*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*
Բոլորիս համար ծանօթ երեւոյթ է այլեւս՝ արդէն երէկէն մնացած ու հինցած «Արաբական գարունը» իր բազմերեսութեամբ, որ միայն կարմիր արիւնով ներկեց արաբական աշխարհը ու դեռ հակառակ անցնող ամեակներուն կը շարունակուին արեան ջրհեղեղները, իր տեսակին մէջ եզակի եւ ատելի մարդակերութեամբ: «Արաբական գարուն» ծրագիրի հնարիչներ, գործադրողներ եւ տնտեսապէս անոր գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը գնահատողներ, անոր սկիզբ առնելէն մօտաւորապէս հինգ տարիներ ետք, վերջերս տակաւին իրենք իրենց հետ նստելէ ետք թուխսի, հիմա սկսած են նոր հաւկիթներ ածել… հիմա հաւատալով, թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներուն վրան կա՜ն եղեր ահաբեկիչներ… որոնք վտանգաւոր են եղեր նոյնիսկ իրենց եւ ողջ մարդկութեան համար…: Սիրելի ընթերցողներ, «Լեռը մուկ մը ծնաւ»… լսեցի՞ք, հաւատացի՞ք արեւմուտքի քաղաքական գործիչներու նոր գիւտին..: Զարմանալի՜, ինքնագինովութիւնը հինգ տարի ետք տակաւին նոր սկսած է կորսնցնել իր ազդեցութիւնը միա՜յն:
Հինգ տարիներու գարնան դժբախտ աշնանաբերքը յստակ է: Միայն Սուրիոյ պարագային աւելի քան 300.000 մարդկային զոհ, 700.000 վիրաւոր կամ անդամալոյծ, բազմահազար կորուսեալներ (որոնց մէջ բազմատասնեակ հայ հայրենակիցներ), միլիոնաւոր գաղթականներ… բազմաթիւ քաղաքներու եւ գիւղերու կործանում… տնտեսութեան ահռելի քանդում ու փճացում… եւ յանկարծ նոր գիւտ.․.: «Ահաբեկիչներ կան եղեր Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին եւ պէտք է միաւորուիլ՝ դիմադրելու համար անոնց».․.: Չքնաղ արեւմուտքի յարգարժա՛ն, հեռատես ու գիտակից ղեկավարներ, արդեօք նո՞ր արթնցաք ձեր «գարնանային» թմբիրէն… ո՞ւր էիք երբ 83 պետութիւն որոշած էիք հարուածել Սուրիան եւ կարճ, շատ կարճ ժամանակի մէջ նոր իշխանութիւններ հաստատել հոն… ի՞նչ փոխուեցաւ յանկարծ… աս ի՞նչ դիմափոխութիւն… ինչպէ՞ս արեւածաղիկի նման դէմքերնիդ ու գոյներնիդ փոխեցիք եւ կը պատրաստուիք ձեր փակած դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները վերստին բանալ…: Սուրիական վտանգը անցա՞ւ… ձեր փորցաւանքը վերջ գտա՞ւ… ի՞նչ շահեցաք այս բոլորէ ետք… միայն Եւրոպայի սրտին վրայ 430.000 գաղթակա՞ն.․.: Հետաքրքրական է… ո՞վ արդեօք օր մը հաշիւ պիտի պահանջէ այս բոլորին համար, ո՞վ.․.:
Արեւմուտքի ղեկավարներուն հոտառութեան արուեստին մենք հայերս ծանօթ ենք փոքրիշատէ… հայերս լաւ գիտենք արեւմուտքի «Մարդկային գութ»ը եւ օտարի նկատմամբ վերապահած կարեկցանքը: Բոլորիս ուշադրութիւնը ներկայ հանգրուանին կեդրոնացած է փոքրիկ պաստառի վրայ, որ արիւն կու լայ մինչեւ այսօր… մահ, սպանդ, քանդում՝ աստ ու անդ… մարդկային զուլումը դադար առնել չի գիտեր… իսկ Միջերկրականեան ծովը միայն գաղթականներու մարմիններ կը լափէ անյագուրդ ախորժակով: «Արաբական գարնան» ստեղծիչ ու գործադրիչներէն մէկը՝ Թուրքիան, լարախաղացի նման խաղալէ ետք իր սեւ խաղը ու իր հողերուն վրայ բազմահազար գաղթականներ ընդունելէ ետք (մեծամասնութիւնը քիւրտեր)… հիմա զանոնք փոքր լաստանաւերով ետեւ ետեւի (անուղղակիօրէն) կը ճամբէ դէպի Եւրոպական երկիրներ․..: Նման կացութեան առջեւ ան կը հետապնդէ յստակ նպատակ, առաջին հերթին ազատիլ քիւրտ զանգուածներէն, յաճախ անմարդկային զգացումով դիտելով ծովամոյն նաւակները եւ ծփացող ապա ծովափ հասած դիակները, որոնց մէջ մեծ մասամբ մանուկներ: Աւելին, իր կարգին դատապարտելով եւրոպացիներու ցուցաբերած քարսրտութիւնը․..:
Տակաւին մինչեւ հինգ տարիներ առաջ, գաղթական կոչուող այս մարդիկը խելօք մը նստած էին իրենց բնակած տուներուն ու քաղաքներուն մէջ… եւ կ’ապրէին խաղաղօրէն, անհոգ ու ապահով, բարի դրացնութեամբ, հերկելով, ցանելով, հնձելով կամ իրենց սեփական աշխատանքով ճարելով հանապազօրեայ հացը: Բայց յանկարծ ո՞վ հրահրեց, ո՞վ խանդավառեց, ո՞վ խրախուսեց, ո՞վ նամանաւանդ զինեց ու ըմբոստութեան դրօշ տուաւ անոնց ձեռքերուն, զիրենք մղելով կռուելու՝ սպաննելու համար հեռաւորներ ու մօտաւորներ՝ ժողովրդավարութիւն հաստատելու մտայնութեամբ.․.: Իսկ հիմա ո՞վ կը քաջալերէ զիրենք լքելու տուն ու տեղ… հեռանալու համար իրենց երբեմնի տաքուկ կիսաքանդ տուներէն… որպէսզի անոնք գիտակցաբար ու գրկաբաց երթան դէպի մահուան դուռը, իրենց հետ միասին ծովու քմահաճոյքին յանձնելով անչափահաս երախաներ: Այլ խօսքով անոնք հիմա կը գտնուին անորոշութեան օրրանին մէջ՝ հաւատալով, թէ պիտի փախչին դժոխքէն… երթալու համար տարբեր՝ անծանօթ դժոխքներ.․.:
Խե՜ղճ ու տարաբախտ գաղթականներ… Եւրոպայի ճամբաներուն վրայ հիմա անոնք տուն-տեղ, կեցութեան պզտիկ անկիւն մը կ’որոնեն… պատառ մը հաց կը փնտռեն… անոնք անօթի ու ծարաւ կը քալեն… կը քալեն դէպի անծանօթը, ոչ ցերեկ ունին ոչ ալ գիշեր, կ’արհամարհեն տաք, պաղ, անձրեւ ու քամի, միայն թէ երկի՛ր մը, պետութի՛ւն մը խղճա՜յ իրենց վրայ եւ տայ ապաստան, կացարան, որպէսզի տաքցնեն իրենց մսող հոգիները:
Մենք հայերս շատ լաւ կը հասկնանք գաղթականի վիճակը եւ հոգեբանութիւնը… մեր ժողովուրդը շատ լաւ կ’ըմբռնէ գաղթականութեան ցաւը ու խորապէս կը ցաւի՜ այսօրուայ գաղթականներուն հետ: Եւրոպայի մէջ այսօր անոնց հետ դժբախտաբար կը վարուին ոչ մարդկային վարուելակերպով, մերթ ընդ մերթ յիշեցնելով հարիւր տարի առաջ ապրուածները.․.: Կարծես թէ իրենք՝ եւրոպացիները ՄԱՐԴ… իսկ գաղթականները անասուննե՜ր եղած ըլլային.․.: Հայ ժողովուրդը տակաւին նոր ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Միտքերու մէջ միշտ ալ թարմ են Եղեռնն ու Գաղթականութիւնը… Աքսորն ու Անօթեւանութիւնը… այս պատճառներով ալ կը ցաւինք… կը ցաւինք, որովհետեւ երբ հայ ժողովուրդը զանգուածաբար կ’արտաքսուէր իր բնօրրանէն եւ պարտադրաբար կը գաղթէր դէպի Սուրիական դեղին անապատները, արաբ ազնիւ ժողովուրդը մեր հետ կիսեց իր առօրեայ հացը եւ մեզի տուաւ տուն ու տեղ, տաք անկիւն մը… իսկ այսօր, նոյն ժողովուրդն է որ դարձած է գաղթական… ինչպէ՞ս չցաւինք:
Եւրոպացի դիւանագէտներ բարոյագիտութեան դասեր եւ խրատներ տալու մէջ բացառիկ են, բայց կը մոռնան, որ այս դժբախտութեան պատճառը իրենք են: Անոնք մեկնելով իրենց անձնական ու պետական շահերէն քանդել տուին արաբական երկիրները, իսկ հիմա որպէս թէ կը ցաւի՜ն արաբներուն…: Հաւատա՞նք.․.: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են անշուշտ.․.: «Գնա՛ մեռի՛ր, եկո՛ւր սիրե՛մ․..: Հետաքրքրական է, ցաւիլ ու սիրել ալ գիտեն եղեր արեւմուտքի քաղաքակիրթ մունետիկները եւ հիմա նոր դիմակներով կ’ուզեն սուրիական տագնապը լուծել ոչ թէ ռազմական, այլ քաղաքական հասկացողութեամբ․..: Եթէ այդպէս էր, ինչո՞ւ ձեր քարոզչութիւնը երկարեցիք գրեթէ հինգ տարի.․.: Թող ես թքնեմ այսպիսիներու որձեւէգ արդարադատութեան եւ կեցուածքին վրայ, որոնք դէպի դժոխք կ’առաջնորդեն Մարդը, «մանանայ»ի եւ «սեւ ոսկի»ի փոխան, ըստ շահու կողմնացոյցի սլաքներու ուղղութեան.․.: