Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Հայ Ազգային Կուսակցութիւններուն Մասին Եւ Ոչ Միայն

Մեր առցանց պաշտօնակից «Արեւելք»ը հրատարակած է հետեւեալ յօդուածը, որուն շահեկանութեան համար զայն ամբողջութեամբ կը դնենք մեր ընթերցողներուն տրամադրութեան տակ։

«Խմբ»

Ազգային- աւանդական կուսակցութիւններու թեման շատ յաճախ, որպէս թիրախ կը ներկայանայ   հայաստանցի կարգ մը լրագրողներուն համար: Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումէն ի վեր,   մինչ այդ Սփիւռքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող այդ կուսակցութիւնները՝  տարբեր առիթներով  դարձան ոչ միայն հետաքրքրութեան առանցք,  այլ  նաեւ   վատ  լրագրութեան,  շատախօսութեան եւ  պարսաւանքի առարկայ: Տեղին չէ քննարկել այս երեւոյթին   տարբեր շերտերը եւ հանգամանքները, սակայն տեղին է  արագ    նշումներ ընել, որովհետեւ հարցը չի  սահմանափակուիր    հերթական  լրագրութիւն  մը  ընելու սահմաններուն մէջ:
Ի՞նչ է ուզուածը այս կուսակցութիւններէն եւ ինչո՞ւ այս հեգնական մօտեցումը անոնց հանդէպ: Տակաւին ինչո՞ւ   այս  երկերեսանի մօտեցումը, երբ հարցը կը դիտուի  (կամ  շատերու կողմէ որոշ  ճիգ կայ   խնդիրը այդպէս ներկայացնելու)՝  Սփիւռք- Հայաստան     չգոյ  երկփեղկումի   ակնոցով:
Պարոնայք ի՞նչ երկփեղկումի մասին կը խօսուի,  երբ Սփիւռքի    ծանր պայմաններուն տակ  ապրած  եւ   մաքառած  այդ կուսակցութիւնները,     ամէն  գնով    փորձեցին ու    դեռ ալ կը փորձեն զօրավիգ կանգնիլ    Հայաստանին:
Երկփեղկո՞ւմ է, երբ այդ կուսակցութիւնները ամէն առաջնահերթութիւն  մէկդի դրած՝ իրենց քաղաքական-տնտեսական բոլոր սլաքները կ’ուղղեն  դէպի Մայր  Հայրենիք:
Այո՛ Մայր  Հայրենիք:
Այդ կուսակցութիւններուն համար Հայաստանը ի  հեճուկս  իր բոլոր        խարխափումներուն եւ անկումներուն՝ կը շարունակէ մնալ Մայր  Հայրենիք:
Եւ այդ որակումը սոսկական կեղծ  ու շահակցական  որակում մը չէ:
Այս ընդհանուր իրավիճակէն  ելլելով կարիք չկայ յիշեցնելու,  որ   ազգային աւանդական կուսակցութիւններու  Հայաստանի հանդէպ  անցեալին, այսօր եւ վաղը  առկայ պաշտամունքը գոյութենական իմաստ ունի:
Այդ պաշտամունքը մտային մարզանքներու, լրագրողական աճպարարութիւններու, կուսակցական ներքին վէճերու մասին «սքուբ» ընելու եւ ընթերցողներ գրաւելու  միտումին չի նմանիր:
Սփիւռքի սերունդներուն համար կուսակցական պատկանելիութիւնը, ոչ միայն ազգային ըմբռնում է այլ կեանքի ոճ:
Այդ մասին կը վկայեն Միջին Արեւելքի գաղութներուն    մօտիկ անցեալի     դէպքերը: Այդ մասին կը պատմեն  բազում  զոհողութիւններով ու յաճախ արիւնով  պահուած եւ պահպանուած հայկական   թաղամասերու (Պէյրութ եւ Հալէպ),  պահպանումն ու  հայերու անվտանգութիւնը պաշտպանելու  անյետաձգելի  գործին տարբեր  հանգրուանները:
Այս բոլորը պարոնայք յօդուածներով չեն  եղած: Այս բոլորը շահերու,   աթոռներու,  պաշտօններու կամ  մետալներու    մակարդակով չեն եղած:
Այս բոլորը եղած են կեանքով, արիւնով եւ զոհողութեամբ:
Ու ամենակարեւորը,  Սփիւռքի   մօտիկ անցեալի  եւ այսօրուան   ղեկավարութեան համար, Հայաստանին դաս  տալու միտումներ  երբեք չեն  եղած ու չկան:
Տարբեր պայմաններու բերումով     դարձեալ  իրենց նուիրումի   արարքով   տոգորուած,  այդ  կուսակցութիւնները  ծանր հարուածներ ստացան Հայաստանի մէջ:
Անոնք հասան պառակտումի եզրին:  Տարբեր հաշիւներով, տարբեր  զուգադիպութիւններով եւ տարբեր քաղաքական  հանգամանքներու տակ,   այդ կուսակցութիւններուն  վարկը դրուեցաւ փորձութեան նժարին մէջ:
Սակայն յաղթողը     եղաւ  ոգին:
Ու այսօր եթէ Հայաստանի մէջ կուսակցութիւններու հանդէպ համընդհանուր անվստահութեան եւ անհաւատութեան  իրավիճակ մը կը տիրէ,  ապա նոյնը չէ Սփիւռքի պարագային:
Հոն խնդիրը տարբեր է: Հոն կան մարդիկ (եւ լաւ է որ դեռ կան), որոնք հաւատք ունին իրենց գաղափարին հանդէպ:
Հոն  կան  մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը շաղախած են      իրենց դաւանած կուսակցութիւններուն:
Ու կան մարդիկ, որ գիտեն  ժամանակաւորը զատորոշել անցողիկէն:
Տակաւին չեմ խօսիր    երիտասարդ սերունդներուն մասին, որոնց    հոգեմտաւոր  պրիսմակի  ամէնէն   մեծ  արժէքը  Հայաստանն է:
Առիթով մը Վահէ Օշական   խօսելով Հայաստանի անկախութեան   առաջին տարիներուն սերտաճող՝  վատ   իրավիճակին եւ մանաւանդ նահանջներուն  մասին, կը գրէր Սփիւռքի աւանդներուն  կառչած մնալու մասին: Մտաւորականը կը հաւատար, որ միայն  Սփիւռքի մէջ  ստեղծուած  նուիրուելու կամքով է, որ Հայաստանը  պիտի յաջողէր   թօթափել  բոլոր  յոռի բարքերը:
Խօսքը երկուութեան մը մասին չէր:  Խօսքը նուիրուածութեան,  պատրաստակամութեան եւ զոհաբերութեան  մասին էր: Եւ ինքը՝ Օշական լաւ գիտէր, որ առանց  այդ ոգեղէն   արժէքներուն անկարելի էր  յաղթել Արցախի մէջ ու անկարելի էր  պահել    սովետական բրակմաթիզմէն  եւ  շահակցական    ընկալումներէն   նոր աչքերը բացող  մեր երկիրը:
Այսօր ալ նոյնն է:  Սփիւռքի  հայ ժողովուրդը   չէ ընտրած  իր ճակատագիրը: Եւ  շատեր կը մոռնան, որ Սփիւռքը հետեւանք  է եւ ոչ նպատակ:
Հայ ազգային  կուսակցութիւններուն համար եւս   Սփիւռքը  հանգրուան է:
Հիմնական ուղին ու  վախճանական  ամրոցը  այսօրուան Հայաստանն է:  Հայ Դատի բոլոր  երակները Հայաստանէն  կ’անցնին:
Երբեմն ուղին կը կորսուի, երբեմն  այդ    հանդիպումը կ’ուշանայ, երբեմն  ուղեցոյցը կը խարխափէ, բայց  միեւնոյնն է,  ուղին մէկ է ու յստակ, ուղին Հայաստանն է:
Ու ասոր համար է նաեւ, որ զգոյշ պէտք է ըլլալ  նախքան ստեղնաշարին կամ թուղթին մօտենալը՝ այդ կուսակցութիւններուն մասին «սեւացրէք»ի քաղաքականութիւն որդեգրելէ:
Հեշտ է   սպիտակ թուղթը  ընթերցող հաւաքելու համար լեցնել:
Հեշտ է արժէքներու   համակարգը հարուածել:
Հեշտ է խելք բաժնել ու   մեծ-մեծ բառերով  հայրենասիրութիւն   սորվեցնել:
Դժուարը  դրական  տեղաշարժին մասին խօսիլն է: Դժուարը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ծով    նուիրուածութիւնը եւ սէրը գնահատելն է: Եւ դժուարը   ազգն ու Հայրենիքը պառակտող բոլոր սեւ  բիծերը քննադատելն է:
Ասոր համար է նաեւ, որ    այսօր  աւելի քան որեւէ ժամանակ՝  պէտք է նշմարենք, որ ազգային կուսակցութիւններուն    դիմագրաւած տագնապները եւ  վերիվայրումները վնաս են՝ ոչ միայն  Սփիւռքի  ափերով մէկ տարածուած   հայերուն այլ նաեւ Հայաստանին:
Սփիւռքի հայութիւնը  աւելի քան հարիւր տարի  այդ կուսակցութիւններուն հանդէպ իր ունեցած հաւատքով ապրեցաւ:
Ու հակառակ  բոլոր բացթողումներուն՝ այդ  կառոյցներուն ճիգը  արժանի է գնահատանքի ու  յարգանքի:
Անկէ դուրս   բոլոր մանրամասնութիւնները անկարեւոր ու  անցողիկ են:
Սփիւռքի  կուսակցութիւնները   ապրելու համար եղած են: Անոնք    կոչուած են տարբեր  երանգներ ունեցող   Սփիւռքի հայութիւնը դէպի ապահով ափ հասցնելու:
Այդ ճամբան  դժուարին է:
Այդ ճամբան լեցուն  է   վտանգներով:
Ու ատոր համար է նաեւ, որ պէտք է ամէն գնով կարեւորենք  այդ կուսակցութիւններու դերը:
Զգոյշ ըլլանք մեր խօսքերուն մէջ:
Անսակարկ նուիրումով ամրագրուած  գաղթական հայութիւնը  այսօր    եւս  կարեւոր դեր ունի  կատարելիք:
Զգոյշ ըլլանք մեր   վերագրումներուն մէջ:
Հանգիստ ձգենք     ազգային- աւանդական  կուսակցութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին