Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

ՍԵՒՐԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ 95-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ

                                                                                                  ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ազգերու, նամանանդ Եւրոպական զարգացած պետութիւններու դիւանագիտական գործունէութեանց ու ,խաղեերուն մէջ ծանօթ է Սեւրը եւ անոր բովանդակութիւնը, որ սակայն հակառակ իրենց իսկ հովանաւորութեամբ զգեցած իւրայատուկ տարազին, ցաւ ի սիրտ ան մնաց թուղթի վրայ (միա՜յն)… որպէս ընդունուած, բայց չգործադրուած դաշինք, նոյն ինքն եւրոպացի օրուայ դիւանագէտներու շահադիտական կեցուածքներուն արդիւնքով:

Շատերուն ծանօթ Սեւրի հաշտարար պայմանագիրը ստորագրուեցաւ ասկէ ուղիղ 95 տարիներ առաջ, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ, 10 օգոստոս 1920ին: Ըստ կայացած համաձայնագրի, Հայաստանը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն պիտի ստանար 90.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան այդ օրերուն ունեցած հողատարածքին հետ՝ անոր սահմանները պիտի կազմէին 161.330 քիլոմեթր քառակուսի, աւելին՝ նաեւ Սեւ Ծով ելք ունենալու հնարաւորութիւն:

Սեւրի պայմանագիրը կնքուեցաւ մէկ կողմէ Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան, միւս կողմէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն յաղթական ելած դաշնակից պետութիւններու, առաւել՝ Հայաստանի միջեւ: Դաշնակից պետութիւններէն ներկայ էին Անգլիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Ճափոնը, Պելճիքան, Յունաստանը, Լեհաստանը, Փորթուքալը, Ռումանիան եւյլն: Հայաստանի կողմէ հաշտեցման համաձայնագիրը ստորագրեց գրող, մտաւորական Աւետիս Ահարոնեանը: Ան և արևմտահայութեան ներկայացուցիչ, Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար Պօղոս Նուպար փաշան, նախապէս գլխաւոր դաշնակից պետութիւններու հետ արդէն կնքած էին լրացուցիչ պայմանագիր՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մասին:
Դաշնակից պետութիւններ, միասնաբար մաս կազմելով հաշտեցման համաձայնագրին եւ ստորագրելով զայն, ինքնաբերաբար եւ բնականաբար ճանչցած եղան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս ,ազատ ու անկախե երկիր:
Սեւրի պայմանագիրը բաղկացած էր 13 մասերէ եւ 433 յօդուածներէ, որմէ պիտի օգտուէին հայեր, յոյներ, քիւրտեր եւ բնականաբար յաղթանակած երկիրներ: Ըստ պայմանագրի ոգիին, Թուրքիան սոյն դաշնագրով Հայաստանը կը ճանչնար որպէս ,ազատ ու անկախ պետութիւնե եւ ըստ դաշնագրի, Թուրքիան և Հայաստանը համաձայնեցան Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներու միջեւ սահմաններու դասաւորումը թողուլ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, միաժամանակ միշտ պատրաստակամ ըլլալով ընդունելու անոր արձակելիք իրաւարար վճիռը: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններ որոշելու հարցին, այդ պիտի իրականանար 3 պետութիւններու միջեւ տեղի ունենալիք ուղղակի բանակցութիւններու միջոցաւ:
Եւ արդարեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 1920 թուականի Նոյեմբեր 22ին աւարտելով իր անկողմնակալ որոշումը, զայն յանձնեց եւրոպական դաշնակից տէրութիւններուն, եւ ըստ անոր իրաւարար որոշման, Հայաստանը պէտք էր ստանար Վանի և Պիթլիսի նահանգներուն աւելի քան կէսը, Էրզրումի վիլայէթի հիմնական մասը, իսկ Տրապիզոնի արեւելեան հատուածը՝ ներառեալ համանուն քաղաքը:
Ինչպէս յիշեցինք վերը, ընդհանուր առմամբ այդ տարածքը 90 հազար քմ2 էր և հոն կար կարեւոր պարագայ մը եւս, Հայաստանին կ՚ապահովէր ելք դեպի Սեւ ծով:
Ըստ ժողովականներուն Սեւրի պայմանագրով պիտի լուծուէր Անկախ և Միացեալ Հայաստանի ստեղծման հարցը: Սակայն ինչպէս այլ դաշինքներու պարագային, դժբախտաբար Սեւրը եւս մնաց թուղթի վրայ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ այդ օրերուն իշխանութեան հասած ,տէօնմէե Մուսթաֆա Քեմալ մերժեց ճանչնալ՝ սուլթանական Թուրքիոյ ստորագրած պայմանագիրը եւ շարունակեց իր արշաւանքները թէ՛Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ ամայացած նահանգներուն մէջ, աւելի ուշ իր ուժերը հասցնելով մինչեւ Արեւելեան Հայաստանի սիրտը… այդ ժամանակ օրուայ Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտադրել տալով Ալեքսանդապոլի ծանօթ ու շատ յայտնի դաշնագիրը՝ 2 Դեկտեմբեր 1920ին․..:
Գոռոզ ու միանձնեայ ղեկավար Մուսթաֆա Քեմալ, Անատոլիան պարպելէ ետք հայերէն, յոյներէն եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւնններէն ու առաւելաբար օգտուելով ստեղծուած միջազգային նոր իրադրութենէն, նամանաւանդ որոշ պետութիւններու հետ իր հաստատած սիրալիր բարեկամութեան արդիւնքով՝ եւրոպացիներէն պահանջեց Սեւրի պայմանագրի վերանայումը, որու արդիւնքով ծնաւ տխրահռչակ Լոզանի պայմանագիրը․..: Արդարեւ 20 Նոյեմբեր 1922 թուականին Լոզանի մէջ գումարուած խորհրդաժողովին, ան յաջողեցաւ վերացնել տալ Սեւրի դաշնագրի պայմանները՝ եւրոպացիներու զարմանալի՜ եւ զարմացնո՜ղ դիւանագիտական կեցուածքներուն ու խաղերուն արդիւնքով, որոնք մոռցա՜ծ էին հայն ու Հայաստանը, ջարդն ու կոտորածը եւ միլիոնաւոր անմեղ մարդոց արիւնը․..: Այլ խօսքով քրիստոնեայ Եւրոպան կրկին երես կը դարձնէր քրիստոնեայ Հայաստանին… որ իր 30.000 քառ․ քմ․ տարածութեամբ միայն, 29 Նոյեմբեր 1920 թուականէն սկսեալ պիտի գտնուէր Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ:
Մէկ խօսքով Հայաստան կրկին անգամ զոհը պիտի դառնար եւրոպացիներու կամ օտարներու որձեւէգ քաղաքականութեան․..: Եւրոպացիներ օրին ոչ միայն բաւարարուած էին եղածով, այլեւ ճանչցած էին Մուսթաֆա Քեմալի Անգարայի կառավարութիւնը եւ Սեւրի պայմանագրով Հայաստանին տրուած հողատարածքները ամենայն յօժարութեամբ, ոսկի ափսէի վրայ դրած յանձնեցին Թուրքիոյ… թաղելով Սեւրի համաձայնագիրը:Աւելին, անոնք ձեւով մը ,նուիրեցինե նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Արեւելեան Հայաստանէն զաւթուած նոր հողատարածքները, որոնք կ՚ընդգրկէին Հայաստանի նախկին շրջաններ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն․..:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի այս տարուան մէջ, հակառակ Սեւրի դաշնագրի ստորագրման թուականէն անցած 95 տարիներուն, այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի մենք Սեւրի դաշնագրին կը նայինք իրաւախոհական դիրքով, հաւատալով անոր իրազեկութեան ու անժամանցելութեան, քանի որ անոր յաջորդող Ալեքսանրդապոլի դաշնագիրը, որ կու գար ջնջելու Սեւրի պայմանները, իրաւականօրէն չուներ եւ չունի պաշտօնական հանգամանք, որովհետեւ գետնի վրայ զայն ստորագրող երկու կողմերն ալ այդ օրերուն զուրկ էին պետական իրաւական հանգամանքէ․..:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին