Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի սեփական երեք վարժարանները՝ Դարուհի-Յովակիմեան, Լեւոն Կ. Նազարեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի դռները լայնօրէն բացին ուսումնատենչ աշակերտութեան առջեւ:
Նախորդ տարեշրջանի բարեյաջող աւարտէն եւ ամառնային հանգստացնող արձակուրդէն ետք, ահաւասիկ դպրոցական ղօղանջները կը հնչեն, տնօրէնութիւնն ու դիւանային գրասենեակները անխոնջ կը գործեն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ոգեւին կը դասաւանդեն, աշակերտ-աշակերտուհիները ուսումնառման մեկնարկի մէջ են, միով բանիւ վարժարանները իրենց դասարաններով, միջանցքներով, բակերով ու բաժանմունքներով… «կենդանացած» են:
Ուսուցիչներ թէ աշակերտներ ոչ միայն զիրար կարօտցած են ու կ՛ողջունեն իրենց վերադարձը լոյսի օճախներ, այլեւ նոյնքան կարօտցած են իրենց դպրոցներու կրթական մթնոլորտին, առաջինները լծուելով իրենց դասատուական առաքելութեան, երկրորդները հայեցիութիւն ու գիտութիւն ամբարելու պատրաստակամութեան, մինչ տնօրէնութիւնը արդէն իսկ ամէն ինչ նախապատրաստած եւ կանխածրագրած է. դասացուցակ ու դասաբաշխում, պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու ստանձնում, դասագիրքերու ընտրութիւն ու ճշդում, եւայլն:
Ակներեւ է, որ ուսուցիչները եւ աշակերտները կազդուրուած են, նաեւ հոգեպէս վերանորոգուած, մանաւանդ որ դպրոցաշէնքերն ու դասարանները եւս բարեկարգուած են, բոլորին մօտ ստեղծելով ոգեւորութեան եւ լաւատեսութեան տրամադրութիւն, բարեբեր ուսումնական տարեշրջան մը բոլորելու ակնկալութեամբ:
Կրթական պատասխանատուներու, մշակներու եւ ծնողներու մօտ կայ այն հաւատքը, որ հայ դպրոցը անփոխարինելի է իր առաքելութեամբ, դաստիարակութեամբ, նպատակասլացութեամբ, գիտութեամբ ու դասաւանդութեամբ, ուր նոր սերունդը կը թրծուի եւ կը կոփուի իր հայկականութեամբ ու հայասիրութեամբ, կը հարստանայ եւ կը լիցքաւորուի իր գիտելիքով ու մտապաշարով:
Աւելին՝ բոլորը համոզուած են, որ հայ միտքի ու ոգիի դարբնոցն է ան, հայ աշակերտութեան մօտ կերտելով ազնիւ նկարագիրի, նուիրեալ հայորդիի, անկեղծ հայրենասէրի ու տիպար քաղաքացիի արժանիքներ: Պատասխանատուութեան այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ է, որ մեր վարժարանները ազդանշանը տուած են դպրոցաբացումի վերամուտին, արդէն իսկ հիմնաւորուած կենսախնդութեամբ մուտք գործելով իրենց «աշխարհ»էն ներս, զայն շարունակելու եւ ամբողջացնելու վճռակամութեամբ:
Վերամուտի այս գօտեպնդիչ օրերուն, մեր վարժարաններէն իւրաքանչիւր միաւորի ու «բնակիչ»ի մօտ, նշմարելի է խանդավառութիւնը դպրոցական կեանքի վերսկսումով, իրենց ժրաջանութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ, իրենց նուիրուածութեամբ ու խոստմնալիութեամբ, որովհետեւ հայ դպրոցը այդ զգացումները կ՛արթնցնէ, այդ պահերը կը նուիրէ, այդ մտածումները կը յառաջացնէ, բայց յատկապէս այդ հաւատքը կու տայ եւ այդ հեռանկարը կը դրսեւորէ:
Մեր վարժարանները այդ յղացքով եւ լիութեամբ կառչած են իրենց ինքնութեան ու կռչումին եւ այդ շունչով ու սլացքով փարած են իրենց ազգային-կրթական եւ հայրենասիրական-քաղաքացիական առաջադրանքներուն:
Բարի վերադարձ մեր աշակերտութեան եւ ուսուցչակազմին ու բեղուն երթ մեր վարժարաններուն:
Արձանագրելի է, որ 4 Սեպտեմբեր 2015ի առաւօտեան ժամը 9:00-12:00ին, Միութեան սեփական վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ընդառաջելով ընդհանուր տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի հրաւէրին, խորհրդակցական հանդիպումի մը ներկայ գտնուեցան:
Գլխաւոր օրակարգը Պրն. Տնօրէնին համապարփակ զեկուցումն էր եւ քննարկումը՝ նոր տարեշրջանի հետ կապուած համապատասխան կրթական հարցերու, օրէնքներու, բացատրութիւններու եւ թելադրութիւններու, որոնց իմացութիւնը եւ գործադրութիւնը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն համար անհրաժեշտ ու կենսական են, վարժարաններու ուսումնական ընթացքը մատչելի եւ հեզասահ դարձնելու նպատակով:
Այս առիթով Պրն. Տնօրէնը օգտակար նկատած էր շահեկան տեսաերիզ մը ներկայացնելու, որ ցոյց կու տար ուսուցիչ-աշակերտ դաստիարակչական պերճախօս պատկերներ եւ ուսանելի երեւոյթներ, որոնք խոր գոհունակութեամբ ընդունուեցան ուսուցչակազմին կողմէ:
Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի նախակրթարանը իր վերամուտը նշեց պատշաճ յայտագիրով, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ 28 Սեպտեմբեր 2015ին:
Աշակերտութիւնը զգալի էր, որ անհամբեր էր վայելելու դպրոցական կեանքը, թէ՛ ուսումնական եւ թէ ընկերային-դաստիարակչական մասնակցութեամբ, որուն համար պատրաստուած էր հոգեւին եւ ոգեւին:
Այդ էր պատճառը, որ առաջին օրը աշակերտները եկած էին բարձր տրամադրութեամբ, ոմանք պճնուած դպրոցավայել արտայայտչամիջոցներով, իրենց ոգեւորութիւնը աւելի շեշտակի ու տպաւորիչ դարձնելու համար:
Այնուհետեւ աշակերտութիւնը սրահ բարձրացաւ, ուր բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքերէն ետք տեսչուհի Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեան, իր խրախուսական ու քաջալերական խօսքերով, վերամուտի մաղթանքներ կատարեց եւ ուսումնական յաջող տարի մը բոլորելու ցանկութիւն յայտնեց՝ այն վճռակամութեամբ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ-աշակերտուհի լիուլի կը նուիրուի իր ուսումնական-դաստիարակչական գործունէութեան:
Մանկապարտէզի երախաները եւս նոյն ցնծութեան մէջ էին. ոմանք կարօտով վերադարձած էին իրենց օճախները, ուրիշներ նոր կը ծանօթանային իրենց նոր շրջապատին, որ արդէն տօնական զարդարանքներով պատուած էր՝ այբուբենական, գծագրական ու ցուցադրական արձանագրութիւններով:
Երախաներուն հրճուանքը եւ ճռուողիւնը արդէն կը հաստատէին մթնոլորտին ջերմութիւնը, մինչ պատասխանատուները կը զբաղեցնէին ու կ՛ուղղէին զանոնք, մանկապարտէզի կեանքին ընտելացնելու նախանձախնդրութեամբ:
Առաջին օրը անցաւ հաճելի ու գոհացուցիչ տպաւորութիւններով, դադարի ճաշով ու ձեռային աշխատանքով, որոնց արդիւնքը նշմարելի էր բոլորին մօտ:
Երեւելի էր, որ տարեմուտը իբր սկիզբ բոլորին համար լաւ ու բարեբեր ընթացք մը կը պարզէր:
Բարի դպրոցական տարեմուտ։