* ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*
Եողուն-Օլուգ (Մուսա Լեռ) 1878 – Շահումեան (Երեւան) 5 Ապրիլ 1957
«Չէ՞ կը պալլըք. տուզայ, իս քառսուն
հիգգու քաղէք կ’առնիմ …
Եսայի Եաղուպեան
Երիտասարդական Առաջին Տարիները
«Ի՞նչ կը կարծէք, ես քառասուն հոգիով Անտիոքը կը գրաւեմ» – ահա´ այս էր Մուսա Տաղի հերոսը։ Կը հաւատար դիմադրութեան եւ ազատագրական պայքարին։
Համեստ ընտանեկան երդիքի մը պայմաններուն տակ, Եսայի ծնած է Մուսա Լերան Եողուն-Օլուգ գիւղը 1878ին։ Տղայ տարիքէն նշմարելի էր անոր մէջ ընդվզումի եւ մարտնչումի ոգի մը։ Դեռ պատանի մասնակցած է հայդուկային կեանքին, որ բնական պատկերը կը կազմէր` որքա´ն Պատմական Հայաստանի երիտասարդութեան մօտ, նոյնքա´ն Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն նորահաս սերունդի հայութեան։
Գաղթ Դէպի Ամերիկա Եւ Անդամակցութիւն Կուսակցութեան Շարքերը
Թրքական կառավարութեան կողմէ հալածուելով, 1902ին մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր Նիւ Ճըրզիի մէջ աշխատած է հիւսուածեղէնի գործարան մը, նիւթապէս հասնելու իր գիւղը մնացած հարազատներու առօրեայ ապրուստին։ Այս մեծ ոստանին` Նիւ Եորքի մէջ կը միանայ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան, ուր կը թրծուի առողջ ազգային ու յեղափոխական գաղափարներով։ Կը դառնայ վերակազմեալներուն գործօն երիտասարդներէն մին։
Թրքական Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կարճ ժամանակով մը վերադարձած է ծննդավայր, մա´նաւանդ միջավայրի գործարանային վատառողջ պայմաններն ալ նկատի առած։ Կը նուիրուի հողագործութեան։ Զօրա Իսկենտերեանի գլխաւորութեամբ արդէն կազմակերպուած էր դրացի գիւղերէն` Հաճի Հապիպլիի Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան մասնաճիւղը, որուն կը միանայ Եաղուպեան։ Ապա կրկին կը մեկնի Ամերիկա` իր եղբօր քով։ Ամերիկեան քաղքենի միջավայրը այնքա´ն ալ դիւր չի գար կրակով լեցուն ազատամարտիկի աշխարհահայեցողութեան, ուստի Համաշխարհային Մեծ Պատերազմի օրերուն, այլ հայորդիներու նման, ինք դարձեալ կը վերադառնայ գիւղ` Մուսա Տաղ։
Վերադարձ Մուսա Տաղ Եւ Նուիրում Դիմադրական Շարժումին
Իսկենտերեանի հետ կը շրջին շրջանի գիւղերը ազատագրական շարժումի նպատակով հանգանակութիւններ կատարելու։ Եաղուպեան Ամերիկայի մէջ շահած դրամները կը յատկացնէ այդ նպատակին համար։ Գիւղերու ազգաբնակչութիւնը զինելը կը մնայ իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը, սակայն ապսպրուած ու գնուած զէնքերը կ’ուշանան գիւղ հասնելու։
Զէնքի սիրահար Եաղուպեանի սրտին միշտ մօտիկ եղած էր ապստամբութեան գաղափարը։ Արդէն 1915ի կոտորածներն ու տեղահանութիւնն ու աքսորը սկսած էին մտահոգել մուսա տաղցիները։ Միւս կողմէ Վանի հերոսամարտն ու Զէյթունի ապստամբութիւնը կը դառնան հայրենասիրութեան ներշնչումի ազդակներ, եւ կը վճռեն անոնց օրինակով զինուիլ ու ապստամբիլ։ Շուտով տարագրութեան հրահանգը կը հասնէր նաեւ Ճեպէլ Մուսա։
Անոնց գուշակութիւնը ճիշդ էր։ 1915ի Յուլիսին Անտիոքի կուսակալը կը հրահանգէր պարպելու Սուետիան ու Քեսապը հայ ազգաբնակչութենէն։ Մուսա Լեռը Կիլիկիոյ Տաւրոսեան լեռնաշղթային հարաւ արեւելեան մասը կը կազմէր։
Եողուն-Օլուգի մէջ տեղւոյն հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ծանօթ ազգայիններ ու եկեղեցականներ ժողով գումարելով որոշում կ’առնեն՝ դիմադրական շարժումին ու ռազմագործողութիւններու մասին։ Կը կազմուին մարմիններ ինքնապաշտպանութեան գործը յաջողութեամբ պսակելու։ Կը կազմուի Գերագոյն Մարմին մը, որ պիտի համադրէր բոլոր գործողութիւնները Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի ատենապետութեամբ եւ Վերահսկիչ-Պարենաւորման մարմին մը Մովսէս Տէր Գալուստեանի ղեկավարութեամբ։ Ասոնց կողքին Եաղուպեանին կը վստահուի ասպատակային խումբերը ղեկավարելու պարտականութիւնը, իրեն օգնական ունենալով Պետրոս Տուտագեանն ու Եսայիի գաղափարի ընկեր ռամկավար Պետրոս Տմլագեանը, որ թէ´ հմուտ էր ֆրանսերէն լեզուին եւ թէ´ փորձառու որպէս զինուորական։
Եսայի Եաղուպեան կ’ըլլայ առաջիններէն մին, որ ոգի ի բռին կը ջատագովէ ինքնապաշտպանութեան սկզբունքը։ Եւ խօսքէն գործի անցնելով խումբի մը հետ կը քաշուի Ճեպէլ Մուսայի անմատչելի բարձունքները։ Գիւղերու բնակչութիւնը հետեւելով խիզախ խումբի օրինակին, կը սկսի բարձրանալ Մուսա Լեռ։ Ըստ զանազան աղբիւրներու 4200էն մինչեւ 6000 գիւղացիներ կը բարձրանան լեռ։ Այսպիսով ան կը դառնայ գլխաւոր դերակատարներէն մին Մուսա Լերան հերոսամարտին։
Պարենաւորումը կը կազմէր պատասխանատուներուն գլխաւոր մտահոգութիւնը, որովհետեւ դիմադրական շարժումը կրնար երկար տեւել։ Ուտելիքի եւ դեղորայքի մթերքը ապահովելէ ետք, կը մնար շարունակական զէնքի եւ փամփուշտի մատակարարումը ապահովել։
Հերոսամարտի առաջին օրերուն սուետիացիներ աննպաստ օդին պատճառով, չեն կրնար ակնկալուած յաջողութիւնները ապահովել։ Կը ղրկուի սուրհանդակ մը դէպի Հալէպ` փոխանցելու մանրամասն տեղեկութիւններ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն։ Միւս կողմէ թրքական բանակը ի զուր կը փորձէ բարձրանալ լեռ։ Տեղի կ’ունենան անհամեմատ մարտեր, որոնց ընթացքին Եսայի եաղուպեան քանիցս հրաշքով կրցած է փրկուիլ ստոյգ մահէ։
Եղանակի փոփոխութեան հետ սուրհանդակը կը մեկնի Հալէպ՝ տեղեկագրելով, որ յատուկ հեռագիր մը ուղղուի Փարիզ գտնուող Պատուիրակութեան նախագահ Նուպար Փաշային։ Պատերազմի օրեր ըլլալուն, Միջերկրականի այդ ափին ֆրանսական ռազմանաւեր յաճախ կը շրջէին, ապահովելու համար իրենց դիրքերը գերման-թուրք ճակատին դէմ։ Ֆրանսայէն տրուած հրահանգի մը անսալով այդ նաւերը կ’ուղղուին դէպի Իսկենտերուն եւ հեռուէն կը հետեւին դիմադրական շարժումի ու դէպքերու զարգացումներուն։
1915ի Սեպտեմբերին սկիզբն էր, որ կը խարսխէր Սուետիա նաւահանգիստին ափին «Կիշէն» փոքրիկ թորփիլանաւը, Մուսա Տաղի վրայ նշմարելով կարմիր խաչով մեծ դրօշակ մը, որ օգնութեան կոչ մըն էր։ Յետոյ կը հասնի «Ժան տ’Արք» զրահաւորը, որուն վրայ կը գտնուէր Միջերկրականի ֆրանսական հրամանատարը` Տարթիժ տը Ֆունէ։ Տմլաքեան քանի մը մարտական ընկերներու հետ, 5 Սեպտեմբերի առաւօտեան կրնայ հասնիլ ծովափ։ Ան կը տեսակցի ֆրանսական մարտանաւերու ընդհանուր հրամանատարին հետ, կը բացատրէ ժողովուրդին կացութիւնը եւ զէնք կը խնդրէ շարունակել կարենալու համար կռիւը։
Հասած էր նաեւ «Տըսէքս» յածանաւը, որուն վրայ կը գտնուէր իբրեւ սպայ Շարլ Տիրան Թէքէեան, եւ որ Մուսա Տաղի հայութեան փրկութեան գործին մէջ շատ կարեւոր դեր մը պիտի կատարէր։
Հրամանատարը յանձն կ’առնէ մուսա տաղցիները մարտանաւով փոխադրել ապահով վայր մը։ Այսպիսով երկու հանգրուաններով ժողովուրդին մէկ մասը կ’իջնէ Կիպրոս, իսկ մնացեալ մասը Փորթ Սաիիտ, Եգիպտոս։
Ֆրանսական ծովային հրամանատարութիւնը որպէս արժանիք եւ գնահատանք, միայն Եաղուպեանին կը թոյլատրէ պահել իր զէնքը եւ մասնաւոր խցիկ մը կը տրամադրէ մարտանաւին մէջ, մինչեւ որ ժողովուրդը ցամաք կ’ելլէ Փորթ Սաիիտ։
Ռամկավար Գործիչը Եւ Վերադարձ Գիւղ
Այնուհետեւ Եաղուպեան միշտ ապրեցաւ շուքի մէջ`որպէս խոնարհ հերոս մը։ Անոր սրտին մէջ կը կոտտար վէրք մը, որուն յաճախ կ’անդրադառնար ցասումով ու տամկացող աչքերով։ Ան յարաբերութեան մէջ կը մնայ Եգիպտոսի Հայ Սահմանադրական Կուսակցութեան ընկերներուն հետ։
Եաղուպեան կ’անցնի Իսքենտերուն, շարունակելու ազատագրական ու դիմադրական պայքարը, հոն հաստատուած ռամկավար ազատական գաղափարի իր ընկերներուն հետ։
1917ին ան իրեն հետեւորդ գաղափարի ընկերներով կը կազմէ կորիզը Հայկական Լէգէոնին, որուն արդէն սկսած էին միանալ Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն եկող հայ կամաւորները։ Արարայի յաղթանակէն ետք, որպէս կուսակցական գործիչ կը շրջի Կիլիկիոյ հայաբնակ բոլոր շրջանները։ Ան մնայուն ներկայութիւն մըն է ազգային եւ կուսակցական աշխատանքներուն թէ նախաձեռնութիւններուն մէջ։ Տամատեաններու, Կէպէնլեաններու, Մլեհներու Ապահներու եւ այլ ռամկավար գործիչներու նման կը հաւատար դաշնակից պետութիւններու եւ ի մասնաւորի Ֆրանսայի ասպետականութեան։ Սակայն ինք եւս ապրեցաւ մեծ յուսախաբութիւնը, երբ նոյն ինքն ֆրանսացիներու հրամանով պարպուեցաւ Կիլիկիան։
Զինադադարէն ետք կը վերադառնայ իր գիւղը, որ անցած էր Սանճագի հոգատարութեան ներքեւ։ Եաղուպեան դարձեալ կ’ուզէ կազմել իր ընտանեկան բոյնը իր Մուսա Տաղին մէջ։ Ահա´ դարձեալ տեղահանութիւն, դարձեալ պիտի պարպուէր Սանճագը, Մուսա Տաղը, իր գիւղերով եւ զանոնք փրկելու ճիգերը անցած էին ապարդիւն։ Այս գիւղերու մնացորդ բնակչութիւնը դարձեալ ստիպուած էր հեռանալ իր սիրելի հայրենիքէն։ Ու եկած էր «վրան զարնելու» պահը Պէյրութի Նահրի աւազուտքին վրայ, մարդկային խլեակներու պէս։ Նոր վրանաքաղաք մը…։ Եսային ալ հեռացած էր իր գիւղէն։
1939ի վերջնական պարպումովը Ալեքսանտրէթի Սանճագին, ահա´ այսպէս գրեց Եաղուպեան. «1914ի պատերազմին` որսի հրացաններով եւ բոլորովին նախնական ու սակաւ զինամթերքով ծունկի բերինք մեր դարաւոր թշնամին, ազատութեան դրօշակը վերստին պարզելով Ճեպէլ Մուսայի խորհրդաւոր գագաթին վրայ…։ Բայց 1939ի պարպումը` որպէս պարտադրութիւն միջազգային քաղաքականութեան, զիս դառն յուսախաբութեան մղեց։ Ճեպէլ Մուսացին որ այս անգամ զինուած էր արդիական զէնքերով եւ կը հաշուէր վարժ ռազմիկներ, աւա~ղ… առանց գնդակ մը պարպելու անդառնալի կերպով լքեց իր լեռը, բռնելով աքսորի ճամբան։ Ճեպէլ մուսացիին առջեւ երկու ուղիներ կը գտնուէին. կամ ծովը թափուիլ եւ կամ Հայրենիքի ճամբան բռնել»։
Սուր Քաղաքի Գաղթակայանի Համեստ Բնակիչը
Մեր ցեղին եւ մանաւանդ վերածնած Հայրենիքին` Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ Եսայի Եաղուպեան անսահման սէր ունէր։
Փառքի ճամբան, որ լայնօրէն բացուած էր այս պատուական ազատամարտիկին առջեւ, կրնար զինք առաջնորդել նախանձելի դիրքի մը։ Բայց անիկա իր երջանկութիւնն ու հանգիստը կը գտնէր իր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին ազատութեան իտէալին մէջ։
Սանճագի գաղթականներուն մէկ մասը կարելի եղաւ տեղաւորել Լիբանանի Սուր քաղաքի ծովեզերքի գաղթակայանը, ուր ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ կառուցուեցան մօտ երկու հարիւր տնակներ, մէկ սենեակ եւ խոհանոցով ու փոքրիկ պարտէզով։ Սանճագի օգնութեան հայկական յանձնախումբը, որուն կը նախագահէր Կաթողիկոսական Տեղապահ Սարաճեան Սրբազան, եւ որուն ատենապետի պաշտօնը ստանձնած էր «Զարթօնք»ի խմբագիր եւ ռամկավար ազատական գործիչ Յովհաննէս Պօղոսեան, կրցան աւելցնել մօտ երեսուն նոր տուներ, որոնց մէջ կրցան բնակեցնել Եսային, Թորոս Լուսինեանը, Յեսու Յովսէփեանը եւ ուրիշներ։ Այդ աշխատանքը կարելի եղաւ նախաձեռնել շնորհիւ Պոստոնի «Պայքար» օրաթերթի կատարած հանգանակութեան յայտարարութեան, երբ կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ հանգանակուեցաւ 10 հազար տոլար։
Փակուած էր այլեւս ազատագրական պայքարի ի´ր էջը։ Եաղուպեան հաստատուեցաւ Սուր քաղաքը, ուր վարեց իր ընտանեկան խաղաղ կեանքը։
Եաղուպեան Հայրենադարձը
Երբ հնչեց հայրենադարձի ձայնը, որուն ակնդէտ կը սպասէր ան, Եսայի եւս նաւ բարձրացողներուն մէջ առաջինը հանդիսացաւ։ Ու աւելի քան տասը տարիներ, այդ սգաւոր այլ հպարտ ֆետային իր քրտինքը խառնեց Հայրենիքի աշխատաւորներու քրտինքին, հայուն դարաւոր երազին իրականացումին մէջ իր բաժինը բերելու վճռակամութեամբ։
Եաղուպեան 1947ին Հայրենիք ներգաղթեց ընտանիքով։ Իր զաւակը ընթացք տալով հօրը փափաքին, ընդգրկեց զինուորական ասպարէզը եւ աւարտելով Մոսկուայի զինուորական վարժարանը, դարձաւ հրամանատար-սպայ Խորհրդային Հայասանի զինուժին մէջ։
Դժբախտաբար համայնավարական շրջանի ա´յդ ղեկավարութիւնը չունէր սփիւռքահայութեան եւ մա´նաւանդ հայրենադարձ հայուն հայրենասիրութեան խոր ապրումներն ու տոհմային արմատները եւ Եաղուպեանի հանդէպ եղաւ ժլատ ու ցուցաբերեց ոչ բարեացակամ վերաբերմունք։ Պահակութեան պաշտօն մը միայն սահմանած էին իրեն՝ մայրաքաղաքի իր ապրած Շահումեանի շրջանի միջնակարգ վարժարանին մէջ։ Այդ «պաշտօն»ով ալ կը փակէ իր աչքերը 5 Ապրիլ 1957ին, 79 տարեկան ալեւոր հասակին։
Կ’արձանագրենք ահաւոր պատկեր մը իր վերջալոյսի օրերէն: Ձմրան ցուրտ օր մը, երբ յիշեալ վարժարանին մուտքն ու բակը ձիւնով էր ծածկուած, վարժարանին տնօրէնը` Գառնակերեան, կը հրահանգէ որ 75ամեայ հայ ֆետային, ռամկավար ազատական հերոս ծերունի պահակը կանգնի դպրոցի դարպասին եւ մաքրէ կօշիկները… բակէն ներս մտնող աշակերտներուն։ Դառնացած ծերունին, որուն արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած էր, աշակերտութեան առջեւ կ’ապտակէ տնօրէնը։ Քաջ ֆետային կը ձերբակալուի եւ կը տարուի ոստիկանատուն։ Ոստիկանապետը ծանօթ ըլլալով Եաղուպեանի ազգային ազատագրական փառաւոր անցեալին, կը կանչէ տնօրէնը, անոր կը յայտնէ անհրաժեշտը եւ կ’արձակէ Եսայիին։ Քանի մը օր ետք, Եաղուպեան կը մօտենայ տնօրէնին եւ վեհանձնօրէն կը խնդրէ, որ ան հաւաքէ աշակերտութիւնը, որպէսզի անոնց ներկայութեան ներողութիւն խնդրէ տնօրէնը ապտակած ըլլալուն համար, եւ այդպիսով ցոյց տայ յարգանք, հայ դաստիարակին նկատմամբ։
Եաղուպեանի թաղման ներկայ կը գտնուին վարժարանի 200 սաները իրենց տնօրէնին հետ. տնօրէն Գառնակերեան կ’ըլլայ գլխաւոր դամբանախօսը։
1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի ոգեկոչումին, յանկարծ կը յայտնուին Պարոյր Սեւակն ու Եաղուպեանի թոռներուն կնքամայր Սիլվա Կապուտիկեան։ Սեւակ կոչ կ’ընէ, որ ժողովուրդը մէկ մարդու նման հետեւի իրեն` երթալ խոնարհելու ազգային հերոս Եսայի Եաղուպեանի շիրիմին առջեւ։ Բազմութիւնը կը հետեւի Պարոյրին, դէպի Շահումեանի շրջանի գերեզմանատունը։
Աւելի ուշ մուսա-տաղցի ներգաղթողներու եւ ուսանողներու լումաներով, Եաղուպեանի աճիւններուն թաղուած վայրին վրայ կը բարձրացուի 17 ոտք բարձրութեամբ, ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի մտայղացած յուշարձանը, որ մինչեւ այսօր բարձունքէն կը հսկէ եւ կը յաւերժացնէ հոգին Եսայի Եաղուպեանին։ Այդ կը դառնայ իրա´ւ սրբավայրը հերոսական Մուսա Տաղին։
ՌԱԿի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը անմահացնելու համար հերոսին անունը, Թորոնթոյի մեր վաստակաշատ անդամներէն մուսատաղցի Եզնիկ Պոյաճեանի առաջարկը ընդունելով՝ տեղւոյն ակումբը կը մկրտուի «ՌԱԿ Թորոնթոյի Եսայի Եաղուպեան Ակումբ» անունով։