Պատերազմական Հալէպի մէջ վերջին քանի մը օրերուն, որոշ շրջաններու մէջ վերականգնուած է պետական ջրամատակարարումը, ինչպէս նաեւ փորուած են հորեր, որոնք մասամբ կը լուծեն ամառուան այս տաքին՝ քաղաքը ջուրով մատակարարելու խնդիրը:
Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ որքա՞ն են Հալէպի մէջ ջուրի պաշարները:
«Այդ հորերուն մէկ մասը կարելի է նկատել ըմպելի, միւս մասnվ ալ նախատեսուած է առօրեայ–կենցաղային գործածութեան համար: Եւ, անշուշտ, բացի այդ հորերը, ջուր մատակարարող անձնական նախաձեռնութիւններ կան վճարովի: Ըմպելի ջուր` շիշերով, կայ նաեւ խանութներու մէջ»,- ըսած է Ժիրայր Ռէիսեան:
Ժիրայր Ռէիսեան նկատած է, որ Հալէպի մէջ օրական քանի մը ժամով, ըստ էութեան, հովհարային կարգով կայ նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարում, քանի որ նշած է. «Ոչ յստակ ժամերով, բայց օրական մէկ-երկու անգամ`մէկ եւ կէս ժամ կը տրուի»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ Հալէպի մէջ քաղաքի հայազգի բնակչութեան ո՞ր մասը մնացած է, Բերիոյ առաջնորդարանի խօսնակը դժուարացաւ պատասխանել` ըսելով, որ ձեռքի տակ վիճակագրական տուեալներ չունի եւ որ անոնք ոչ ոք ունի: «Որովհետեւ միշտ տեղաշարժ է. կայ ժամանակաւոր, կայ այլ պատկերացումներ, եւ ոչ ոք վիճակագրական տուեալ կրնայ ունենալ»,-աւելացուցած է ան:
Հարցումին, թէ հալէպահայութիւնը մէկ միասնական դիրքորոշում ունի՞`մնալու կամ գաղթելու, վերջինս ըսած է. «Իւրաքանչիւր անձ իր անձնական պայմաններէն դրդուած` կ’որոշէ իր ընելիքը: Այսինքն` մնալն ալ իր անձնական որոշումն է, դուրս գալն ալ»: