Ռազմական լուսանկարիչ Ճէք Փիգոնէն շատ երկիրներու մէջ եղած է ռազմական գործողութիւններու կեդրոնը, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ղարաբաղեան պատերազմը դարձած է պատերազմական պայմաններու մէջ աշխատելու անոր առաջին իսկական փորձը:
Al Jazeera Magazine-ի մէջ հրապարակուած իր նօթերուն մէջ լուսանկարիչը կը նշէ, որ շատեր կը կարծեն, թէ նման աշխատանք կ՛ընեն միմիայն յանուն ատրենալինի, բայց ինքը այդ մասնագիտութիւնը ընտրած է շարք մը պատճառներով: Անոնցմէ մէկը աւստրալական թերթին մէջ անհետաքրքրական ու կրկնուող աշխատանքն էր:
Անոր առաջին ուղեւորութիւնը եղած է դէպի Իրաք, բայց լուսանկարիչ-լրագրողը ձերբակալած են եւ երկրէն արտաքսած այն լուսանկարներուն համար, որոնց մէջ պատկերուած եղած են Քուէյթի սահմանը հատող զինուորականներ:
«Ես եկայ (Ղարաբաղ –խմբ.) 1992ին, մօտ 30 տարեկան էի եւ պատրաստ էի պատասխանելու այն հարցին, որ կու տայի ես ինծի տարիներ շարունակ. կրնա՞մ գլուխս չկորսնցնել՝ թէ՛ բառացի ու թէ փոխաբերական իմաստով, պատերազմող զինուորներու փոխհրաձգութիւնը լուսանկարելու ընթացքին:
Ես առաջ կը շարժէի դէպի հայ զինուորները, որոնք խրամատներու մէջ էին` լերան լանջին, երբ ստացայ իմ հարցիս պատասխանը: Լեռը յանկարծ ցնցուեցաւ կրակոցներու ձայնէն ու ականանետի պայթիւնէն: Երկինքի վրայ կը սահէին մուգ, թանաքագոյն ամպերը: Ոչ խոր բացուածքը (իտէալական, արդէն պատրաստ գերեզման) իմ միակ ապաստանն էր դէպի ինծի սլացող գնդակներէն ու կասետային ռումբերէն: Կը յիշեմ այնտեղ պառկած` մտածեցի, որ այդ տեղը չափէն աւելի գեղատեսիլ է պատերազմի դաշտ ըլլալու եւ ի հարկէ մեռնելու համար գեղեցիկ վայր էր:
Այդ ժամանակ ես վեր նայեցայ ու տեսայ հայ զինուորը, որ ինծի նշան կ՛ընէր, որ վազեմ դէպի իրեն: Անոր խրամատը ինծմէ ընդամէնը 80 մեթր հեռու էր, բայց յաւերժութիւն կը թուէր։ Ես բեկորներու հարուածներ ստացայ թիկունքիս ու գլխուս ստորին մասը, բայց ողջ էի: Սիրտս կը զարնէր, ատրենալինը կը բարձրանար մարմինովս եւ ես կը զգայի վերածնման էյֆորիայի ա՛յն տեսակը, որ կ՛ապրիս, երբ կը յաջողիս խոյս տալ մահէն», գրած է լուսանկարիչը: