Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Լեռանային Ղարաբաղի Անկախութեան Տօն

Լեռնային Ղարաբաղը  տօնեց անկախութեան հռչակման օրը, սահմանային լարուածութեան եւ աշխարհի կողմէ ճանչցուած չըլլալու պայմաններու մէջ: Տօնական ձեռնարկներու մասնակցելու նպատակով Լեռանային Ղարաբաղ գտնուեցաւ Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Մօտաւորապէս քառորդ դար առաջ անկախութիւն հռչակած Ղարաբաղը եւ անոր աջակցած Հայաստանը կը ձգտին Արցախի միջազգային ճանաչման, սակայն երկու տասնամեակ տեւող բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ որեւէ արդիւնքի չեն հասած: Պաքու կտրականապէս կը մերժէ կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որով Ղարաբաղը տեսականօրէն կրնայ ինքնուրոյն ապագայ ունենալ: Մօտ 140,000 բնակչութիւն ունեցող երկիրը պաշտօնապէս կը ներկայանայ որպէս ինքնիշխան, ինքնաբաւ, տնտեսապէս անկախ, օրինապահ եւ հաւատարիմ բացառապէս ժողովրդավարական արժէքներուն: Անցեալ 24 տարիներու ընթացքին սակայն, Ղարաբաղին պաշտօնական ձեռք մեկնած են միայն նահանգներու, քաղաքներու եւ քաղաքական այլ միաւորումներու մակարդակով: Բայց անոնք չեն վհատիր ու կ’ըսեն, թէ ամէն բան տակաւին մեր առջեւ է: «Դժուարին, բայց եւ պատուաբեր ուղի է, որմէ կ’անցնի Ղարաբաղի ժողովուրդը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ միասին», իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան: «Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը բացառիկ արժէք է, որուն համար մեր ժողովուրդը չափազանց թանկ գին վճարած է: Մեզի ոչ մէկը  անկախութիւնը չէ նուիրած, մենք պայքարած ենք դարեր շարունակ եւ զայն նուաճած մեզի պարտադրուած պատերազմին ընթացքին», ըսաւ Սահակեան եւ աւելցուց, թէ «այս իսկ պատճառով Արցախը երբեք չի կրնար շեղիլ իր ընտրած ուղիէն եւ այսուհետեւ ալ ամէն ինչ պիտի գործադրուի՝ անոր անսասան ընթացքը ապահովելու համար»: Աշխարհի ոչ մէկ երկրի հետ պաշտօնապէս դիւանագիտական կապեր չունեցող Արցախի արտաքին գործոց նախարարը եւս վստահ է, որ յաջողութիւններ պիտի արձանագրուին: «Այսօր մեր պետութիւնը յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, յստակ քայլերով յառաջ կ’ընթանայ: Այո, մենք ունինք խնդիրներ, բայց մենք այնքան կը վստահինք մեր ուժերուն, որ կրնանք նոյնիսկ տօնական օրերուն խօսիլ այդ խնդիրներուն մասին», ըսաւ Կարէն Միրզոյեան՝ ընդգծելով, որ «այդ խնդիրներուն զուգահեռ, ունինք նաեւ բազմաթիւ յաջողութիւններ եւ անոնց քանակը պիտի աւելնայ»: Սեպտեմբեր երկուքը Լեռանային Ղարաբաղի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով: Անկախութիւնը խորհրդանշող օրը եւս առիթ մըն է, խօսելու ձգտումներու մասին: «Այստեղ կ’ըսենք, որ անակախութեան հռչակման յաջորդած պատերազմը Ազրպէյճանի համար հողատարածքի, իսկ Ղարաբաղի բնակչութեան համար տան պայքար է: Ղարաբաղցիներ ուրախ են, որ իրենց ճակատագիրը այսպէս դրսեւորուած է: Ազատ ենք, ինքնուրոյն եւ այլեւս խտրականութեան չենք ենթարկուիր, ըսին շարք մը արցախցիներ:

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի, Ազգ. Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան այլ պաշօնեաներու հետ, Ստեփանակերտի վերածնունդ հրապարակէն յետիոտն ուղղուեցան Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին առջեւ եւ անոր կից գտնուող Արցախեան ազատամարտի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան Բանակի Պատուոյ Պահակագունդի հանդիսաւոր տողանցքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին