Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Նախագահ Սարգսեան. Միջազգային Պայքարը Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Դէմ Պէտք Է Նոր Թափ Առնէ

Միջազգային պայքարը ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պէտք է նոր թափ առնէ, նոր բովանդակութիւն ստանայ եւ օգտագործէ բոլոր հնարաւոր հարթակները: Այս մասին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է Երեւանի մէջ ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ համաժողովի բացման ժամանակ: Այս մասին կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2015-ի Յուլիս 8-12-ը կը հիւրընկալէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (ՑՄԸ) 12-րդ գիտաժողովը, որուն խորագիրն է «20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու համեմատական վերլուծութիւն»:

«Յաճախ թւում է, որ միջազգային իրաւունքի զարգացմանը, քաղաքական մտքի առաջխաղացմանը զուգընթաց մարդկութիւնը պէտք է արդէն իսկ յաղթահարած լինէր ցեղասպանութեան յանցագործութեան արհաւիրքը: Այնքան է խօսուել մարդկութեան դէմ ուղղուած այս յանցագործութեան բաղադրիչների մասին, այնքան ջանք է ներդրուել այս յանցագործութիւնը բնորոշելու, կանխարգելելու, պատժելու եւ դատապարտելու ուղղութեամբ, որ թւում էր, թէ «այլեւս երբեք» կարգախօսն իր լիարժէք իրագործմանը կը հասնի: Ցաւօք, մենք այսօր էլ ականատեսն ենք դառնում ցեղասպանական գործողութիւնների, այլատեացութեան քարոզչութեան, ֆաշիստական գաղափարախօսութեան առաջ մղմանը», – ըսած է նախագահը:

Սարգսեան շեշտած է, որ յաճախ երբ ցեղասպանութեան մասին խօսուի ոմանք կ՛օգտագործեն «ողբերգութիւն» ձեւակերպումը, սակայն նախագահը անհրաժեշտ կը համար, որ մշտապէս օգտագործուի այդ եզրոյթի միակ ճիշտ բնորոշումը` «յանցագործութիւն»:

«Ողբերգութիւնը յաճախ կարող է տեխնոլոգիական աղէտի հետեւանք լինել, կարող է լինել բնական արհաւիրքի հետեւանք, նոյնիսկ կարող է լինել պատահականութեան հետեւանք: Ցեղասպանութիւնը, ի տարբերութիւն այդ ամէնի, խորապէս հաշուարկուած, նախագծուած, նախապատրաստուած յանցագործութիւն է, որն ունի յստակ թիրախ, սահմանուած գործիքակազմ եւ այլատեացութեան վրայ յենուող գաղափարախօսութիւն», – ըսած է ան:

Նախագահը ընդգծած է, որ հաշուի առնելով այդ յանցագործութեան բազմաշերտ բնոյթը, չափազանց կարեւոր է անոր բնորոշման, կանխարգելման, դադրեցման, դատապարտման, ատոր համար պատիժի կիրառման գործընթացի բազմակողմանիօրէն հիմնաւորուածութիւնը` գիտական հիմքի վրայ:

«Պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, ազգագրագէտներ, մշակութաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, հոգեբաններ, բազմաթիւ այլ մասնագէտներ են անհրաժեշտ ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարն աւելի արդիւնաւէտ առաջ մղելու համար, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնների հետեւանքները յաղթահարելուն ուղղուած քայլեր ծրագրաւորելու եւ իրականացնելու համար», – ըսած է Ս.Սարգսեան` աւելցնելով, որ ատով կը կարեւորուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան այս հարթակը:

Նախագահը արժեւորած է այս համաժողովի առաքելութիւնը եւ տարիներէ ի վեր մասնագէտներու ներդրած ջանքերը` ուղղուած գիտական մակարդակի վրայ պատմական արդարութեան վերականգնման:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ծիրէն ներս այս տարուան Ապրիլին Երեւանի մէջ կայացաւ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» առաջին համաշխարհային համաժողովը: Համաժողովին մասնակցեցան մօտ 600 պատգամաւորներ, լրագրողներ, հոգեւոր առաջնորդներ, գիտնականներ: Անիկա ուղղուած չէր որեւէ պետութեան կամ ժողովուրդի դէմ, այլ ուղղուած էր ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ:

Նախագահը տեղեկացուցած է, որ համաժողովը կը նախատեսուի իրականացնել երկու տարին մէկ անգամ` սկսած 2016 թուականէն:

«Ցեղասպանութիւնների կանխարգելման գործում մեր պայքարը լինելու է շարունակական, ու դրանում մենք անընդհատ զգալու ենք նաեւ ձեր աջակցութեան եւ խորհրդի կարիքը: Մենք պայքարում ենք մեր իրաւունքները վերականգնելու համար եւ շնորհակալ ենք բոլոր նրանց, ովքեր մեզ սատարում են, գոնէ բոլոր նրանց, ովքեր մեզ չեն խոչընդոտում: Համաժողովին մաղթում եմ արդիւնաւէտ աշխատանք, իսկ ձեզ` նաեւ հաճելի օրեր Հայաստանում», – եզրափակած է Սարգսեան:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյան իր հերթին նշած է, որ այսօր ցեղասպանագէտներու պատկառելի համայնք մը հաւաքուած է Երեւան` քանի մը օր կիսուելու, քննարկելու, բանավիճելու մարդկութեան չարիքն ու խարանը դարձած յանցագործութեան մը շուրջ, որուն անունը ցեղասպանութիւն է:

Ըստ անոր, ցեղասպանութիւն երեւոյթը տակաւին չէ իմաստաւորուած եւ ընկալուած մարդկութեան կողմէ, եւ ինչ-որ առումով մարդկութիւնը հաշտուած է անոր գոյութեան եւ հետեւանքներուն հետ:

«Այսօր աշխարհի տարբեր անկիւններում մոլեգնող զանգուածային բռնութիւններն ու ահաբեկչութիւնները, տարբեր երկրներում իշխանութեան գլուխ կանգնած ռազմամոլ եւ յաւակնող առաջնորդների ագրեսիւ (թշնամական-ԵՌԳ.) հռետորաբանութիւնն այն ահազանգներն են, որոնք անուշադրութեան չպէտք է մատնել: Հայերը, հրեաները, թութսիներն ու պոսնիացիները չեն կարող միայնակ մնալ իրենց ցաւի ու յիշողութեան հետ, քանզի դա համայն մարդկութեան ցաւն ու օրակարգային խնդիրն է տեղի ունեցած ողբերգութեան հետեւանքներին առարեսուելու համար», – ըսած է Դեմոյեան:

Ան նշած է, որ այս տարի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւս մէկ անգամ բոլորիս ստիպեց յետադարձ հայեացք ձգելու ոչ միայն մեզի` հայերուս պատուհասած ողբերգութեան, այլեւ վերյիշելու Առաջին եւ Երկրորդ աշխարհամարտերու սարսափները, Հոլոքոսթն ու Ռուանտան, Պալքանները: Ասոնք քսաներորդ դարու զարհուրելի դրուագներն են:

«Ցեղասպանութիւնը պատմական հասկացութիւն չի: Այն չի սահմանափակւում տարածութեան եւ ժամանակի մէջ, քանզի իր ծանրութեամբ եւ հետեւանքներով համամարդկային միջամտութեան, կանխարգելման եւ իմաստաւորման է պարտադրում մեզ բոլորիս», – ըսած է Դեմոյեանը:

1997 թուականին Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ 2010-ին ստացած է ՀՀ նախագահի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար շնորհուող մրցանակ: Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (International Association of Genocide Scholars) ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները ուսումնասիրող գիտնականներու առաջատար եւ խոշորագոյն միաւորումն է: Անիկա ստեղծուած է 1994 –ի յայտնի ցեղասպանագէտներ Իսրայէլ Չառնիի (Israel Charny), Հելեն Ֆէյնի (Helen Fein), Ռապըրթ Մելսընի (Robert Melson) եւ Ռոճըր Սմիթի (Roger Smith) կողմէ եւ այսօր կը միաւորէ աւելի քան 500 գիտնականի աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Ընկերակցութեան նպատակն է հետազօտել եւ ուսուցանել աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն պատճառները` կանխարգելելու համար ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը ապագային: Հայոց ցեղասպանութիւնը մշտապէս կը գտնուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան անդամներու ուսումնասիրութեան կեդրոնին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին