Թրքական «Ռատիքալ» թերթի համացանցային պլոքին մէջ հրապարակուած սիւնակագիր Ֆաթիհ Թունճի յօդուածին մէջ, հեղինակը նախ կը խօսի հայերու կոտորածներուն մասին, ապա կը հիմնաւորէ, թէ հայերը ինչու այդքանէն ետք, տակաւին կը ցանկան ապրիլ այդ հողերուն վրայ:
Ermenihaber.am-ը կը ներկայացնէ յօդուածը որոշակի կրճատումներով.
«Մէկ դար առաջ որոշները փրկուեցան: Ոմանք անզաւակ, ոմանք ալ անհայր մնացին: Ամէն ինչէն զատ` անոնց հոգիները Անատոլիոյ մէջ մնացին, իսկ մարմինները այլ հողերու վրայ` բանտարկուած: Օտար դարձան իրենց հողերէն: Յետոյ դաւաճան կոչուեցան: Սադրիչ կոչուեցան ու կոտորուելով թշնամի դարձան:
«Տարօրինակ է, չէ՞: Ե՛ւ կոտորես, եւ ալ կոտորուածի դերը խաղաս: Կոտորելը քիչ էր, դեռ մինչեւ այժմ ատելութիւն կը տարածէք հայերուն հանդէպ: «Հայ սպանողը դրախտ կ՛երթայ»: Կը կարծեմ` դեռ այս սնահաւատութեան հաւատացողներ կան: Այդ պարագային հրեայ սպաննեցէք, անոնք ամէն օր հաճոյքով իսլամ կը սպաննեն: Կամ ալ չինացիներու դէմ պատերազմ սկսէք, անոնք թուրքեր կը կոտորեն: Չեմ հասկնար, թէ ինչո՛ւ դեռ կը շարունակուի հայերը սեւցնելու գործընթացը:
«Ամէն պետութիւն իր պատմութիւնը ունի: Սակայն Հայաստանի պատմութիւնը Անատոլիոյ հողերուն մէջ թաղուած է: Անոնց մեծ մասը եղբայրական գերեզմանոցներ են: Դեռ կանգուն մնացած են խաղողի այգիներն ու նռնենիները: Սակայն անոնք արդէն կորսնցուցած են իրենց քաղցրութիւնը:
Դուք կրնաք պետութիւն ունենալ, սակայն եթէ ձեր պատմութիւնը այլ հողերու վրայ է, ապա բան մը կիսատ է: Ձեր եկեղեցիները, տուները եւ ամենակարեւորը` գերեզմանոցները: Պետութիւն դառնալու համար հողին անցեալը անհրաժեշտ է, հակառակ պարագային ձեր ինքնութիւնը կը սպառէ իրեն, կ՛օտարանայ: Իմ կարծքիով հայերը Անատոլիոյ հողերուն վրայ պետութիւն հիմնելէ աւելի շատ՝ կրկին այդ հողերուն վրայ ապրիլ կ՛ուզեն: Որքան ալ անոնց հայրերու գերեզմաններուն վրայ տուներ կառուցուած ըլլան, միեւնոյնն է, անոնք ոչ թէ այդ սահմանները խորտակելու, այլ այդ հողերուն վրայ ապրելու ցանկութեամբ լեցուած են:
«Անոնք նպատակ չունին պատառ-պատառ ընել այն հողերը, որոնց վրայ իրենք որպէս հայ իրենց պատմութիւնը սկսած են: Առանց այդ ալ զիրենք ժամանակին պատառ-պատառ ըրած են, ու անոնք չեն կրնար եւս մէկ անգամ ատիկա աչքի առջեւ չունենալ: Սակայն մենք կը վախնանք հայերէն: Կ՛ըսենք` մեր հողերը պատառ-պատառ կ՛ընեն: Բայց չես գիտեր ինչու պատառ-պատառ ընողներ միշտ հայերը կ՛ըլլան:
«Որքան ալ հայերը իրենց անունն ու ազգային պատկանելութիւնը արտացոլող երկիր ունենան, միեւնոյնն է անոնց հոգիները Անատոլիոյ մէջ կ՛ապրին: Այդ պատճառով իսկ անոնց նպատակը հողը չէ, անոնց նպատակը այնտեղ ապրելով իրենց կարօտը առնելն է»: