Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Հրատապ Նիւթ – Վրաստանի Մէջ Կրկին Կրճատած Են Հայոց Լեզուի Դասաժամերը

Վրացական բացայայտ հակահայկական այս քաղաքականութիւնը սկսաւ Վրաստանի անկախութենէն ետք, երկրի առաջին նախագահ Կամսախուրտիայի օրով, շարունակուեցաւ Շեվերտնացէի իշխանութեան ժամանակ, ապա գագաթնակէտին հասաւ Սահակաշվիլիի ժամանակաշրջանին եւ այժմ ալ կը շարունակուի միշտ թուրքօ-ազերիական նաֆթատոլարներու հոսքով դէպի Վրաստանի ղեկավարներուն գրպանները, իսկ արեւելքէն ու արեւմուտքէն փանթրքական մտայնութեամբ ղեկավարուող՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արհեստածին թշնամի երկիրներէ շրջափակուած Հայաստանը, ստիպուած համբերութեամբ կը լռէ վրացական իբր թէ եղբայրական պետութեան ղեկավարութեան այսպիսի հակահայկական քայլերուն դիմաց, որովհետեւ հոնկէ է Հայաստանի ելքը դէպի ծով։ Ահաւասիկ ինչպէս կը վճարուի անցեալին կատարուած քաղաքական սխալներուն գինը։

«Խմբ.»

2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին համար, Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ սահմանուած ուսումնական ծրագիրը կը նախատեսէ՝ Հայոց լեզուի պահերու կէս ժամուան նոր կրճատում մը:

Ջաւախքի հանրակրթական դպրոցներու 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններուն մէջ, նախկին շաբաթական 5 դասաժամերուն փոխարէն այժմ կ՛ուսուցանուի 4,5 ժամ:

«Ցաւոտ հարց է։ Կրճատեցին մեր մայրենիի դասաժամերը։ Հայերէնը բարդ լեզու է. բարձր դասարաններու ծրագիրը բաւական ծաւալուն է. արդէն կը դժուարանայինք ամբողջ նիւթը փոխանցելու աշակերտին», յայտնած է Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ Սաթենիկ Նահապետեան:

Հայկական վարժարաններու տնօրէնները կ՛ըսեն, թէ 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններուն մէջ չեն կրնար դասաժամերը փոխել, քանի որ Վրաց լեզուի, Վրաստանի աշխարհագրութեան, Վրաստանի պատմութեան, մարզանքի դասաժամերը փոխելու իրաւունք չունին, իսկ մնացած առարկաներէն ալ աշակերտները պէտք է քննութիւն անցընեն:

Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը հայկական դպրոցներուն մէջ վերջին անգամ՝ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաժամերը կրճատած էր 2012-ին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին