Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Բանաստեղծական Նորատիպ Հատորի Շնորհանդէս Տագնապահար Հալէպի Մէջ

Հ.Ե.Ը.-ի «Ան­ժել Գա­վաֆ­եան» սրա­հը Եր­կու­շաբ­թի, 29 Յու­նիս 2015-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 6:00-ին դար­ձաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը հա­լէ­պա­հայ գրա­սէր­նե­րուն, որոնք ան­տե­սե­լով քա­ղա­քիս տագ­նա­պա­լի իրա­վի­ճա­կը` եկան մի­աս­նա­բար ըմ­բոշխ­նե­լու նո­րա­հաս երի­տա­սար­դի մը` Նու­պար Նալ­պանտ­եա­նի «Մթն­շա­ղի Աստ­ղեր» գր­քոյ­կը, որ հե­ղի­նա­կին անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վա­ծուն էր։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։:

Շնորհանդէսի հան­դի­սա­վա­րու­հի Մա­րի­նէ Տա­րագճ­եան ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք նշեց, թէ 1997-ին Հա­լէպ ծն­եալ Նու­պար Նալ­պանտ­եան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ գրե­լու իր առա­ջին փոր­ձե­րը կա­տա­րած է 16 տա­րե­կա­նէն սկս­եալ, քա­ջա­լե­րանք գտ­նե­լով հա­յե­րէ­նի իր ու­սու­ցիչ­նե­րէն` Զե­փիւռ Թա­մեր­եա­նէն եւ Յա­կոբ Մի­քա­յէլ­եա­նէն: Իր քերթ­ուած­նե­րէն ոմանք լոյս տե­սած են Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ: Տա­րագճ­եան շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց երի­տա­սարդ գրո­ղին` գրա­կա­նու­թեան աշ­խար­հէն ներս իր ձեռք բե­րած առա­ջին շօ­շա­փե­լի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար:

Գիր­քին ծնն­դո­ցը եւ բո­վան­դա­կու­թիւնը ներ­կա­յա­ցուց ման­կա­վարժ եւ գրող Մար­գա­րիտ Շա­միլ­եան: Ան նկա­տել տուաւ, թէ Նու­պա­րի առա­ջին գրա­կան փոր­ձե­րու պատ­կա­ռե­լի թուա­քա­նակ ներ­կա­յաց­նող գր­քոյ­կը այլ բան չէ, եթէ ոչ բուռն զգա­ցում­նե­րու յոր­դող գետ, որ ու­նի ակունք եւ դեռ եր­կար ճա­նա­պարհ կր­նայ կտ­րել ու անց­նիլ: Անոր գրա­կան պոռթ­կում­նե­րու առա­ջին երա­խայ­րի­քը ոչ թէ երի­տա­սար­դի գրական անդաստանէն ներս մուտք գոր­ծե­լու շտա­պո­ղա­կա­նութ­եան ար­դիւնք է, այլ` սի­րե­լի ծնըն­դա­վայ­րի հրա­ժեշ­տի խօսք, երախ­տա­գի­տա­կան փաս­տա­ցի ապա­ցոյց: Գիր­քը նման է յու­շա­տետ­րի մը, որուն ընդ­մէ­ջէն կը ծա­նօ­թա­նանք հե­ղի­նա­կին յու­զա­խառն պա­տա­նե­կու­թեան եւ փո­թոր­կոտ երի­տա­սար­դու­թեան:

Շա­միլ­եան յայտ­նեց, թէ գիր­քին մէջ զե­տեղ­ուած են մտե­րիմ ըն­կեր­նե­րու, հա­րա­զատ­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու նկար­ներ, որոնք հա­տո­րի էջե­րը գու­նա­ւո­րե­լու հա­մար չեն, այլ` յա­ւեր­ժաց­նե­լու անց­եա­լին ապրը­ւած երա­նե­լի կեան­քը: Նոյն էջե­րուն վրայ տե­ղադր­ուած են թե­ւա­ւոր խօս­քեր: Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը վեր­նա­գիր­նե­րու բա­ժա­նու­մին տակ չեն տե­ղադր­ուած եւ կա­րե­լի է սի­րոյ նուիր­ուած կտո­րի մը կող­քին հա­մա­մարդ­կա­յին կտո­րի մը հան­դի­պիլ: Հե­ղի­նա­կը զա­նա­զան թե­մա­ներ շօ­շա­փած է, ինչ­պէս` բո­ղոք, որո­նում, ափ­սո­սանք, Մեծ Եղեռն, սէր ու յար­գանք մօր եւ ու­սու­ցի­չի հան­դէպ: Ապա յի­շեց, թէ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քին ներդ­րում ու­նե­ցած են Ման­ուէլ Քէ­շիշ­եան ու Լե­ւոն Շա­ռոյ­եա­ն, հա­մա­կար­գի­չի վրայ` Մար­տի­րոս Տոլ­մաճ­եա­ն, իսկ տպագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը տա­րած է Վա­չէ Գայ­թանճ­եա­ն («Ոս­կե­տառ» տպա­րան):

Աւար­տին Շամիլ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կեան­քին, որ տա­ռա­պան­քի ընդմէջէն կը բիւ­րե­ղա­նայ եւ կը ծնի լա­ւը:

Գիր­քի ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին մէ­ջընդ­մէջ հրամց­ուե­ցան պա­տա­ռիկ­ներ, որ­պէս նա­խա­ճա­շակ ըն­թեր­ցա­սէր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս.- «Անց­եա­լը ու ներ­կան», «Շատ», «Հե­րիք է», «Բա­րեւ ձեզ», «Առա­ջին ու վեր­ջին» կա­տա­րո­ղութ­եամբ Երան Զէյ­թունց­եա­նի, Թա­մար Աղայ­եա­նի, Նա­նոր Ֆեր­ման­եա­նի եւ Աւօ Գա­զանճ­եա­նի:

Ապա գիր­քին հե­ղի­նա­կը «Մնաք բա­րով» քերթ­ուա­ծով իր սր­տի խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն:

Այ­նու­հե­տեւ գրող, դա­սա­խօս եւ հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սու­ցիչ Լե­ւոն Շա­ռոյ­եան ներ­կա­յա­ցուց գիր­քը: Ան յայտ­նեց, թէ ամէ­նու­րեք մահ­ուան շու­քին տակ եւ տա­ռա­պան­քի մթ­նո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի ծո­ցէն ծնած երի­տա­սար­դի մը բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­կում ու­նե­նալն ու գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան ձեռ­նար­կե­լը կը նշա­նա­կէ գա­ղու­թի հո­սանքն ի վեր թի­ա­վա­րու­մը: Շա­ռոյ­եան նշեց, որ առա­ջին ակ­նար­կով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն եւ պա­տե­րազմ հա­կա­սա­կան երե­ւոյթ­ներ են: Ար­դի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը մեզ կը հրէ դէ­պի կեանք, ուս­տի այս գիր­քին մէջ տեղ գտած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ուղ­ղա­կի ցո­լա­ցումն է մեր առօր­եա­յին: Սոյն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը նա­խեր­գանք մը կը կազ­մեն մուտք գոր­ծե­լու հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ըն­դար­ձակ պար­տէ­զէն ներս, համ­տե­սե­լու այն­տե­ղի հս­կայ ծա­ռե­րու պտուղ­ներն ու վա­յե­լե­լու երփ­նե­րանգ ծա­ղիկ­նե­րու բոյ­րը:

Ապա ներ­կա­նե­րուն տրա­մադրը­ւե­ցան հե­ղի­նա­կին նո­րա­տիպ գիր­քէն օրի­նակ­ներ:

Շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րու եւ բա­րի մաղ­թանք­նե­րու ջերմ մթ­նո­լոր­տի մէջ աւար­տին հա­սաւ շնոր­հան­դէ­սը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին