Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Մայր Բնութիւնը Ինձմով Կը Զբաղի

ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Յուլիսին քսանը անցած էինք, ու արեւը կը կիզէր ամբողջ քաղաքը: Առտուան կանուխ ժամերուն, երբ վստահ էի, որ քաղաքին մեծամասնութիւնը դեռ կը քնանար, արեւը արդէն կը սկսէր քրտինք հոսեցնել ճակտէս: Ես, որ ամէն առտու կանուխ կ՛արթննամ ու տակաւին բնակարանիս մէջ իսկ կանուխէն աշխատելու կը սկսիմ, երբեմն պատուհանը կը բանայի, որպէսզի Սեւ ծովուն կողմէն գալիք թեթեւ հով մը ձերբակալէի, թեթեւ հովով մը զովացնէի կուրծքս, բայց ի զուր: Այդքան կանուխ` օդը տաքցած էր արդէն եւ միայն տաք շունչ մըն էր, որ կը ներքաշէի:

– Լա՛ւ, ըսի, ժամանակը եկած է, որ առտուները, գործի երթալէ առաջ ծովու լոգանք մը առնեմ աճապարանքով: Զովանամ: Կ՛ազդուրուիմ: Անկէ ետք աւելի աշխոյժ կ՛աշխատիմ:

Որոշեցինք յաջորդ օրուընէ սկսեալ կէս ժամ աւելի ուշ ճամբայ ելլել: Շատ ուրախ էի: Բայց երբ յաջորդ առաւօտ արթնցայ, արդէն զգացի, որ դուրսը մռայլ օդ մը կար: Ելայ, նայեցայ: Գորշ ամպեր ամբողջովին գրաւած էին երկինքը, դիմացէն ահաւոր հով մը կը փչէր դէպի մեր կողմը, ծովը կատղած էր: Հասկցայ, որ պիտի չկարենայի իրականացնել ծրագիրս:

– Հոգ չէ, վաղը ծով կը մտնեմ,- մտածեցի:

Բայց հովը ամբողջ օրը շարունակուեցաւ, ծովը երբեք չհանդարտեցաւ կարծես, թէ տակաւին երէկ չէր, որ քաղաքը կ՛եփէր արեւուն տակ:

Յաջորդ օր դարձեալ սաստիկ հով կար, հսկայ ալիքներ կը ծեծէին ծովեզերքը, բայց այս անգամ քաջութիւնը ունեցայ ու գացի ծովեզերք: Ցատկեցի ջուրին մէջ, լողացի կուրծք տալով խոշոր ալիքներուն, որոնք պաղ էին քիչ մը, բայց հաճելի: Միայն թէ տասն անգամ աւելի հաճելի պիտի ըլլար, եթէ ծովը հանդարտ ըլլար, խաղաղ, եւ ես լողայի առանց պայքարելու ալիքներուն դէմ:

– Հոգ չէ, վաղը անպայման աւելի հանդարտ պիտի ըլլայ,- մտածեցի, շուտիկ մը գործս աւարտեցի, անկէ վերջ խմբագրատուն եկանք:

Երբ խմբագրատուն հասանք, անդրադարձայ, որ արեւը արդէն տաքցած էր ու կը խաշէր քաղաքը: Ցաւեցայ, որ սա արեւը կէս ժամ աւելի կանուխ չէր յայտնուած:

Զարմանալին այն էր, որ յաջորդ առաւօտ ալ նոյնը կրկնուեցաւ: Յուլիս ամսուան համար ծայր աստիճան անբնական օդ էր, հովը ուժեղ կը փչէր, կը մսեցնէր: Այդուհանդերձ ցատկեցի ծովը ու ջանացի քիչ մը լողալ: Ալիքները չարտօնեցին: Կարճ կապեցի, ելայ, խմբագրատուն վերադարձայ:

Հինգ օրէ ի վեր հովը կը շարունակուի ու ես յամառօրէն կ՛երթամ ծովեզերք: Յամառօրէն կը կարծեմ, թէ հիմա արեւը պիտի յայտնուի, ու հովը պիտի դադրի: Բայց ոչ արեւը կը յայտնուի, ոչ հովը կը դադրի, ոչ ալ ծովը կը հանդարտի: Վերջապէս հասկցայ: Օդի այս անակնկալ ու անբնական փոփոխութեան պատճառը ես էի: Օդը խանգարուած էր պարզապէս անոր համար, որ ես որոշած էի առտուները կէս ժամ ուշ երթալ ու ծովու լոգանք առնել: Եթէ յուսահատէի, եթէ ըսէի, որ անօգուտ է, ես կը հրաժարիմ առտուները ծով մեկնելէ, ելլեմ ու առաջուան նման կանուխէն խմբագրատուն երթամ, այն ատեն վստահաբար ամէն ինչ պիտի բարելաւուէր, օդը կրկին պիտի տաքնար, հովը պիտի դադրէր, ծովը պիտի հանդարտէր, դրախտային գեղեցկութիւն պիտի ստեղծուէր իմ բացակայութեանս: Կը բաւէր, որ ես ձգէի ու գործի երթայի:

Հիմա գիտեմ, որ մայր բնութիւնը ինձմով կը զբաղի: Միլիառներով մարդ կայ երկրագունդին վրայ, բայց ան ալ միլիառները մէկ կողմ թողած է եւ ինձմով կը զբաղի, իմ շարժումներուս ու մտածումներուս կը հետեւի, իմ զգացումներուս ու մտածումներուս համաձայն է, որ կը կարգադրէ իր գործերը: Անշուշտ կը գործէ հակառակ ուղղութեամբ: Եթէ տաքը կ՛ուզեմ, ցուրտը կը ղրկէ: Եթէ ցուրտը կը փնտռեմ, արեւը կը շողացնէ: Եթէ արեւը ուզեմ, ամպ կ՛ունենամ: Եթէ արձակուրդ ունիմ, օդը տակնուվրայ կ՛ըլլայ: Եթէ աշխատանքի պէտք է իջնեմ, կը ստիպուիմ դրախտային գեղեցկութիւնները ետին թողուլ ու ներսը բանտարկուիլ: Մայր բնութիւնը իր բոլոր գործերը կը կարգադրէ՝ կարծես իմ ներաշխարհիս զարկերուն ականջ տալով եւ անոնց հակառակը գործելով: Հոգ չէ, ես ասիկա պատիւ մը կը նկատեմ: Մայր բնութիւնը ինծի թշնամի չէ, գիտեմ, ես լուրջ գանգատներ չունիմ ո՛չ մայր բնութենէն, ոչ ալ բախտէս, բայց ինչ ընել, որ մայր բնութիւնը կը սիրէ խաղեր սարքել ինծի, կը սիրէ անվնաս փոքրիկ նեղութիւններ պատճառել, կը սիրէ յուսախաբ ընել, զրկանքներ ղրկել ինծի: Բայց միայն օդն ու կլիման չեն, որ կը տնօրինուին իմ հակումներուս դէմ, տակաւին շատ բան կախեալ է իմ տրամադրութիւններէս: Եթէ աճապարանք ունիմ, ճամբան կը խճողուի, ժամանակն ալ չափէն աւելի շուտ կ՛անցնի: Եթէ յոգած եմ, շարունակ այցելուներ կու գան քովս: Եթէ բարեկամի մը օժանդակութեան պէտք ունիմ, բարեկամիս հեռաձայնը չի պատասխաներ: Եւ դեռ այսպիսի շատ բաներ: Եւ ասիկա կ՛ընէ անտարակոյս անոր համար, որ մայր բնութիւնը շատ կը սիրէ զիս: Ան ունի նաեւ թաքուն ուրիշ նպատակ մը: Ամէն վայրկեան ինծի յիշեցնել, թէ կեանքի մէջ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք յարմարելու մեր կամքէն անկախ, մեր փափաքներուն ներհակ կացութիւններու:

Երբեմն ես ինծի կը հարցնեմ, թէ արդեօք չե՞մ կրնար խաբել մայր բնութիւնը, չե՞մ կրնար իմ փափաքներս ու նախասիրութիւններս գաղտնի պահել մայր բնութենէն, որպէսզի ան անոնց հակառակը չգործէ, չե՞մ կրնար սուտ ու կեղծ փափաքներ արտայայտել, որպէսի լոլոզեմ: Պատասխանը գիտեմ: Կարելի չէ: Մայր բնութիւնը հայելիի նման կը տեսնէ մեր ներաշխարհը: Մենք գաղտնի բան չունինք անկէ:

Հիմա վստահ եմ, որ վաղն ալ հովը պիտի փչէ: Գալով ձեզի սիրելի ընթերցողնե՛ր, եթէ կ՛ուզէք, որ օդը լաւ ըլլայ, խնդրեցէք ինձմէ, որ հրաժարիմ առտուները ծով մտնելէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին