մէջ, մեծ մասամբ թրքերէնով:

Յովսէփ Վ.(արդապետ) Գալայճեան, «Շիրօ-Քէֆէրտէզ», տպարան «Փիւնիկ»- Վաղինակ Ա. Բիւրատ Եւ Որդի, Պէյրութ (Նահր), 1940, փոքր չափի 136 էջ:

Ինչպէս նշուած է առաջին կողքին վրայ, գրքոյկը հրատարակուած է Խարբերդի նահանգի  Շիրոյի գաւառակի  Քէֆէրտէզ գիւղի հայութեան «տարագրութեան 25-ամեակին առթիւ»:

Շիրոյի գաւառակը Խարբերդ քաղաքէն կը բաժնուի Եփրատով: Շրջանը լեռնային եղած է ու հսկայական անտառներով ծածկուած, սակայն տարիներու ընթացքին հրդեհներու պատճառով անտառները փճացած են: Քէֆէրտէզ գիւղը Իւմիւրիւնի գայմագամութեան ենթակայ էր, սակայն 1914էն առաջ ան Խարբերդի կուսակալութեան կը պատկանէր: Գիւղը ունի համեղ պտուղներ եւ առատ բերք, ինչպէս նաեւ շատ գեղեցիկ տեսարաններ: 1914ին 5000 հոգի բնակչութեան մեծ մասը թուրք էր, ընդամէնը 50 ընտանիքը միայն հայ, իսկ 40ը ասորի:

Հեղինակը` Յովսէփ Վրդ. Գալայճեան գիրքին զգալի մասը յատկացուցած է Շիրօ-Քէֆէրտէզի եւ շրջակայքի բնութիւնը գովերգելու` հովուերգական ոճով: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուցած է իր ծննդավայրի հայոց կենցաղը, տարազը, ուտելիքները, տան բաժինները, աւանդութիւնները, տօները, եւայլն, երբեմն մէջբերելով բարբառով կամ թրքերէնով բանահիւսական նիւթեր:

1915ի (ինչպէս վերը նշեցինք, տպագրուած է 1914 սխալ թուականը – Յ. Ի.) ամառը Շիրօ գաւառակին հայերը կը բռնագաղթեցուին: Մունետիկները «Պատրաստուեցէ՛ք, պիտի տեղահանուի՛ք» պոռալով կը շրջին գիւղի հայաբնակ հատուածին մէջ` քանի մը անգամ: Թուրքերը զէնք փնտռելու պատրուակով բոլոր հայոց տուները կը խուզարկեն: 20 տարեկանէն վեր այրերը ու նոյնիսկ ծերերը կը կապուին եւ գիւղի մուտքին գտնուող եւ իբրեւ խաղավայր ծառայող Գուլունճախ հարթավայրը տարուելով կը մորթուին: Հայերէն ոմանք բռնի կերպով կը թրքացուին: Թուրքերը անոնց կը խոստանան տեղահան չընել, սակայն քանի մը օր ետք անոնք ալ կ’աքսորուին:

Փոքրիկն Յովսէփ Գալայճեան Քէֆէրտէզէն բռնագաղթուած կիներու եւ երախաներու կարաւանով (որուն թուրք հարիւրապետ մը կը հսկէր), 3-4 ժամ քալելէ յետոյ Իւմիւրիւն գիւղաքաղաքը կը հասնի: Մօտակայ ձորի մը մէջ գիշեր մը անցընելով, կարաւանը կրկին ոտքի կը հանուի: Քէֆէրտէզի հայերէն Քուրաճեանները, Թոռամանենք եւ Թորիկենք գիւղ կը վերադառնան, իսկ կարաւանը տաժանակիր ճամբորդութենէ մը ետք կանգ կ’առնէ Սեւերակի մօտերը ձորի մը մէջ գիշերելու համար: Այդ գիշեր թուրքերը կարաւանին մէջէն քանի մը պառաւներ քիչ մը անդին տանելով կը մորթեն: Յաջորդ առտու կարաւանը կը շարունակէ աքսորի իր ուղին: Յղի հարսեր եւ յոգնաբեկ մանուկներ դժուարութեամբ կ’ընթանային: Յուսահատութիւնը պատած էր բոլորին հոգիները: Յարատեւ կը քալէին առանց գիտնալու դէպի ո՞ւր: Ճամբուն եզերքները մերկ դիակներու կը հանդիպին: Տարագիրներուն կեանքը Սեւերակէն մինչեւ Եդեսիա հատուածին մէջ շատ դաժան էր: Թուրք ասկեարները կարաւանը տեղ-տեղ կը կեցնէին եւ մէջէն երիտասարդներ զատելով կը սպաննէին: Պալի Գալայճեան անունով երիտասարդ մը այս ճամբուն վրայ կը նահատակուի իր քանի մը ընկերներով: Վերջապէս կարաւանը կը հասնի Եդեսիա եւ աքսորականները խանի մը մէջ կը թխմուին: Հոն անոնց հաց կը բաշխուի առաջին անգամ ըլլալով: Քանի մը ընտանիքներ կը յաջողին Եդեսիոյ մէջ տեղաւորուիլ: Քիւրտեր դեռատի հայ աղջիկներ ու հարսեր կ’առեւանգեն: Ուրիշ կիներ կը յաջողին մօտակայ շրջաններու տուներուն մէջ ծառայութեան մտնել:

Երեկոյ մը կարաւանը Եդեսիայէն կը տեղահանուի դէպի սուրիական անապատները: Անջրդի վայրերուն մէջ բարի արաբներ հայ գաղթականներուն ջուր կը հրամցնեն: Մեծ դժուարութեամբ կարաւանը վերջապէս կը հասնի Հալէպ: 1915էն առաջ Ամերիկա գաղթած շիրոցիներ հայրենակցական միութիւն մը կազմած էին «Ուսումնասիրաց» անունով: Այդ դժուար օրերուն անոնք հայ տարագրեալներէն ոմանց կ’օգնեն որպէսզի Ամերիկա գաղթեն: Յովսէփ Գալայճեան Հալէպի Պուլղուր Խան կոչուած թրքական որբանոցը կը մտնէ: Ապա թուրքերը զայն ուրիշ որբերու հետ միասին Պալը Քեսեր կը տանին: Թրքական որբանոցին մէջ Յովսէփ եւ իր ընկերները իսլամ կրօնքին սուրբ գիրքը` Քուրանը կը սորվին: Ատեն մը ետք որբանոցը Պարտիզակ, ապա Կ. Պոլիս կը փոխադրուի: Հոն որբերը Անարատ Յղութեան Քոյրերու որբանոցը կը յանձնուին: Յովսէփ 21 Ապրիլ 1921ին Հռոմ կը մեկնի եւ Լեւոնեան Վարժարանը կը մտնէ:

Հռոմի մէջ իր կեցութեան տարիներուն, Յովսէփ վերապրող համագիւղացիներէն եւ ընդհանրապէս շիրոցիներէն կը ստանայ նամակներ, որոնց մէջ անոնք իրենց տառապանքէն յուշեր գրած էին: Անոնցմէ ամէնէն ուշագրաւն է երկու քոյրերու` Մարիամ եւ Մարգրիտ Խաչատուրեաններուն ոդիսականը: Վերջիններուն բազմանդամ ընտանիքը Մեծ Եղեռնի սկիզբը կը բռնագաղթեցուի: Անոնք աննկատ կերպով Քէֆէրտէզ կը վերադառնան տակաւին շատ չյառաջացած: Հինգ օր ետք թուրքերը բոլորն ալ կը բռնեն ու կրկին ճամբայ կը հանեն: Այս անգամ սակայն ձորի մը մէջ կը ջարդեն զանոնք: Մարիամն ու Մարգրիտը հրաշքով կը փրկուին եւ վիրաւոր վիճակի մէջ թուրքի մը տունը կ’ապաստանին: Մարդը զանոնք սիրով կ’ընդունի: Թուրքին քով անոնց վէրքերը կը բուժուին: Մարիամ ու Մարգրիտ իրենց եղբօր` Կարապետի կինն ու որդին` Աւետիսը կը գտնեն եւ բոլորը միասին քիւրտերու քով կ’ապաստանին: Երկու տարի ետք երբ անոնք Քէֆէրտէզ կը վերադառնան, հոն համագիւղացի Թորամանին կինն ու երեք թոռները կը գտնեն միայն… մնացեալ ամէն հայկական հետք բնաջնջուած էր…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին