Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՄԱՍԻՆ

(Cilicia TV-ի Հարցազրոյցը Թռչնոց Բոյնի Խնամակալութեան Ատենապետուհի Տիկին Սեդա Խտըշեանին հետ)

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ, ՍԽԱԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՇՐՋԻԼ, ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՃԱՄԲՈՎ, ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՅ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ։ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԶԱՐՄԱՆՔ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻՆ ՄՕՏԷՆ ԾԱՆՕԹ ԱՆՁԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ։ ԻՆՉՊԷՍ ԺՈՂՈՎՈՒԴԸ Կ’ԸՍԷ՝ ՊԷՏՔ Է ՋՈՒՐԸ ԱՂԲԻՒՐԷՆ ԽՄԵԼ։ ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴ ՈՒ ՅՍՏԱԿ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ, CILICIA TV-ԻՆ ԴԻՄԵՑ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՍԵԴԱ ԽՏԸՇԵԱՆԻՆ։

 

Հարցում. Տիկին Սեդա Խտըշեան, հակիրճ կերպով կրնաք ըսել թէ ինչո՞ւ շրջան ընող այս տեղեկութիւնները Թռչնոց Բոյնի մասին։

Պատասխան. Խորապէս կը ցաւիմ, որ նուիրական հաստատութեան մը մասին կարգ մը անպատասխանատու անձեր, հայ թէ ոչ-հայ, անձնական ու շահադիտական հաշիւներէ մեկնած, նման սխալ, հերիւրածոյ տեղեկութիւններ սկսած են փոխանցել հանրութեան, օգտագործելով այսպէս կոչուած facebook-եան արագ միջոցները։ Եւ դժբախտաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք, իրենց կարգին սկսած են իրարու փոխանցել այս տեղեկութիւնները, առանց մտածելու, թէ այս հաստատութիւնը իր պատասխանատու տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը ու վերին մարմինները ունի եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ է ուղղակի դիմել իրենց՝ ճիշդ տեղեկութիւններ ստանալու համար։ Կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս մարդիկ չեն մտածեր, որ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն լեզուներով յօդուածներ կը գրուին ոչ-հայերուն կողմէ, որոնք Թռչնոց Բոյնի ուր ըլլալը չեն գիտեր. Թռչնոց Բոյնի ներքին ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցուին, որոնք փաստօրէն անճիշդ են ու սխալ եզրակացութիւններու առաջնորդող։ Արդեօք կարդացողները չե՞ն զարմանար այս երեւոյթին համար, եւ չե՞ն մտածեր որ այս բոլորի ետին սխալ բան մը կայ՝ կազմակերպուած արշաւ մը կամ շահադիտական մօտեցում մը…։

Հարցում. Մեկնելով ձեր այս հարցադրումէն եւ ձեր արտայայտած իրաւացի վրդովումէն, կ’ուզենք իմանալ ճշմարտութիւնը։

Պատասխան. Եթէ աչք մը նետէք շրջան ընող Facebookեան լուրերուն, պիտի տեսնէք որ տեղ մը մտահոգութիւն կ’արտայայտուի շրջանի հնագիտական վայրին առնչուած, այլ տեղ մը՝ Պիպլոսի մշակութային արժէքին կապուած, ուրիշ տեղ մը գերեզմաններու փոխադրութեան առնչուած, կամ ցեղասպանութեան ժառանգութիւնը պահելու նախանձախնդրութեան կապուած, այսպէս, անյարիր խառնարան մը կայ լուրերուն մէջ։ Այս լուրերուն հետեւողը կը զարմանայ թէ ինչո՞ւ այս բոլորը, այս կեղծ ու շինծու նախանձախնդրութիւնը. ի՞նչ է այս բոլորի միտք բանին, ի՞նչ կը հետապնդուի այս բոլորին ետին։

Հարցում. Ճիշդ ատոր համար ուզեցինք ձեզմէ իմանալ ճշմարտութիւնը։

Պատասխան. Թռչնոց Բոյնը մեր ժողովուրդին կը պատկանի եւ մենք որպէս խնամակալութիւն համարատու ըլլալով մեր ժողովուրդին, պարտաւոր ենք բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Առաջին հերթին յայտնեմ, որ մտածում մը ունէինք տարիներ ի վեր, Թռչնոց Բոյնի ամէնէն հին շէնքը, ուր Մաման (Մարիա Ճէյքըպսըն որբերուն կողմէ Մամա կոչուած է իրենց նկատմամբ ցուցաբերած երկար տարիներու խնամքին համար) կ’ապրէր իր անմիջական գործակիցներով, թանգարանի վերածել։ Պատասխանատու մարմինները մեր այս մտածումը գնահատելով, անմիջապէս զայն ծրագրի վերածեցին ու աշխատանքի սկսանք։ Նախնական աշխատանքներէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետին Ճամբով Զուիցերիայէն Տէր եւ Տիկին Աելքքօ եւ Անի Պէզիքեան ստանձնեցին այս յոյժ կարեւոր ծրագրին բարերարութիւնը։ Ծրագրին նպատակն էր յիշեալ շէնքին մէջ եւ իր շուրջը ամփոփել եւ ցուցադրել ինչ որ կապուած է Մամային եւ Թռչնոց Բոյնի առաջին շրջանի որբերուն։ Այս մասին յայտարարութիւններ կատարեցինք, տեղեակ պահելով մեր ծրագրի մասին եւ կոչ ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք որբերուն եւ Թռչնոց Բոյնին առնչուած տեղեկութիւններ ունին, փոխանցելու մեզի։ Ինչպէս գիտէք, Մամային գերեզմանը կը գտնուի նորակերտ թանգարանի մուտքին։ Այս առիթով ուզեցինք որ Մամային գերեզմանը վերանորոգուի եւ անոր աջին փոխադրուի որբերու հաւաքական գերեզմանը, եւ ձախին՝ Թռչնոց Բոյնի պաշտօնեաներու հաւաքական գերեզմանը։ Շուրջ քսան որբերու եւ պաշտօնեաներու գերեզմանները կը գտնուին Թռչնոց Բոյնի մէկ անծանօթ ու լքուած անկիւնը, կորսուած թուփերու եւ եղեգնուտներու ետին (Ազգային թէ իրաւական իմաստով ոչ մէկ ճանաչում ունեցած է որպէս գերեզմանատուն). գերեզմաններէն ոմանք նոյնիսկ անուն չունին ու նաեւ այցելուներ չկան։ Բնականաբար, աճիւններու փոխադրութիւնը պիտի կատարուի հայ եկեղեցւոյ կրօնական յատուկ արարողութեամբ, մեր եկեղեցւոյ կանոններուն ու աւանդութիւններուն համաձայն։ Մեր նպատակն է գերզմանները Մամային շուրջ փոխադրելով յաչս մեր ժողովուրդին ու օտարներուն կենդանի վկայութիւն մը տալ ցեղասպանութենէն յետոյ որբերու կեանքին ու անոնց նկատմամբ Մամային կողմէ տարուած խնամքին։

Այս հարցին շուրջ կ’ուզենք հետեւեալ կէտերը շեշտել.- Ա) Այս ծրագիրը տարիներ առաջ որոշուած էր եւ ոչ մէկ կապ ունէր Թռչնոց Բոյնի այլ ծրագիրներուն հետ։ Հետեւաբար, չարամտութիւն է ոմանց կողմէ մեր այս ծրագիրը առնչել Թռչնոց Բոյնի ներկայ թէ ապագայ այլ ծրագիրներուն հետ։ Բ) Գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը վերջանականացնելէ առաջ յաճախակի կերպով յայտարարութիւններ կատարեցինք յայտնելով թէ՝ խնամակալութիւնը նման ծրագիր մը ունի եւ հետեւաբար անոնք որոնք, հեռաւոր կամ մօտաւոր ազգականական կապերով առնչուած հանգուցեալներ ունին յիշեալ գերեզմաններուն մէջ, կրնան այս առիթով փոխադրել իրենց ննջեցեալները ազգային գերեզմանատուներ։ Ոմանք ներկայացան Թռչնոց Բոյնի տնօրէնութեան պարզապէս գնահատելու մեր այս որոշումը ըսելով, որ այս ձեւով անտէր մնացած մեր որբերը Մամային մօտ ըլլալով աւելի պիտի արժեւորուին։

Հարցում. Իմացանք նաեւ, որ Թռչնոց Բոյնի առնչուած ծովեզերեայ շրջանի շինարարական այլ ծրագրի մը մասին կը խօսուի։

Պատասխան. Ճիշդ է, եթէ մեր կատարած յայտարարութիւններուն կամ հրապատակած հաղորդագրութիւններուն հետեւեցաք, այս մասին եւս մեր ժողովուրդը օրին տեղեակ պահեցինք։ Յայտնեմ որ Թռչնոց Բոյնի ծովեզերեայ շրջանը միշտ ալ լքուած շրջան մը եղած է։ Մօտաւորապէս երեսուն տարիներ առաջ մէկու մը վարձու տրուած է հողամշակութեան որոշ պայմաններով, որպէսզի եկամուտ ապահովենք Թռչնոց Բոյնին։ Դժբախտաբար, լուրջ հարցեր ունեցանք նոյնիսկ դատական միջոցներու դիմեցինք։ Այդ դառն փորձառութենէն մեկնած խնամակալութիւնը եղած է ծայրայեղօրէն ուշադիր յիշեալ հողամասը շահագործելու գծով, սակայն միշտ ալ զայն շահագործելու ծրագիրը իր առջեւ ունեցած է։ Անցնող տասնամեակի ընթացքին, բաւական դիմողներ եղան, յատկապէս Ճիպէյլի շրջանէն, տուեալ հողամասը շահարկելու առաջարկներով։ Առաջարկուած ծրագիրներու բնոյթը եւ նիւթական պայմանները խնամակալութեանս համար ընդունելի չէին։

Ներկայ տարուան ընթացքին, աւելի լուրջ ծրագիր մը ներկայացուեցաւ խնամակալութեան։ Խնամակալութիւնս սկզբունքով համաձայն ըլլալով, նաեւ ուզեց իմանալ Կաթողիկոսարանի շահագործման ու կալուածոց յանձնախումբերու ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան տեսակէտները։ Առաջարկուած ծրագիրը լայնօրէն քննարկուեցաւ յիշեալ մարմիններուն կողմէ, եւ սկզբունքային համաձայնութիւն տրուեցաւ, յստակօրէն ճշդելով շարք մը պայմաններ։ Նաեւ կ’ուզենք յայտնել, որ նկատի ունենալով մեր հողաշերտին Պիպլոսի հին քաղաքին անմիջապէս կից ըլլալը եւ շրջանի հնագիտական կարեւորութիւնը, որոշ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցաւ ծրագիրը, սակայն անցնող ամիսներու ընթացքին կ’իմանանք, որ թէ՛ UNESCO-ին եւ թէ Լիբանանի մշակութային թէ հնագիտական պատասխանատուներուն կողմէ որոշ պայմաններով առաջարկուած ծրագիրը ամբողջացման ընթացքի մէջ կը գտնուի։

Հարցում. Դուք խօսեցաք ծրագրի մը մասին։ Այս ծրագրի իրագործումով Թռչնոց Բոյնը ի՞նչ պիտի շահի ու ի՞նչ պիտի կորսնցէ։

Պատասխան. Ուրախ եմ որ այս հարցումը յստակ կերպով կը դնէք, որովհետեւ դարձեալ մեր կարգ մը ազգայինները Facebookերու ճամբով մտահոգութիւններ կը յայտնեն, որոնք անճիշդ են ու անտեղի։ Դուք կրնա՞ք երեւակայել որ մենք համաձայն ըլլանք որեւէ ծրագրի, որ կրնայ վնասել Թռչնոց Բոյնին։ Ի՞նչ է մեր շահը այս ծրագրէն, եթէ իրագործուի.-

Ա) Թռչնոց Բոյնի ծախսերը հետզհետէ կը բարձրանան, իսկ օտար աղբիւրներէ ցարդ եկող եկամուտները, փաստօրէն դադրած են։ Ճիշդ է, մեր ժողովուրդի զաւակներու մնայուն գուրգուրանքին առարկայ է Թռչնոց Բոյնը, սակայն մեր տարեկան պիւտճէին մօտաւորապէս կէսը բաց է։ Մենք միշտ հետամուտ էինք ծովեզերեայ ծրագրի իրագործման, ապահովելու համար Թռչնոց Բոյնի տարեկան պիւտճէն։
Բ) Այս ծրագիրը եթէ իրագործուի, ծրագրին տէրը մէկ միլիոն տոլար տրամադրէ նոր եկեղեցւոյ շինութեան։ Հայկական ոճով նոր եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը արդէն պատրաստ է։
Գ) Փոքրիկներուն ննջարանները, որոնք լուրջ վերանորոգման կարօտ են, շատ հաւանաբար հիմնովին վերանորոգուին կամ անոնց տեղ նորը շինուի թանգարանի բարերարի զաւկին՝ Զարեհին կողմէ։
Դ) Եթէ յիշեալ ծրագիրը իրագործուի հաստատութենէն ներս ոչ մէկ շինութիւն պիտի քանդուի, այլ ներկայ շինութիւնները պիտի վերանորոգուին եւ հաստատութիւնը աւելի պիտի ծաղկի։

Հարցում. Հետեւաբար այս բոլորէն յետոյ, մենք դարձեալ հարց կու տանք թէ ինչո՞ւ այս աղմուկը։

Պատասխան. Իմ տուած տեղեկութիւններուս ու լուսաբանութիւններուս լոյսին տակ ընթերցողը պէտք է ինքն իրեն հարց տայ, թէ ինչո՞ւ այս կազմակերպուած արշաւը Թռչնոց Բոյնին դէմ եւ զարմանլօրէն առաւելաբար օտար լեզուներով եւ օտար մամուլի էջերէն…։ Կազմակերպուած արշաւ մը, ուր դժբախտաբար նաեւ մի քանի հայորդիներ, կամայ թէ ակամայ, ներառուած են ու կը շահագործուին՝ շահադիտական նպատակներով այս չարամիտ արշաւը ծրագրողներուն կողմէ։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի զաւակները զգուշ պէտք է ըլլան յատկապէս Facebookերու ճամբով շրջան ընող սխալ տեղեկութիւններու նկատմամբ։ Որեւէ լուսաբանութեան գծով, ոեւէ հայորդի կրնայ դիմել Թռչնոց Բոյնի տնօրէնութեան կամ խնամակալութեան։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիկ. Խտըշեան ձեր տուած այս լուսաբանիչ բացատրութիւններուն համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին