Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Zaven Messerlian, Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections, 1934-2009, Beirut, Haigazian University Press, 2014, 540 pages. (Զաւէն Մսըրլեան, Հայոց Մասնակցութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն, 1934-2009, Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատուն, 2014, 540 էջ:

* Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան*

Հատորին հեղինակը՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հայ նորագոյն շրջանի պատմութեան լիբանահայ հանրածանօթ պատմաբան է: Անոր ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին մանաւանդ Հայ Դատի հոլովոյթին, Հայկական Ցեղասպանութեան, Բ. Համաշխարհային Պատերազմին հայութեան մասնակցութեան, Հայ Դատին առնչուող միջազգային դաշնագրերու, Հայ Դատի առնչութեամբ Մ. Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ իր հօր՝ Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային քաղաքական գործունէութեան, եւ Ղարաբաղի տագնապին[1]:

Դոկտ. Մսըրլեան 1963ին, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքէն ստացած է Մագիստրոս Արուեստից վկայականը՝ ներկայացնելով «Հայկական ներկայացուցչութիւնը լիբանանեան խորհրդարանէն ներս» նիւթը, որուն մէջ ի միջի այլոց 1934-1960ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութեան Գլուխը կար: Թեզը գրուած էր թելադրանքովը պատմութեան դասախօս, թեզին խորհրդատու, ականաւոր պատմաբան Դոկտ. Նիքոլա Զիատէի:

Աւելի ետք, 2000ի սկիզբին, ան վերամշակեց իր թեզը եւ շարունակելով ընտրութիւններու պատումը զայն հասցուց մինչեւ մեր օրերը՝ 2009ի վերջնագոյն ընտրութիւնները: Այս բոլորը ան մաս առ մաս հրատարակեց Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 2000-2011 տարիներու ԻԱ.-ԼԱ. հատորներուն մէջ:

Գրախօսուող գիրքը մէկտեղումն է այդ ուսումնասիրութիւններուն, որոնք գիրքի ձեւաչափով վերամշակուած կը հրամցուին այս հատորով:

Լիբանանը Սփիւռքի տարածքին միակ պետութիւնն է ուր հայութիւնը իբրեւ հայ քաղաքացի, ընտրելու եւ ընտրուելու սահմանադրական իրաւունքը ունի: Իրաւունքի այս գործընթացը սկիզբ կ’առնէ 1923ին՝ Լոզանի Պայմանագրով, որով Թուրքիոյ Հանրապետութենէն դուրս, նախկին օսմանեան տարածքներու մէջ ապրող օսմանահպատակներուն կը շնորհուէր իրենց նորահաստատ պետութեանց քաղաքացիութիւնը: Եւ քանի որ Լիբանանի պետական կառոյցը հիմնուած էր  համայնքային դրութեան վրայ, ապա Լիբանան հաստատուած նախկին օսմանահպատակ հայերը անհատաբար ձեռք կը բերէին լիբանանեան հպատակութիւն, իսկ հաւաքաբար՝ համայնքային պետական իրաւունքներ: Այսու լիբանահայութիւնը կ’ունենար իրաւունք՝ քուէարկելու եւ ընտրելու՝ հպատակութեան ստացումին յաջորդող առաջին տասնամեակին, իսկ այնուհետեւ՝ նաեւ ընտրուելու: Եւ իրաւամբ, 1934ին լիբանահայութիւնը կ’ունենար երեսփոխանական մէկ աթոռի իրաւունք: Այդ իրաւունքը պիտի փոխուէր ամէն անգամ որ խորհրդարանական աթոռաթիւերը փոխուէին: Այսպէս, 1943ին՝ երկու առաքելական ներկայացուցիչ Պէյրութի ընտրատարածքէն, իսկ 1951ին՝ երկու առաքելական եւ մէկ կաթողիկէ ներկայացուցիչ Պէյրութի եւ մէկ առաքելական ներկայացուցիչ՝ Լեռնալիբանանի Մեթնի ընտրատարածքէն: 1953ին Լիբանանի առաքելական ներկայացուցիչներուն թիւը կը նուազի երկուքի (երկուքն ալ Պէյրութի մէջ), իսկ 1957ի ընտրութեան կը վերականգնի 1951ի դրոյթը: 1960էն մինչեւ 1989 լիբանահայութիւնը կ’ունենայ երեք առաքելական եւ մէկ կաթողիկէ ներկայացուցիչ Պէյրութէն եւ մէկ առաքելական ներկայացուցիչ Լեռնալիբանանի Մեթնի ընտրատարածքէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին աւարտը նշանաւորող Թաէֆի Համաձայնագրով վերոյիշեալ աթոռներուն վրայ աւելցաւ մէկ առաքելական աթոռ՝ Պեքաայի Նահանգի Զահլէի ընտրատարածքին մէջ, մինչ աւետարանական աթոռին աւետարանական հայեր ալ կրնան թեկնածու ըլլալ[2]: Ներկայիս լիբանահայութիւնը խորհրդարանին մէջ կը ներկայացուի հինգ հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ երեսփոխաններով:

Բնականաբար, համայնքներուն առնչութիւնը պետութեան՝ չի սահմանափակուիր լոկ երեսփոխանական կամ նախարարանական մասնակցութեամբ: Լիբանանի պետականօրէն ճանչցուած համայնքները իրաւական բաղադրիչներն են այդ պետութեան: Ըստ այդմ ալ, լիբանահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը կարելի է դիտարկել նաեւ իբրեւ միւս համայնքներուն հետ՝ պետութեան մէջ իշխանութեան իրաւունքի փոխյարաբերութեան պահպանում:

Աննախընթաց այս հատորը բաժնուած է տաս Գլուխներու, որոնցմէ երկուքը ունին երկուքական բաժին: Հատորը կ’աւարտի ամփոփումով մը, աղբիւրացանկով եւ անուանացանկով:

Գիրքին առաջին երկու Գլուխները ունին ներածական բնոյթ: Առաջինը կը ներկայացնէ լիբանահայութեան պատկերը՝ հայութեան զանգուածաբար Լիբանան հաստատուելէն (1921) մինչեւ այսօր՝  լիբանահայութիւնը իր յարանուանութիւններով, կրօնական-եկեղեցական, հասարակական, ընկերային, մարզական, կուսակցական, կրթական, մշակութային եւ այլեւայլ կառոյցներով: Այս առումով, այս Գլուխը ունի ճանաչողական նորագոյն արժէք: Երկրորդ Գլուխը կը համառօտէ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ 1934-2009 շրջանին:

Մնացեալ Գլուխներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Լիբանանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր նախագահի պաշտօնավարութեան տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այսպէ՛ս կազմուած են նախագահներ Պշարա Խուրիի (1943-1952), Քամիլ Շամունի (1952-1958), Ֆուատ Շեհապի (1958-1964), Էլիաս Հրաուիի (1989-1998), Էմիլ Լահուտի (1998-2007) եւ Միշէլ Սլէյմանի (2008-2014) պաշտօնավարութեան շրջանին ընտրութիւններուն նուիրուած Գլուխները: Բացառութիւն կը կազմեն ֆրանսական հոգատարութեան հանգրուանի (1934-1943) ու նախագահներ Շարլ Հելուի (1964-1970) եւ Սլէյման Ֆրանժիէի (1970-1976) պաշտօնավարութեան շրջանին ընտրութիւններուն վերաբերող  երեք առանձին Գլուխները:

Այս Գլուխներուն մէջ Մսըրլեան պատմաբանի բծախնդրութեամբ կը ներկայացնէ լիբանահայութեան ներքին պայքարները՝ խորհրդարանական ընտրութեանց առթիւ, եւ անոնց ունեցած ազդեցութիւնները թէ՛ լիբանահայ զանազան խաւերուն, եւ թէ՛ լիբանահայ մշակութային ու ազգային զանազան իրադարձութիւններու վրայ:  Ի տարբերութիւն այլ ուսումնասիրողներու, որոնք կուսակցութիւն  մը, կամ եկեղեցին առած են իրենց պատումին առանցքը, Մսըրլեան ունի քաղաքական ընթացքի աւելի չէզոք եւ հաստատութենական առանցք՝ ընտրութիւնները:

Իր խօսքին մէջ, գիրքին յառաջաբանը գրող, Հայկազեան Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու Բաժանմունքի համադրող, Դոկտ. Մաքսիմիլիըն Ֆելշ կը հաւաստէ անհրաժեշտութիւնը ձեռք անցընելու այս գիրքը՝ «բոլոր անոնց որոնք կ’ուսումնասիրեն Միջին Արեւելքի հայկական սփիւռքը… գիրքը յաջողապէս կը ներկայացնէ լիբանահայ համայնքին մարտահրաւէրները՝ իր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն…- եւ կ’եզրափակէ-՝ հայ համայնքին համակեցութիւնը լիբանանեան ընկերութեան մէջ համարկումի յատուկ եւ յաջող մոտէլ մըն է բազմակրօն ընկերութեան եւ կրնայ դաս ըլլալ թերաճ պետութիւններու համար, որոնք կը ճգնին իրենց փոքրամասնութիւններ ընկերային կառոյցին մաս դարձնել»[3]:

Առաջին անգամ է որ լիբանահայութեան վերաբերող որեւէ նիւթ կ’ենթարկուի մանրակրկիտ, ամբողջական, գիտական ուսումնասիրութեան՝ իր սկզբնաւորումէն մինչեւ մեր օրերը: Այս առումով, պատմական այս պատումը բացառիկ իրագործում մըն է, որ կը հարստացնէ լիբանահայութեան մասին կատարուած գիտական ուսումնասիրութիւններու փոքր խումբը: Իրաւ ալ, Մսըրլեան յաջողած է լիբանահայութեան մասին առկայ հսկայ, սակայն չմշակուած նիւթերու պաշարէն առանձնացնել զինք հետաքրքրող նիւթերու մեծագոյն մասը եւ համադրելով զանոնք, փորձառու պատմաբանի ճարտարութեամբ ներկայացնել Լիբանանի խորհրդարանին հայկական մասնակցութեան կուռ կառոյցը եւ տալ անոր համահաւաք պատկերը:

Հեղինակին հայրը՝ Մկրտիչ Մսըրլեան անձամբ մասնակցած է ընտրութեանց: Թերեւս այս մէկը մղած է հեղինակը, 1960-1963 տարիներուն լծուելու նման երախտաշատ ուսումնասիրութեան մը, ընդունելով խորհրդատու դասախօս Փրոֆ. Զիատէի աառաջարկը: Պէտք է ըսել, սակայն, որ հեղինակին անձնական մղումը չէ վերափոխուած ենթակայական մօտեցումի՝ հարցերու, երեւոյթներու թէ իրադարձութիւններու իր վերլուծութեան եւ ընդհանրապէս իր պատումին ընթացքին:

Հեղինակը իր ուսումնասիրութեան համար «մաղած» է լիբանահայ մամուլը, ներառած տեղական արաբատառ, անգլիատառ ու ֆրանսատառ մամուլին մէջ ընտրութեանց հայկական առնչութեան վերաբերող նիւթեր, օգտագործած՝ առկայ ոչ-հայատառ գրականութիւնը, ունեցած նամակագրութիւն, կատարած հարցազրոյցներ՝ խորհրդարանական հայ թեկնածուներու, ընտրուածներու եւ այլապէս ալ առնչուածներու հետ: Այս բոլորը նոր ծալքեր բացած են եւ յաւելեալ խորութիւն տուած ուսումնասիրութեան: Միւս կողմէն, Մսըրլեան իր ուսումնասիրութեան մէջ լայնօրէն ներկայացուցած է լիբանահայ ենթահողը, եւ համեմատօրէն նուազ չափով՝ լիբանանեան ենթախորքը, որ թերեւս կարելի էր աւելի եւս խորացնել:

Իբրեւ պատմաբան, ակնկալելի էր եւ հասկնալի թէ ինչու հեղինակը նիւթին մօտեցած է պատմաբանի քան թէ քաղաքագէտի մեկնակէտով եւ ըստ այդմ ուսումնասիրութիւնը ունի աւելի պատմական քան թէ քաղաքական ձեւաչափ:

Հատորը ուսումնասիրութեան առատ նիւթ կը հայթայթէ բոլոր անոնց որոնք կը պեղեն փոքրամասնութեանց քաղաքական գործունէութիւնը: Ան խորունկ թափանցումի միջոց է նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեանց օրակարգերուն, միջկուսակցական պայքարի երեսակներու բացայայտման, ուր առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ իշխանութեան պայքարը:

[1] Դոկտ. Մսըրլեանի հրատարակած նախորդ հատորներն են.- Հայկական Հարցի Մասին (Կարս-Արտահանի «Հարցը» Թուրք-Սիովետ Յարաբերութեանց Լոյսին Տակ (1939-1977), «Ներքին» Հողերու Հարցը, Թուրքիոյ Քիւրտերը Եւ Հայկական Հարցը), Պէյրութ 1978, Երեք Դաշնագրեր (Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի Եւ Կարսի Դաշնագիրերը, 1920-1921թթ.), Պէյրութ, 1979, Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազագ.-Քաղաքական Գործունէութիւնը, Պէյրութ, 1981, The Premeditated Nature of the Genocide Perpetrated on the Armenians, Antelias, 2001, Ամերիկայի Միացեալ ՆահանգներուԱրտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հայկական Հարցը (1900-2009), Պէյրութ, 2010, Հայոց Ցեղասպանութենէն Առաջ Եւ Ետք, Անթիլիաս, 2011:

[2] Լիբանանի Հանրապետութիւնը չի ճանչնար Լիբանանի Հայ Աւետարանականները իբրեւ առանձին համայնք, այլ զանոնք կը նկատէ Լիբնանանի Փրոթեսթանթ Համայնքի մաս. ասոնց յատկացուած է խորհրդանական մէկ աթոռ: 1972էն մինչեւ 2000 հայ աւետարանական երեսփոխաններ կը ներկայացնէին Փրոթեսթանթ Համայնքը:

[3] Maximilian Felsch, “Foreword”, Zaven Messerlian, Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections, 1934-2009, Beirut, Haigazian University Press, 2014, էջ xii-xiii.

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին