*ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ*
«Մարմարա»
Չէ՛, կասկած չկայ, որ չես ակնարկեր այն վերէն նայելուն, որ հպարտութեան ու գոռոզութեան, ինքնահաւանութեան ու այլամերժութեան դրսեւորումն է: Մէկու մը մասին որքան ժխտական կարծիք կը կազմենք, եթէ ըսուի, որ ան վերէն կը նայի մարդոց: Կը նշանակէ, որ ան ինքզինք շատ բարձր կը նկատէ ու միւսներն ալ` շատ փոքր, միւսները կը տեսնէ շատ վարերը, շատ ցածերը: Հեռո՜ւ մեզմէ այդպիսի մէկը: Բայց ես այս տեսակ վերէն նայելու մասին չէ, որ պիտի խօսիմ, եթէ ըսեմ, որ վերէն նայիլը լաւ է…։
Վերէն նայելու հրաշալի ձեւ մը կայ, որ ես քսան տարեկանէս ի վեր վայլեցուցած եմ Աստուծոյ միայն: Ասիկա մտասեւեռում մըն է ինծի համար, անխորտակելի պատկեր: Երբ կ՛ըսուի Աստուած, ես կը պատկերացնեմ այն խորհրդաւոր ու ամենատես աչքը, որ վերին բարձրութիւններէն կը նայի մեր բոլորին վրայ ու մեր համատարած ամբողջ աշխարհը կը տեսնէ մէկ անգամէն: Աչք մը հզօր, որ ամենայն մանրամասնութեամբ կը տեսնէ մեր բոլորը, ո՛ւր որ ալ ենք ու ի՛նչ որ ալ կ՛ընենք, մէկը իր տանը մէջ, միւսը փողոցը, միւսը իր աշխատանոցէն ներս: Աստուած ինծի համար առաջին մէկ օրէն հանդիսացաւ այն Աչքը, որ վերէն կը տեսնէ ամէն ինչ: Մենք փորձով գիտենք, թէ որքան բարձրէն նայինք երկրագունդին, այնքան շատ բան կը տեսնենք: Աստուծոյ պարագան վերէն նայելու, կամ աւելի ճիշդ` վերէն դիտելու գերազանց պարագան է:
Այն շրջաններուն երբ կը բնակէի Գուրթուլուշ Պողոտայի իմ հօրենական տան մէջ, չորրորդ յարկի սենեակիս պատշգամէն երբեմն կը նայէի դէպի վար, դէպի պողոտայ կամ կը նայէի քովի աւելի ցած շէնքերու երդիքներուն, տանիքներուն: Շատ բան կը տեսնէի, եթէ այդ չորրորդ յարկէն վար նայէի, եւ ես հետաքրքրական կը նկատէի վերէն նայելով մէկ անգամէն տեսնելը թէ՛ պողոտան, թէ՛ շուրջբոլորի շէնքերուն պատուհաններն ու տանիքները, թէ՛ Գուրթուլուշէն մինչեւ Թաքսիմ կամ Թաթավլա գացող քաղաքամասերէն տեսարաններ, կրնայի ժամերով հոն կենալ ու նայիլ վար, կամ նայիլ դիմաց: Բայց խնդիր մը ունէի: Ես բարձրէն վար նայելու ընթացքին անպայման գլխու պտոյտ կ՛ունենայի: Կը տատանէի, բազրիքին բռնուելու, տեղ մը կռթնելու պահանջքը կը զգայի, ինծի այնպէս կու գար, որ այս գլխու պտոյտին պատճառաւ կրնայի վար իյնալ: Այս վախը կը թունաւորէր վերերէն, բարձրերէն նայելու իմ ամբողջ հաճոյքը: Այդ պատճառաւ ալ երիտասարդական տարիքէս ի վեր միամտօրէն միշտ մտածեցի, որ թէ՛ ֆիզիքական իմաստով, թէ՛ բարոյական իմաստով, բարձրէն նայիլը լաւ է թէեւ, բայց վտանգաւոր, պատասխանատու, որքան ալ ներշնչող` այդքան ալ խորհրդաւոր, կարծես մարդոց արգիլուած, միայն Աստուծոյ վայել, միայն Աստուծոյ արտօնուած:
Կար թռչունի ակնարկ ըսուածը: Մեր շուրջ որքան յաճախ կը գործածուի սա «թռչունի ակնարկ» բացատրութիւնը, որ ճիշդ այդ վերէն, բարձրէն նայելու եւ շատ բան տեսնելու նայուածքն է: Կասկած չկայ, որ թռչունները ինծի նման գլխու պտոյտ չեն ունենար, երբ վերերը կը թռին ու այդ վերերէն կը նային դէպի վար: Որքան բարձրէն նային, այնքան շատ բան կը տեսնեն: Ո՛վ գիտէ` որքա՜ն լաւ է այսպէս վերերէն նայիլ առանց գլխու պտոյտ ունենալու:
Թռչունի ակնարկին կամ Աստուծոյ պէս նայելու գաղափարին առաջին ցնցիչ փորձառութիւնը ապրեցայ, երբ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ճամբորդեցի օդանաւով մը: Օդանաւին պատուհանէն դէպի վար կը նայէի ու մէկ անգամէն քանի մը գիւղ ու այդ գիւղերը իրարու կապող տասնեակ ճամբաներ ու անոնց վրայ երթեւեկող կառքեր կը տեսնէի, իսկ հեռուները կը տեսնէի լեռներ, դարձեալ լեռներ: Զարմանալին այն էր, որ օդանաւին պատուհանէն վար նայելու ընթացքին գլխու պտոյտ չէի ունենար: Շատ հանգիստ կը նայէի, չէի վախնար, բազկաթոռիս կառչելու պահանջը չէի զգար: Ասիկա բաց պատշգամէ մը դէպի վար նայելու չէր նմաներ: Հրաշալի էր: Բայց մէկ անպատեհութիւն կար: Այդպէս վերէն նայելով, մէկ նայուածքի մէջէն իրարմէ հեռու քանի մը գիւղ տեսնելով ու այդ գիւղերուն մէջ բնակող մարդոց մասին մտածելով` կ՛անդրադառնայի, որ մենք` երկրամասի այս կամ այն փոքրիկ մէկ շերտին վրայ ապրողներս, կարծես բնաւ գաղափար չունէինք, թէ որքա՛ն փոքր ու քիչ է կեանքի թաւալումին մէջ մեզի տրուած բաժինը, եւ թէ որքա՛ն քիչ բան գիտենք այն միւս հողամասերուն կամ մարդոց մասին, որոնք կ՛ապրին լեռներուն ետին, մեզի անտեսանելի: Մենք անոնց մասին չենք գիտեր, բայց անոնք ալ մեր մասին չեն գիտեր: Թող չըսուի, որ հիմա հեռատեսիլ կայ, հեռատեսիլէն ցուցադրուող փաստանկարներ կան, կամ շարժանկարի ժապաւէններ կան, թէ մարդիկ հիմա թռչուններու պէս վերէն նայելով կը տեսնեն նոյնիսկ ծովերուն խորերը ու կարծես նկարահանող քամերաներու մէջ նստած` կը պտտկին մէկ հորիզոնէն միւսը` մեզ ալ իրենց հետ տանելով: Ո՛չ: Թող չըսուի: Անոնք մեզ իրենց հետ չեն տանիր: Չեն կրնար տանիլ: Որովհետեւ մեր տեղը վարն է` մեր տունը, մեր սենեակը, մեր բազկաթոռը եւ մենք, նոյնիսկ երբ հեռատեսիլներէն կը նայինք դէպի ամէնէն հեռաւոր երկիրներու տեսարաններուն, չենք գիտեր, թէ այդ պահուն ինչ կը պատահի մեր քովի սենեակին մէջ:
Վերէն նայիլը լաւ է, բայց մենք վարն ենք միշտ, ոչ թէ վերը: Ու կրնանք նայիլ վարէն դէպի վեր միայն…։