ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թերեւս չափազանցած ըլլամ այսպիսի ընդհանրական հաստատում մը կատարելով, սակայն կը յանդգնիմ ըսելու, որ աշխարհի երեսին չկայ երկիր մը, ուր բոլորի համահաւասար աչքով դիտուին սահմանադրութեան եւ կառավարութեան սահմանած բոլոր օրէնքներու շրջագիծերէն ներս: Նոյնիսկ հաւասարութիւն ջատաքովող եւ քարոզող բոլոր հաստատութիւներուն մէջ հաւասարութիւնը եւս ունի իր հաւասարութենէ տարբեր սահմանագծումները: Այլ խօսքով հաւասարութիւնը ի խաչելութիւնը յայտարարած է ամէնուրեք, շատ անգամ նոյնիսկ ընտանիքներէն ներս… սակայն անոր խաչելութենէն երեք օրեր ետք… երեք ամիսներ, տարիներ… նոյնիսկ դարեր յարութեան աւետիսը տուող մը չեղաւ տակաւին:
Ես անձամբ ճակատագրի գոյութեան հաւատացող մը չեմ, սակայն վստահ եմ որ ճակատագրական բախտաւորութիւն է ծնիլ ընտանիքի մը եւ կամ շրջանակի մը մէջ, որուն մէջ կան ազգային ղեկավարներ, զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, մեծ եկեղեցականներ եւ կամ զանազան կուսակցութիւններու պատկանող առաջնորդներ: Եթէ հակառակ ատոր ճակատագրի դժբախտ անբախտութեամբ անոնցմէ մին չկայ մեր շրջանակներէն ներս, այդ պարագային վստահ եղէք կրկնապատիկը դժուար պիտի ըլլայ մեր կեանքը քան ուրիշներ:
Հաւասարութեան, դասակարգի եւ պատկանելիութեան տարբերութիւնները աւելի քան Քրիստոսէ առաջ աշխարհի երեսին գոյութիւն ունէր ու այդ շղթայաշարքը առանց կենալու կը շարունակուի մինչեւ այսօր, հակառակ որ պատմութեան ընթացքին յառաջ եկան Պաւլիկեան, Թոնդրակեան շարժումներուն նման բազմաթիւ ուրիշներ, որոնց նպատակը եղած է հաւասարական կարգ մը հաստատել: Աւելի ցաւալին, նոյնիսկ մեր կրօնքի մէջ Քրիստոսի պարագային փորձած են այդ «անհաւասարութեան» պատկերը փոխանցել, ըսելով որ Տէրը մէկ աշակերտը աւելի կը սիրէր միւսներէն:
Այսօր անհաւասարութիւնը ամէնուրեք է. անհաւասարութիւն պաշտօններու, դիրքերու, վճարումներու, օրէնքներու, բանտարկութիւններու եւ պատիժներու:
Ա..- Անհաւասարութիւն Կառավարական Գետնի Վրայ
Վստահաբար մեզմէ շատեր, իրենց տետրակներուն եւ կամ բջիջայինին մէջ հիւանդանոցներու եւ կամ զինուորական-կառավարական օգնութիւններու անհրաժեշտ թիւերուն կողքին գրած են իրենց միշտ յաղթանակ դուրս եղող «փաստաբան»ներուն թիւը, որեւէ մէկ կառավական հարցի մէջ իյնալու եւ կամ միջնորդ մը դիմելու պարագային կապուելու համար անոնց հետ:
Հակառակ լիբանանցի ըլլալուս, Լիբանանի անապահովական օրերուն, թերեւս սեւ հագուստէն ու երկար մօրուքէն մեկնելով զինուորներ անձագիր պահանջեցին եւ դժբախտաբար այդ օր հետս վերցուցած չէի: Հակառակ պնդումներուս չկրցայ համոզել Լիբանանցի ըլլալս ու կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով զինուորական ինքնաշարժով հասայ ոստիկանատուն….: Հարիւրաւոր անձեր նոյն «հաւաքուած» ու բերուած էին ոստիկանատուն: Հաւանաբար միակ Հայը մէջերնին ես էին: Վախ ազդող ու խոժոր դէմքեր… սեւցած ձեռքերով, դժոխային նայուածքներով մարդիկ: Լիբանանցի եւ անմեղ ըլլալու ինքնավստահութիւնս տարբեր ինքնավստահութիւն մը տուած էր ինծի, այն մտածումով, որ վերջի վերջոյ ստուգութիւններէ ետք ազատ պիտի արձակեն ինծի, սակայն ինքնավստահ համոզումս պարտական դուրս եկաւ:
Մօտաւոր 10-15 վայրկեան ետք զինուորականի մը խիստ ձայնով մերթ ընդ մերթ սկսաւ անուններ հնչել… անուններ, որոնք կը յիշեցնէին Ճենկիս Խանի եւ Լենկդիմուրի անունները եւ անոնց դէմքը կը հաստատէր այդ կարծիքներս: Ոճրագործի դաժան նայուածքներով, հազար ու մէկ անիրաւութեամբ լեցուն աչքերու փայլուն նայուածքներով անունը լսող ձերբակալեալը դահճային ժպիտ մը դէմքին առանց հարց ու փորձ ընելու զինուորականներու հետ ազատ-համարձակ դուրս ելաւ զինուորատունէն… առանց հարցաքննութեան անոր անմեղ ըլլալը փաստուած էր, ոչ թէ օրինական ու փաստացի տուալներու վրայ հիմնուելով… այլ այսինչ կամ այնինչ նախարարի մէկ բարեւը բաւած էր փաստելու ձերբակալեալ «հրեշտակ»ի անմեղութիւնը:
Շատե՜ր յաջորդեցին անոր… հեռաձայններն ու մեծամեծերու բարեւները երբեք վերջ չունեցան, իսկ մենք՝ «անբարեւ»ներս կը շարունակէինք սպասել:
Կէս ժամ ետք ժամանակեցին նոր զինուորականներ: Անոնցմէ մին ամբոխին մէջ նկատեց իր բարեկամներէն մէկը ու հրճուանքով մօտեցաւ քովը, փաթթուեցան եւ ողջունեցին իրար… Զինուորը բարձաձայն մեծաւորին դառնալով բոլորին ներկայութեաբ պոռած. «Մեր տղան է… մե՜ր տղան» ու բռնելով բարեկամի ձեռքէն դուրս ելան ոստիկանութենէն… դարձեալ առանց ոչ մէկ հարցաքննութեան:
Այդ պահուն ո՞վ չէր ուզեր «անոնց տղան» ըլլալ… ու փաստել իր անմեղութիւնը:
Երանի նման պատահար մը ի գործ դնէին ծածուկ ձեւով… ձեւակերպութեամբ հարցաքննէին զինք սենեակի մը մէջ ու մի քանի «թուղթ»եր ստորագրել տալով արձակէին ազատ… սակայն հաճոյքը տարբեր էր բոլորին դիմաց յայտարարելու ձերբակալեալին ազատ արձակուիլը, եւ այն ժպիտը որ անունը լսողը կ’ունենար «բարեւ» տուող մը ունենալու քաղցր զգացումի ժպիտներն էին վստահաբար, որ ցաւակցականօրէն «բարեւ»ազուրկներուս կը նայէր:
Ոստիկանատունէն դուրս ելայ երեկոյեան ժամը 7:00ին… ու վերջին 5 հոգիներուն մէջ էի. Բազմաթիւ Ճենկիզ Խաներ ու Լենկդիմուրներ իրենց ձեռքերը շաժելով ու բարեւի վաւերացու կնիքով դուրս ելան ինծմէ առաջ… իսկ ես աւելի քան 5 ժամ մնացի այդտեղ… մինչեւ վերջաւորութեան բարեւազուրկի անարգանքով հարցաքննուիմ:
Երանի ողջ ըլլար հայոց մեծ բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ եւ իր խօսքերուն կեանքի գալը իր աչքերով տեսնէր…
«Շա՜տ կ’ուզենայի,
Որ նմանապէս այս բառը լիներ
Նոր եւ իրական մի «Բացուիր Սեզամ»:
– Բարեւ
Ասէիր գնացքին
Նաւին կամ օդանաւին
Ու ներ մտնէիր…»:
Այո՛, մեծ մարգարէ, այս խօսքդ ամբողջութեամբ կը կատարուի այսօր, սակայն ոչ պարզ մարդոց բարեւները: Այսօր կան բարեւներ, որոնք կրնան աշխարհը յեղափոխել, որովհետեւ ամէն բարեւ Բարեւ չէ՛: Բանաստեղծը շարունակելու կ’ըսէ.
– Բարեւ,
Ուրեմն՝ անձագիր ցոյց տալու նման,
Կենսագրութիւն պատմելու նման
Կամ հարցաթերթիկ լրացնելու պէս. Բարեւ…
Այո… զինուորատուներու մէջ նոյնն է որ կը պատահի. մէկ բարեւը ըլլայ հարցաթերթիկը կը լեցնէ, ըլլայ կենսագրական գիրծեր կը փոխանցէ եւ անձագիր ցոյց կու տայ, պարգեւատրման արժանի տուալներով:
Երկրորդ մտածումը վերջերս ունեցայ: Դժբախտ պատահարէ մը ետք տեղեկացայ, թէ Լիբանանի մէջ կայ հետեւեալ օրէնքը: Եթէ անձ մը պատշգամէն եւ կամ տանիքէն վար իյնայ եւ կամ գիտմամբ նետուի եւ վարը շարուած ինքնաշարժներէն մէկուն վրայ իյնայ… ինքնաշարժին տէրը կը ձերբակալեն ու կը տանին ոստիկանատուն, զինք յանցաւոր նկատելով…: Հոգ չէ թէ մարդը շէնքին եւ կամ ինկող անձին հետ կապեր ունի թէ ոչ. կարեւորը այն է որ իր ինքնաշարժին վրայ ինկած է անձը…: Այս մէկը ինծի մտածում տուաւ, թէ այս օրէնքը դնողը… կամ նախագահն ու վարչապետը հիւրաբար այցելէն տեղ մը… եւ անձ մը իյնալով իրենց ինքնաշարժին վրայ իր կեանքը կորսնցնէ… այդ պարագային օրէնքի հաւասարութեամբ եւ սահմանադրութեան օրէնքներուն հնազանդ ու հաւատարիմ մնալով կը ձերբակալո՞ւն անոնք…:
Եթէ այո, այդ պարագային անոնց ինքնաշարժին վրայ նետուելու մեծ փափաքը կ’ունենամ… սակայն անոնք բարեւներու պէտք չունին… իրենք բարեւի ցրուիչներն են:
Բ.- Անհաւասարութիւն Բանտարկութեան Եւ Պատիժներու
Աշխարհի երեսին հարիւր հազարները անցնող ոճրագործ ձերբակալեալներ կը գտնուին զանազան բանտերու մէջ. մին ցմահ բանտարկութեամբ, ուրիշը տասնամեակ մը, իսկ անդին ուրիշներ մահուան դատապարտուած կը սպասեն իրենց օրերը: Սակայն, իրականութեան մէջ, բանտերուն մէջ գտնուողներուն չափ եւ վստահաբար աւելին կը գտնուին բանտերէն դուրս… փողոցները, ճաշարանները, հրապարակները եւ կամ նոյնիսկ մեր թաղերուն մէջ:
Ազատ համարձակ դուրսերը գտնուող ոճրագործներէն շատեր պարզապէս ունեցած են ոչ պարզ բարեւ մը… այլ մեծ բարեւներ, ոճրագործը անմեղ հրեշտակակենցաղ քաղաքացի մը դարձնելու աստիճան: Ուրիշներ այդ հրեշտակային «շնորհք»ը կրցած են ձեռք ձգել դրամի անյաղթելի ուժին միջոցաւ…: Պահ մը կը մտածեմ… դրամը ինչպէ՞ս կրնայ ոճրագործի մը գործած մեղքը մարդկային դիտանկիւնէ դիտուած ներում շնորհել: Հաւանաբար մին սպաննած է մէկ մարդ, իսկ ուրիշի ձեռքերուն մէջ կան հարիւրաւորներու արիւնները… սակայն քանի որ նիւթապէս լաւ վիճակի մը մէջ չէ մէկ հոգի սպաննողը կը մնայ մեղաւոր եւ կը բանտարկուի տասնամեակներ, իսկ հարիւրաւորներ սպաննողը կը դառնայ «սրբակենցաղ», որովհետեւ բարեւներուն կողքին բարեւ մըն ալ դրամատան հաշիւները տուած կ’ըլլան: Ու ա՞յս է հաւասարութեան եւ արդարութեան չափանիշը…, եւ կամ գուցէ դրամը հրաշագործ յարութիւն շնորհելու կարողութիւնները կ’ունենայ… դրամը գիտէ՜:
Եւ հետեւաբար կ’արժէ ստեղծել իմաստուն խօսք մը, որ կ’ըսէ: Ինչպէս որ կ’ըսուի «Բարերարութիւնը վայլած ատեն բարերարը մի մոռնար», իսկ ես կ’ըսեմ «Ոճիր չի գործած, Բարեւի բարերարդ մի մոռնար», որովհետեւ այս օրերուս ո՛չ լեզուն, եւ ոչ ալ գիտութիւնը մարդը Մարդ կ’ընէ. Կարիքը ունիս կա՛մ բարեւի, եւ կամ դրամի:
Գ.- Քծնիլը Որպէս Առաքելութիւն
Ես համաձայն եմ, որ ըլլայ Քրիստոնէական առումով եւ ըլլայ մարդկային նկարագրային չափանիշերով քծնիլը մոլութիւն, մեղք եւ ժխտական արարք չհամարուի, որովհետեւ հացի, ջուրի եւ օդին նման պէտք են այսօր «բարեւ» տուողներ, եւ ըստ իս «բարեւ»արշաւը երբեք ալ սխալ արարք մը չէ, որովհետեւ «Մարդ ես այնքան, որքան բարեւ ունիս» կ’ըսէ ներկայ դարուս իրականութիւնը:
Չեմ զարմանար, եթէ ապագային բացուին (անշուշտ եթէ չկան) ապահովագրական ընկերութիւներ, որոնց գործը կ’ըլլայ դրամի փոխարէն բարեւ ապահովել ժողովուրդին… երկու բարեւին երրորդ բարեւ մը նուէր ընելու ազնիւ ծառայութեամբ:
Երանի անոր, որ աշխարհ կու գայ շրջապատուած բարեւներով…:
Բարեւներ ձեր բոլորին: