Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Հետաքննութեան Մեքանիզմ Պէտք Է Ստեղծուի – Էտուարտ Նալպանտեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Երեւանի մէջ կայացած Խաղաղապահ գործունէութեան նուիրուած միջազգային համաժողովի ժամանակ յայտարարեց, թէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ու ֆաշիզմի դեմ յաղթանակէն ետք, խաղաղութեան պահպանման հարցերը երբեք այնքան արդիական չեն եղած՝ քան հիմա: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կարեւոր նշանակութիւն կու տայ խաղաղապահ գործունէութեան մասնակցելու եւ անոր մէջ իր ծանրակշիռ ներդրումը ունենալու: Նալպանտեան նաեւ նշեց, որ խնդրայարոյց հարցերու լուծումը պէտք է տեղի ունենայ ոչ թէ ուժով, այլ քաղաքական ճանապարհով: Անդրադառնալով ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ան յիշեցուց, որ բանակցութիւնները կ’ընթանան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով։ Այսպիսով միջազգային հանրութեան բոլոր ջանքերը պէտք է համակարգել այդ ձեւաչափի ծիրէն ներս: Որպէս իրավիճակի լարումը կանխելու եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու կարեւոր մեքանիզմ՝ նախարարը նշեց հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմ ստեղծելու մասին համանախագահներուն նախաձեռնութիւնը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին