Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԽԱՐԽԱՓԵԼՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չեմ կարծեր, որ պատմութեան ընթացքին եղած է նման դար մը, ուր միատեղ գոյութիւն ունեցած են չորս տարբեր սերունդներու մտածողութիւն, որոնք տակաւին չեն կրցած իրար միջեւ հասարակաց գիծ մը գտնել ու համակերպիլ միմեանց, մինչ անդին ժամանակը կը շարունակէ իր վազքը, առանց կարեւորութիւն տալու այդ տարբերութիւններուն:

Անոնցմէ առաջինը այն սերունդն է, որ երթալով  կը նուազի երկրի երեսէն: Անոնք այն անձերն են՝ որոնք ծնած են ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ոչ հեռատեսիլ կար, ոչ համակարգիչ եւ ոչ ալ արդիական միջոցներ ու այդպիսիներուն համար տակաւին անյստակ կը մնայ, թէ ինչպէ՞ս պարզ թելի մը մէջէն գրութիւններ, նկարներ ու ձայներ կրնան երկրէ երկիր ղրկուիլ եւ փոխադարձաբար խօսիլ այդ սարքին միջոցաւ:

Երկրորդ սերունդը այն է, որ իր  40-60 տարեկանին մէջ կամաց-կամաց սկսաւ սորվիլ ու իւրացնել արդիական սարքերը, ինչպէս համակարգիչ, հեռատեսիլ եւայլն: Այդպիսիները առաջիններուն աւելի արդիականացած տարբերակն են՝ այն իմաստով, որ հակառակ իրենք եւս անտեղեակ ըլլալուն, թէ թելի մէջէն այնքան բան ինչպէ՞ս կրնար փոխանցուիլ, սակայն կը փորձեն համոզուած ձեւացնել եւ կամ առանց իսկ միջոցները մտածելու օգտուիլ անոր բարիքներէն՝ հարց չէ, որ թելի կամ այլ բանի մը միջոցաւ կատարուած է փոխանցումը:

Երրորդ սերունդը հաւանաբար այն սերունդն է, որուն մաս կը կազմեմ նաեւ ես: Անոր ծնունդի ժամանակ հեռատեսիլը գոյութիւն ունէր, սակայն համակարգիչը գրեթէ գոյութիւն չուներ անոնց կեանքին մէջ: Հաւանաբար 3րդ կամ 4րդ դասարանին միայն, գծելու փոքր ծրագիրով մը այդ գործիքին ծանօթացած են, զայն գործածելով շատ հազուագիւտ: Սակայն ժամանակի ընթացքին հմտացան անոր մէջ եւ սկսան մրցանիշ արձանագրել՝ անոր գործածութեան մէջ ունեցած իրենց գիտութեան ճամբով: Իսկ խրախուսելին այն երեւոյթն է, որ անոնց մանկական խաղերը չեղան համակարգիչն ու բջիջայինը, այլ «աչքխփուկ»ը եւ նման «հին» ու չորրորդ սերունդին համար գրեթէ զզուեցուցիչ թուող խաղեր:

Չորրորդ սերունդը յետագայ մարդկութեան սարսափ ու վախ պատճառող իրողութիւնն է: Անոնք իրենց ծնած օրէն իսկ տեղեկացան ու կը տեղեկանան համակարգիչի եւ արդիական բոլոր տեսակի նորութիւններու, զանոնք դարձնելու իրենց մանկական խաղալիքները: Անոնք հաւանաբար երբեք չգիտցան եւ գուցէ չգիտնան ալ, թէ ինչ է «հինգ քար», «բարձր քայլ», «դաշկինակ մը ձգել» եւ նման բազմաթիւ խաղեր:

Հետեւաբար չորս իրար հակասող սերունդներու մէջ, ինչպիսի՞ միատեղութեան ու հասարակաց գիծի մը ստեղծման մտապատկերը կրնայ ստանալ մարդ արարածը։ Անցեալին եւս այլ սերունդներու մտածելակերպի փոփոխութիւններ կատարուած են, սակայն վստահաբար այդ մէկը պատահած է հանգրուանային ընթացքով եւ ոչ այնքան արագ՝ ինչ որ է պարագան այսօր: Առաջինէն չորրորդ սերունդին միջեւ կատարուած փոփոխութիւնը, մեծ հաւանականութեամբ անցեալին կատարուէր հազիւ քանի մը սերունդներու անցման միջեւ, սակայն ժամանակները այնպէս եղան, որ արագ ու մեծ քայլերով փոխուեցան մտածողութիւնները, սերունդներու միջեւ ստեղծելով անդունդային տարբերութիւններ:

Անցեալին  իւրաքանչիւր սերունդ յաջորդ սերունդին փոխանցում մը կը կատարէր եւ այդպիսով՝ կրթութեան ճամբով կարելի կ’ըլլար կապ հաստատել սերունդներուն միջեւ․ սակայն այսօր հասած ենք այնպիսի տեղ մը, որ առաջին եւ վերջին սերունդներուն միջեւ գրեթէ հասարակաց ոչ մէկ իրողութիւն գոյութիւն ունի, անոնք լոկ իրար կապուած են ազգականական եւ պատկանելիութեան կապերով, իսկ մտային ու կենցաղային ամէն պարագաները տարբեր են իրարմէ:

Առաջին սերունդը որքան ալ հանդիսատես փորձէ մնալ նման իրողութեան, միւս երեք սերունդներուն միջեւ պայքարը միշտ ալ կը շարունակուի՝ կենցաղային ու մտածելակերպի շատ մը եզրեր իրար պարտադրել փորձելով: Քաոսային  ներկայ իրավիճակին պատճառը մեծ հաւանականութեամբ այդ ստեղծուած մեծ տարբերութիւններն են, որով պատասխանատու ղեկավարները անհասկնալի կը դառնան երիտասարդներուն եւ հասարակաց եզրի մը խարխափումին մէջ, արդէն իսկ կը ստեղծուի սարսափազդու ներկայ վիճակը:

Ինչպէս որ ամէն իրողութիւններու պարագային միշտ ալ երկուութիւնը խնդիրներ եւ հարցեր կը յառաջացնէ, ալ ուր մնաց նոյն միջավայրին մէջ ստեղծուած չորսութիւնը։ Պետութիւններու եւ ազգերու դժբախտութիւնը այն է, որ առանց նկատի առնելու չորս սերունդներու մտածելակերպերը՝ երկրին մէջ կը ստեղծուի միայն մէկ ապրելակերպի դրութիւն եւ այդ հիման վրայ կը ստեղծուին օրէնքներ, որոնք կամ ամենամեծերը պիտի զայրացնեն եւ կամ ամենափոքրերը․ վերջինները ամէն պարագայի ի վերջոյ ըմբոստութեան դրօշ պիտի պարզեն:

Ամէն տեղ՝ պետութիւններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ նոյն այդ ժամանակի հետ քայլ պահելու պայքարն է որ կը տարուի, սակայն կարգ մը հաստատութիւններ՝ ինչպէս օրինակ եկեղեցին, կը մնան ետեւ, որովհետեւ աշխարհը տարօրինակ արագ քայլեր կը նետէ, մինչ  միւս հաստատութիւնները ատակ չեն այնքան արագութեամբ քայլեր ձեռնարկելու:

Նման հարցի մը լուծման համար մեր մօտ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ կը պակսին հոգեբանները, որ կը նշանակէ, թէ մեր այժմու մտածողութեան մէջ հիւանդութիւն եւ խենթութի՞ւն գոյութիւն ունին: Հոգեբաններ միշտ ալ  իրենց մասնագիտութեամբ կրնան կապ մը ստեղծել իւրքանչիւր տարիքի անհատի հետ՝ հասարակաց գիծ մը ստեղծելով հարցերու լուծումներու եւ ելքերու դիմելու, սակայն Միջին Արեւլքի մէջ ապրողին համար հոգեբանին դիմելը ամօթի համազօր իրողութիւն մըն է:

Սերունդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւն մը որոշ ժամանակ ետք կը սկսի ի յայտ գալ նաեւ՝ դպրոցներու դասաւանդման մեթոտներուն մէջ: Բիւր յարգանք մեր բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը ի գործ կը դնեն նոր սերդունդներու դաստիարակման սրբազան գործին մէջ, սակայն կայ իրողութիւն մը, որ կան դպրոցներ, որոնց ուսուցիչներուն տարիքը անցած է 60-70ը, բայց անոնք կը շարունակեն դասաւանդել: Այդ մէկը պատճառ կը դառնայ, որ շատ անգամ անհամաձայնութիւններ ու կռիւներ ստեղծուին աշակերտներուն եւ ուսուցիչին միջեւ, որովհետեւ այդ ուսուցիչը հաւանաբար շատ սքանչելի մտային կարողութիւն ունեցող մը ըլլայ, սակայն ներկայի 15-16 տարեկան աշակերտին կարելի չէ  դասաւանդել այնպէս՝ ինչպէս որ էր պարագան 40-50 տարիներ առաջ, որովհետեւ անոնց միջեւ մտածելակերպի հսկայական տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Հաւանաբար այդ մէկն է պատճառը, որ ամէն տեղ վերաորակաւորման աշխատանքներ կը տարուին՝ ուսուցիչին գիտելիքին կողքին աւելցնելու նաեւ ժամանակակից պահանջքներն ու կենցաղակերպերը եւ հիմա նոր է, որ կամաց-կամաց սկսած են Միջին Արեւելքի մէջ ուսուցիչին մէջ փնտռել հոգեբանութեան ու   մանկավարժութեան գիտութիւնը զարգացնելը՝ աւելի առողջ պաշտօնավարութեան մը որպէս երաշխիք:

Գիտութիւնը իր ամէն նորութիւններով բարիք է մարդկութեան ու աշխարհին, սակայն բարիքը դժբախտաբար շատ անգամ կը վերածուի վնասի, որովհետեւ այնտեղ երբեք նկատի չառնուիր ժամանակն ու միջավայրը: Մարդիկ անյապաղ նորանոր գիւտերու, նոր նուաճումներու ետեւէ են, որ մեծ նպաստ է մարդկութեան ու աշխարհին, սակայն անոնց ներկայացման ձեւը, միջավայրն ու ժամանակը շատ անգամ պատճառ կ’ըլլան, որ ստեղծուած բարիքը ակամայ վերածուի չարիքի: Ասոր կողքին վստահաբար կան այդ մէկը լաւապէս գիտակցողներն ու այդ մասին մտածողներ, որոնք բազմաթիւ նորանոր գիւտեր ու սարքեր պահուած կը պահեն մարդկութեան գործածութենէն՝ կանխագուշակելով անոր բերելիք վնասները ընկերային ու հաւաքական կեանքին, որովհետեւ արդի միջոցները դժբախտաբար մարդը կղզիացնելու ուղղութեամբ միայն կը գործեն:

Կը յիշեմ վաստակաշատ ուսուցիչներէս մէկը, որ իր խօսքը համացանցին դիմաց նստածին ուղղելով կ’ըսէր. «Քովը մարդ նստած է, սակայն ան գործիքին մէջ ինկած մարդ կը փնտռէ, որ անոր հետ խօսի…», ինչ որ ներկայիս առաւել կամ նուազ չափով բոլորս կը կատարենք:

Անցեալին եթէ մարդկութեան մէջ սերունդներու փոփոխութիւնը կը կատարուէր կէս դարը եւ կամ 20-30 տարին անգամ մը, այդ մէկը ներկայիս կը պատահի 6էն 8 տարին անգամ մը, հսկայական անորոշութիւն ստեղծելով ուսումի, գիտութեան, հոգեբանական, ընկերային եւ հաւաքական միջավայրերու մէջ:

Յառաջընթացի գործողութիւնը երբեք ալ վերջ պիտի չունենայ եւ կարելի պիտի չըլլայ անոր վազքը կասեցնել որեւէ տեսակի յեղափոխութեամբ, ան միշտ պիտի շարունակէ առաջ երթալ, միշտ ալ մարդկային միտքը կասկածի մատնելով, որ «յառաջդիմութիւն» է կատարուածը թէ՞ ոչ «յետքայլ»: Այդ պատճառով է, որ արդէն արածներու շարքին անցած են այս խօսքերը. «Մարդկութիւնը որքան առջեւ երթայ, այնքան յետքայլի մէջ է» եւ կամ «Որքան բնակչութեան թիւը աւելնայ, մարդկութիւնը այնքան կը նուազի»: Վստահաբար աչքերնիս գոց գիտենք, թէ այս խօսքերը կը պատկանին կա՛մ չորրորդ եւ կամ երրորդ սերունդի մարդոց:

Թէ յառաջիկայ սերունդները ինչպիսի՞ աղէտներ եւ կամ յառաջդիմութիւններ պիտի բերեն աշխարհին, այդ մէկը կը մնայ անյստակ, սակայն այսպիսի ընթացքով միշտ ալ յեղափոխութիւններ ու ըմբոստութիւններ անպակաս պիտի ըլլան:

Երանի անոր, որ մարդկութեան սերունդին կը պատկանի, կարենալով հաւասարակշռել ամէ՛ն բան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին