ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Օրերս, քննարկման տակ է Պարսկաստանի հիւլէական ծրագրի ամբողջական թղթածրարը, որ հաւանական է որ երկար ու դժուարին երկխօսութիւններէ ետք հասնի տրամաբանական լուծումի, որուն իրագործման համար սեղան նստած են աշխարհի հիւլէական ուժի տէր մեծ-մեծ երկիրները եւ անշուշտ խնդրոյ առարկայ կողմ՝ Պարսկաստանը:
Կասկած չկայ որ Հայաստանի համար շատ կարեւոր ու բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ կնքուելիք միջուկային համաձայնութիւնը, որու հետեւանքով անկասկած որ տնտեսական ու առեւտրական նոր ճանապարհներ պիտի բացուին Պարսկաստանի ու Հայաստանի առջեւ եւ որմէ յստակօրէն պիտի եւ կրնայ օգտուիլ Հայաստանը եւ ապահովէ շօշափելի շահոյթ, երբ կը վերնան Պարսկաստանի վրայ դրուած բազմատասնեակ պատժամիջոցներ:
Հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն կամ ժամերուն Վիէննայի մէջ գումարուող գագաթաժողովը տայ իր դրական արդիւնքը որուն համար Պարսկաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ իրենց եւ արեւմուտքի միջեւ գտնուող միջուկային ծրագրի գործարքը երբեք այսքան մօտ չէ եղած լուծման, որուն համար յայտնած իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը:
Պարսկաստանի համար Հայաստանը որպէս հարեւան երկիր շահաւէտ ճանապարհներէն մէկն է, որ Պարսկաստանը կրնայ կապել Եւրոպական ցամաքամասի երկիրներուն: Բայց հակառակ այս աշխարհագրական մօտիկութեան ու կարճ հաղորդակցական միջոցին, զարմանալիօրէն այս երկու երկիրներ չունին անհրաժեշտ ու բաւական փոխ կապակցութիւն մինչեւ օրս, բացի համեստ համաձայնութիւններէ: Արդարեւ, ստորագրուելիք համաձայնութեան արդիւնքով, Պարսկաստան-Հայաստան առեւտրական ու բարի դրացիական նոր կապը պիտի դիւրացնէ քարիւղի, կազի կամ ապրանքներու տարանցումը, որպէս դրացի երկիրներ օգտակար հանդիսանալով մէկզմէկու:
Հայաստանը Պարսկաստանին կապող կայ հին ժամանակներէն մնացած երկաթուղագիծ, որ դժբախտաբար փակ է երկար ժամանակներէ ի վեր, իսկ ցամաքային ճանապարհը այսօրուայ դրութեամբ չունի անհրաժեշտ ու արդիական մայրուղիի վիճակ , ապահովելու համար թէ՛ ճամբորդներու եւ թէ՛ ապրանքներու տարանցումը, որ երկու պարագային ալ օգտակար պիտի ըլլայ մեր երկրին համար:
Անշուշտ, եթէ Վիէննայի մէջ գումարուող միջուկային ծրագրի գործարքը յաջողութեամբ պսակուի, Հայաստանը կ’ունենայ պարսկական գազի ու նաւթի ներուժ, որոնց Հայաստանի վրայով դէպի Վրաստան ու Սեւ ծով, ապա Եւրոպա ուղղումը, կը հանդիսանայ կարեւոր խողովակաշար արեւմտեան պետութիւններու համար եւ որպէս սակ ալ աւելի մատչելի ու ժամանակի իմաստով ալ արագ, որմէ պիտի շահի Հայաստան:
Այս կացութեան մէջ հաւանաբար Հայաստանի պետութիւնը գտնուի պարսկական ու ռուսական երկընտրանքի առջեւ, նկատի առած Ռուսաստանի քաղաքական ու տնտեսական քաղաքականութիւնը Կովկասէ, նամանաւանդ Հայաստանէ ներս: Սակայն, համոզուած ենք, որ հայրենի իշխանութիւններ ունին անհրաժեշտ ճարպիկութիւնը, բացատրելու Ռուսաստանին մեր երկրին ներկայ ու ապագայ տնտեսական դժուարութիւնները՝ զորս կը բոլորէ:
Ինչ որ ալ ըլլան գոյութիւն ունեցող հանգամանաքները, Պարսկաստանի ու Հայաստանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան միջոցը պէտք է ի գին ամէն զոհողութեան վերակենդանանայ՝ Վրաստանի վրայով դէպի Սեւ ծով առաքելու համար պարսկական քարիւղ, կազ կամ ապրանք, որուն իրագործման համար անհրաժեշտ են նոր ու անվտանգ լեռնանցք կամ աւելի ճիշդ՝ փապուղիներ: Անշուշտ կայ երկրորդ հնարաւորութիւն, սա Նախիջեւանի ճանապարհն է, սակայն այս մէկը կրնայ իրագործուիլ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան դաշնագիրով կամ համաձայնութեամբ միայն որ հիմա հեռու է իրականութիւն ըլլալէ..:
Վերջերս, շատ խօսուեցաւ Չինաստան-Եւրոպա հին դարերէն եկող «Մետաքսի ճանապարհ»ին մասին, որու մասին երկար-երկար խօսեցաւ ինքը՝ Չինաստանը եւ յայտնեց իր շահագրգռուածութիւնը՝ Պարսկաստան-Հայաստան երկաթուղիի մասին: Յստակ է, որ Չինաստան, որպէս մեծ ու տնտեսապէս հզօր երկիր պատրաստ է Հայաստան-Պարսկաստան երկաթուղագիծի ծրագրի շինութեան մատակարարելու ու ներդրում կատարելու, պատրաստակամութիւն յայտնելով տրամադրել շօշափելի եւ հսկայական գումարներ, հաւատալով այս ճանապարհի կենսունակութեան:
Հոս, բարձրաձայն պիտի յայտարարենք, որ մեր վաղեմի բարեկամը, Ռուսաստանը շատ ալ խանդավառ չէ այս ծրագրի իրագործումով եւ ինք կը փափաքի առանձին օգտագործել պարսկական քարիւղն ու կազը, դառնալու համար քարիւղային տեսակ մը կայսրութիւն, այս բոլորի դիմաց խոստանալով Պարսկաստանին տրամադրել նոր-նոր հրթիռներ ու ռազմամթերք:
Կը խորհինք, որ յետ միջուկային ծրագրի եւ համաձայնութեան ստորագրման, որուն կը սպասեն Եւրոպա, Պարսկաստան եւ Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներ, Պարսկաստանի համար պիտի բացուի տնտեսական գործարքներու նոր շրջան եւ ան պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ կնքել համագործակցութեան ծրագիր, գոհացնելու համար Եւրոպայի քարիւղային ու կազային պահանջքը:
Կը յուսանք, որ փոքրիկ Հայաստանի համար միջ-դրացիական ոսկեայ հնարաւորութիւն մը պիտի ստեղծուի եւ մեր երկիրը պիտի ունենայ դէպի դուրս բացուելու նոր ճանապարհներ եւ նոր ներուժ: Կը մնայ, զգուշութեամբ հետեւիլ եւ օգտուիլ ընծայուելիք բացառիկ առիթէն: