Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Ֆրանսա – Ֆրանսահայ Համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներու Վերացման Ու Հատուցման Հայցեր Կը Նախապատրաստէ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներու Ֆրանսայի յանձնախումբը աշխուժօրէն կ՛աշխատի՝ պահանջատիրութեան փաստաթուղթի ձեւաւորման ուղղութեամբ, որ պէտք է ներկայացուի Ֆրանսայի քաղաքական ատենախօսութեան մէջ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի յանձնախումբի անդամ Յարութ Մարտիրոսեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իրենց համար ետեւ մնացած է, այսօր արդէն սկսած ենք հատուցման մասին խօսելու: «Ազգային խորհուրդի մէջ նշեցինք հատուցման պահանջները` ինչ կ՛ուզենք Թուրքիայէն եւ այդ հարցով ինչ կրնանք ակնկալել Ֆրանսայէն: Հիմա այս աշխատանքը սկսած է, լրագրողներն ալ կը խօսին այս մասին, բոլորը սկսած են հասկնալու, որ միայն ճանաչումը քիչ է, պէտք է հաշուի առնել մեր պահանջները` ֆինանսական, հողային եւ բարոյական», ­«Արմնփրես»ի հաղորդմամբ նշեց Յարութ Մարտիրոսեան:

Անոր խօսքով բարոյական տեսանկիւնէ կարեւոր է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ամրագրուին Թուրքիոյ պատմութեան մէջ կամ այդ տարածքին մէջ մնացած հայկական յուշարձանները պահպանուին: «Ասոնք օրինակներ են, որով մենք կը պատրաստենք պահանջատիրութեան փաստաթուղթը, որ պէտք է ներկայացնենք Ֆրանսայի քաղաքական մարզերուն», ­աւելցուց զրուցակիցը:

Յարութ Մարտիրոսեան անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ այս տարի տեղի ունեցած ձեռնարկներուն նշեց, որ մօտ 300 ձեռնարկներ իրականացած են: «Ֆրանսան այն երկիրն է, որ պետականօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր սահմանած է 2012էն­․ մեծ քաղաքական յաջողութիւն ունեցանք, որ Ֆրանսայի նախագահը ներկայ եղաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, վարչապետն ալ` Փարիզի մէջ, տարբեր ցուցահանդէսներ կազմակերպուեցան, քաղաքապետարանները մեծ գործ կատարեցին, յատկապէս Փարիզի քաղաքապետարանը, որ մեզի շատ օգնեց 100րդ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպման հարցով», ­նկատել տուաւ Յարութ Մարտիրոսեան:

Ան յայտնեց, որ 2015­ը սկզիբն է Հայաստանի ու Սփիւռքի հզօրացման, համատեղ յաջորդական աշխատանքներու: Յարութ Մարտիրոսեանի տեղեկացմամբ` 2018­ին ալ պէտք է պատրաստուիլ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100­ամեակը նշելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին