Ալեքսան Սրկ. Գալայճեան
«Հայերն Այսօր»
Երախտագիտութիւնը բանալին է կեանքի յաջողութեան, զոր կը դրսեւորուի միայն գործով: Իսկ գործը կեանքի կը կոչուի ինքնագիտակցաբար կատարուած արարքներով` երբ ան ամրակայուած է անխախտ սկզբունքներով եւ ընկերութիւնը սատարող գործառոյթներով: Մարդ ո՛րքան երախտապարտ գտնուի, այնքան աւելի կրնայ ներկան լիովին ապրիլ: Եւ որքան մարդ կարենայ ներկայի դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները դիմակայել, այնքան աւելի կրնայ պայծառ ապագայ մը կերտել:
21-րդ դարու մէջ ապրած հայ երիտասարդը փորձած է քայլ պահել գիտութեան հետ եւ զարկ տալ իր ուսման, որովհետեւ գիտակցած է թէ ուսումը միջոց է կեանքին նուաճելու ու տիրանալու եւ նամանաւանդ իր նպատակին հասնելու: Սակայն մարդ չի կրնար իրականացնել իր երազները եւ մարմնաւորել իր գերնպատակները, եթէ չկան նիւթական միջոց ու հնարաւորութիւն:
Արդարեւ, Մեծ Եղեռնի «Գողգոթա»էն ճանապարհորդագրած եւ հարստահարութեանց, տուայտանքներու, կեղեքումներու ու դիմայեղութեանց ենթարկուած Սուրիահայութիւնը մշտապէս գիտակցած է ազգին գոյութեան սպառնացող վտանգը եւ ֆիզիքական ոչնչացումէ ազատածի բնազդով փարած է ազգը պահպանելու եւ գոյատեւելու հրամայականին: Սակայն անցնող 5 տարիներու ընթացքին մարդաբուեր` ահաբեկիչներ փորձեցին անճիտել ու բաժնել սուրիական մեր հայրենիքը, որուն իբրեւ հետեւանք Սուրիահայութիւնը պառակտուեցաւ ու բաժան-բաժան եղաւ` գաղթելով Հայաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ:
Հայրենիքը գրկաբաց ընդունեց Սուրիահայութիւնը եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն իմաստով փորձեց օգտակար դառնալ: Սուրիահայ երիտասարդութիւնը նոյնպէս չզրկուցաւ բարձրագոյն կրթութենէ` շնորհիւ հայուղի եռամիասնութեան` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան: Այս երեք մարմինները պատրաստակամութիւն յայտնեցին մեր Սուրիահայ երիտասարդներուն կրթական բակալավրի (Bachelor) 4 եւ Մասթըրսի (Master’s) 2 տարիներու ուսումնավարձերը հոգալ` զանոնք անմասն չթողնելով կեանքի զէնքէն` ուսումէն:
Սփիւռքի նախարարութիւնը իր վեցամեայ գործնունէութեամբ դարձաւ Սփիւռք-Հայրենիք հիմնարար կամուրջը: Կամուրջ, որ եղաւ հայոց անցեալ փառքին շեփորահարը, մեր ազգային նպատակներուն յուշարարը, մեր ինքնութեան պահապաններէն մին ու հայապահպանման պայքարի մարտիկը:
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը իր մեծանուն բարերարին կտակը աւելիով իրագործեց եւ ցայսօր աւելի գօտեպնդուած կը շարունակէ իր նուիրական գործունէութիւնը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Այս հիմնարկն է, որ տարիներ շարունակ հիմնեց «հայաբարբառ» դպրոցներ` այբուբենը հնչեղ դարձնելով մեր մատղաշ սերունդի հոգւոյն մէջ: Կրթաթոշակներ յատկացուց Հայաստանի եւ սփիւռքահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն` պարարտ ենթահող հանդիսանալով մեր ապագայ ռահվիրաներուն:
Հ.Բ.Ը.Մ.ը նոյնպէս իր հիմնադրութենէն օրէն իսկ դարձաւ ազգային նպատակներու ներշնչարանը, հայ մշակոյթի հրիտակողը, հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան ու զարգացման կարելիութիւններու աղբիւրը եւ հայ երիտասարդին աջակիցն ու թիկունքը: Հայ երիտասարդներ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի շուրջ համախմբուեցան եւ անոր միջոցաւ ստեղծեցին օտար տարածքներու վրայ «հայ բնօրրան» մը:
Կարելի չէ ուրանալ այս մեծ բարեգործութիւնը, որ կը կատարուի մեզի` Սուրիահայ երիտասարդներուս: Սուրիահայերը ո՛ւր որ գտնուած են` շինած ու շէնցուցած են, պայծառակերպած ու իրենց հոգին դրած են իրենց ապրած հողին մէջ: Մենք ներկայի մէջ ապրող եւ դէպի ապագայ հայող ազգ ենք: Յուշով ու յիշատակով միայն չենք ապրիր: Յամառ եւ անտեղիտալի պայքարով մեր գոյութիւնը ապահովող ու տեւականացնող ժողովուրդ ենք այսօր` ի խնդիր վաղուան, ապագայի մեր լուսաշող հեռանկարներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր Սուրիահայ երիտասարդ պէտք է այդ երախտագիտութիւնը գործով դրսեւորէ` իր հայրենիքին բարօրութեան ու պանծացման համար: Պէտք է ապրի «Թէեւ հայրենիքի մէջ չեմ ծնած, բայց հայրենիքը իմ մէջս է ծնած»կարգախօսով եւ իր ներդրումը բերէ նորանկախ մեր հայրենիքի կերտման ու հզօրացման:
Ըսուած խօսք է, թէ ազգեր կ’ապրին ու կը գոյատեւեն հայրենիքո՛վ միայն: Հայրենիքը սոսկ հող ու ջուր, զգացում ու երազ չէ, հայրենիքը ժողովուրդն է իր պետականութեամբ: Պետութեան հզօրացումը ժողովուրդին հզօրացումն է, եւ` փոխադարձաբար: Պետութիւնը ժողովուրդին ձայնն է, կամքն է, իսկ երիտասարդութիւնը` պետութեան ամուր յենարանը®: Հայրենիքին հզօրացումը կարելի չէ ապահովել գեղեցիկ մտորումներով, զգացական արտայայտութիւններով եւ շինիչ թելադրութիւններով: Հայրենիքը կը զօրանայ իր բոլոր զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ ու ամբողջական զոհողութեամբ, քրտինքով ու արիւնով միայն:
Հանրայայտ հրապարակագիր Շահանդուխտ կը հաստատէ` ըսելով. «Գիտութիւնը դարը չի փոխեր,մենք կը փոխենք դարը մեր տկարութեամբ, մեր ինքնութեան անգիտակից տրամադրութեամբ:Գիտութիւնը մեզ կը զարգացնէ, ամէնէն աւելի հայը կ’ըմբռնէ գիտութեան արժէքը եւ կըյառաջդիմէ` իր ամբարած նոր գիտելիքները ծառայեցնելով մեր ազգային յառաջընթացին, եւ ոչ`օտարին ջաղացքին ջուր տանելու»:
Սուրիահայ երիտասարդութիւնը միշտ ապրած է ու կ’ապրի Հայրենիքով եւ յանուն Հայրենիքի: Ա՛յս են մեր սրբազան կարգախօսն ու երախտիքը: