Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Օրագրութիւն Հայրենիքէն` Լրագրական Ուղեւորութիւն Դէպի Հայաստան – Օր 4

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ` Հինգշաբթի 30 Յուլիս 2015ի առաւօտը տարբեր զգացումով մը արթնցայ: «Միրհաւ» պանդոկի սենեակիս պատուհանին շատ մօտ կը հոսէր առուակ մը, որուն զուլալ ձայնը խառնուած էր նորածագ արեւին ջերմութեան հետ ինծի պարգեւելով գրեթէ աննկարագրելի զգացում մը, որուն միայն սքանչելի Գորիսի այցելուներն են, որ կրնան բախտը ունենալ զգալու:

0

Գերազանցօրէն գիւղական նախաճաշէն ետք պահն էր ակամայ ձգել Գորիսը, սակայն ճամբայ ելլելէ առաջ պէտք էր անպայման տեսնել պանդոկին մօտի հացատունը, ուր Հայ մամիկներ թոնիրի հաց կը թխէին: Տեսարանը աւելի քան սրտամօտիկ էր:

1

Ընկերոջս Շիրազին բաժանումն ալ այնքան դիւրին չեղաւ կարծեմ նախորդ գիշեր իրեն հաւատարմութիւն յայտնած` պանդոկին պարտէզի շրջակայքին բնակիչ շնիկէն, որ գիշերային իր դէպի Գորիսի քարանձաւները առանձին արշաւին պաշտպան ուղեկիցը եղած էր…:

Խնձորեսկ

Ուղղուեցանք դէպի Խնձորեսկ գիւղը, որուն անունին հետ կապուած է իմ պատանեկութեան Հայոց Պատմութեան կարգ մը դասապահերը ու իմ ամէն ժամանակներու հերոս` Մխիթար Սպարապետը:

2

Դարձ-դարձիք ճամբաներով հասանք Խնձորեսկի նշանաւոր դիտարանը: Բարձր վայրերու հանդէպ իմ ունեցած ֆոպիան թոյլ չէր տար ինծի մօտենալ յատուկ պատրաստուած դիտարանին: Հոս օգնութեան հասաւ միւս պաշտօնակիցս` Գաբրիէլ Փանոսեանը, որ ազնիւ եղաւ իմ լուսանկարչական մեքենայով նկարել ինծի պէտք եղած նկարները:

Բաժնուեցանք հրաբխային քարանձաւներով ծանօթ ու հարուստ Խնձորեսկէն՝ ուղղուելու համար Տաթեւ:

Տաթեւ

Անկախ հնամեայ Տաթեւի վանքի ունեցած անզուգական քաշողականութեան, Տաթեւի մէջ կայացած հոյակապ իրագործումը, որ մէկ այլ նախաձեռնութիւնն է տեսիլքի տէր մեծ հայուն` յանձինս տիար Ռուբէն Վարդանեանին, կ՛արտացոլայ Տաթեւի զբօսաշրջիկներուն դէպի վանք փոխադրող մրցանշային թէլէֆերիքով:

9

10

 

 

 

 

 

 

 

Թէլէֆերիքի հաստատումը, ոչ թէ միայն զբօսաշրջիկները կը գրաւէ, այլ նաեւ կ՛աշխատցնէ ու ասպարէզ կ՛ապահովէ զայն բանեցնող պաշտօնէութեան եւ այնտեղ հաստատուած ճաշարանին, որոնք մեծամասնութեամբ շրջանի բնակիչներն են:

7

8

Տաթեւի նման համեմատաբար հեռու շրջանի մը նման զարգացումը լաւագոյն փաստն է Ռուբէն Վարդանեանի տեսիլքի իրաւացիութեան:

Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեանց աշխատելաձեւը, որ է նաեւ հասնիլ ինքնաբաւութեան եւ շահոյթը օգտագործելո նորանոր ներդրումներու, հետեւաբար` զարգացումին կը միտի գիւղացիին փոխանակ ամէն օր ձուկ մը տալու, անոր ձկնորսութիւն սորվեցնելու…:

Հակառակ երկրի կեդրոնէն իր հեռաւորութեան, կարելի չէ Հայրենիք այցելել ու չտեսնել հրաշային Տաթեւը:Դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն մեր յաջորդ կանգառը եղաւ Նորավանքը:

Նորավանք

3րդ դարէն մեզ հասած Նորավանքի համալիրի բնութեան մէջ կառուցուած հայկական հոյակապ եկեղեցական ճարտարապետութեան կոթող մըն է, որ 13րդ դարուն վերակառուցուած է հայ ժողովուրդի նշանաւոր մանրանկարիչ եւ ճարտարապետ Մոմիկի աշխատանքով:

3

4

Հնադարեան տապանաքարերու թանգարան մը արդարեւ, արժանի ամենախորունկ ուսումնասիրութեան: Եկեղեցիներու պատերուն վրայ փորագրուած են խորհրդանշանները իրենց մէջ կ՛ամփոփեն Հայ ժողովուրդի մշակութային ամբողջ անցեալը:

Արդէն իսկ երկիւղածութիւն պարտադրող մթնոլորտը աւելի եւս զգացական ու հոգեհարազատ դարձաւ մեր պաշտօնակից Գաբրիէլի շարականի երգեցողութեամբ, իր ձայնը լաւագոյնս արձագանգող եկեղեցւոյ պատերուն մէջ:

Եթէ պատմական Անին կոչուած է հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք, ապա Հայաստան արժանի է, որ կոչուի «Կրօնական Զբօսաշրջիկութեան Անմրցակից Երկիր», արժանի ամէն տեսակի ուշադրութեան:

Երեկոյեան, Արարատեան դաշտին զուգահեռ մայրուղիով եւ մեր Սուրբ Լերան՝ Արարատին ուրուագիծին ընկերակցութեամբ վերադարձանք Երեւան մեր առաջին օրուայ պանդոկը` «Օփերա Սուիթս»:

Ընթրիքը` հրապարակի մօտ «Տոլմամա» ճաշարանը ունեցանք, որուն ճաշերուն համեղութիւնն ու սպասարկութիւնը աւելի հոյակապ էր, մինչ սեղանակիցներու միակ նիւթը` ափսոսանք, որ արդէն մեր վերջին գիշերն էր Հայաստանի մէջ:

5

Այսօր Ուրբաթ, Հայրենիքի մէջ մեր վերջին օրը՝ Գառնի, Գեղարդ եւ Ծիծեռնակաբերդ…:

Շար. 4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին