Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Գալ տարի՝ Վան Պատառիկներ ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն Մեր Արարատը

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Պայազիտը շատ մօտ էր պարսկական սահմանին: Ինչպէս ըսի, թրքական եւ պարսկական սահմանագիծի պահակներու աշտարակները իրարմէ շատ հեռու չէին:

Ճաշի համար պասը կանգ առաւ արդիական ճաշարանի մը առջեւ: Կ’անձրեւէր: («Կ’անձրեւէ, տըղա՛ս…: Կ’անձրեւէ՞ երբեմն հոգիիդ մէջ ալ»)։ Այո՛, մեր հոգիները թաց էին ի տես մեր վեհապանծ Արարատանման կորուստին: Այո՛, կ’անձրեւէր նաեւ մեր մղկտացող հոգիներուն մէջ:

Մեր ձախ կողմը թրքական զօրանոց մը կար ուր բազմաթիւ թանկեր, զինուորական կառքեր եւ զանազան մասշտապի թնդանօթներ տեսանք: Հակառակ որ նկարելը «եասսաք» (արգիլուած) էր, պասին մէջէն նկարեցինք: Կարծես այնքան ալ գաղտնի բան մը չէր, ճամբուն վրայ, միայն պարզ ցանկապատով մը շրջապատուած այս զօրանոցը զինուորական «գաղտնիքներ» չէր պարունակեր: Մեզմէ քանի մը հարիւր մեդր վերը, բլուրին վրայ պարսկական սահմանային աշտարակները կը տեսնէինք: Պարսիկ պահակները շատ դիւրաւ կրնային տեսնել եւ նկարել զօրանոցը:

Համով-հոտով ճաշելէ ետք, մեկնեցանք մեր պանդոկը գիշերելու:

Թուրքիոյ այս ծայրամասին մէջ, քիւրտերով բնակուած վայրի մը վրայ, բաղդատաբար «լաւ» պանդոկ մըն էր: Խումբին մէջէն ոմանք գանգատեցան, որ պանդոկը շատ «արդիական» չէ, թէ երկրորդ յարկ ելլելու համար վերելակ չունի, թէ ընթրիքի համար ճաշարանը մեծ չէ…։ Մեր ուղեկցորդը ըսաւ, թէ այս պանդոկը կու գան միայն անոնք, որոնք Արարատ լեռը պիտի մագլցին: Արդէն կարծեմ հոլանտացի եւ ռուս զբօսաշրջիկներ տեղաւորուած էին, որոնք յաջորդ առտու կանուխ պիտի սկսէին Լեռը մագլցիլ:

Շրջակայքի պարտէզները եւ մօտակայ շուկան պտտելէ ետք վերադարձանք պանդոկ հանգստանալու: Խումբ – խումբ հաւաքուած կը զրուցէինք եւ կ’ափսոսայինք մեր կորուստներուն վրայ: Յաջորդ առաւօտ Արարատը արեւմուտքէն պիտի տեսնէինք: Շրջանի բնակիչներուն համար պարզ, ամէնօրեայ տեսարան մըն էր Արարատը, պարզ լեռ մը ուր մարդիկ կու գային մագլցելու, իսկ ուրիշներ՝ մօտենալու, հողը համբուրելու, յուզուելու, բողոքելու:

Բնականաբար թուրքերը Արարատի անունը փոխած էին «Աղրը Տաղ»ի, այսինքն «Ծանր Լեռ»ի:

Արարատ լեռը 16,854 ոտք (5165 մեդր) բարձր է ծովու մակերեսէն: Ան այժմու Թուրքիոյ (Հայկական Բարձրավանդակի) բարձրագոյն կէտն է: Ունի 40 ք.մ. տրամագիծ: Ան հրաբխային լեռ մըն է: Մեծ հրաբուխները տեղի ունեցած են Ք.Ա. 2500 – 2400, 550 եւ Ք.Ե. 1450, 1783 եւ 1840 թուականներուն: Ան 1100 քա.քմ. տարածութեամբ, շրջանի ամենամեծ հրաբխային զանգուածն է: Արարատ լերան ձիւնածածկ գագաթին ձիւնը 1970-էն 2011-ին նուազելով՝ պակսած է 29 առ հարիւրով:

«Արարատ» բառը ուրարտական ծագում ունի: Հայոց Արա Գեղեցիկ թագաւորի անուան հետեւողութեամբ նաեւ շրջակայքը կոչուած է «Այրարատեան Դաշտ»: «Մասիս»ը կոչուած է Հայկ Նահապետի թոռան թոռնիկին անունով: Հայկական դիցաբանութեան մէջ Արարատը մեր Աստուածներուն բնակավայրը եղած է: Պարսիկները մեր լեռը կը կոչեն «Գուհ-է-Նուհ», այսինքն՝ Նոյի Լեռ:

Արարատ լերան գագաթը առաջին նուաճողները եղած են Ֆրէտէրիք Պարրօթը եւ Խաչատուր Աբովեանը, 1829-ին: Այս առիթով Խաչատուր Աբովեանը փոս մը կը փորէ լերան գագաթը եւ դէպի հիւսիւս նայող փայտեայ խաչ մը կը տնկէ հոն: Նոյնպէս ան շիշի մը մէջ ձիւն կը լեցնէ եւ վար կը բերէ իր հետ, որպէս սուրբ ջուր:

1840-ի 7.4 ռիխթր ուժգնութեամբ երկրաշարժին եւ հրաբուխին պատճառաւ 10,000 մարդ կը մահանայ, ներառեալ 1900 հոգի հայաբնակ Ակորի գիւղէն, որոնք ողջ-ողջ կը թաղուին հողասահանքի պատճառաւ:

Հայաստանէն միայն 20 քմ․ հեռաւորութեան վրայ մեր այս Լեռը, Համաշխարհային Առաջին Պատերազմէն ետք 1923-ին, Լոզանի Դաշնագրով անցաւ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ:

Արարատը մեր Ազգային Ինքնութեան խորհրդանիշն է: Երեւանի երկնակամարին վրայ իշխող ան մեր Ազգային Խորհրդանիշն է: Հայ ժողովուրդի յաւերժութեան երաշխիքն է Ան:

Խորհրդային կարգերու ժամանակ, Թուրքիան կը բողոքէ Սովետական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան ըսելով, որ Արարատ Լեռը Թուրքիոյ կը պատկանի եւ հետեւաբար Հայաստանը իրաւունք չունի զայն պատկերացնելու իր զինանշանին վրայ: Սովետական Միութեան արտաքին գործոց նախարարը հարց կու տայ թուրքերուն, թէ լուսինը երբուընէ՞ Թուրքիոյ սեփականութիւնն է, որ ան իր դրօշակին վրայ զետեղած է զայն…:

Առժամաբար, բայց բաւական երկար ժամանակով, Արարատը կորսնցուցինք:

Երկուշաբթի Յուլիս 14-ի առաւօտեան, աղուոր նախաճաշ մը ընելէ ետք, տեղաւորուեցանք մասնաւոր փոքր պասերու մէջ Արարատի ստորոտը երթալու եւ անոր սրբազան հողը համբուրելու:

Օդը անձրեւոտ եւ փոթորկոտ էր: Կայծակները իրարու կը յաջորդէին: Լաւ պատսպարուած էինք: Մեր ղրիմցի ուղեկցորդը ըսաւ, որ ամէն առտու այս է վիճակը: Անձրեւ, փոթորիկ, հով, կարկուտ, կայծակ, որոտում, բայց ժամը 10:00-11:00 ի ատենները կը հանդարտի օդը եւ արեւը իր ջերմութեամբ կ’ողոքէ Լեռը: Ի՜նչ գիտնար մարդը, որ Արարատը սաստիկ բարկացած՝ կը բողոքէր իր անտէրութեան վրայ: Ան իր իսկական տէրերը կը փնտռէր: Ո՜վ էր թուրքը, որ իր սեփականութիւնը կը նկատէր Արարատը: Ո՛չ: Լեռն անգամ գիտէր իր իսկական տիրոջ ո՛վ ըլլալը: Հայոց Աստուածները կը փորձէին շանթահարել Թուրքիան, բայց աւա՜ղ, մենք անգամ մոռցեր էինք զանոնք: Իրենց բարկութեան եւ յուզումին մէջ կու լային անոնք: Եւ մենք փոքր պասերով պիտի երթայինք մեր չԱստուածներուն ոտքը, ըսելու որ «ոչ, մենք չենք մոռցած ձեզ, մենք եկած ենք ուխտելու, որ ամէն բան պիտի ընենք օր մը ձեզ բերելու մեր սահմաններէն ներս, խոստանալու որ օր մը անպայման, բիւրաւոր հայերս ձեռք-ձեռքի շուրջ պար պիտի բռնենք եւ մեր ոտքերու դոփիւններով պիտի արթնցնենք Վահագնը ու Անահիտը, Փոքր Մhերը եւ Հայոց Հին Աստուածները»:

Յովհաննէս Շիրազը արդէն ըսած էր մեզի»

Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
Որ
տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,
Ու
կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր
սարն այս կողմ շուռ կը տաս՝ արդարութեանդ ուժն է ծով։

Կարծես Արարատը պիտի գրկէր մեզ: Պասիկը կը սուրար: Մենք երկրորդ պասին մէջն էինք: Առաջին պասը քանի մը հարիւր մեդր առաջ անցած էր: Մեր քիւրտ վարորդը, որպէսզի հասնի անոր եւ քիչ մըն ալ քարիւղ խնայէ, ճամբէն շեղեցաւ, կտրուկ գիծը առաւ եւ աւազուտ, քարքարուտ տեղերէ սկսաւ երթալ: Յանկարծ պասին անիւը խրեցաւ աւազներուն մէջ: Ի՛նչ որ ըրինք, կարելի չեղաւ պասը ազատել: Բաւական մը մօտեցած էինք Արարատի անմիջական ստորոտին, բայց տակաւին մօտ երեքէն չորս մղոն կար բուն ստորոտին կամ առաջին վերելքին հասնելու: Ստիպուած սկսանք քալել: Շատեր բողոքեցին, մանաւանդ Տիկ. Աստղիկ Ղազարեանը, որ քալելու դժուարութիւն ունէր եւ գաւազանի օգնութեամբ կը քալէր: Աւելի քան երկու մղոն քալելէ ետք սկսանք յոգնութեան նշաններ ցոյց տալ: Կեցանք, խմբանկարներ եւ «սէլֆի»ներ սկսանք առնել ու զիրար «մխիթարել» ըսելով, որ այստեղէն աւելի լաւ կ’երեւայ Արարատը…: Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը «Ասպարէզ» օրաթերթի օրինակ մը հանեց գրպանէն եւ զայն լայն բանալով նկարուեցաւ: Այդ ընելով արդեօք Կարպիսը ասպարէ՞զ կը կարդար թուրքերուն, թէ ըսել կ’ուզէր «Նոր Օր» մը «Ասպարէզ»ը, «Մասիս»ին եւ հայկական միւս թերթերուն հետ, հոս պիտի տպենք…։

Երբ մեր ուղեկցորդը տեսաւ, որ շատ բարկացած ենք՝ որովհետեւ պասը կէս ճամբան մնաց եւ մեզ մինչեւ ստորոտը չտարաւ, մեզ հանդարտեցնելու համար ըսաւ որ հոն, ճիշտ հոն որ մենք կ’ուզէինք երթալ, քրտական գիւղեր կան զինեալներով լեցուն, որոնք ապստամբած են թուրք կառավարութեան դէմ եւ թէ շատ վտանգաւոր է հոն երթալը: Քիւրտ զինեալները պատանդներ կը վերցնեն եւ շատ մեծ գումարներ կը պահանջեն: Մենք ալ հաւատացինք…։ Բայց եթէ ճիշդ էր ըսածը, աւելի լաւ, կ’երթայինք եւ մարդոց քիչ մը դրամ կու տայինք իրենց «սրբազան առաքելութիւնը», երազը քաջալերելու:

Տիգրան եւ Պերճ Ղորղորեանները որոշած էին անպայման Արարատի առաջին բարձունքները մագլցիլ: Գացին: Մենք՝ տարիքով քիչ մը աւելի յառաջացածներս… մնացինք եւ այդտեղէն վայելեցինք Արարատը: Հրաբխային քանի մը փոքր քարեր հաւաքեցինք միասին տուն տանելու:

Կը նայիմ չորս կողմս: Ժայռեր: Ժայռեր: Մեծ ու փոքր, սեւ ու կարմիր, իրարու վրայ դիզուած ժայռեր: Հա՜ա՜: Հիմա հոս կը հասկնաս, որ այս հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս դիմացեր է աւելի քան չորս հազարամեակներ, երբ պատմութեան ընթացքին բարբարոս ցեղերը շարան-շարան եկեր, ջարդեր ու անցեր են այս երկրէն: Ո՞ր ազգը կրնար դիմանալ անվերջ հալածանքներուն, անվերջանալի ջարդերուն, իրարայաջորդ հազարաւոր կողոպուտներուն, առեւանգումներուն, մանկահաւաքներուն: Ո՞ր ազգին մշակոյթը կրնար տոկալ իր վանքերուն կողոպուտին, ձեռագիրներու հրկիզումներուն, տաճարներու կործանումին, մշակութային կոթողներու քանդումներուն: Ո՞ր ազգը կրնար դիմանալ իր քաղաքներուն եւ ոստաններուն հրդեհներուն, հրոյ ճարակ դարձած պալատներուն եւ ամրոցներուն փճացումին: Ո՞ր ազգը կը դիմանար բազմաթիւ մահասփիւռ հրաբուխներու եւ սարսափազդու երկրաշարժներու աւերներուն: Մե՛նք: Մե՛նք, քանի որ մե՛նք միայն Արարատ ունինք: Այս ժայռերուն մէջ հազարամեակներ ապրելէն, ժայռացեր ենք նաեւ մենք: Ժայռի պէս տոկուն: Արարատի պէս յաւերժ:

Կը նայիմ Արարատին դարձեալ: Կը խոնարհիմ անոր առջեւ: Արարատը բոլորովին տարբեր իմաստ ունի արեւմուտքէն դիտուած: Որքան վեհանիստ է ան Երեւանէն դիտուած, այնքան խրոխտ է արեւմուտքէն: Արարատը ժպիտով կը նայի Երեւանին: Հոս՝ խոժոռ է ան եւ տխուր: Ըմբոստ է ան եւ բողոքարկու:

Ան կ’ուզէ տուն երթալ: Ան կ’ուզէ գրկուի՜լ ի՛ր հարազատներուն կողմէ:

Չես կրնար չընդվզիլ եւ չուխտել, որ ամէն ինչ պիտի ընես Արարատին վերատիրանալու: Եւ մենք այդ ուխտը կատարեցինք:

Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւնը յիշելով, անգամ մը եւս ոտքս գետին զարնելով, յուզումէս պայթող սրտէս աղաղակեցի.

Արարատի ծեր կատարին
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել:
Անհուն թըւով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին
Ու անցել:
Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին
Ու անցել:
Հերթը հիմա քոնն է մի պահ.
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին
Ու անցիր:

«Ու անցիր» բառը պէտք է ըլլար՝ «Կորսուի՛ր» կամ աւելի ճիշդ՝ «Սիկտի՛ր եղիր» (յարգելով մեր յօդուածագիր երէց ընկերոջ փափաքը այս տողը չփոխելու, կը պահենք զայն ապաւինելով մեր սիրելի ընթերցողներուն հասկացողութեան. «Խմբ.»):

Մեր պասը կարելի չեղաւ աւազախրումէն ազատել: Ուրիշ պաս մը բերին եւ խերով բարով վերադարձանք պանդոկ:

Յաջորդ առտու ճամբայ ելանք դէպէ Անի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին