Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Հայահունչ Եւ Ազգային Երաժշտութեան Ի Խնդիր

*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*

Անկասկած տեղին էին այն դիտողութիւնները, որոնք վերջին տասնամեակին Հայաստանի եւ Սփիւռքի հեռատեսիլի, եթերային եւ գրաւոր մամուլի մասնագէտ խօսնակներ ու յօդուածագիրներ՝ ընդվզած անարուեստ եւ աժանագին երաժշտութեան համաճարակին դէմ, արդար զայրոյթով քննադատեցին այդ երեւոյթները. այսինքն՝ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն հրապարակ ելած վայ-երգիչներն ու վայ-արհեստանման երաժիշտները:

Բարձրացուած հարցը իսկապէս այժմէական է, որովհետեւ հրապարակ նետուած աժանագին երաժշտութեան կամ երգերու մեր երիտասարդութեան վրայ ձգած ազդեցութիւնը վտանգաւոր է, ոչ միայն ճաշակի խաթարման, այլեւ ազգային եւ համամարդկային արժէքներու ըմբռնման ու գնահատման իմաստներով. չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, թէ մեր ժողովուրդին ու յատկապէս նորահաս սերունդին երաժշտութեան դաստիարակութեան մակարդակը այժմ ահռելիօրէն խախտած է։ Մտէք պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակէ ներս (դպրոց, ակումբ եւայլն), երգել տուէք ոեւէ մէկը եւ պիտի տեսնէք, թէ անոնց երգացանկը բաղկացած պիտի ըլլայ քանի մը անճաշակ երգերէ: Եւ ասիկա ժողովուրդի մը մէջ, որ ոչ շատ հեռու անցեալին հարուստ էր երաժշտական եւ երգիչներու կեանքով:

Մասնաւորելով մեր խօսքը անհրաժեշտ է յիշել, որ Լիբանանահայ գաղութը երկար տարիներ եղած է աշխոյժ երաժշտական գործունէութեամբ: Մակարդակ ունեցող մի քանի տասնեակ երաժիշտներ, երգիչներ ու երգչուհիներ սնած եւ հասակ առած են հոս: Անոնց մէկ մասը մեկնած է ուրիշ գաղութներ՝ հոն աշխուժացնելով հայ երգն ու երաժշտութիւնը, ուրիշներ՝ զարդարելու միջազգային բեմերը: Այժմ մեզի հետ կը մնան հազիւ ձեռքի մատներու վրայ համրուող սիրելի անուններ, որոնց կատարած գործը ոչ միայն շնորհակալութեան, այլեւ երախտագիտութեան արժանի է: Կար ժամանակ երբ Պէյրութի բեմերէն կը լսուէին երգչախմբային հրաշելի համերգներ. նուագախումբեր ու մենակատարներ կը ներկայացնէին հայկական, եւրոպական եւ դասական երաժշտութիւն: Այդ երանելի տարիներուն, նոյնիսկ յաջող փորձեր կը կատարուէին բեմադրելու օփերեթներ եւ անշուշտ բեմադրած են ալ, որոնք տեղի կ’ունենային մշակութային միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ ու ջանքերով:

Սակայն այն օրէն սկսեալ, երբ մեր ազգային հայրենակցական – մարզական – մշակութային եւ հասարակական կազմակերպութիւնները (բացառութիւնները միշտ յարգելի են), մոռնալով իրենց ազգային- դաստիարակչական պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները եւ յափշտակուելով իրենց գանձարկղները հեշտօրէն լեցնելու հեռանկարէն, փոխանակ գեղարուեստական երաժշտական ձեռնարկներ կազմակերպելու բարի աւանդութեան, սկսան ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ կազմակերպել, երբեմն հայրենի կամ սփիւռքեան երգիչ-երգչուհիներ հրաւիրելով, ահա այդ օրէն սկսեալ մեր գաղութին մէջ աճեցան եւ բարգաւաճեցան ոչ արհեստավարժ երգիչներն ու առեւտրական երեւոյթներ, որոնք կը ներկայացնէին անարուեստ եւ անհրապոյր «արուեստ»: Կ’երգուէին եւ արագօրէն կը տարածուէին ճաշարանային երգեր, «Գարուն-գարուն»ները, «Վայլէ ջան, վայելէ»ներ, «Սարի Լալա»ներ (արդեօք այս երգը երգողը երբեւիցէ տեսա՞ծ է սարի լալա…), «Իրար երգենք զիրար սիրենք», նոյնիսկ երաժշտութեան պատրանքներէն՝ Կոմիտասի եւ Սայեաթ Նովայի գործերը այլափոխուած ու վարկաբեկիչ ձեւով կը ներկայացուին: Իսկապէս ցաւալի պատկեր:

Ինչպէս վերը նշեցինք, Հայրենիքի մէջ ալ դժբախտաբա՛ր, տակաւին տարածուած է ճաշարանային անմակարդակ երգն ու երաժշտութիւնը: Սակայն օր չանցնիր, որ այդ ուղղութեամբ քննադատութիւններ չկատարուին: Տեղի կ’ունենան նաեւ քննարկումներ արուեստի մարդոց, գրողներու եւ հասարակական գործիչներու միջեւ: Հետեւաբար համոզուած ենք, որ այս հարցը Հայաստանի մէջ այնքան ալ մտահոգիչ չէ, մանաւանդ որ հոն կան արուեստի բազմաթիւ օճախներ, երաժշտական ուսումնական հիմնարկներ, եւ տակաւին պետական ու հասարակական բազմաթիւ կառոյցներ, որոնք ազգային եւ համաշխարհային երաժշտութեան լաւագոյն աւանդներ ի սպաս կը դնեն հանրութեան:

Վերադառնալով մեր գաղութին, հոս այս տեսակի երաժշտութեան գոյութիւնն ու գործելը՝ ծայրայեղօրէն մտահոգիչ երեւոյթ է մեր ազգային արուեստին համար, մանաւանդ որ այդ երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ ազգային գեղեցիկ արժէքներուն աղճատման դէմ մղուած իւրաքանչիւր պայքար ու ճիգ՝ սպառում մըն է սակաւութենէ տառապող սփիւռքահայութեան, նոր արիւնահոսութիւն մը, եթէ կ’ուզենք: Ուստի անհրաժեշտ է հայ երաժշտութեան եւ ազգային արժէքներու ամէն տեսակի դրսեւորումներուն համար ենթահող պատրաստելէ ետք, պահել ու պահպանել զայն եւ թոյլ չտալ, որ պէտքը չզգացուի ամէն անգամ ոչինչէն սկսելու:

Հետեւաբար այս իմաստով անհրաժեշտ է մեր ազգային-կրթական եւ ազգային-հասարակական կեդրոններէն ներս լուրջ ուշադրութիւն դարձնել՝ երաժշտական ու ընդհանրապէս գեղարուեստական դաստիարակութեան ներգրաւելու համապատասխան մասնագէտներ: Այս կապակցութեամբ երբեք թեթեւամիտ մօտեցում պէտք չէ ունենալ եւ միշտ պէտք է յիշել, որ ոեւէ պատահական անձ չի կրնար երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս գեղարուեստական դաստիարակութեան դասատու դառնալ:

Եւ ամենակարեւորը՝ գտնել տաղանդաւոր երիտասարդներ ու պայմաններ ստեղծել անոնց Հայրենիքի մէջ դաստիարակուելու, որպէսզի վերադարձին իրաւ երաժշտութիւն ստեղծեն, քանի որ առանց ստեղծագործող երաժիշտներու անհնար է ազգային երաժշտութիւն պահպանել:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին