ՄԻՄԻ Յ. ԵՈԶԿԱԹԵԱՆ
Օգոստոսի 8-ին Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք /ՀԱՖ/ նուագախումբը իր գլխաւոր տիրիժոր եւ գեղղեկ Էդուարդ Թօփճեանի ղեկավարութեամբ, մեծ համերգ տուեց Լիբանանում: Համերգը, որին մասնակցում էին ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանն ու մեներգիչներ, կայացաւ մայրաքաղաքից շուրջ 45 քմ․ հեռու, առաւելաբար տրուզներով բնակեցուած Շուֆի շրջանում գտնուող Պէյթետտինի պալատի հրապարակում, որտեղ արդէն 31 տարի կազմակերպւում են երգի, երաժշտութեան ու պարարուեստի տարեկան փառատօններ, որոնք միջազգային մեծ համբաւ ունեն Պաալպեքի եւ Պիպլոսի (Ժիպեյլ) միջազգային ֆեստիվալների նման եւ խիստ գրաւիչ են զբօսաշրջիկների համար: Պէյթետտինի միջազգային փառատօնի հրաւէրով եւ ՀԲԸՄիութեան հովանաւորութեամբ կայացած համերգը, ինչպէս ստորեւ առանձին ոգեւորութեամբ գրում է լիբանանահայ երաժշտագէտ Միմի Յ. Եոզկաթեանը, հոգեւոր մեծ իրադարձութիւն է եղել լիբանանեան եւ օտար արուեստասէրների համար ու անցկացուել է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շրջանակներում:
Յիշեցնենք, որ Պէյթետտինի պալատը շուրջ 200 տարուայ պատմութիւն ունի եւ կատարեալ նմոյշ է ֆեոտալական ճարտարապետութեան՝ իր դահլիճներով, մոզայիքապատ լոգարաններով, ջրային հովացման համակարգով եւ գունաւոր ապակեպատ մուշարապիյէներով (փակ ու գողտրիկ պատշգամբ, որտեղ տանտէրը տիրուհու հետ շարապ էր խմում): Պէյթետտինի պալատը եղել է Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Պշարա էլ Խուրիի ամառային նստավայրը: Պալատը սկսել է կառուցուել 1812 թ.ին Լիբանանի, որն այդ ժամանակ գտնւում էր օսմանեան լծի տակ, էմիր (կուսակալ) Պեշիր Շեհապ 2-րդի կողմից, որ մինչեւ Ստամպուլ աքսորուելը բնակուել է այնտեղ:
Թերեւս ավելորդ է ասել, որ Պէյթետտինի ֆեստիվալները կայանում են գիշերը, հրաշագեղ լուսաւորուած պալատի բակում կառուցուած հսկայ հարթակում, որը տեղաւորում է աւելի քան 3000 հոգի, իսկ բեմը՝ ամենաբազմանդամ նվագախմբերն ու երգչախմբերը:
«Ազգ – Մշակոյթ»
Նուագահանդէ՞ս էր, թէ՞ երկնային պատարագ, որ այդ երեկոյ մատուցուեցաւ Լիբանանի Պէյթետտին (Beittedine) պատմական պալատին խորհրդաւոր լուսաւորուած շրջաբակին մէջ, աւելի քան 3000 հայ, արաբ եւ օտար երաժշտասէրներուն, որոնց հոգիները խորասուզուեցան երաժշտութեան ազնուական ակունքները եւ երկրի ընդերքներէն բարձրացող յոյսի ու հաւատքի թրթիռներուն վրայէն ճախրեցին երկնասլաց՝ դէպի երկինք ու Արարիչ: Ունկնդիր հոգիները հրեշտակներու հետ երգեցին հոգեշունչ աղօթք եւ աղերսանք՝ մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին:
Հոգեկան վայելքի ու ցնծութեան այդ պահերը մեզի պարգեւողը Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբն էր՝ մայեսթրօ Էդուարդ Թօփճեանի ղեկավարութեամբ:
Հրաւիրող կողմը Պէյթետտինի միջազգային փառատօնն էր, հովանաւորը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, առիթը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, «Յիշում եմ եւ պահանջում» ընդհանուր խորագրի ներքոյ:
Խորհրդաւոր լուսաւորուած հնամեայ պալատի ֆոնին Էդ. Թօփճեանի ժիր ու տիրական ձեռքերու առաջնորդութեամբ, նուագախումբը առաջինը հնչեցուց Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ» պալէթի Suite-ը: Adagio-ի յուզաթաթաւ հնչիւնները եւ յաջորդական պատկերները ներկայացուեցան շողշողուն գոյներով, որոնց հետ ընդելուզուած ազատութեան ազնիւ տենչերն ու իղձերը աւետեցին նոր արշալոյսնե՜ր…։ Ազատատենչ Սպարտակի ապստամբութիւնը ընդդէմ բռնութեան՝ նուագախումբը մեկնաբանեց ամենայն յանդգնութեամբ ու ողջ ծաւալով, ի յայտ բերելով Ա. Խաչատրեանի հանճարեղ ստեղծագործութեան խորութիւնն ու հնչիւնային նորարար կառուցուածքները, որոնց մէջէն կը ցոլային մերթընդմերթ, ազգային մեր motif-ները՝ իրենց ուրոյն հնչերանգներով:
Երկին պատճառած ցնծութիւնը հազարաւոր ունկնդիրներէն խլեց ծափահարութիւններու տարափ մը, եւ մթնոլորտը անհամբեր դարձուց բեմահարթակին տեսնելու զարմանահրաշ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանը, որ մայեսթրոյի գուրգուրոտ ընկերակցութեամբ, համեստ ժպիտը դէմքին, մուտք գործեց բեմ՝ սքանչելի Guarnerius ջութակը ձեռքին…։
Ու ծայր տուաւ Պրամսի երաժշտութիւնը (J. Brahms, Concerto for Violin & Orchestra in D major, op. 77): Առաջին իսկ հնչիւնները յուշեցին մեզի հարց տալու, թէ 1985-ին Երեւանի մէջ ծնած Սերկէյի սնարին հսկող շնորհաբաշխ պարիկները այդ որքա՜ն առատաձեռն եղած են: Այլապէս ինչպէս բացատրել ընդամէնը 20 տարեկանին արդէն մերօրեայ ամենամեծ ջութակահարներու շարքին դասուած երիտասարդին աստուածատուր տաղանդը:
«Չկա՜յ աւելի վսեմ ու հրապուրիչ բան, քան հոյլ մը մարդոց երջանկութիւն պարգեւելը», ըսած է մեծն Պեթհովէնը: Եւ արդարեւ ճառագայթող հմտութեամբ նուագախումբն ու մենակատարը ներկայացուցին՝ ժամանակի ամենափայլուն ջութակահարներէն Եոզեֆ Եոաքիմին (Joseph Joachim) ձօնուած երկը, որուն քատենցան (cadenza), նկատի ունենալով քոնչերթոյին անշրջանցելի բարդութիւնները, Պրամս եւ Եոաքիմ միասնաբար յղկած են:
Քնքշօրէն պլլուած իր հիասքանչ գործիքին, համաձոյլ ամբողջութիւն մը կազմած նուագախումբին հետ՝ Սերկէյ անսայթաք խիզախութեամբ ու տիրական գեղեցկութեամբ յաջորդաբար կատարեց քոնչերթոյին 3 մասերը՝ allegro non troppo, adagio, allegro giocoso: Մերթ յուզաբորբոք ու մերթ թրթռուն բազմերանգութեամբ ջութակը հնազանդ մասնիկը դարձած էր ջութակահարին էութեան, ունկնդիրին հաղորդելով կիրք ու հրճուանք, թախիծ ու մորմոք, հրայրք ու ցնծութիւն…։ Շշմեցուցիչ cadenza-ի, մեղմանուշ ու լիրիկական variations-ներու, զուլալ pizzicati-ներու, trilles-ներու եւ բիւրեղեայ harmonique-ներու վրայով ու tempo-ներու անդուլ արագութեամբ, Սերկէյ Խաչատրեան նուագախումբին հետ միասին, կը խորասուզուէր պրամսեան ձայնաշխարհի խորքերը՝ երկը հասցնելով իր հռետորական բացայայտումին, իսկ ներկայ բազմութիւնը՝ գերագոյն բռնկումի եւ անվերջանալի յոտնկայս ծափահարութիւններու…։
Կարճ դադարէ մը ետք ՀԱՖ նուագախումբը, այս անգամ միաձուլուած Հայաստանի Պետական քամերային զոյգ երգչախումբերուն, մայեսթրօ Էդ. Թօփճեանի տիրական նուագավարութեամբ հնչեցուց Մոցարթի համամարդկային Requiem-ը: Պատուէրը դիմակաւոր անծանօթի մը՝ հանճարեղ երաժիշտը արդէն ծանր հիւանդ՝ ներզօր մղումով մը կը ստեղծէ «հանգուցեալներու պատարագ», յաճախ յայտնելով, թէ ինք կը յօրինէ իր իսկ յուղարկաւորութեան հոգեհանգիստի պատարագը եւ վերջին շունչը կ՛աւարտէ Lacrimosa հատուածին վրայ՝ 35 տարեկանին: Մոցարթ կը մահանայ իր արարչագործութեան վերջին արարումին հետ՝ աստուածային վեհ կայծերու շողարձակումով լուսաւորուած, տալով վերջին պատգամը բոլոր սերունդներուն…։
Մայեսթրոյի խորաթափանց առաջնորդութեամբ, առանց նոթակալի (partition du chef), իւրաքանչիւր տաղ կը դառնար եկեղեցի ու խաչքար, վերսլաց աղօթք ու մորմոք եւ մոցարթեան իւրայատուկ նրբերանգ երգչախումբին կողմէ կը հնչէր հրապուրիչ գունագեղութեամբ, միաձոյլ ներդաշնակութեամբ: Մեներգիչներուն՝ Իրինա Զաքեանի (սոփրանօ), Նարինէ Անանիկեանի (մեցցօ), Պերճ Քարազեանի (թենոր) եւ Սարգիս Պաշպէյուկ-Մելիքեանի (պարիթոն) վստահ ու յստակ կատարումներով Kyrie-Gloria-Credo-Sanctus-Benedictus-Agnus Dei կը շարահիւսուէին համահունչ վեհութեամբ ու հիանալի ներդաշնակութեամբ: Արդիւնքը հոգեւոր տօն՝ ապրելու, տեւելու, յաւերժանալու խորհուրդով լեցուն:
Համերգը իր աւատրին հասաւ մեծատաղանդ երգահան Տիգրան Մանսուրեանի Agnus Dei վեհաշունչ աղօթասացութեամբ, զոր երգչախումբը a capella երգեցողութեամբ մատուցեց որպէս նշխար բոլոր ներկաներուն.
«Կեցո՛, Տէր, զհայ ժողովուրդս եւ զերգս նորա, ի պայծառութիւն ազգիս: Ամէն»: