Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարները Պիտի Հանդիպին Սեպտեմբեր 23-24-ին. Էլմար Մամետեարով

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 24-25-ին` Նիւ Եորքի մէջ:

ԱՓԱ գործակալութեան փոխանցմամբ` Մամետեարով յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները նախ առանձին պիտի հանդիպին նախարարներէն իւրաքանչիւրին հետ, ապա պիտի կայանայ համատեղ հանդիպումը:

«Վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են հրադադարի խախտման դէպքերը: Յուսով եմ` այդ հարցով պայմանաւորուած` արդիւնք ձեռք կը բերուի: Այդ առումով Ռուսիան ամրապնդած է դիւանագիտութիւնը: Սերկէյ Լաւրով այցելած է Ատրպէյճան, իսկ ես` Մոսկուա: Սակայն արդիւնքի հասնելու համար մենք պէտք է աշխատինք: Մենք պէտք է համաձայնեցնենք որոշ հարցեր: Ռուսիա կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին: Պիտի փորձենք արդիւնքի հասնիլ, սակայն նախապէս որեւէ բան ըսելը դժուար է»,- ըսած է ան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին