Կ՛ապրինք օրեր, ուր երիտասարդութիւնը, որոնց շարքին Հայ երիտասարդութեան կարեւոր թիւ մըն ալ, իր կարգին դժբախտաբար անտարբեր է ու անուշադիր՝ ինչ կը վերաբերի ազգային ու համամարդկային հիմնահարցերու, ընկղմած է «հոգեկան սովի» գիրկը ու տարուած սպառողական ընկերութեան (consumer society) ամենաաժան մանրամասնութիւններով` հեռու մարդկային ու ազգային արժէքներէ եւ գաղափարական իտէալէ:
Ի տես մարդկային առողջ ընկերութեան անկումի այս երեւոյթին, մեզի կը մնայ նոյնիսկ եթէ համաձայն չըլլանք տուեալ կողմի մը գործունէութեան մանրամասնութեանց, ի խորոց սրտի յարգել զայն, մանաւանդ երբ ան իր մէջ կը պարփակէ անձնուրացօրէն ընդհանուրին նուիրուելու գաղափարախօսութիւն մը, որուն պակասէն այնքան կը տառապինք այսօր:
Համաձայն չըլլալով հանդերձ ահաբեկչական ամէն տեսակի երեւոյթի, մենք ալ մեր կարգին կը հաւատանք, որ զինեալ պայքարը միջոցներէն մէկն է դէմ դնելու բռնագրաւիչներուն, պաշտպանելու հայրենի հողը՝ տէր կանգնելով Հայաստան Հայրենիքին, ներառելով Արցախը պաշտպանելով անոր սահմանները եւ վերատիրանալու մեր պատմական հայրենի հողերուն:
«Խմբ.»
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) հիմնադրման 40րդ եւ «Կարին» գործողութեան 33րդ տարեդարձներուն առիթով, Օգոստոս 7ին ԱՍԱԼԱի նախկին ազատամարտիկներ եւ բազմաթիւ այլ քաղաքացիներ, Երեւանի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին ԱՍԱԼԱի նահատակներու յիշատակին:
Անոնք ծաղիկներ տեղադրեցին ԱՍԱԼԱի նահատակներու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին, կը յայտնէ News.amը:
«Քանի Արեւմտեան Հայաստանը դեռ գրաւուած է, 40, 50, 60 տարին որեւէ բան չի փոխեր մեր մէջ, պայքարը կը շարունակուի նոյն հոգիով: Ինչպէս 30 տարի առաջ, երբ ես կատարեցի «Վան» գործողութիւնը ու կը հաւատայի այդ պայքարին, հիմա ալ նոյն միտքին եմ», լրագրողներուն ըսաւ ԱՍԱԼԱի «Վան» գործողութեան հրամանատար Վազգէն Սիսլեան:
Վազգէն Սիսլեան վստահութիւն յայտնեց, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը օր մը կը վերադարձնէ իր բռնագրաւուած Հայրենիքը:
Նշենք, որ 1975ի Յունուար 20-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը Պէյրութի մէջ, Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի գրասենեակին դէմ կատարեց իր առաջին գործողութիւնը: Այդ գործողութեան արդիւնքով ոչ մէկը չտուժեց, նպատակը Հայաստանէն արտագաղթին օժանդակող այդ գրասենեակին գործունէութիւնը դադրեցնել էր։
Ընդհանուր առմամբ մինչեւ 1997 թուականը, ԱՍԱԼԱի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած են աւելի քան 200 յարձակումներ, որոնց ընթացքին սպաննուած են 42 թուրք դիւանագէտներ: Գործողութիւններուն նպատակն էր ստիպել Թուրքիոյ կառավարութեան, հրապարակաւ ճանչնալ 1,5 մլն հայերու սպանութեան՝ Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը, փոխհատուցել եւ վերադարձնել պատմական Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքները:
ԱՍԱԼԱի գործունէութեան ընթացքին զոհուած է կազմակերպութեան աւելի քան 30 մարտիկ, նաեւ քանի մը տասնեակ անդամներ կալանաւորուած եւ դատապարտուած են բանտարկութեան, ապա իրենց բանտային ազատազրկման ժամանակը վերջանալէ ետք ազատ արձակուած:
«Առանց Զինեալ Պայքարի, Որեւէ Թիզ Հող Չ«ազատագրուիր» . Գէորգ Եազըճեան
«7 Օգոստոսը ոչ թէ ԱՍԱԼԱի ծննդեան օրն է՝ այլ զինեալ ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուած բոլոր նահատակներուն յարգանքի օրը, որոնց մէջ նաեւ Լիզպոնի տղոց յիշատակի օրը»: Հայրենի «Արեւելք»ի թղթակիցին յայտնեց «Հայկական Ժողովրդային Շարժում»ի (ՀԺՇ) հիմնադիրներէն հրապարակախօս Գէորգ Եազըճեան: Եազըճեան պատասխանելով հարցումի մը, որ արդեօ՞ք զինեալ պայքարի հանդէպ այսօր մեր ժողովուրդին մօտ հաւատք կայ պատասխանեց․ «Դժբախտաբար ոչ եւ այսօրուան դրութեամբ նոյնիսկ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ այդ ըմբռնումը շատ թոյլ է»: Խօսելով Սփիւռքի մասին Եազըճեան նոյնպէս նկատել տուաւ, որ Սփիւռքի մէջ եւս զինեալ պայքարի գաղափարը մեծամասնութեան համար կը սեպուի ժամանակավրէպ եւ այդ ուղղութեամբ կը մտածեն միայն քիչ թիւով երիտասարդներ: Ըստ Եազըճեանի այս մօտեցումները պայմանաւորուած են Հայ ժողովուրդի անկախ պետականութիւն ունենալով եւ միջագային հանրութեան մօտ զինեալ բոլոր տեսակի մարտնչումները ահաբեկչութիւն համարելու միտումներով: Եազըճեանի կարծիքով բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ առանց զինեալ պայքարի որեւէ թիզ հող չ’ազատագրուիր»: Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ « 7 Օգոստոսը նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարի նահատակներու օրն է, իսկ ԱԱԱԼԱի՝ «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ»ի ծննդեան օրը Յունուար 20ն է: Իմ համար 7 Օգոստոսը առիթ է յարգելու ոչ միայն ԱՍԱԼԱի նահատակներուն յիշատակը, այլ բոլոր անոնց, որոնք այդ ճամբուն վրայ զոհուեցան, ինչ անունով ալ որ գործեցին անոնք, ներառեալ Լիզպոնի տղաքը: Ես անձնապէս կը խոնարհիմ բոլորին յիշատակին առջեւ»: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչպէս կը վերաբերի վերջերս մէկէ աւելի առիթներով եւ ԱՍԱԼԱի անունով հրապարակուած յայտարարութիւններուն ու հաղորդագրութիւններուն Եազըճեան ըսաւ․ «Ես վերապահութեամբ կը մօտենամ այդ յայտարարութիւններուն, որովհետեւ հիմա համացանցի առկայ միջոցները օգտագործելով՝ կարելի է այդ տիպի յայտարարութիւններ տարածել: Ես շատ լուրջ չեմ վերաբերիր այնքան ատեն, որ այդ յայտարարութիւնները չեն ուղեկցուիր ուղղակի արարքներով կամ գետնի վրայ առնուած քայլերով»: Ներկայ հանգրուանին եւ մօտիկ անցեալին միջեւ համեմատութիւն մը ընելով Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ անցեալին հրապարակուած իւրաքանչիւր յայտարարութիւն կ’ուղեկցուէր գործողութեամբ մը, որ արդէն լրջութեամբ կ’ընդունուէր բոլորին կողմէ: Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօ՞ք ԱՍԱԼԱն կը գործէ այսօր Եազըճեան ըսաւ․ «Որպէս գաղափար ա՛յո , որովհետեւ ծրագրին մէջ նշուած է, որ ան պիտի գործէ (գործը նաեւ ռազմական գործողութիւններն են, որոնք այս պահուն գոյութիւն չունին) կամ գոյատեւէ այնքան ժամանակ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրութեան եւ առհասարակ հայկական հողերու ազատագրութեան հարցը կայ:» Եազըճեան խօսելով Հայ Դատ հասկացողութեան մասին նաեւ նկատել տուաւ, որ իր համար Հայ Դատը ամէնէն առաջ հողային հարց է:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան հաստատուած Գէորգ Եազըճեան երկար տարիներ խմբագրած է ԱՍԱԼԱի քաղաքական թեւին ՝ ՀԺՇի «Սփիւռք» պարբերականը (Պէյրութ):