Սրբոց թարգմանչաց տօնին առիթով, Հոկտեմբեր 10-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ` մասնակցութեամբ Շահինշահր քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանի, թեմի քահանայից ու դպրաց դասերու եւ Ս.Ա. վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբի: Պատարագը նախագահեց Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան: Այս մասին Իրանէն մեր պաշտօնակից «Եռագոյն»ին հաղորդած է Երանուշ Թահմազեան:
Ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները, Հայոց ազգային դպրոցներու աշակերտութիւնը, տեսչութիւնները, ուսուցչաց կազմերը, ծնողական խորհուրդները եւ թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակը յարգող այլ հայորդիններ:
Եկեղեցական արարողութենէն յետոյ «Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի» անուան թանգարանի մուտքին առջեւ տեղադրուած Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կիսանդրիներուն մօտ տեղի ունեցաւ աշակերտական ելոյթներ` մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային նախակրթարանի սաներու, «Արմէն» երկսեռ տարրական կրթահամալիրի եւ «Քանանեան» իգական ու «Կատարինեան» արական միջնակարգ դպրոցներու աշակերտութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Ս.Ա. վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» եւ դպրոցներու գրադարաններու ամենաշատ գիրք ընթերցած աշակերտ-աշակերտուհիները:
Աւարատին թեմակալ առաջնորդ` Տ. Բաբգէն արք. Չարեան օրուան առթիւ իր պատգամին մէջ խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, որ միշտ հպարտ ըլլան հայ ըլլալու համար եւ անաղարտ պահելով մայրենի լեզուն` դառնան Մեսրոպ Մաշտոցի եւ թարգմանիչ վարդապետներու արժանի ժառանգորդները:
Ձեռնարկը աւարտեց Հայ մշակոյթի, Ս. Թարգմանչաց եւ հայ ուսուցիչի տօներու առթիւ Սրբազան հօր շնորհաւորական խօսքերով եւ Պահպանիչ աղօթքով:
Նշելի է, որ մինչ աշակերտական ելոյթները «Քանանեան» իգական դպրոցի աշակերտութիւնը, տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ միասին, վանքի բակին մէջ ամփոփուած դպրոցի հիմնադիր Վառվառէ Քանանեանի շիրմաքարին ծաղիկ խոնարհելով եւ միասնական աղօթքով` յարգեցին բարերարուհիի յիշատակը: