*Վարդգէս Գուրուեան*
Ժամանակին մեզի կ’ըսէին, որ Թուրքիան իր արեւելեան շրջանները չի զարգացներ, լաւ գիտնալով, որ օր մը հայերը պիտի վերադառնան եւ վերատիրանան իրենց երկրին: Լաւ, յուսադրիչ պատմութիւն էր: Մեզի այն խաբկանքը կու տար, որ թուրքերն անգամ գիտեն, որ մենք պիտի վերադառնանք …։ Կ’արժէ սակայն մէյ մը Կարս երթալ տեսնելու համար, որ վերջին քսան-երեսուն տարիներուն այդ քաղաքը որքա՜ն յառաջ գացած է:
Անիէն ճամբայ ելանք դէպի Կարս: Հայկական այս երկու քաղաքները 32 մղոն (50քմ) հեռաւորութենէն զիրար կը բարեւէին: Ճամբան լայն, ասֆալթապատ եւ գեղեցիկ էր: Ճամբուն երկայնքին փռուած բերրի դաշտեր հորիզոններէն անդին կ’անցնէին: Աստուած այս շրջանէն բոլոր քարերը հաւաքած եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ թափած է ստեղծագործութեան ժամանակ եւ քարաստանը անուանած է Հայաստան … կամ Հայաստանը՝ քարաստան:
Կարսը, Ղարսը կամ Քարսին, Թուրքիոյ Կարս նահանգին մայրաքաղաքն է: Իր հարիւր հազար բնակչութեամբ, ան Հայաստանի սահմանամերձ թրքական ամենամեծ քաղաքն է:
Հռոմէական պատմութեան մէջ Կարսը Հայաստանի պատմական սահմաններուն մէջ յիշուած է: Միջին դարերուն հայ պատմագիրները Կարսին տուած են զանազան անուններ, ինչպէս «Կարուդս քաղաք», «Կարուդս Բերդ», «Ամրոցն Կարուդս» եւ «Ամուրն Կարուդս»: 880-ական թուականներուն Կարսը մաս կը կազմէր Բագրատունեաց հարստութեան եւ 928 – 961 ան Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: 938ին Ապպաս Ա. թագաւորը վերանորոգեց Կարսի բերդը կամ ամրոցը, եւ այլ ամրութիւններով զօրացուց քաղաքին պաշտպանողական կարողականութիւնը, գեղեցկացուց զայն թագաւորական պալատով եւ պետական այլ շէնքերով ու բարձրացուց Սրբոց Առաքելոց Մայր Տաճարը, որ իր խաչաձեւ յատակագիծով, գեղեցիկ լուծումներով, քանդակներով, արձաններով եւ համաչափութեամբ՝ ճարտարապետական գլուխ գործոց մըն է:
963ին երբ Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը Անի տեղափոխուեցաւ, Կարսի մէջ ուրիշ «անկախ» թագաւորութիւն մը հիմնուեցաւ, որ արենակցական կապ ունէր Բագրատունի թագաւորներուն հետ: Երբ Բիւզանդական կայսրութեան իմաստակ Միքայէլ Դ. կայսրը 1045 թուականին Անին գրաւելով ջնջեց Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, Կարսի թագաւորները Բագրատունի թագաւորներու «Թագաւոր Թագաւորաց» տիտղոսը սկսան գործածել: 1064ին երբ Ալփ Արսլանի Սելճուգ թուրքերը Անին գրաւեցին, Կարսի Գագիկ Ապպաս թագաւորը հպատակութիւն յայտնեց Ալփ Արսլանին՝ քաղաքը ստոյգ կործանումէ փրկելու համար: 1206ին վրացիները գրաւելով Կարսը, զայն յանձնեցին հայազգի Զաքարեան եղբայրներուն: 1236ին Ճէնկիզ Խանի մոնկոլ վոհմակները Հայաստանը գրաւելով աւերեցին զայն: Կարսը անպակաս չմնաց մոնկոլներու բարբարոսութիւններէն: 1379ին Լենկ Թիմուրի մարդանման գազանները իրենց վայրագութիւններով գերազանցեցին մոնկոլներու խժդժութիւնները: Կարսեցիք դարձեալ խելացի գտնուելով հնազանդութիւն յայտնեցին Լենկ Թիմուրին եւ քիչ մը աժան ազատեցան անոնց անվերջանալի թալաններէն: 1534ին Օսմանեան բանակը գրաւեց Կարսը (պէտք կա՞յ ըսելու, որ օսմանցիները ինչպէ՞ս թալանեցին քաղաքը եւ ջարդեցին բնակչութեան մէկ մասը…): Սուլթան Մուրատ Գ. վերանորոգեց Կարսի պարիսպները եւ ամրոցին պաշտպանողական ամրութիւնները վերաշինեց այնպէս մը, որ 1731ին երբ Պարսկաստանի Նատիր Շահը քաղաքը պաշարեց, չկրցաւ գրաւել զայն: Կարսը Էրզրում վիլայէթին կեդրոնական քաղաքը եղաւ:
23 Յունիս 1828ին ռուսերը գրաւեցին Կարսը, սակայն զայն վերադարձուցին օսմանցիներուն: Խրիմի պատերազմին ժամանակ ռուսերը դարձեալ կը պաշարեն Կարսը: Թրքական պահակազօրքին հրամանատարն էր անգլիացի զօրավար Ուիլլիամ Ֆէնվուիք Ուիլիըմսը: Թուրքերը բաւական երկար ժամանակ յաջողեցան ռուսական յարձակումները ետ մղել, բայց քոլերան, ուտելիքի եւ զինամթերքի պակասը ստիպեցին, որ քաղաքը Նոյերբեր 1855ին յանձնեն զօրավար Մուրավիէֆին:
1877-78ի Ռուս – Թրքական պատերազմին, Լորիս Մելիքովի եւ Իւան Լազարեէւի հրամանատարութեամբ, ռուսերը վերագրաւեցին Կարսը եւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագրով Կարսը փոխանցուեցաւ Ռուսիոյ: Շատ մը թուրքեր լքեցին Կարսի շրջանը, մինչ մեծ թիւով հայեր Օսմանեան կայսրութեան այլ նահանգներէ հալածանքներէն փախչելով եկան հաստատուելու Կարսի շրջանը: 1894ին Կարս քաղաքը ունէր 4000 բնակիչ, որուն 2500ը հայեր էին, 850ը թուրք, 300ը յոյն եւ 250ը ռուս: 1913ին Կարսի բնակչութեան 10,200ը հայեր էին իսկ 900ը թուրք:
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ժամանակ (1914 -1918) Կարսը ֆութպոլի գնդակի պէս թուրքերուն, ռուսերուն եւ հայերուն միջեւ տարուբերուելէ ետք, 23 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի Դաշնագրով Սովետ Միութիւնը զայն յանձնեց Թուրքիոյ: «Կօլ»ը մենք կերանք…։
Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի աւարտին, 7 Յունիս 1945ին Սովետ Միութեան Արտաքին գործոց նախարար Մոլոթովը, Մոսկուայի Թուրքիոյ դեսպան Սէլիմ Սարբէրի նօթ մը տալով պահանջեց, որ Կարսի եւ Արտահանի շրջանները վերադարձուին Հայաստանին եւ Վրաստանին: Թուրքերը մերժեցին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրումընին համար Կարսը արժէք չուներ, հետեւաբար իրեն համար հարց չէր եթէ Սովետ Միութիւնը գրաւէր Կարսը: Սակայն Անգլիան, այսինքն վարչապետ Չըրչիլը, Անգլիոյ շահերը նկատի առնելով համաձայն չէր, որ այդ հողերը իրենց պատմական իրաւ տէրերուն վերադարձուէին եւ Սովետ Միութիւնը մօտենար Միջերկրական Ծովու տաք ջուրերուն: Ան յաջողեցաւ համոզել նախագահ Թրումընը իր տեսակէտին կողմ: Սովետ Միութիւնը սկսաւ զինուորական կեդրոնացումներ կատարել Հայաստան – Թուրքիա սահմանին վրայ: Այդ Չըրչիլ կոչեցեալին «Պաղ Պատերազմ»ի յայտարարութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրումըն յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներու սահմանները մինչեւ Կարս կը հասնին» եւ հասկցուց, որ պատրաստ է աթոմական ռումբով պաշտպանելու Թուրքիոյ սահմանները: (Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքներու վրայ նետուած աթոմական ռումբերէն ետք, գաղտնի ծրագիրներ կային նուազագոյնը 20 սովետական քաղաքներ, ներառեալ Մոսկուան, ռմբակոծել աթոմական ռումբերով…)։
Եւ այսպիսով մեր «Հայրենի Հարս»ը կորսնցուցինք: Նորէ՛ն Անգլիոյ դիւանագիտութեան մէկ ուրիշ հարուածն էր այս մեր ազգային շահերուն… (այս մէկը Չըրչիլի երկրորդ, մեծ՝ անուղղակի հարուածն էր մեզի դէմ։ Այս մասին պիտի գրեմ աւելի ուշ):
Կարսի մէջ մեր այցելութիւններուն առաջին հանգրուանը Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին էր: 930 թուականին շինուած այս եկեղեցին քառանկիւն-խաչաձեւ է, չորս կիսակլոր խորաններով: Եկեղեցիին վրայ քանդակուած է Յիսուսի տասնըերկու առաքեալներուն կերպերը, որոնք զարմանալիօրէն չեն քանդուած՝ հակառակ անոր, որ իսլամներուն համար սրբապատկերներ կամ սուրբերու արձաններ ունենալը արգիլուած է: 1579ին եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ բայց 1880ական թուականներուն ան ծառայեց որպէս ռուսական եկեղեցի, որուն համար եկեղեցիին երեք դռներուն առջեւ գաւիթներ եւ զանգակատուն մը շինեցին (այժմ քանդուած): Շրջան մը որպէս պահեստանոց եւ ապա անտէր մնալէ ետք, 1993ին եկեղեցին նորէն մզկիթի վերածուեցաւ եւ «Հավալիլար Ճամիսի» կոչուեցաւ, այսինքն «Առաքեալներու Մզկիթ»…։ Այս «մզկիթ»ին վրայ մինարէ չշինուեցաւ, բայց եկեղեցի-մզկիթին ճիշդ քովը նոր մզկիթ մը շինուեցաւ իր մինարէով:
Երբ ներս պիտի մտնէինք, մեզի նորէն ըսուեցաւ, որ պէտք էր կօշիկները հանէինք: Ալիսը (կինս), Սիլվան (Ալիսին քոյրը) եւ ուրիշներ ըսին, որ « ոչ կօշիկնիս կը հանենք, ոչ ալ ասոնց անիծեալ մզկիթը կը մտնենք»: Մենք մտանք ներս: Մզկիթին «ժամկոչ»ը եւ շուրջ տասը թուրքեր կամ քիւրտեր ծալլապատիկ նստած մեզ կը դիտէին: Ըսինք, որ այս մե՛ր եկեղեցին է եւ մենք կ’ընենք ի՛նչ որ կ’ուզենք: Բնականաբար քանի մը տասնեակ նկարներ «քաշեցինք»: Մայր խորանին առջեւի սիւներուն եւ պատերուն վրայի խաչերը կիսաքանդ վիճակ ունէին: Խաչերը ամբողջովին չէին քանդած, չէին ջնջած, բայց յայտնի էր որ մուրճերով եւ այլապէս աւերած էին զանոնք, ոմանց թեւերը, ուրիշներուն վերի կամ վարի մասերը կոտրտած էին:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, երէցկին Սանտրա Առաքելեանը, Գէորգ Յակոբեանը, ես եւ խումբին միւս անդամները որոշեցինք հոս ալ աղօթել: Կարպիսը եւ երէցկին Սանտրան ծունկի եկան մայր խորանին առջեւ եւ ձեռքերնին վեր բարձրացնելով սկսան «Հայր Մեր»ը երգել քիչ մը շատ բարձրաձայն: Ամէնքս միացանք իրենց (Գէորգը՝ երկրորդ ձայն…): Թուրք կամ քիւրտ ծալլապատիկ նստած մարդիկը զարմացախառն ապշանքով մեզ կը դիտէին: Ականջիս եւեւէն լսեցի, որ մէկը «նէ եաբիյօլլար, եասսաք տըր» (ի՞նչ կ’ընեն, արգիլուած է) կ’ըսէր: Մենք մեր աղօթքը շարունակեցինք եւ ապա գլխիկոր, տխուր մտածմունքներով դուրս ելանք:
Մուրատ Գ. Սուլթանի 1725ին շինած «Թաշ Քէօփրիւ» կամուրջը անցնելով շրջեցանք Կարսի հայկական թաղամասերը, որոնք Կարսի բերդին ստորոտն էին: Բերդը (Քարս քալէսի) շինուած էր Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ, բայց իր ներկայ տեսքը առած է Զաքարեաններու իշխանութեան եւ Մուրատ Գ. սուլթանին օրով: Պարիսպներուն վրայ նշմարելի են բազմաթիւ խաչեր եւ նոյնիսկ խաչքար մը հայերէն գրութեամբ:
Հին քաղաքի շինութիւնները մօզայիք պատկերն էին հայկական, վրացական, քրտական, թրքական եւ ռուսական ճաշակաւոր կամ անճաշակ ճարտարապետութեանց: Պասով անցանք ռուսական թաղամասերէն: Շատ գեղեցիկ, լաւ փլանաւորուած եւ տպաւորիչ պատմական շէնքեր էին: Հին քաղաքին ընդհանուր տեսքը մեր նախաերկրաշարժային Կիւմրին կը յիշեցնէր:
Կարսի շուկաները սկսանք պտտիլ: Շուկային մէջ հանդիպեցանք հայերէն խօսողներու: Երբ հարցուցի, թէ ո՞րտեղացի են, ըսին որ վրացահայեր են: Գէորգ Յակոբեանին անվերջանալի հարցումներուն պատասխանելով մարդը ըսաւ, որ Վրաստանի մէջ «հէլէքի վիճակնիս լաւ է»: Մարդը եւ իր կինը բնիկ Արտահանցի են եղեր եւ ըսին, որ վրացահայերը շատ կու գան Կարս, քանի որ շատ մօտ է, մէկ ու կէս ժամ «աւտօյով»: Հանդիպեցանք նաեւ Սուրիայէն փախստական արաբ ընտանիքի մը, երեք փոքրիկներով: Խղճացինք, բայց ի՞նչ օգուտ:
Կարսի շուկան շատ եռուն էր: Շարան – շարան ոսկերչատուներ, խանութներ, նպարատուներ, ճաշարաններ, հագուստեղէնի, կօշիկի, նորաձեւութեան վաճառատուներ, անուշավաճառներ, «Թուրք Սէլ»ի եւ հեռատեսիլի, «էլէքթրոնիք»ի խանութներ իրարու վրայ ելած ըլլային կարծէք: Բնական, ճոխ եւ հարուստ շուկայ մըն էր: Տեսայ մօտ 80 տարեկան քիւրտ մը, որ բջիջային հեռաձայնով կը խօսէր:
Մայթերուն վրայ երթեւեկող, խանութներուն մէջ աշխատող թէ ճաշարաններուն մէջ սպասարկող աղջիկներէն շատերը շատ արդիական հագուած էին: Չէիր կրնար ըսել, որ ասոնք յետամնաց քիւրտեր կամ իսլամներ են: Կային անշուշտ գլուխնին գոցած աղջիկներ, որոնց շեշտուած շպարը սակայն կը յուշէր, որ անոնք ալ ճամբայ ելած են դէպի արդիականութիւն: Միայն տարիքոտ կիներէն ոմանք շատ պահպանողական հագուած էին:
Մեր խումբէն տիկին մը ստամոքսի ցաւի եւ խանգարումի պատճառաւ դեղի պէտք ունէր, բայց թրքերէն չէր գիտեր: Դեղարան մը տեսանք եւ ներս մտանք: Ես դեղագործին բացատրեցի «պրոպլեմ»ը: Անմիջապէս ամերիկեան դեղ մը բերին: Մեր ակնկալածին հազիւ մէկ տասներորդն էր գինը, զարմանալով զարմացանք…:
Կարսը շատ արդիական քաղաքի մը վերածուած էր: Մաքուր, 5-8 յարկանի բարձրայարկ շէնքեր, շատերը ճաշակաւոր գոյներով ներկուած, ոմանք քրտական վառ գոյներով: Ո՛ր խանութը կամ ճաշարանը որ մտանք, մարդիկը շատ քաղաքավար եւ ազնիւ էին մեր հետ: Նոր դպրոցներ, գոլէճներ, համալսարան, հիւանդանոցներ, հիւրանոցներ, հանրային պարտէզներ եւ շատրուաններ շինուած էին ամէն կողմ եւ… խճողում ճամբաներուն մէջ:
Այցելեցինք Եղիշէ Չարենցի աւերուած, փլատակ տունը: Կիսաքանդ պատերը հոն էին բայց տանիքը չկար: Տան ներքնամասը եւ շրջակայքը վերածուած էին վայրի խոտերով խճողուած պարտէզի: Ըստ Դոկտ. Կարպիսին, 2009ին այդ «տունը»ը ծախու էր 5000 թրքական ոսկիի (մօտ 2500 տոլար): «Տան տէրը» երբ կը տեսնէ, որ ամէն տարի բազմաթիւ օտար խումբեր, զբօսաշրջիկներ կու գան եւ կը նկարեն փլատակները, եւ ոմանք ալ առ ի հետաքրքրութիւն գինը կը հարցնեն, գինը կը բարձրացնէ: Պատին վրայ գրուած էր «satelek 40,000 T.L.» (ծախու, 40,000 թրքական ոսկի):
Քիչ մը անդին Չարենցին յաճախած դպրոցը այցելեցինք, որ հիմա պանդոկի վերածուած է: Կարծեմ ռուսական ոճով, շատ պատկառելի շէնք մըն էր, մեծ, զարդարուն դուռով եւ պատուհաններով, մութ մոխրագոյն կամ սեւ հրաբխային քարերով շինուած: Հոս հանդիպեցանք Երեւանէն ժամանած զբօսաշրջիկներու խումբի մը, որոնք յստակ էր, որ մտաւորականներ, համալսարանի դասախօսներ կամ պատմաբաններ էին: Շատ հաճելի էր, որ իրենց փոքր պասին թիւը Հայաստանեան էր, եռագոյնով: Բնականաբար նկարուեցանք:
Ճամբան հանդիպեցանք 8 -12 տարեկան թուրք աղջիկներու, որոնք ճամբուն մէջ կը խաղային եւ շատ մարդամօտ էին, ժպտումերես եւ քաղաքավար: Հարցուցի, որ այդ շրջանին մէջ հայեր կայի՞ն: Ամչնալով «չենք գիտեր» ըսին: Վառվռուն աղջիկներէն մէկը, հաւանաբար 13 տարեկան, հասցէս ուզեց որպէսզի իր նկարը ղրկէր ինծի…։
Զարմանալիօրէն, ուզեմ – չուզեմ յիշեցի, որ Կարսի մէջ հարիւրաւոր հայ անմեղ աղջիկներ ջարդուած են կամ տարուած անիծեալներուն հարէմները: Որպէս հայ մարդ, չէի կրնար գէշ բան մտածել դէմս կեցած փոքրիկ թուրք աղջիկներուն մասին: Ի՞նչ էր ասոնց յանցանքը: Կրնար ըլլալ, որ ասոնցմէ մէկուն կամ միւսին մեծ մայրը կամ անոր մայրը հայ էր…: Ի՞նչ էր մեր անմեղ հայ աղջիկներուն յանցանքը, որ Աստուած չպաշտպանեց զանոնք: Ինչու՞ մեր աղջիկները պիտի չարչարուէին, մեռնէին կամ գերեվարուէին: Եւ ես հոս կեցած, Չարենցի տունէն քանի մը քայլ ասդին, սիրտս արիւնելով պիտի դիտէի այս թուրք փոքրիկ աղջիկներուն խաղերը:
Յաջորդ օրը առտու ճամբայ չելած, պանդոկին ճաշարանին մէջ Քաթիան Ալիսէն խնդրեց, որ «մամայի պէս մեզի սէնտուիչներ պատրաստէ, ճամբան պասին մէջ կ’ուտենք»… ։ Ալիսն ու ես խումբին համար քանի մը տասնեակ սէնտուիչներ պատրաստեցինք – պանիրով (լոլիկով եւ վարունգով), կարագ անուշով, պիստակի իւղով եւ մեղրով, մսեղէններով, հաւկիթով եւ մասամբ նորին: Քանի մը հատ ալ հաց առինք, տոպրակ մը ձիթապտուղով (սեւ եւ կանանչ) եւ մանրուած լոլիկով: Անշուշտ չմոռցանք բաւարար թիւով կարկանդակներ լեցնել տոպրակներուն մէջ: Դժբախտաբար կաթը, թէյը, սուրճը եւ մրգաջուրերը տուփերով չէին, այլապէս…: Ճաշարանին միւս սեղանակիցներն ու սպասաւորները մեր «աչքըծակութեան» վրայ կը զարմանային, բայց բան մը չըսին: Պէտք է ըսել, որ պասին մէջ մարդիկը «շատ գոհ» մնացին մեր «ճարպիկութենէն»: Միայն ամերիկահայ մը առարկեց, որ ճիշդ չէր մեր ըրածը: Մեղա՛յ Աստուծոյ:
Ճամբայ ելանք այցելելու Կարսի թանգարանը (Քարս միւզէսի): Տեղատարափ անձրեւ կու գար: Երբ թանգարանին առջեւ հասանք, չէինք կրնար պասէն վար իջնել: Բայց պէտք էր ներս մտնէինք եւ դիտէինք թանգարանին իրերը:
Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր թաթար ուղեկցորդը ըսաւ մեզի, որ թանգարանին պատմական իրերուն մեծ մասը հայկական են: Թրջուելով մտանք ներս: Թանգարանին իրերուն մեծ մասը բերուած էին Անիէն, Իկտիրէն, Արտահանէն եւ անշուշտ Կարսէն: Գորգեր, քիլիմներ, կաւէ մեծ ու պզտիկ տակառներ, պնակներ, հայկական եւ ռուսական խաչեր, եկեղեցական սպասներ, խնկամաններ, խաչքարեր, դաշոյններ, մեծ ու փոքր տեսակաւոր սուրեր, զէնքեր, սամավարներ, պղինձէ իրեր, յարգի աթոռներ, եւայլն: Հոն էին Սբ. Առաքելոց եկեղեցիին սուրբերու պատկերներով զարդաքանդակուած փայտէ երկու դուռերը: Հոն էր մեծ զանգակ մը որուն վրայ ձուլուած էր՝ «Այս զանգակը կը ղօղանջէ Աստուծոյ սիրոյն համար»: Սակայն ոչ մէկ տեղ «հայկական» կամ «Հայաստան» անունը կար: Իբր թէ սելճուգները շիներ են ասոնք:
Հարցուցինք մեր ուղեկցորդին, որ եթէ սելճուգները այսքան երկար մնացած են այս հողերուն վրայ, ինչու՞ պատմական ոչ մէկ շինութիւն չեն ձգած… մարդուն պատասխանը. «Որովհետեւ անոնք կու գային, կը կողոպտէին, տուրքերը կը գանձէին, աղջիկները կը փախցնէին եւ կ’երթային»:
Ճամբայ պէտք էր ելլէինք դէպի Էրզրում:
Ցտեսութիւն Կարս: