Սուրիոյ զինուորական քարտէսի վերջին շաբաթներու զարգացումները, ի մասնաւորի ռուսական ռազմաօդային միջամտութենէն ետք, մանաւանդ նկատի առնելով Հալէպի ազատագրման գործողութիւն անուամբ վարչակարգային ուժերու լայնածաւալ գործողութիւնները՝ երկրին հիւսիս արեւմտեան շրջաններուն մէջ իրանեան բացայայտ օժանդակութեամբ, արդէն զանազան աղբիւրներէ հարցականներով սկսան խօսիլ տալ Սուրիոյ նոր քարտէսի մը մասին, ուր հաւանականութիւնը կը տրուի ներկայ վարչակարգին գերիշխող տիրապետութեան երկրին արեւմտեան շրջանին վրայ, այն տարածքը ուր Սուրիոյ մեծագոյն քաղաքները կը գտնուին։
Այս իրավիճակին վրայ կու գայ աւելնալու՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ նախապէս նոյնանման գոյութենականութիւն ստացած քրտական վերոնշեալ նորագոյն ինքնավարութիւնը, որ աւելի եւս կը սրէ Սուրիոյ իրողական բաժանումը արմատաւորելու հարցականները, յատկապէս երբ նկատի ունենանք այս շաբաթ սկսած բազմակողմանի դիւանագիտական եռուզերը, որուն մէջ ուշագրաւը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին միօրեայ Մոսկուա այցելութիւնն էր, որ առաջինն էր իր Սուրիայէն դուրս գալուն՝ աւելի քան չորս տարիներ առաջ սկսած Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն։
Վարի լուրի իր կարգին աւելի եւս կը շեշտաւորէ մեր ներկայ վերլուծումը.
«Խմբ.»
Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Թել Ապիատ քաղաքին մէջ, որ անցեալ Յունիսին ազատագրուած էր «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներէն, յայտարարուած է ժողովրդավարական ինքնավարութիւն: Ըստ Ermenihaber.am-ի` քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարում կազմակերպելու նպատակով՝ տեղի արաբ, քիւրտ թիւրքմէն եւ հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներէն կազմուած խորհրդարան հիմնուած է: Խորհրդարանը ունի 7 արաբ, 4 քիւրտ, 2 թիւրքմէն եւ 1 հայ ներկայացուցիչ:
Թրքական «Հիւրիյէթ» թերթին համաձայն, Թել Ապիատի ղեկավարութիւնը քաղաքականօրէն պիտի ենթարկուի Սուրիոյ Քոպանի քրտական վարչատարածքային միաւորման:
Կը նշուի, որ ժողովրդավարական ինքնավարութիւն ստեղծելու պատրաստութիւնները սկսած էին, քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ-PYD) ռազմական թեւի` Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու (ԺՊՈւ-YPG) եւ սուրիական որոշ ընդդիմադիր խմբաւորումներու կողմէ քաղաքը ԻՊէն ազատագրելէ ետք:
Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Սուրիոյ ամենաազդեցիկ քրտական քաղաքական ուժը հանդիսացող՝ ԺՄԿի ռազմական թեւը եղող ԺՊՈւն բազմիցս մեղադրած են՝ Թուրքիոյ մէջ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՓԷ. ՔԷ. ՔԷ.) ազդեցութեան տակ ըլլալու մէջ։