Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Յատուկ «Զարթօնք»ին – Լիբանանցի Մտաւորական Նեժի Նաամանի Տասնօրեայ Այցը Հ․Հ․ Եւ Արցախ

                                                                                                         *ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ*
Երեւան

Լիբանանցի գրող, թարգմանիչ, հրատարակիչ, «Անվճար Մշակոյթի Նեժի Նաաման Հաստատութեան» եւ անոր «Չորեքշաբթիի Հանդիպումներ» գրական-մշակութային սալոնի հիմնադիր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Նեժի Նաամանը, խումբ մը լիբանանաբնակ եւ հայրենաբնակ տղոց (Գրիգոր Տաքէսեան, Յովսէփ Արթինեան, Գէորգ Եազըճեան, Յովիկ Ստեփանեան, Թաթուլ Յակոբեան, Բաբգէն Սիմոնեան եւ ուրիշներ) նախաձեռնութեամբ ու օժանդակութեամբ, 25 Սեպտեմբերէն 5 Հոկտեմբեր 2015 այցելեց Հայաստան` առաջին անգամ ըլլալով: «Զարթօնք»ի ընթերցողներուն յայտնենք, որ «Նեժի Նաաման հրատարակչատան» կողմէ առ այսօր լոյս տեսած շուրջ 350 գիրքերուն մօտ 10 տոկոսը կ’առնչուի հայութեան` իբրեւ անոնց հեղինակ կամ գիրքի նիւթ: Ի դէպ այդ հրատարակութեանց կէսը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան. վերջինը եղաւ այս տարի հրատարակուած «Հարիւր Եւ … Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի» ժողովածուն, որ բացառիկ ընդունելութիւն գտաւ լիբանանեան շրջանակներուն մէջ` ձրիօրէն բաժնուելով երկրի քաղաքական, մշակութային, լրատուական եւ հասարակական ազդեցիկ դէմքերուն ու հաստատութիւններուն:

Նեժի Նաամանը Հ. Հ.ի եւ Լ. Ղ. Հ.ի մէջ գտաւ բացառիկ ընդունելութիւն: 26 Սեպտեմբերին Երեւանի տեսարժան վայրերու մէկ մասին եւ Գառնիի տաճարին ու Գեղարդավանքին ծանօթանալէ յետոյ, յաջորդ օրը ան ներկայ գտնուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Ս. Պատարագին: Ու թէեւ ան ունէր հրաւիրագիր` ներկայ ըլլալու Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան, սակայն այդ արարողութիւնը մեզի անյայտ պատճառներով յետմիջօրէին յետաձգուած ըլլալով, այցը կազմակերպողները նախընտրեցին ժամը 14ին ուղղութիւն վերցնել դէպի Արցախ: Խումբը Ստեփանակերտ հասաւ ուշ գիշերին:

Յաջորդ օրը Նեժի Նաաման այցելեց Արցախի խորհրդանիշ դարձած «Մենք Ենք, Մեր Լեռները» յուշակոթող եւ Ասկերանի բերդ, եղաւ Տիգրանակերտի տարածքին մէջ ու այցելեց վերջինիս պեղումներով հարուստ թանգարանը: Այնուհետեւ այցելեց Գանձասարի վանքը եւ համտեսեց արցախեան հռչակաւոր ժենկեալով հացը՝ մօտակայ Վանք գիւղի մէկ ճաշարանին մէջ: Նոյն օրը ժամը 17ին, Նեժի Նաամանին իր աշխատանքային գրասենեակին մէջ ընդունեց՝ Լ. Ղ. Հ.ի Ազգային Ժողովի նախագահ Պր. Աշոտ Ղուլեանը: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը վերածուեցաւ հայ-լիբանանեան եղբայրական կապերու ամրապնդման մասին՝ տարբեր ծրագիրներու շուրջ նախնական պայմանաւորուածութեանց ձեռքբերման սրտբաց զրոյցի: Այնուհետեւ Նեժի Նաամանին Լ. Ղ. Հ. Ազգային Ժողով ուղեկցած` Լ. Ղ. Հ. Ազգային Ժողովի Հ. Յ. Դ. խմբակցութեան նախագահ, Հ. Յ. Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի առաջարկին ընդառաջելով, Նեժի Նաաման հանդիպում ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Արցախի Կկի անդամներուն հետ` Ստեփանակերտի կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ` աւելի քան մէկ ժամ, ինչպէս կ’ըսեն «առանց փողկապներու»:

Յաջորդ օրը առաւօտեան, Նեժի Նաաման ունեցաւ երկու հարցազրոյց` առաջինը Հ. Յ. Դ. Արցախի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»ի խմբագիրին, այնուհետեւ Արցախի Պետական Հեռատեսիլին հետ: Կէսօր էր երբ խումբը բռնեց Երեւան վերադարձի ճամբան, որու ընթացքին Նեժի Նաամանը եղաւ Շուշի, աղօթեց նաեւ Ս. Ամենափրկիչ հոյակերտ տաճարին մէջ: Խումբը այցելեց նաեւ ԱՌԻ նախաձեռնութեան շնորհիւ կառուցուող աւանը Աղաւնոյ գետի ափին: Սփիւռքահայերու այս նախաձեռնութիւնը մեծապէս յուզեց լիբանանցի մտաւորականը: «Տաթեւներ» ճոպանուղիով ան կտրեց դէպի Տաթեւի վանք ճամբան` հիանալով Հայաստանի հրաշալի բնութեամբ: Քարահունջի հնադարեան աստղադիտարանը անջնջելի տպաւորութիւն գործեց Նաամանին վրայ, որ խորհուրդ տուաւ աշխարհով մէկ քարոզչութիւն ծաւալել՝ քաղաքակրթական նման կառոյց հայկական հողին վրայ գոյութիւն ունենալուն մասին:

30 Սեպտեմբերին Երեւանի քաղաքապետարանի Աւետիք Իսահակեանի անուան Կեդրոնական Գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի ցերեկոյթ` ի պատիւ Նեժի Նաամանին: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ժան Մաաքարոնը (որ յաջորդ օրը, դեսպանի կեցավայրին մէջ յատուկ ճաշասեղանով պատուեց Նեժի Նաամանը): Դերասանուհի Գայեանէ Սամուէլեանը կարդաց Նեժի Նաամանի «Ես Հայ Եմ» վերնագրուած գողտրիկ բանաստեղծութիւնը` գրուած Հայաստան այցի վաղորդայնին: Հանդիսութիւնը յուզիչ խօսքով բացաւ գրադարանի տնօրէնուհի Տիկ. Յասմիկ Կարապետեանը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի դեսպանը: Հանդիսավար Գէորգ Եազըճեանը ներկայացուց Նեժի Նաամանի կենսագրութիւնն ու բազմաբնոյթ մշակութային գործունէութիւնը: Իրենց սիրտի խօսքը մեծարեալին ուղղեցին բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հ. Հ.ի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս, «Անվճար Մշակոյթի Նեժի Նաաման Հաստատութեան» դեսպան Բաբգէն Սիմոնեանը, եւ «ամենահաս» մտաւորական Թորոս Թորանեանը: Մեծարեալին ելոյթը կարելի էր որակել պարզապէս իսկական հայու սիրտի խօսք: Տնօրէնուհիի գրասենեակին մէջ հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները տեղեկացան, որ Նեժի Նաամանը Հ. Հ.ի անկախութեան տօնի առթիւ, հայ-լիբանանեան կապերու ամրապնդման մէջ իր ծառայութեանց համար՝ Հ. Հ.ի նախագահի հրամանագիրով արժանացած է «Երախտագիտութեան մետալ»ի:

Յաջորդ օրերուն Նեժի Նաամանը այցելեց Հայաստանի զանազան տեսարժան վայրերն ու թանգարանները, եղաւ Խոր Վիրապի, Սաղմոսավանքի եւ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, աղօթեց Կիւմրիի հայ կաթողիկէ նորաբաց եկեղեցւոյ մէջ: Ան Հ. Հ. – Թուրքիա շինծու սահմանին քովէն անցնելով, հայկական գինիով բաժակ բարձրացուց եւ խմեց ուրիշ բաժակներ՝ հանդիպակաց կողմը խմելու հաւատքով: Անոր վրայ մեծ տպաւորութիւն գործեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ Խոր Վիրապի մերձակայքը` ամպամած Մասիսի անընդհատ փոխուող տեսարանը: Նեժի Նաամանին ընդունեցին նաեւ Հ. Հ.ի մշակոյթի փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեանը, Հայաստանի Ազգային Արխիւի տնօրէն Դոկտ. Ամատունի Վիրապեանը եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանը: Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին եղան գրքափոխանակութեան, յատկապէս Հայաստանի գրադարաններն ու արխիւները հարստացնելու մասին պայմանաւորութիւններ:

Այցելութեան վերջին օրը, Հ. Հ.ի Սփիւռքի Նախարարութեան մէջ կայացաւ Նեժի Նաամանի` «Երախտագիտութեան մետալ»ով պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նախարարութեան ամողջ կազմը, ինչպէս նաեւ հոն այցելող սփիւռքահայեր` Ռ. Ա. Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանը ներառեալ: Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանը բարձր գնահատեց Նեժի Նաամանի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ արժանի պարգեւը ամրացուց անոր լամբակին: Սրտառուչ խօսքով հանդէս եկաւ մեծարեալը: Հանդիսութենէն ետք Նեժի Նաաման այցելեց Երեւանի մէջ Պէյրութի փողոց, Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի կիսանդրի եւ Երուանդ Քոչարի «Սասունցի Դաւիթ» գլուխ-գործոց արձանը:

Նեժի Նաամանի վրայ շատ մեծ դրական տպաւորութիւն գործեցին երկու փաստեր. Երեւանի կեդրոնական փողոցներու մեծագոյն մասին անուանակոչումը գրողներու եւ արուեստի գործիչներու անունով, եւ Արցախի խորհրդարանի մուտքին` ազատագրական պայքարի ընթացքին ռազմադաշտին վրայ զոհուած 11 երեսփոխաններու անունները կրող ցուցատախտակը: Ան համեմատութիւններ ըրաւ Լիբանանի հետ եւ խոր ցաւ զգաց, որ նման երեւոյթներ վերջինիս մէջ գրեթէ չկան…։

Նեժի Նաամանի տասնօրեայ այցելութիւնը Հ. Հ. եւ Լ. Ղ. Հ.` վերածուեցաւ հայ-լիբանանեան բարեկամութեան տօնախմբութեան:

Կը մնայ, որ հայկական պատկան կառոյցները լրջօրէն աշխատին իրականութիւն դարձնելու այն պայմանաւորութիւնները, որոնք կնքուեցան Նեժի Նաամանի հայաստանեան այցի ընթացքին` ի շահ մեր երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ու յատկապէս` Հայրենիքի մշակութային հարստութեան ա՛լ աւելի հարստացման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին