Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային նիստ, որուն մասնակցեցան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան եւ փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան։
Քննարկուեցան յաջորդ Նոյեմբերի աւարտին Լիբանանի մէջ կայանալիք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով լոյս տեսած հրատարակութիւններուն նուիրուած ու 100ամեակի աշխատանքները ամփոփող նախաձեռնութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ։