Վերջին 5 տարուան ընթացքին Գանատայի մէջ բնակութիւն հաստատած են 500 սուրիահայ ընտանիքներ եւ 4 հազար իրաքահայեր: Հարիւրաւոր այլ փախստականներ դեռ կը սպասեն իրենց դիմումներու ընդունման գործընթացի աւարտին:
«Արմէնփրես»ին այս մասին յայտնած է Հայ-գանատական պահպանողական ընկերութեան փոխնախագահ Սեւան Հաճինեան: Անոր խօսքով հայերը կը գաղթեն Գանատա հիմնականօրէն՝ այսպէս կոչուած Հովանաւորչական պայմանագիրներու միջոցով, որ կը նշանակէ, թէ որեւէ կազմակերպութիւն, ընտանիքի անդամ կամ ծանօթ պայմանագիր ստորագրելով, պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ իր վրայ վերցնելու փախստականին մէկ տարուան կեցութիւնը այդ երկրին մէջ:
Գանատայի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի հայ փախստականներուն աջակցութիւն կը ցուցաբերեն երեք հայկական կառոյցներ` «Հայ տուն»ը Մոնրէալի եւ Հայ համայնքի կեդրոնն ու Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին Թորոնթոյի մէջ։ Անոնք կ՛օգնեն կարիքաւոր ընտանիքներուն տուն վարձելու, աշխատանք եւ երախաներու համար դպրոցներ գտնելու: Իսկ բոլորովին վերջերս Գանատայի կառավարութեան Քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի վարչութիւնը յայտարարեց, որ կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2016ի Սեպտեմբերը ընդունիլ 10 հազար սուրիացի փախստականներ եւ մինչեւ 2015ի աւարտը վերաբնակեցնել 23 հազար իրաքցիներ: Այս կերպով կառավարութիւնը 15 ամիս շուտ պիտի աւարտէ սուրիացի փախստականներու օգնութեան ուղղուած նախագիծը, որ առաջարկած էր վարչապետ Սթեֆան Հարփըր:
2011ին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք, մօտ 9 միլիոն սուրիացիներ տեղահանուած են` գաղթելով այլ երկիրներ կամ Սուրիոյ այլ շրջաններ: ՄԱԿի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի տուեալներով` աւելի քան 3 միլիոնը գաղթած են հարեւան երկիրներ` Թուրքիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Իրաք, իսկ ընդամէնը 150 հազարը օթեւան գտած է եւրոպական երկիրներ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տուեալներով` հակամարտութեան սկզիբէն ի վեր Սուրիայէն Հայաստան ժամանած են 17 հազար քաղաքացիներ, որոնք մեծաւմասամբ հայեր են: 2015ի Յուլիսի դրութեամբ անոնցմէ մօտաւորապէս 13 հազարը մնացած եւ պաշտպանութիւն գտած են Հայաստանի մէջ:
The Economist-ի հրապարակած տուեալներուն համաձայն` Հայաստան ամենաշատ սուրիացի փախստականներ ընդունած երրորդ եւրոպական երկիրն է` Գերմանիայէն եւ Շուէտէն ետք: ՀՀ կառավարութիւնը անոնց կը տրամադրէ պարզեցուած կարգով քաղաքացիութեան ձեռքբերման հնարաւորութիւններ (15 հազար անձեր ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն), ապաստանի դիմումներու արագացուած քննում եւ արագացուած կարգով մուտքի վիզաներ, միջին եւ երկարատեւ կացութեան կարգավիճակ: