Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Յատուկ «Զարթօնք»ին; Քառորդ Դար Է Մենք Արդէն Անկախ Պետութիւն Ենք Եւ Մենք Պէտք Է Թուաքանակով Եւս Զօրանանք Ու Ցոյց Տանք Որ Մենք Հայրենիքին Կողքին Ենք. Հրանոյշ Յակոբեան – ՀՀ Սփիւռքի Նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 24րդ ու Սփիւռքի Նախարարութեան 7րդ ամեակի նախօրէին, Երեւան մեր այցելութեան ընթացքին պատիւը ունեցանք ընդունուելու ՀՀ Սփիւռքի տինամիք նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին կողմէ, որուն մասին նուազագոյնը կարելի է ըսել՝ «ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին վրայ» իր հետ ունեցանք շահեկան զրոյց մը, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

«Խմբ.»

Յագելի նախարարը Հայաստանի անկախութեան 24րդ տարեդարձին մասին պատմական վերաքաղ մը ընելով ըսաւ. «Անկախութիւնը գերագոյն արժէք է, որուն մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ ձգտած է հասնիլ՝ կորսնցնելով պետականութիւնը։   Բայց Հայաստանի անկախացումը ի հարկէ հայ ժողովուրդին համար մեծ իրագործում էր, եւ առ այդ Սեպտեմբեր 21ը մեր պատմութեան մէջ իր տեղը գտաւ որպէս ոսկի տառերով գրուած յաղթանակ, որմէ սկսաւ նաեւ մեր նոր պետութեան երթը: Երրորդ հանրապետութեան անկախութեան գոյութիւնը եւ անոր կառուցումը ոչ միայն հայաստանցիներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայ իրականութեան համար կարեւոր էր, եւ շատ սփիւռքահայեր յայտնուեցան Հայրենիք եւ փորձեցին անպայման իրենց ներդրումը ունենալ անկախութեան կերտումին մէջ: Սակայն Խորհրդային պետութեան տիրապետութենէն նոր ազատուած Հայաստանը չուներ օրէնքներ, կառոյցներ եւ հնարաւորութիւններ ու հակառակ անոր մեր հայրենակիցները յաղթահարելով այդ դժուարութիւնները կրցան ոտքի կենալ: Մէկ կողմէ խորհրդային պետութեան օրէնքները կը լուծուէին, իսկ միւս կողմէ նոր օրէնքներ եւ երկիրի կառավարման լծակներ չկային, Հայաստանի հիւսիսը հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով հազարաւորներ մնացած էին անտուն ու անտէր, միւս կողմէ ալ հարցերուն մօտեցումներու տարբերութիւններ կային. Հայաստան ապրողը խորհրդային մտածողութեամբ էր, իսկ դուրսէն եկողը ամբողջութեամբ տարբեր եւ այդ ստեղծուած տարբերութիւններուն մէջ բնականաբար բախում տեղի ունեցաւ, որ ի վնաս ազգին էր: Հիմնական բախումները գաղափարներու, մօտեցումներու, հարցադրումներու եւ համակարգային խնդիրներու մասին էին, եւ շատ շատեր յուսահատեցան, որովհետեւ շատեր հեռանկարներով եկած էին, սակայն պայմանները նպաստաւոր չէին իրենց նպատակները իրագործելու համար ու առ այդ հեռացան:

Անոնց վրայ եկաւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ դժուարութիւններ: Նոյն ժամանակներուն Սփիւռքը եւս ունէր լարուած վիճակ, սակայն հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Հայաստանը կրցաւ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ ոտքի կանգնիլ, պահելով ու պահպանելով հայկական արժէքներն ու մշակոյթը, անշուշտ Սփիւռքի օգնութեան շնորհիւ, որովհետեւ Սփիւռքն էր, որ երկրաշարժի ծանր օրերուն մեզ զօրավիգ կանգնեցաւ»:

Խօսելով Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան մասին, յարգելի նախարարը հաստատեց. «Երբ սկսաւ երկիրը բարելաւուիլ եւ պետական հաստատութիւններն ու օրէնքները հաստատուիլ, կառավարութիւն կազմուեցաւ, արդէն քայլ առ քայլ Սփիւռքը եւս յուսադրուելով հայրենաշինութեան զարկ տրուաւ: Կամաց կամաց Սփիւռքը սկսաւ պահանջներ ունենալ՝ իր մարմինը եւ իր կեդրոնը, իր ձայնը եւ խօսքը հայոց կառավարութենէն ներս ունենալու եւ պատահական չէ, որ մինչեւ օրս կը գործեն Սփիւռք-Հայրենիք համաժողովները, որոնց հիմնական պահանջքը հայոց պետութենէն եղած էր այն, որ ստեղծուի Սփիւռքի նախարարութիւն: Եւ միայն Հայաստանի երրորդ նախագահն էր՝ Վսեմաշուք Պրն. Սերժ Սարգսեանը, որ իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցուց եւ 2008ին ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որպէս սփիւռքահայի տուն եւ կեդրոն: Ան հիմնուեցաւ որպէս սփիւռքահայի հարցադրումներու, առաջարկներու, ցանկութիւններու եւ մտահոգութիւններու հաւաքման, համախմբման եւ կարգաւորման կեդրոն: Եւ այս նախարարութիւնը գործ տարաւ ամրացնելու սփիւռքահայուն կապերը Հայրենիքի հետ, որովհետեւ եթէ այդ կապերը չամրանան եւ հաստատ չըլլան, եթէ իրար միջեւ վստահութիւն գոյութիւն չունենայ, մենք չենք կրնար գործակցիլ: Սփիւռքի նախարարութիւնը փորձեց ճանչնալ, լսել եւ գործակցիլ Սփիւռքի հետ: Մենք փորձեցինք այս գաղափարախօսութեան շրջանակներուն մէջ սփիւռքահայը մօտեցնել Հայրենիքին: Մեզի համար կարեւոր է Սփիւռքի ներուժը գործածել Հայրենիքի հզօրացման համար, որովհետեւ անկնյայտ է, որ Սփիւռքը ըլլալով մեծ, բազմակարծիք եւ բազմախօս՝ իրարմէ կը տարբերին անոր բաղադրամասերը: Այդ իսկ պատճառով մենք մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ միշտ ալ նկատի կ’առնենք համայնքներուն ապրելաձեւերն ու միջավայրերը: Այս մօտեցումները կ’օգնեն, որ սփիւռքահայութիւնը դէպի Հայրենիք, դէպի Հայաստանակեդրոն դառնայ»:

Փոխուող ժամանակներու եւ անոնցմէ յառաջ եկած մարտահրաւէրներուն մասին արտայայտուելով, յարգելի նախարարը ըսաւ. «Մինչեւ 1991 թուականը մեր համահայկական կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն նպատակակէտը տարբեր էր. անոնց նպատակն ու մտահոգութիւնը այն էր, թէ անոնք որքանով օտարութեան մէջ պիտի յաջողէին հայ մնալ եւ դուրս գալով աշխարհագրական սահմանային տարածութիւններէն՝ որքանով պիտի կարենային Հայ Դատը վառ պահել: Բայց արդէն երբ ունեցան սեփական անկախացած Հայաստանը, շատ մը կառոյցներ եւ կազմակերպութիւններ իրենց ամբողջ գործունէութեան նպատակակէտը դարձուցին Հայաստանը: Հայապահպանման եւ Հայ Դատի վառ պահման կողքին աւելցաւ նաեւ՝ Հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման գործընթացը:

Մենք ազգովին պէտք է հասկնանք, թէ որքան Հայաստանը հզօրանայ՝ մենք այնքան մեր երազներն ու գաղափարները իրականութիւն կը դարձնենք: Տկարին, խեղճին եւ անկարողին հետ ընդհանրապէս չեն գործակցիր ու կապ չեն ունենար, այդ պատճառով ալ մենք որքան զօրաւոր, աւելի կազմակերպ ու հզօր դառնանք, այնքան աւելի միջազգային գետնի վրայ կ’ունենաք մեր տեղը ու մեզի հաշուի կ’առնեն, եւ այդ մէկը շատ կարեւոր մօտեցում է, որ պէտք է ազգովին որդեգրենք եւ անոր ուժ տանք: Այդ էր պատճառը, որ մեր նախարարութեան գոյութեան առաջին իսկ օրէն յայտարարեցինք, որ Հայաստանը համայն հայութեանն է եւ ոչ միայն հայաստանցիներուն: Մենք բոլորս ալ պարտականութիւններ ունինք Հայրենիքի նկատմամբ, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ ապրող ամէն քաղաքացի: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ այսօր բարեփոխուող սահմանադրութեան մէջ կայ նախադասութիւն մը, որ կ’ըսէ «Հայրենիք եկած եւ Հայրենիքի մէջ բնակութիւն հաստատել ուզող հայը թէ օտար երկրացին կրնայ օգտուիլ քաղաքացիութեան բոլոր իրաւունքներէն»:

Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կարեւորութեան մասին, յարգելի նախարարը եռանդով եւ քիչ մըն ալ յանդիմանութեամբ մօտեցաւ բոլորիս՝ յիշեցնելու զայն անյապաղ ձեռք ձգելու ազգային պարտաւորութեան մասին: Ան ըսաւ. «Մեզի համար կարեւոր սկզբունք է այն իրողութիւնը, թէ նկատի առնելով, որ մեր սփիւռքահայերը կ’ապրին զանազան երկիրներու մէջ, անոնք պէտք է անոր կողքին մեր երկրի լիիրաւ քաղաքացիները դառնան: Անոնք իրենց ապրած երկիրներուն մէջ պէտք է իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները լիովին կատարեն եւ պէտք է երկրի տեղացիներուն հետ մրցունակ ըլլան մշակոյթի, արուեստի եւ ամէն ծիրի մէջ: Իրենց ապրած երկիրներուն մէջ ըլլալով հանդերձ օրինապահ քաղաքացիներ, պէտք է անոնք հաւատարիմ մնան իրենց արմատին, իրենց պատմութեան եւ մշակոյթին: Հայոց լեզուի պաշտպանութիւնը, պահպանումն ու տարածումը պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որովհետեւ եթէ կորսնցնենք լեզուն մենք եւս ենթակայ կ’ըլլանք կորուստի: Այսօր ոեւէ հայ աշխարհի վրայ որ երկրին մէջ ալ ապրի, կրնայ հպարտօրէն ունենալ Հայաստանի հպատակութիւն, եւ պէտք չէ ծուլանալ այդ մէկը իրականացնելու մէջ ու պէտք է անպայման ձեռք բերել Հայաստանի հպատակութիւն»:

Հայոց Ցեղասպանութեան այս 100րդ ամեակի տարուան ժամանակ, բոլոր այն հայերը որոնց սիրտը եւ հոգին կը վառի հայկականութեամբ, պէտք է անպայման հայկական քաղաքացիութիւն ստանան, որովհետեւ այդ մէկը տարբեր զգացում է, որ ամէն հայ պէտք է ապրի:

Կ’ուզեմ խօսք ուղղել մեր հայկական կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, որ արդեօք անոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձա՞ծ է Հայաստանի քաղաքացի. եթէ մենք մեզմէ չսկսինք չենք կրնար ժողովուրդին համոզել ու անկէ պահանջել, որ Հայաստանի քաղաքացի դառնան:

Արդէն մենք կը մօտենանք Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակին եւ այդ մէկը կը նշանակէ, որ քառորդ դար մենք անկախ պետութիւն ենք եւ մենք պէտք է թուաքանակով եւս զօրանանք ու ցոյց տանք, որ մենք Հայրենիքի կողքին ենք»:

Խօսելով Հայ ժողովուրդի երկու հատուածներու մօտ յառաջացած կարծրատիպերու մասին, յարգելի նախարարը ըսաւ. «Մեզի համար էական նշանակութիւն ունի վերացնել այն հանգամանքը, որ անոնք որոնք Սփիւռքի մէջ կ’ապրին, հարուստ են եւ բարեկեցիկ, պարտաւոր են նիւթական օժանդակութիւններով օգտակար դառնալ Հայաստանին, այլ պէտք է գիտնանք, որ Սփիւռքի մէջ եւս կարօտեալ ընտանիքներ ու աղքատներ կան եւ մենք պէտք չէ պարտադրենք Սփիւռքին, այլ պէտք է խօսինք, խնդրենք, բացատրենք ու յայտնենք իրավիճակը եւ ոչ թէ միայն բարեգործութիւն պէտք է ակնկալենք Սփիւռքէն, այլ պէտք է մտածենք, որ սփիւռքահայը Հայրենիքի մէջ պէտք է շահ եւ օգուտ ստանայ»:

Սփիւռքի նախարարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հետ կապուած միջոցառումներուն ձգած կարեւոր ու դրական հետեւանքներուն: Այս ուղղութեամբ ան շեշտեց, թէ « Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարին ցոյց տուաւ, որ եթէ մենք ուզենք իրապէս ալ շատ միասնական կրնանք ըլլալ, եթէ ուզենք կրնանք Հայաստանակեդրոն ըլլալ, եւ յատկապէս այս տարի ես աւելիով հպարտ եմ, որ հայ եմ տեսնելով, կարդալով, հիանալով, ցնցուելով եւ հպարտանալով աշխարհի տարբեր կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած միջոցառումները, նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ, որ այնտեղի պատերազմական իրավիճակին մէջ կրցաւ ձեռնարկներ իրականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած:

Սքանչելի, հրաշափառ պատարագ էր Վատիկանի մէջ կատարուածը, ուր ամբողջ աշխարհը գիտցաւ եւ լսեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ հազար տարի առաջ հայ եկեղեցականի, մտաւորականի, փիլիսոփայի եւ կրօնագէտի՝ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքը, գործը եւ ժառանգութիւնը գնահատել ու զայն տիեզերական վարդապետներու շարքին դասելը մեզի համար հպարտութիւն է, որ գիտնանք, թէ մենք ունեցած ենք այնպիսի հայեր, որոնց գործը կրնայ մեզի փարոս ըլլալ՝ որպէսզի շարունակենք հայ ապրիլ:

Ցեղասպանութեան 100րդ ամեակի համաժողովը, ինչպէս նաեւ Համահայկական համաժողովը իրենց բոլոր ձեռնարկներու ծիրին մէջ հսկայական աշխատանք կատարեցին, որոնց շարքին կարելի չէ չյիշել Լիբանանի տարածքին կատարուած ձեռնարկները: Հրաշալի երեւոյթ էր նոր Թանգարանի բացումը, նուիրուած հայ որբերուն, որոնք ազատած են Ցեղասպանութենէն, որ կառուցուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ Ա. Պեզիկեանի բարերարութեամբ: Աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ կատարուած ձեռնարկները նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին գոյատեւման պատճառ դարձան, որ իսլամացած հայերը ոգեւորուին եւ յուսադրուին, որովհետեւ մէջտեղ եկաւ այն մտածումը, թէ «Հայ է այն մարդը, որ ինքզինք հայ կը զգայ» եւ այս մէկը բոլորին դուռերը թակեց ու մարդիկ սկսան մտածել վերադառնալու իրենց արմատներուն, որուն համար ես շատ ուրախ եմ»: Իսլամացած հայերու մասին խօսելով յարգելի նախարարը անկեղծօրէն ու լիաբերան ըսաւ. «Ես կ’ուզէի, որ Թուրքիան դառնայ ժողովրդավար պետութիւն, որովհետեւ պետութիւնը ինչքան ժողովրդավարանայ՝ այնքան աւելիով մեր իսլամացած հայերու շարքերը կ’երկարին: Անոնք կը սկսին չվախնալ, այլ կը սկսին աւելի բացայայտ ու անվախօրէն խօսիլ իրենց արմատներուն մասին: Քիւրտի եւ այլ ազգի անուան տակ ներկայանալը վերջ կը գնէ եւ անոնք կը սկսին որպէս հայ ներկայանալ: Մեր ծրագիրներէն ներս շատ իսլամացած ու ծպտեալ հայեր կը մասնակցին: Անոնց կնքուելու խնդիրը եկեղեցւոյ կը պատկանի եւ մենք շատ ուրախ կ’ըլլանք՝ տեսնելով բազմաթիւ իսլամացած հայերու կնքուիլն ու վերադարձը դէպի քրիստոնէութիւն: Մեզի համար որպէս պետութիւն կարեւորը՝ իսլամացածներուն մէջ հայու արմատներուն հանդէպ ունեցած սէրն ու վերադառնալու իղձն է անշուշտ շատ ուրախ կ’ըլլանք երբ անոնք մկրտուելով քրիստոնեայ դառնան, բայց մեզի համար աւելի ազգայինն է, իսկ հոգեւոր մասը եկեղեցւոյ, որովհետեւ մենք չենք կրնար եկեղեցւոյ թելադրել կամ պարտադրել, այլ կրնանք խնդրել»:

Գալով Սփիւռքի նախարարի անձին փոփոխութեան մասին տարածուած անհիմն լուրերուն, ազնիւ նախարարը յայտնեց. «Քանի որ Սփիւռքի նախարարութեան ու Հայրենիքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելի զօրացած ու աւելցած են, կարգ մը թերթեր եւ լրատուական միջոցներ անհիմն լուրեր կը տարածեն: Սփիւռքի նախարարութեան մասին զանազան լուրեր տարածելու պատճառները այն են, որ մարդիկ աւելիով կարդան իրենց թերթերը, որ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու լաւ ձեւերէն մէկն է: Իմ կողմէս սակայն կ՛ուզեմ շեշտել, թէ պէտք է մարդիկ գիտնան, որ պաշօնեայի փոփոխութեան հարցը կը կայանայ պետական անձերուն, նախագահին կամ կառավարական փաստաթուղթերու միջցով, իսկ մնացած բոլոր տարաձայնութիւնները լոկ խօսակցութիւններ են: Ամէն մարդ սեղանի մը շուրջ նստելով կրնայ ենթադրութիւններ ընել, որոնց երբեք պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնել:

Կը մնայ սակայն ամէն պարագայի ըսել, որ ամէն պաշտօնեայ մնայուն չէ, այլ միշտ պէտք կայ փոփոխութեան, այդ իսկ պատճառով ինծի համար պաշտօնը պարզապէս պարտք է եւ պատասխանատուութիւն ազգիս, ժողովուրդիս եւ ղեկավարութեանս հանդէպ: Ուր ալ որ աշխատած եմ, ինչ պաշտօնի վրայ ալ որ եղած եմ մէկ նպատակ ունեցած եմ՝ առաւելագոյն ձեւով փորձել ծառայել այն պաշտօնին եւ այն ուղղութեամբ, որ վստահուած է ինծի: Ես շնորհակալ եմ ծնողքիս ու ընտանիքիս, որովհետեւ անոնք ինծի դաստիարակած են պատասխանատուութիւն, նուիրում, ազնուութիւն եւ ես բան մը ըրած չեմ, որ ամչնամ եւ չկարենամ ուղիղ նայիլ մարդոց աչքերուն»:

Ես կը հաւատամ, որ Սփիւռքի նախարարութեան իւրաքանչիւր աշխատող ոչ թէ պետական ծառայող է, այլ անոնք զինուորին հաւասար ծառայողներ են, որովհետեւ մենք եւս կը ծառայենք ազգին. մենք միայն պետական կառոյց չենք, այլ ծառայութիւն ենք յանուն Հայրենիքի», եզրափակեց եռանդուն նախարարը:

Շնորհակալութիւն յարգարժան նախարարին իր ազնիւ ընդունելութեան եւ մեծահոգի զրոյցին համար: «Զարթօնք»ի անունով իր ազնիւ անձին ու նախարարութեան կը մաղթենք ամենայն բարիք ու յաջողութիւն իրենց ազգանուէր գործունէութեանց մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին