Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Ներկայացուած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Նոր Համաձայնագիրի Բնոյթը

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան ըսած է, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ նոր համաձայնագիրին մէջ, պիտի պահպանուին առեւտրատնտեսական համագործակցութեան բոլոր 28 ոլորտները, որոնք նախապէս տեղ գտած էին Հայաստանի եւ ԵՄի միջեւ բանակցութեամբ մշակուած Ընդելուզման համաձայնագիրին մէջ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»ը:

Գարեգին Մելքոնեան ըսած է, թէ ոլորտային 28 ուղղութիւնները պիտի վերանայուին, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը դուրս պիտի չմնայ նոր համաձայնագիրէն:

«Ասոցացման համաձայնագրում կային քաղաքական, իրաւապայմանագրային եւ 28 տարբեր ոլորտներում համագործակցութեան վերաբերեալ բաժիններ։ Դրանցից առանձին կար նաեւ Խորը եւ համապարփակ ազատ առեւտրի համաձայնագիր (ԽՀԱԱՀ-DCFTA), որը ենթադրում էր մաքսերի փոխադարձ զրոյացում: ԽՀԱԱՀին վերաբերող որոշ տարրեր, ինչպէս օրինակ սակագնային արտօնութիւնը, տուրքերի զրոյացումը, նոր համաձայնագրում չեն ներառուի` հաշուի առնելով ՀՀ պարտաւորութիւնները Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵՏՄ) շրջանակում: Սակայն մի քանի ոլորտներ համաձայնագրի առեւտրատնտեսական հատուածից կը պահպանուեն, օրինակ համագործակցութիւնը գիտութեան, բնապահպանութեան, հանքարդիւնաբերութեան, տնտեսական երկխօսութեան, ուժանիւթի, ֆինանսական ծառայութիւնների, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, տարածքային զարգացման եւ այլ ոլորտներում: ԽՀԱԱՀից կը ներառուեն նաեւ մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան, որակի ենթակառուցուածքների, սննդի անվտանգութեան, տուրքային համագործակցութեան, վէճերի կարգաւորման ոլորտներում համագործակցութիւնը»,ըսած է Գարեգին Մելքոնեան:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ դեռ այս տարեսկիզբին Հայաստանի եւ ԵՄի միջեւ տեղի ունեցած են մասնագիտական քննարկումներ:

«Այդ աշխատանքների նպատակն էր քննարկել եւ հասկանալ, թէ Հայաստանի ԵՏՄի անդամակցելուց յետոյ ինչպիսի՞ օրակարգ է հնարաւոր ձեւաւորել: Բանակցային տեսանկիւնից այդ քննարկումներն օգտակար էին, քանի որ հիմա մենք ունենք այն ընկալումը, թէ ինչի՞ շուրջ ենք խօսելու եւ նոր համաձայնագրում ի՞նչ կարող ենք ներառել», ըսած է փոխնախարարը:

«Հիմնուելով նախկինում բանակցուած փաթեթի վրայ` այսօր ունենք լաւ նախադրեալներ այս բանակցութիւններն արագ քայլերով առաջ տանելու համար:  Յոյսով եմ մինչեւ տարեվերջ կը տրուի բանակցութիւնների մեկնարկը», աւելցուցած է Գարեգին Մելքոնեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին