Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

«Վերապրածները» Ժողովածուի Շնորհանդէսը Երեւանի Մէջ

Այսօր՝ Յուլիս 24-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ “Վերապրածները” լուսանկարչական ժողովածուի շնորհանդէսը: Հայերէն-անգլերէն երկլեզու գիրքը հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի եւ տնօրինութեան ամբողջական աջակցութեամբ:

Մէկ տասնամեակի ընթացքին ստեղծուած “Վերապրածները” մեծածաւալ լուսանկարչական պատում է Հայոց ցեղասպանութենէն ողջ մնացածներու մասին, որ կ’ընդգրկէ դիմանկարներ, ներքին կահաւորման պատկերներ, ականատեսներու վկայութիւններ եւ արխիւային լուսանկարներ: Նախագիծը կ’ընդգծէ լուսանկարչութեան կարեւորութիւնը` 1915-ը ընկալելու եւ անհատական ինքնութեան վրայ անոր հետեւանքները ըմբռնելու գործի մէջ: Սկիզբ առնելով 2005-ին “Վերապրածները” իր ամբողջական տեսքով առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած է 2015-ի Ապրիլին Սարգիս Մուրատեան պատկերասրահի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Տարուայ երկրորդ կիսուն, ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ՝ Դիլիջանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:

Նախագիծը կ’ամփոփէ “Վերապրածներ” ժողովածուն: Ան կազմուած է 40-է աւելի սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներէ եւ շուրջ 35 վկայութիւններու բացառիկ արձանագրութիւններէ որոնք կը հրատարակուին առաջին անգամ: Գիրքի ծաւալուն նախաբանը հեղինակած է անուանի ֆրանսահայ փիլիսոփայ, գրականագէտ Մարկ Նշանեանը, ուր կը մեկնաբանուին վերապրածներու փորձառութիւնը ներկայացնելու, ըմբռնելու խնդիրները:

Գիրքին խմբագիր, արուեստաբան Վիգէն Գալստեան կը դիտարկէ Արմենակեանի լուսանկարներու նշանակութիւնը իբրեւ աղէտի հետեւանքներու եւ ներկայի միջեւ յարաբերակցութիւն ստեղծող տարածք: Իր ձեւաւորման եւ հայեցակարգային լուծումներու շնորհիւ, “Վերապրածները” լոկ պատկերներու ու վկայագրութիւններու զետեղում չէ այլ պատումի ուրոյն ձեւ եւ արուեստի ինքնուրոյն առարկայ: Ան կ’ընդլայնէ լուսանկարի տեսողական շրջանակները, դառնալով աղէտալի անցեալի վերլուծութեան, բացայայտման եւ յարաբերակցման միջոց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին