*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*
Այս տարուան Ցեղասպանութեան դարադարձի նշման հանդիսութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ, Նիւ Ճըրզիի «Ախթամար» պարախումբը, որ անցեալ Օգոստոսին տուած էր իր անդրանիկ այցելութիւնը Հայաստան եւ ունեցած հիւրախաղեր: Երիտասարդ ու պատանի պարման-պարմանուհիներով կազմուած այս պարախումբը, առաւելաբար նախկին պոլսահայ ծնողներու զաւակներ, Մեծագոյն Նիւ Եորքի այլապէս հարուստ պարախումբերու շարքին կը շարունակէ իր ուղին՝ գրեթէ նո՛յն հաւասարութեամբ միւսերուն, հրամցնելով տոհմիկ ազգագրական պարարուեստը, հեռու ամերիկեան շօերու հրամցուցած խաբկանքէն:
Խմբավարն ու պարուսոյցը՝ Սիլվա Գանթարճեան-Ասատուրեան, ի՛նք ալ մաս կազմած է 70ական թուականներուն, Սարգիս Բասքալեանի գլխաւորութեամբ սկսած Ամերիկայի տարածքին նախաձեռնուած պարախումբերուն: Սիլվան յամառօրէն շարունակեց սկսուած աւանդը եւ արդէն այս պարախումբի 70ի մօտ իր անդամներով, նոր սերունդին կը փոխանցէ հայկական պարի աւանդոյթը:
4 Հոկտեմբեր 2015ին, Կիրակի կէսօրէ ետք, հակառակ այս օրերուն զիրար հրմշտկող մեր շրջանի համայնքային ձեռնարկներուն, Նիւ Ճըրզիի Ֆելիշըն Գալէճի հազարի հասնող սրահը գրեթէ լեցուն էր:
«Վերածնունդ եւ Յաղթանակ» լոզունգով յայտագիրը ամբողջութեամբ հայրենասիրական պատկեր մը կը ներկայացնէր, որքա՛ն պատշաճ այս օրերու մեր ժողովուրդի զգացումներուն: Եւ այդ աւելիով կը հպարտացնէ մեզ՝ ազգային տարբեր երազներով խմորուած եւ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներէն այս ափերը հաստատուած սերունդին, տեսնելով պոլսահայ ծնողներէ ծնունդ առած այս նոր սերունդին ջերմեռանդութիւնը՝ հանդէպ որքան մեր մշակութային աւանդական արժէքներուն, նոյնքա՛ն եւ այն համատարած պահանջատիրութեան ոգիին, որ բացայայտ կերպով ակներեւ սկսած է դառնալ ամէնուրեք:
Եւ այսպէս յայտագիրը կ’ընթանայ ազգագրական պարերով՝ «Հայաստանի երգը», «Մուշ», «Յուշեր», «Ախթամար», «Մենք ենք մեր սարերը»… կը յուշեն մեր բռնագրաւեալ հայկական նահանգները, մեր սրբավայրերը: Եւ ինչո՞ւ չյուզուիլ:
Երկրորդ բաժինով մեր յաղթանա՛կը կը ներկայացնեն «Ուրախութեան պար»ով, «Զարթիր Լաօ»ով եւ այլ պարերով:
Յայտագիրին մէջ կան երեք օտար պարեր՝ բոլորն ալ մեր ժողովուրդին բարեկամ ազգերէ՝ ռուսական, վրացական ու յունական, ցոյց տալով մեր սերտ բարեկամութիւնը այդ ժողովուրդներուն հետ:
Երգերով հանդէս եկաւ Գէորգ Արթինեան իր նուագախումբով՝ Վիգէն Մանուշեան (դաշնամուր) եւ Արա Տինքճեան (ուտ): Գէորգ իր հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ աւելի եւս խանդավառեց հայրենակարօտ հանդիսատեսը, երգեր՝ որոնք յօրինուած էին դեռ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակ, հայրենասիրական օրերու կարօտով եւ ամբողջութեամբ հայկական ոգիով ու թեմայով, այսօր ալ այդ երգերը գերազանցապէս կը կապեն մեզ դէպի մեր Հայրենիքն ու մեր անցեալը: Երգեր, որոնք արդէն դարձած են դասական ու հայ տուներէն եւ ազգային հաւաքոյթներէն ներս մնայուն ու հաճելի երգացանկ կը կազմեն:
Շնորհաւորելի են «Ախթամար» պարախումբի յանձնախումբի անդամները՝ Զուարթ Կիւլեանի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Նուարդ Արսլանի, Թալին Չինարի, Ռիթա Խիշլեանի, Մարալ Քիլերճեանի, Ճեննի Գորօղլեանի, Թալին Բուրութի եւ Դալար Շէշէթեան-Սարաֆեանի: Նիւ Ճըրզիի պոլսահայերու Հայ Տան վարչութիւնը առայժմ կը հիւրընկալէ պարախումբը՝ կատարելու իր շաբաթօրեայ փորձերը, որուն համար յանձնախումբը անհունօրէն շնորհապարտ է Հայ Տան վարչութեան:
Պարուսոյց Սիլվայի մօր՝ ողբացեալ Տիկին Մարի Գանթարճեանի ծառայութիւնը պարախումբէն ներս, յիշատակուեցաւ յայտագիր-գրքոյկի մէջ։ Ողբացեալը երկա՜ր տարիներ օգտակար եղած էր «Ախթամար»ին՝ խնամեալ կերպով պարախումբին հայկական տարազները պատրաստ յանձնելով:
Վերանորոգուած հայրենասիրութեամբ ու քիչ մը աւելի հայացած, ներկաները վերադարձան իրենց տուները: Ախթամար վստահաբար պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: