Լիբանանցի գրող եւ հրատարակիչ, հայոց բարեկամ Նաժի Նաաման այցելեց Հայաստան… սկսելով Արցախէն։ Լաւապէս ծանօթ ըլլալով Հայոց պատմութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին, այդ նիւթով արաբերէնով լաւագոյն հատորներէն մին հրատարակելով, ան կը փափաքէր անձնապէս տեսնել հայոց երկիրը ու անոր ժողովուրդը։ Այդ փափաքը իրականացած է եւ անոր առաջին արձագանգը կը տեսնենք այս հարցազրոյցին մէջ, որ կայացած է իր հետ… Արցախի մէջ։ Կը ներկայացնենք զայն մեր ընթերցողներուն արդէն իբր վաւերագրական փաստագրութիւն։
«Խմբ»
Օրերս Արցախի մէջ կը գտնուէր լիբանանցի գրող, հրատարակիչ, բազմազգ մշակոյթի ջատագով մտաւորական, հայասէր Նաժի Նաաման: Նաժի Նաաման ունի 20-է աւելի հրատարակուած, հայ ժողովուրդի մասին պատմող գիրքեր, որոնց մէջ արտացոլուած է գրողի սէրը հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին ու արուեստին նկատմամբ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով լոյս տեսած է գրողի` «Հարիւր… եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» գիրքը, որուն շնորհանդէսով Լիբանանի մէջ սկսած են 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները: Նաամանի նշանաբաններէն է` «Մշակոյթը չի կրնար գնուիլ կամ վաճառուիլ», կամ «Ազատ եւ բաց մշակոյթը խաղաղութիւն կը կերտէ»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ապառաժ»ի հարցազրոյցը լիբանանցի գրողին հետ:
– Ձեր գիրքերուն եւ ստեղծագործութիւններուն մէջ մեծ սէր ու ակնածանք արտայայտուած է հայ ժողովուրդին հանդէպ: Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ Ձեր հետաքրքրութիւնը հայութեան հանդէպ:
– Հայութեան հանդէպ իմ հետաքրքրութիւնս սկսաւ դեռ պատանեկութեան շրջանէն: Այն թաղամասին մէջ ուր ես կ’ապրէի, շատ հայ ընկերներ ունէի: Անոնց հետ ընկերանալու ընթացքին տարբեր միտքեր կը փոխանակէինք: Մօտս սկսաւ հետաքրքրութիւն յառաջանալ հայերու հանդէպ: Յետոյ գիտցայ որոշ պատմական տեղեկութիւններ, ծանօթացայ Ցեղասպանութեան խնդիրին: Համալսարանական տարիներուս խորացուցի գիտելիքներս: Սկսայ ուսումնասիրել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու պատմութիւնները, մէջը ըլլալով հայերունը` աւելի խոր կերպով, քան միւսներունը: Յետագային` 1979ին, ես հիմնեցի իմ հրատարակչութիւնս, եւ այնպէս եղաւ, որ շէնքը, ուր ես հաստատեցի հրատարակչութիւնս, Զմմառի հայ կաթողիկէ միաբանութեան սեփականութիւնն էր: Սեփականատիրոջ եւ վարձակալի յարաբերութիւնները վերածուեցան ընկերային յարաբերութիւններու: Ես սկսայ հրատարակել նաեւ անոնց ստեղծագործութիւնները: Իմ հրատարակչութեան մէջ 350-է աւելի գիրքեր լոյս ընծայուած են, որոնց զգալի մասը կը վերաբերին հայերուն կամ հայերու կողմէ հեղինակուած են: Ատոնց շարքին մէջ են` Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Եղիայեանի «Օրեր եւ տեսիլներ», Իգնատիոս Մալոյեանի «Մարդը, նահատակը եւ երանելին», «Քրիստոնեաները` արեւելքի թթխմորն ու գինին» հատորները եւ այլն:
Ես շատ կապուած եմ հայ ժողովուրդին, եւ գիտեմ, որ այս ժողովուրդը հերոսական, մարտիրոս ժողովուրդ է, ունի արդարացի իրաւունքներ` իր հող ու ջուրին տէր ըլլալու: Անոր պայքարը արդարացի է, եւ ես իմ պարտաւորութիւնը կը համարեմ զօրակցելու այդ պայքարին: Ուր անիրաւութիւն կայ, մարդ արարածը պարտաւոր է զօրակից ըլլալու ատոր ոչնչացման: Եթէ անիրաւութիւնը մնայ, ան շարունակական կը դառնայ: Պատահական չէ, որ Ցեղասպանութեան մասին իմ գիրքիս մէջ ես կը նշեմ, որ Ցեղասպանութիւնը պիտի շարունակուի այնքան, քանի ոճրագործը չէ պատժուած. անպատժելիութիւնը ծնունդ պիտի տայ նոր չարիքներու:
– Ձեր հեղինակած «Հարիւր…եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» գիրքը, ինչպէս դուք նշած էք, կոչուած էՀայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբական աշխարհին իրազեկելու: Ինչպիսի՞արձագանգ գտաւգիրքը այդ ծիրէն ներս:
– Անհամեստութիւն չըլլայ եթէ ըսեմ, որ գիրքը լաւագոյն արաբերէն հրատարակութիւնն է Ցեղասպանութեան թեմայով, որ 100-րդ տարելիցին լոյս ընծայուեցաւ Լիբանանի մէջ: Ան մեծ արձագանգ գտաւ Լիբանանի մէջ, յատկապէս արաբներու մօտ: Իսկ այն գիրքը, որ լաւագոյնը կը համարուի Լիբանանի մէջ, անկասկած լաւագոյնը կը համարուի նաեւ արաբական աշխարհի մէջ:
Գիրքի լաւագոյն ընդունելութեան ապացոյցներէն է այն պարագան, որ անիկա ներկայացուեցաւ ձեռնարկի մը ժամանակ, որ կայացաւ Լիբանանի Ամերիկեան թեքումով համալսարանին մէջ: Գիրքի մասին արտայայտուեցան լիբանանեան երեք յայտնի դէմքեր` Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայելը, նախկին վարչապետ Միշէլ Աունը եւ կարտինալ Պշարա Ռաաին:
Թէեւ Լիբանանի մէջ կայ մամուլի ազատութիւն, բայց շեշտեմ այն փաստը, որ հայկական թեմաներու մասին լիբանանեան մամուլը քիչ մը զգուշաւոր է, որովհետեւ կը վախնան, որ կ’ըլլան կոշտ արձագանգներ թուրքերու կողմէ: Սակայն ինծի զարմանալի թուեցաւ տեղի թուրքերու արձագանգը: Անոնք նոյնիսկ, կարելի է ըսել, դրական արձագանգեցին. յաճախ ինծի կը զանգահարէին, կը հետաքրքրուէին գիրքով:
Իմ գիրքիս մէջ ես դիտմամբ չներառեցի ոեւէ հայ գործիչի միտքեր կամ գնահատականներ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, այլ միայն 256 միջազգային դէմքերու, 14 լեզուով, 80-ը` իմ բարեկամներուս, օտարազգիներու:
–Դուք Ձեր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ արտայայտած էիք այն միտքը, որ այսօրուան թուրքերը այն մտածելակերպով չեն առաջնորդուիր, ինչ իրենց նախնիները: Ուրեմն ըստ ձեզի, ի՞նչ կը պակսի նորօրեայ սերունդին` ճանչնալու իրենց պապերու կատարածը:
– Առաջինը` թուրքերուն կը պակսի խիզախութիւնը առերեսուելու սեփական պատմութեան ու ճշմարտութեան: Եթէ անոնք ընդունին իրենց պապերու կատարածը, առաջին հերթին իրենք հոգեկան հանգստութիւն կ’ունենան, որովհետեւ մեղաւորը եթէ ընդունի իր մեղքը, մեծ խիզախութիւն է: Եթէ պարոն Էրտողան կը ցանկայ մտնել պատմութեան մէջ բարի անունով, ապա ան պէտք է փոխէ իր գործելաոճը` առաջինը ճանչնալով Ցեղասպանութիւնը: Այսօր դատապարտելի է անոր վարքը Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ: Ան կը խթանէ նոր ցեղասպանութիւններու իրականացման…։
Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ի հարկէ, պիտի յաջորդէ հատուցմամբ: Ինչպէս անհնար է պատկերացնել Լիբանան առանց մայրիներու անտառներուն, այնպէս ալ հայերու սրբազան լեռը պէտք է վերադարձուի իր իրական տէրերուն:
–Առաջին անգա՞մ Արցախ կ’ացելէք: Ի՞նչ տպաւորութիւններ ստացաք Արցախէն:
-Ինծի միշտ հետաքրքած է Արցախը: Ես որոշեցի Արցախի մասին տեղեկութիւններ իմանալ ոչ թէ համացանցի միջոցով, այլ ինքս այցելել այստեղ: Կը կարծեմ` Արցախ իրական զբօսաշրջային վայր է, եւ զբօսաշրջիկը, եթէ անաչառ մարդ է, պէտք է միայն լաւագոյնը խօսի այստեղի մասին: Կը կարծեմ` այցս շարունակական կ’ըլլայ, որովհետեւ կը վերադառնամ անասելի դրական տպաւորութիւններով: Կը կարծեմ` յետագային Արցախ եւս տեղ կը գտնէ իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ:
Այսօր տեղի կ’ունենայ պատերազմ հին քաղքակրթութեան ժողովուրդի ու անքաղաքակիրթ երկրի մը միջեւ: Կիսաքոչուորները կը ցանկան քանդիչ գործողութիւններ իրականացնել հայկական քաղաքակրթական արժէքներուն դէմ: Ատիկա անթոյլատրելի է:
– Ձեր ստեղծագործութիւններէն մէկը կ’աւարտէ հետեւեալ տողերով` ես հա՛յ եմ, ես հա՛յ եմ,հայ ազգի զաւակ: Ասոնք սրտաբուխ խօսքե՞ր են, թե ձեր արմատներուն մէջ կան հայկական շառաւիղներ:
– Փորձած եմ իմ պապերուս մէջ հայկական արմատներ փնտռել, եւ պարզած եմ, որ Եգիպտոսի մէջ կայ Նաաման ընտանիք: Անոնք ծագումով հայեր են, որոնք տեղափոխուած են Դամասկոսէն: Առ այժմ չեմ կրնար արմատներ գտնել մեր եւ այդ տոհմին միջեւ: Կը կարծեմ` պարտադիր չէ հայկական անձնագիր ունենաս, որպէսզի հայ կոչուիս: Ես ինքզինքս հայ կը համարեմ, ես քրիստոնեայ եմ, հայ ազգի զաւակ: Կը կարծեմ` Հայկական հարցը համամարդկային հարց է, եւ ես ալ անձս կը համարեմ այդ հարցի մէկ մասնիկը