Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած է Վինսգոնսինի մէջ բնակող Թորոս Մատաղճեանի «Յուշամատեան Թոմարզայի» գիրքին անգլերէն տարբերակը:
Վկայակոչելով Journal Times պարբերականը՝ Artsakhpress.am կը յայտնէ, թէ յուշամատեանը հետաքրքրական ազգագրական եւ պատմական տեղեկատւութիւն կը հաղորդէ այժմեան Թուրքիոյ Թոմարզա հայկական գիւղի ծագման, զարգացման եւ վերջապէս 1915 թուականին տեղի բնակչութեան գաղթի մասին դէպի ԱՄՆ Վինսգոնսին նահանգ: Անիկա կը ներառէ Թոմարզայի բնակիչներու յուշերը եւ վկայութիւնները, որոնք հաւաքագրուած են 60 տարի առաջ:
Կաշկակար Թորոս Մատաղճեան ԱՄՆ գաղթած է 1910 թուականին: «Յուշամատեան Թոմարզայի» գիրքը հեղինակի առաջին հրատարակութիւնն է: Անիկա լոյս տեսած է 1959 թուականին հայերէնով եւ նուիրուած է ապագայ սերունդներուն` ի յիշատակ հեղինակի ծննդավայրի: Գիրքը վերահարատարակած է Թորոս Մատաղճեանի թոռնուհին` Ժանէթ Մրազեգ Մատաղճեանը: Յուշագրութիւնը անգլերէն թարգմանած է Գերապատուելի Արթեն Աշճեան: Գիրքը հասանելի է Amazon.com կայքին միջոցով: Մէկական օրինակ նուիրուած է Ռասինի հանրային գրադարանին եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ գրադարանին: