Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Հայրենիքէն Վերադարձին Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնի Նախագահը «Զարթօնք»ի Խմբագրատան Մէջ

Չորեքշաբթի 11 Օգոստոս 2015- ի յետմիջօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնի Նախագահ եւ «Սիփան» Դահոյկի  Միութեան  երկարամեայ ատենապետ ու վեթերան անդամ Պրն. Նշան Համամճեան:

Հաճելի եւ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, Պրն. Համամճեանէն իմացանք կարգ մը մանրամասնութիւններ՝ ինչ կը վերաբերի Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող (որ շուտով կը հասնի իր աւարտին) Համահայկական Խաղերուն լիբանանահայ խումբերուն մասնակցութեան մասին:

Պրն. Համամճեան նախապատրաստական հանգրուանը ամփոփեց հետեւեալ ձեւով. «Համահայկական Խաղերու նախօրէին՝  շուրջ վեց ամիսներ առաջ արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքները սկսանք, այցելութիւններ տալով Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, որպէսի  տան իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը, որովհետեւ այս տարի Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կեդրոնական Մարմինը որոշած էր, Համահայկական խաղերու ծրագիր կանոնագրին համաձայն, իւրաքանչիւր հայու բնակած քաղաքին անունով կարելիութիւն ստեղծելու խումբերու  մասնակցութեան:  Հետեւաբար  Լիբանանի պարագային  որոշեցինք մասնակցիլ լիբանանեան հայահոծ չորս քաղաքներու անունով՝ Պէյրութ, Պուրճ Համմուտ, Անթիլիաս եւ Այնճար»:

Այս տարուայ Համահայկական Խաղերը նուիրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակին, որ ինքնին յատուկ առիթ մըն էր։ Այս իսկ պատճառով Պրն. Նշան ըսաւ․ «Որոշեցինք Լիբանանէն պատկառելի թիւով պատուիրակութեամբ մասնակցիլ, զայն հասցնելով 180 մարզիկի անկախ պատասխանատուներէն»:  Պրն Համամճեան շարունակեց տեղեկացնելով, որ «անցեալին ընդհանուր մարզախաղերուն թիւը 11 էր, սակայն այս տարի այդ թիւը բարձրացած էր 18ի, որոնցմէ 11ին մասնակցեցաւ Լիբանանը»:

Պրն. Նշան Համամճեան (աջէն երկրորդը), Համահայկական Խաղերու մասնակից  պասքեթպոլի խումբին հետ:
Պրն. Նշան Համամճեան (աջէն երկրորդը), Համահայկական Խաղերու մասնակից պասքեթպոլի խումբին հետ:

Հպարտութեամբ իրմէ իմացանք, որ մինչեւ երէկ կայացած մրցաշարքերուն Լիբանան կրցած է ապահովել երկու ոսկի մետալներ՝ մէկը Պէյրութի, իսկ միւսը Այնճարի խումբերուն միջոցով: «Տակաւին յոյս ունինք, որ երկու մետալներու եւս տիրանայ Լիբանանի պատուիրակութիւնը, մին աղջկանց կողովագնդակի (պասքեթպոլի), իսկ միւսը փինկ-փոնկի պարագային», յայտնեց Պրն. Համամճեան:

Խաղերը լաւ կազմակերպուած էին ըստ Պրն. Նշանին եւ այս տարուայ կարեւոր նորութիւնը այն է, որ Արեւմտահայաստանէն (Մուշէն, Սասունէն եւ այլ վայրերէ) մասնակցած են մեծ թիւով  հայկական ծագումով մարզիկներ:

Պրն․ Համամճեան ցաւով խոստովանեցաւ, որ հակառակ խաղերու լաւ ընթացքին, առաջնահերթութիւնը տրուած էր մասնակցողներու թիւին եւ ոչ որակին.․.:

«Յաջորդին կը նախատեսուի, որ եթէ կարելիութիւն ըլլայ խաղերու մասնակի կայացում մը ըլլայ նաեւ Արեւմտահայաստանի մէջ, ինչպէս ձմեռնային մարզաձեւերու պարագային», բացայայտեց Պրն. Համամճեան բայց անմիջապէս աւելցնելով, թէ «այս մէկը առաջարկ է, սակայն անոր իրագործումը աշխատանքի կը կարօտի»:

Պրն. Նշան Համամճեանէն իմացանք, որ իր Հայաստան կեցութեան միջոցին Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով, այցելութիւն մը տուած է Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպանատուն ու դեսպան Պրն. Ժան Մաաքարոնը պատուած  յաւուր պատշաճի յուշանուէրով մը:

Պրն. Նշան Համամճեան Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպանին՝ Պրն. Ժան Մաաքարոնին (ձախին) յուշանուէրը յանձնելու պահուն:
Պրն. Նշան Համամճեան Հայաստանի մօտ Լիբանանի Դեսպանին՝ Պրն. Ժան Մաաքարոնին (ձախին) յուշանուէրը յանձնելու պահուն:

Նշենք, որ Պրն. Համամճեան լիբանանահայ պատուիրակութեամբ մը այցելած է նաեւ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կեդրոնական Մարմնի նախագահ Պրն. Իշխան Զաքարեանին՝ Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնի անունով յուշանուէրով մը պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու յարգելի նախագահին:

Պրն. Համամճեան մեր զրոյցին աւարտին հետեւեալ դրուագը պատմեց. «Երեւան մէջ կ՛անցնէիք արձանի մը մօտով: Երբ շարժավարին հարցուցի, թէ որո՞ւ արձանն է, ան ըսաւ, որ Սախարովինն է: Իմ զարմանքիս, թէ ինչո՞ւ ոչ հայու մը արձանը զետեղուած է այս կարեւոր դիրքին վրայ, շարժավարը մեծ հպարտութեամբ գոչեց՝ որովհետեւ անոր կողակիցը հայ էր…»:

Յաջողութիւն Պրն. Համամճեանին եւ Համահայկական Խաղերու Լիբանանի Միացեալ Մարմնին: Նորանոր եւ աւելի բարձր նուաճումներ լիբանանահայ մարզախումբերուն:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին