ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Ա.- «Արարա» հեղինակ՝ Սուրէն Պարթեւեան, այսօր ո՞վ կը յիշէ անունն ու գործը այս խիզախ գրագէտին ու հրապարակագիրին, որ կը հանգչի Հայոց Աղեքսանդրիոյ գերեզմանատունին մէջ:
«Արարա» հայ լէգէոնականներու խիզախումն ու նահատակումը կը պարզէ թուրքին դէմ զինած վրէժի զգացումով: Դէպքը Պաղեստինեան ճակատի վրայ է: Դաշնակիցներ ֆրանայի ու անգլիոյ ճակատումը Թուրքերու դէմ 1919ին: Բայց յաղթանակը բերողները հայ կամաւորներն են, ուր կը նահատակուին 21 խիզախ հայեր:
Կա՞յ ճակատ մը ուր հայերը նահատակներ չունենան:
Սուրէն Պարթեւեան գովերգած է հայոց խիզախումը:
Բ.- Նաթալի Ֆէնտիրճեանը արաբերէն լեզուով հրատարակած է գիրք մը. «Արմէնին Պատմութիւնը» խորագրեալ, զոր նկարազարդած է Նանոր Հաճեան:
Ջարդերէն ճողոպրած Արմէնը հայրենիքէ մը այլ հայրենիք՝ Լիբանան կը հասնի որպէս ղազիրի որբանոցի սան: Հասակ կ’առնէ այս երկրին մէջ ու կը ծառայէ Լիբանանին:
32 էջերու վրայ տարածուող այս գրքոյկը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին:
Հայրենիքէ մը հայրենիքին կոչուած «Արմէնին Պատմութիւնը» գործը որդեգրուած է կարգ մը արաբական դպրոցներու կողմէ:
Որքան լաւ է որ Այնճար բնակող հայուհիներու խօսքն ու նկարչութիւնը գնահատուած է արաբներուն կողմէ:
Ապրի՛ք հայուհիներ:
Գ.- Յակոբ Չոլաքեան ուսուցիչն ու գրողը հեղինակած է 127 էջերու վրայ տարածուող գործ մը «Քեսապի երեք օրերը» (21-23 Մարտ) խորագիրին տակ, ուր պատկերած է այն մեծ տագնապը զոր ապրեցան Քեսապի բոլոր գիւղերու հայերը, փրկուելու համար այն սպանդէն զոր կազմակերպած էին թուրքերը, Սուրիական սահմանէն ներս ղրկելով զինեալ վայրենիներ:
Օսմանցին, նոր օերու օսան՝ էրտողան, եղեռնէն 100 տարի ետք նոր եղեռն մը կը նիւթէ հայոց դէմ, այս անգամ Սուրիոյ մէջ մինչեւ Քեսապ:
Չոլաքեանի ներկայացուցածը ականատեսի վկայութիւն է գրուած յուզումով, ընթերցողին տալով տեղեկատուական, պատմական, ազգագրական տեղեկութիւններ:
Գրականութեան մատչող գիրք մը, որ իրապաշտում վկայութիւն է:
Դ. «Էջեր Հայ դրամագիտութեան Պատմութենէն»
Այսօր ո՞վ կը յիշէ այս գիրքին հեղինակը Ասպետ Յ. Մ. Տօնապետեանը, որուն կեանքը եղաւ նուիրաբերում հայ կեանքին, դպրոցական կեանքին:
116 էջերու վրայ տարածուող այս գիրքը խմբագրած է Հ. Քասունի:
Այս գործը օրինակներով կը հաստատէ, որ հայը ունեցած է դրամագիտութիւն հին տարիներէն սկսեալ երբ ապրանքներու փոխանակումին յաջորդեց դրամը:
Տօնապետեան տուած է հայկական դրամին պատմութիւնը սկսելով Երուանդունիներու շրջանէն անդրադառնալով Արտաշէսեան, Կիլիկեան, Հանրապետական, Մեծն Տիգրանի ու խորհրդային շրջանի դրամին: Կ’ունենանք մեր թագաւորներու շարքը Ք. Ա. 189էն սկսեալ: