Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Լիբանան; Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»ի Զարգացման Նպաստող Անդրանիկ Ճամբարի Փակման Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկին եւ կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան, 3 Օգոստոս 2015ին Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ սկիզբ առած «Ուիքի» ճամբարը վերջ գտաւ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ:

Արդարեւ լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներու, 10 օրերու ընթացքին սորվեցան գործածել «Ուիքիփետիա»ն եւ խմբագրեցին արեւմտահայերէնով:

Շահէն Արապօղլեան
Շահէն Արապօղլեան

Ճամբարին մասնակցող աշակերտներուն անունով խօսք առաւ Շահէն Արապօղլեան: Ան շեշտեց կատարուած աշխատանքին կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա պիտի նպաստէ սփիւռքահայ պատանիներուն հարազատ ձեւով կարդալու «Ուիքիփետիա»ի նիւթերը, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ, որ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ եւ զարգանայ: Ան նկատել տուաւ, որ ճամբարի ընթացքին բոլոր մասնակիցները ապացուցեցին, որ իրենք գիտակից են, ունին հետաքրքրութիւններ, կրնան փոփոխութիւններ յառաջացնել եւ նպաստել մեր լեզուին պահպանման: Խօսքի աւարտին ան իր ընկերներուն անունով հաստատեց, որ կը խոստանան շարունակել աշխատանքը, խմբագրել «Ուիքիփետիա»ի մէջ եւ դառնալ արեւմտահայերէնը պաշտպանող զինուորներ:

«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան խօսք առնելով հաստատեց, որ ճամբարին մասնակցող աշակերտներուն ընտրութիւնը շատ լաւ կատարուած էր: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ամէն տարի երեք ճամբար կը կազմակերպուի՝ երկու ճամբար ամրան ընթացքին, իսկ մէկ ճամբար ալ ձմեռը` աւելցնելով, որ այսուհետեւ Սփիւռքի մէջ եւս տարեկան դրութեամբ պիտի կազմակերպուին ճամբարներ: Խօսելով ճամբարի առաւելութիւններուն մասին Ս․Մկրտչեան բացատրեց, որ սոյն նախաձեռնութեան նպատակը միայն արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»ի զարգացումը չէ, այլ նաեւ` երբ աշակերտները իրենք կը ստեղծեն յօդուածներ, աւելի լաւ կը սորվին: Ան հաստատեց, որ մասնակիցները շատ խանդավառ եւ ուրախ էին: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն:

Սուսաննա Մկրտչեան
Սուսաննա Մկրտչեան

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ճամբարին մէջ տեղի ունեցած գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը ամէնէն աշխոյժ եւ ծաղկուն համայնքն է, որ վերապրեցաւ Ցեղասպանութենէն եւ շատ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կրցաւ ստեղծել ծաղկուն օճախ իր բոլոր ենթակառոյցներով՝ եկեղեցիներով, դպրոցներով, մշակութային կեդրոններով եւ քաղաքական կուսակցութիւններով, երեւոյթ մը, որ հպարտալի է: «Երբ միասնական ենք, նաեւ նուիրուած` յաղթական ենք եւ կրնանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները», հաստատեց դեսպանը: Ան նկատել տուաւ, որ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման մասին` աւելցնելով, որ կարգ մը դժուարութիւններ կան, սակայն կազմակերպուած ճամբարները կարելիութիւն կը ստեղծեն շփուելու, կատարելագործելու եւ զարգացնելու: Ան մաղթեց, որ դժուարութիւնները անմիջապէս կարելի ըլլայ յաղթահարել, որպէսզի չկորսնցնենք մեր լեզուն, մեր հարուստ աւանդութիւնները, կրթական եւ բարոյական արժէքները: «Մենք ձեզմով հպարտ ենք: Դուք էք ապագան կերտողները, դուք էք լեզուն պահպանողը: Կը մաղթեմ, որ աւելի յաճախակի ըլլան Հայաստան ձեր այցելութիւնները, որպէսզի ձեր գիտելիքներով, ձեր գործով, ձեր կարելիութիւններով, ձեր ներուժով նպաստէք Հայրենիքի հզօրացման», ըսաւ դեսպանը` խօսքը ուղղելով աշակերտներուն: Ան եզրափակելով իր ելոյթը կոչ ուղղեց աշակերտներուն՝ բարձր պահելու մեր ազգի պատիւը

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեան
Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեան

Ապա բեմ բարձրացան ճամբարին ընտրուած եօթը աշակերտները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16-25 Օգոստոսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Ուիքի» ճամբարին: Անոնք են Սիլվիա Սերայտարեան, Ռիթա Սարգիսեան, Շահէն Արապօղլեան, Ռիթա Քէրթէնեան, Ասատուր Պասմաճեան, Յակոբ Թաշճեան եւ Նազօ Քէշիշեան: Սուսաննա Մկրտչեան յայտարարեց նաեւ չորս աշակերտներուն անունները, որոնք պիտի մասնակցին ձմրան ընթացքին տեղի ունենալիք ճամբարին՝ Հրակ Ստեփանեան, Կարօ Քէօշկերեան, Ուիլսըն Թամզարեան եւ Կասիա Գազանճեան: Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Ուիքի» ճամբարի ընտրեալները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի ճամբարին՝ Էտուարտ Խաչատուրեան, Լիլիթ Շահպազեան, Սուզաննա Մկրտչեան, Կարիկ Խաչատրեան եւ Հովինար Յովհաննիսեան: Բոլոր ընտրեալները, ինչպէս նաեւ մասնակցողները ստացան հաստատագիրներ եւ յուշանուէրներ: Այս առիթով իբրեւ գնահատանք, ուսուցիչներուն եւս տրուեցան հաստատագիրներ եւ յուշանուէրներ:

Ապա ճամբարի մասնակիցներէն Նարօտ Ադամեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց «Առ այլուղս» երաժշտական կտորը:

Հանդիսութեան ընթացքին Լիզպոնէն «Սքայփ»ի ճամբով ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց՝ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան: Ան կարեւոր քայլ մը նկատեց այս նախաձեռնութիւնը, որ կը նպաստէ արեւմտահայերէնով ստեղծագործման` յոյս յայտնելով, որ նման ճամբարներ կը շարունակուին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Ուիքի»ի «Քայլերգ»ով` կատարողութեամբ մասնակիցներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին