Վարդգէս Գուրուեան
«Ծովից Արեւն է ելել ու պարել է ժայռերին
Եւ այդ պարից է ծնվել Մայրաքաղաք Վանը հին»
Շատ դժուար է ինծի համար հոս նկարագրել Վանա Լճի եւ շրջակայքի զմայլելի գեղեցկութիւնը: Մե՛րն էր: Հիմա, առժամեայ կերպով մերը չէ: «Վաղը» մե՛րը պիտի ըլլայ…:
Դէպի Վան մեր ճամբուն վրայ հանդիպեցանք Առիւծ Մհերի թոռան, Փոքր Մհերին…: «Մհերի Դուռ»ի շրջակայքը ժայռալեռ մըն է, ուղղակի ժայրաստան, որուն վրայ յստակօրէն կ’երեւայ «Մհերի Դուռ»ը: Դրան վրայ սեպագիր արձանագրութիւններ կային, մասամբ վանտալուած, ուր արձանագրուած է հին ժամանակներուն դարերով կիրառուած արեգակնային օրացոյցի վկայութիւնը: Տիգրան եւ Պերճ Ղորղորեանները, որպէս խումբին ամենաերիտասարդ անդամները, մագլցեցան մինջեւ «Մհերի Դուռ»ը, մեր պատգամը տանելու: Տիգրանը իր հնւժկու բազուկներով թակեց «Դուռ»ը, բայց բացող չ’եղաւ… Պիտի խնդրէինք Փոքր Մհերէն որ Մեծ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով դուրս գար եւ ազատագրէր Մեր Հողերը, իր գերեվարուած հայրենիքը: Ինչպէս իր հայրը, Դաւիթը, Մսրա Մելիքին զօրքեր դուրս շպրտած էր մեր հողերէն, պիտի առաջարկէինք որ ինքն ալ դուրս գար եւ դուրս շպրտէր Օսման օղլու Թուրք գազաններուն վոհմակները: Լու՜ռ էր Փոքր Մհերը, տակաւին մտածկոտ, կարծես մեզի կ’ըսէր « ժամանակս չէ եկած տակաւին, սպասեցէք քիչ մըն ալ եւ ես բիւրաւոր Փոքրիկ Մհերիկներով պիտի փշրեմ այս Դուռը եւ այն ատեն վա՜յ անոր որ դէմս կ’ելլէ… (կը լսէ՞ք Պրն. Էրտողան):
Տիգրանը տակաւին կը համենար մինչ իր կինը, Քէթին, վարէն աղաչական կը կանչէր իր ամուսնոյն որ ուշադիր ըլլար վար իջած ատեն քանի որ վայրէջքը քարքարոտ էր եւ կրնար սահիլ: Տիգրանն ալ, կարծես անոր վախցնելու համար մասնաւոր կը «սահէր» խեղճ Քէթիին սիրտը թունդ հանելով: Պաս չելած, քանի մը կտոր քար առինք որպէս յիշատակ «Մհերի Դուռ»էն, եւ ի պահանջեալ հարկին՝ քանի մը գլուխ արիւնելու…: Ճերմակորակ քար մըն ալ տուի Ֆաուլըրի (Ֆրէզնոյի կից քաղաք) եկեղեցւոյ Երէցկին Սանտրա Առաքելեանին որ տանի իր եկեղեցին եւ հոն խորանին վրայ զետեղէ: Սիրով ընդունեց առաջարկս:
«Մհերի Դուռ»ին հրաժեշտ տալէն ետք այցելեցինք Ուրարտական բերդ մը, կառուցուած բարձր բլուրի մը գագաթին՝ որ «կ’իշխէր» շրջակայքին վրայ: Թուրք կամ քիւրտ Ուրարտագէտ մը մեզ դիմաւորեց: Այս մարդուկը տասնամեակներ առաջ որպէս «բեռնակիր» աշխատած է եղէր Եւրոպացի հնագէտներու հետ, պեղումներու ժամանակ եւ անոնցմէ սորված Ուրարտական պատմութիւնն ու սեպագիր այբուբենը եւ այժմ Որարտագէտ է, մանաւանդ Ուրարտական սեպագիրերուն մասնագէտ: Ան մեզի բացատրեց թէ ինչպէս ժամանակին Ուրարտացիները ժայռափոր խողովակներով անձրեւներու ջուրերը կ’ամբարէին մասնաւոր ժայռափոր ջրամբարներու մէջ: Նոյնպէս տեսանք գետնի մէջ պահուած մեծ կարասներ՝ ցորեն ամբարելու համար: Մելգոնեանցի Տօքթ. Պերճ Ղորղորեանը պահակին ձեռքը քանի մը թրքական ոսկի սահեցնելով անոր Ուրարտական սեպագիր տառերով իր անուն – մականունը եւ «Մելգոնեան» բառերը գրել տուաւ: Մելգոնեանցիներուս համար, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը սրբատեղի է, իսկ Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրները՝ հազարաւոր որբերու փրկիչ եւ արեւմտահայերէնի պահպանիչ Սուրբեր:
Վերջապէս հասանք Վանա Լիճ:
Արեւուն ճառագայթները բիւրաւոր ադամանդներու նման կը փայլփլէին լճի ալեաքներուն վրայ: Լճեզերքին, նախքան նաւ հասնիլը զբօսաշրջիկներու համար կրպակներ կային ուր ծախու էին բազմաթիւ յուշանուէրներ, պատկերներ, քարտէզներ եւ ուտեստեղէններ: Քիչ մը անդին մեծադիր նկարներ կային Աղթամար կղզին նկարագրող: Հոն շրջանակուած էր նաեւ Վանի նշանաւոր ճերմակ կատուին մեծկակ պատկերը իր երկու գոյն աչքերով:
Երբ Սուլթան Համիտ Բ. գահընկէց եղաւ, յեղափոխականները զինք Սելանիկ չ’աքսորած, իրաւունք տուին իրեն իր հետ տանելու իր պալատական ծառաներէն 24 հոգի: Սուլթանը իր ընտրութիւնները կատարելէն ետք խնդրեց որ իրեն արտօնութիւն տրուի մէկ հոգի եւս աւելցնելու: Երիտասարդ Թուրքերը համաձայնեցան: Սուլթանը իր սրճեփն ալ առաւ իր ցանկին վրայ: Ապա, արիւնարբու Համիտը խնդրեց որ իր ճերմակ, Վանի կատուն ալ արտօնուի իր հետ Սելանիկ երթալու: Ան ալ արտօնուեցաւ: Սուլթանին Վանեցի կատուն մասնաւոր խնամուած ազնուական սերունդէ կը սերէր: Անոր հասակը կ’ըսեն թէ քանի մը ոտք երկարութիւն ունէր: Վրեջապէս Օսմանեան Կայսրութեան Սուլթանին կատուն պարզ կատու մը պիտի չ’ըլլար:
Զբօսանաւով ճամբայ ելանք դէպի Աղթամար կղզին: Մինչ կը մօտենայինք կղզիին (3.5 քմ), սկսայ պատկերացնել թէ ինչպէս 4-րդ դարուն Ռշտունեաց իշխանները զարդարուած նաւերով կղզի կ’երթային իրենց սիրուհիներուն հանդիպելու…: Ապա, 10-րդ դարուն, հայոց Գագիկ Արծրունի թագաւորը կղզիին ամենաբարձր վայրին վրայ կառուցած էր պարսպապատ իր միջնաբերդը իր թագուհիին ապահով հանգստարան մը պարգեւելու համար: Եւ որպէսզի թագուհիին շրջազգեստը չթրջուէր, կառուցել տուած է 2.6 մեդր բարձրութեամբ նաւամատոյցը, որ այժմ ջուրով ծածկուած է: Նախքան կղզի ելլելը, նախ ընդհանուր պտոյտ մը կատարեցինք կղզիին շուրջը: Հարիւրաւոր ծովային թռչուններ (gull) ժայռափոր իրենց բոյներէն վար սուզուելով մեր շուրջ պար կը բռնէին եւ կ’ողջունէին մեր գալուստը…: Կրնայինք պատկերացնել թէ կղզիին բնակիչները ու՞ր ձկնորսութեան կ’երթային, կտրիչները ո՞ր բարձունքներէն վար կը սուզուէին աղջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւելու, թէ ինչպէ՞ս զբօսանաւերով հայ աւագանին կը նաւարկէր կղզիին շուրջ: Վստահաբար կղզիին բնակիչները լճափ լողալու ալ կու գային, եւ թէ ինչպէս մինչ աղջիկներուն «ծովազգեստները» (մայօ) կը փակչէին անոնց սրունքներուն, ի՞նչ փոթորկումներ տեղի կ’ունենային մօտակայ տղոց հոգիներուն մէջ…
Աղթամար կղզին էր նաեւ հոգեւոր եւ մշակութային շարժումներու կեդրոն:
Ելանք կղզի եւ ուղղակի ուղուեցանք դէպի 2009-ին վերանորոգուած Սբ. Խաչ եկեղեցին:
Սբ. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է Գագիկ Արծրունի (608-943 ք.ե.) թագաւորին հրամանով եւ յղացմամբ՝ ճարտարապետ – քանդակագործ Մանուէլի Եպիսկոպոսի կողմէ:
Փոքր եկեղեցի մըն է, խաչաձեւ, 15 x 20 մեթր մեծութեամբ, մայր գմբէթը՝ 20 մեթր բարձրութեամբ, ներքնամասը՝ սրբապատկերներով զարդարուած: Թուրք պահակէն իմացանք որ տարին միայն մէկ օր պատարագ կը մատուցուի հոս, իսկ մնացած 364 օր եւ 8 ժամերը ան թանգարան է (ախոռ ըլլալէն շատ աւելի լաւ է): Ըսուեցաւ որ չենք կրնար «թանգարան»ին մէջ աղօթել կամ նկարել: Հա՛հ-հա՜: Եկեղեցիին մէջ կային նաեւ Հայաստանէն ժամանած ուրիշ զբօսաշրջիկներ: Երբ մեր խումբին մեծամասնութիւնը ներս մտաւ, Դոկտ. Կարպիսին ըսինք որ մենք պիտի աղօթենք: Մենք 1915-ի գառնուկները չե՛նք: Դոկտ Կարպիսը արդէն նման առիթներու կը սպասէր Աստուծոյ հետ խօսելու: Կանչեցինք Երէցկին Սանտրա Առաքելեանը եւ «Հայր Մեր»ը, «Տէր Ողորմեայ»ն եւ «Սուրբ Սուրբ»ը խնկարկեցինք: Մեզի միացան Հայաստանցի զբօսաշրջիկները: Գէորգ Յակոբեանը, միշտ նման առիթներուն «երկրորդ» ձայնը կը բռնէր: Ան Մելգոնեանի մէջ երգչախումբի անդամ էր (պաս) աշակերտութեան եւ յետոյ ուսուցչական տարիներուն (Մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի հետ): Հոս ալ Գէորգը երկրորդ ձայով աւելի գեղեցկացուց մեր աղօթքները: Թուրք պահակը եկաւ եւ շատ անհանգիստ էր եւ բարկացած որ «օրէնքը խախտած էինք»: Դոկտ Կարպիսը «ձեռնուեցաւ» պահակին հետ, պահակը իր ձեռքը գրպանը տարաւ եւ «ժամանակաւորապէս խլացաւ ու կուրացաւ» եւ մեր «ապօրինի նկարահանումներ»ն ալ չտեսաւ:
Սբ. Խաչ եկեղեցին կրնար նմանիլ որեւէ այլ հայկական եկեղեցիի եթէ իր դուրսի պատերուն վրայի քանդակները չ’ըլլային: Գիտէք անշուշտ որ եկեղեցւոյ դուրսի պատերուն վրայ Սբ. Գիրքէն դրուագներ քանդակուած են:
Հայաստան ուսանած Մելգոնեանցի ճարտարապետ Տիգրան Ղորղորեանը բացատրեց մեզի որ որմնաքանդակները կը բաժնուէին հորիզոնական վեց գօտիներու:
Առաջին գօտին տերեւներով զարդաքանդակներ էին որոնք ժապաւէնի նման փաթթուած էին եկեղեցիին շուրջը: Անոնք բուսական աշխարհի պատկերներով, ալիքաձեւ շուրջպար բռնած էին եւ վեր կը «պահէին» միւս գօտիները:
Երկրորդ գօտին կը նկարագրէր Հին եւ Նոր Կտակարաններէն տեսարաններ, ինչպէս Ադամ եւ Եւան, Աբրահամն ու Իսահակը զոհաբերութեան սեղանին առջեւ, Յովնանի ծով նետուիլը, Դանիէլ Մարգարէն առիւծներու գուբին մէջ, Տալիթային Սամսոնին մազերը կտրելու պահը, Դաւիթի եւ Գողիաթի մենամարտը, չարին դէմ կռուող ասպետները, եւալն: Գլխաւոր քանդակներէն մին ալ Գագիկ թագաւորի քանդակն է որ ան եկեղեցւոյ մանրակերտը ցոյց կու տայ կամ կը նուիրէ Յիսուսի:
Երրորդ գօտիին մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ կենդանիներ, առիւծ, ցուլ, գոմէշ, թռչնազգիներ, եւայլն:
Չորրորդ գօտին կը ներկայացնէ խաղողի չընդհատուող որդագալարներ, աշխարհիկ կեանքէն առնուած յարդաքանդակներ, այգիի մշակում, բերքահաւաք, գինիի պատրաստութիւն, կռիւ՝ բերքը յափշտակող կենդանիներու դէմ:
Հինգերորդ եւ վեցերորդ գօտիներուն վրայ պատկերուած են սարսափահար եղնիկներու, եղջերուներու եւ քարայծերու քանդակներ որոնք կը հալածուին առիւծներու եւ յովազներու կողմէ:
Տակաւին, պատերուն վրայ քիչ մը ամէն տեղ կը տեսնենք խաչքարերու, հայերէն գիրերու եւ սուրբերու քանդակներ որոնք հաւանաբար թագաւորական ընտանիքին անդամներն էին, սուրբերու կերպարանքներով քանդակուած:
Կը տարուիս մտածելու թէ ինչպէ՞ս մեզմէ աւելի քան հազար տարիներ առաջ հայ ստեղծագործ միտքը ստեղծած է նմանատիպ եկեղեցի մը իր իւրայատուկ յղացումներով եւ լուծումներով: Որքա՜ն բարձր պէտք էր եղած ըլլար մեր մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մակարդակը որ մեր թագաւորը հսկայական գումարներ յատկացուցած էր հոգեմտաւոր մշակոյթի նման կոթող մը բարձրացնելու եւ յետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելու:
Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ նորոգութիւնները տակաւին վերջացած չէին: Եկեղեցիին շրջակյքի խաչքարերը, մենաստանները, գերեզմանները պէտք էր շտկուէին, մաքրուէին, եւալն:
Հայաստանէն եկած այդ զբօսաշրջիկները Էջմիածինէն մոմեր բերած էին եւ եկեղեցիէն դուրս, կողքին, մասնաւոր յատկացուած տեղ մը կը վառէին այդ մոմերը: Երբ տեսան որ մենք մոմ չունէինք, անմիջապիս մեզի ալ տուին իրենց մոմերէն: Վերջապէս Հայաստանցի էին…:
Աղթամար կղզիին դիմաց, կապուտականաչ ջուրերէն եւ Վան քաղաքէն անդին, կը պարզուէին Սիփանա եւ Վարագա լեռներու վեհանիստ տեսարանները: Հոս կը զգաս թէ ինչու՞ եւ ինչպէ՞ս Հայու Ոգին ծնունդ առած է աշխարհագրական այս գեղեցիկ եւ վեհ երկրամասին մէջ:
Ցամաք վերադարձին, նախապէս եղած կարգադրութեամբ մը (Ռամատանի շրջան էր) համադամ ձուկ ճաշակեցինք տապկուած գետնախնձորի, բրինձ փիլաւի, սալաթի, գինիի, գարեջուրի ու այլ մրգաջուրերու ընկերակցութեամբ: Ճաշարանատէրը հայ է ըսին:
Երբ ճաշարանէն դուրս ելանք եւ դէպի մեր պասը կ’ուղղուէինք, տեսանք որ երկու փոքր պասեր կային կանգառին մէջ եւ կարծես թէ հայերէն կը խօսէին ոմանք: Երբ մօտեցանք, տեսանք որ իրապէս հայ զբօսաշրջիկներ էին, Էջմէածնի շրջանէն: Բնականաբար Երագոյն դրօշակ մըն ալ բերած էին: Երբ իմացան որ մենք ալ Ամերիկայէն «թուրիստ»ներ ենք, իջան պասերէն եւ տաք ու սիրալիր խօսակցութեան բռնուեցան մեզի հետ (ամէն մարդ Լոս Անճելոսի մէջ մէկը ունէր…): Յանկարծ պասին մէջէն հայկական պարեղանակներ սկսան նուագուիլ եւ… խմբային շուրջպարերը սկսան: Պահ մը մոռցանք որ թուրքիոյ մէջ ենք եւ թէ ամէն տեղ լրտեսներ կրնան ըլլալ: Որու՜ հոգը: Երագոյն դրօշակը պարզած, կատաղի կը պարէինք մե՛ր հողերուն վրայ, նոյնիսկ մեր խումբի Պրն.Արամը որ միշտ իր միտքերուն հետ առանձնացած կը խոկար, սկսաւ պարել, ցատկռտել: Մեր կորսուած հայրենիքի սուրբ հողին վրայ մեր ոտքերու դոփիւններու արձագանգը մեզի կը վերադառնար Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ պատերէն: Ելած փոշին խորունկ կը շնչէինք եւ մեր թոքերը կը լեցնէինք մեր պապերուն աճիւններովը կարծես: «Մրրկաւ» իրարմէ բաժնուած հայեր, հայկական գրաւեալ հողերու վրայ իրարու հանդիպած, Երագոյնով, հայկական երգ ու պարով զիրար «կը մխիթարէինք»: Արեւելեան Հայաստանի քաղաքացիներն ու Արեւմտեան Հայաստանի նահատակուած բնիկներու զաւակներն ու թոռները եղբայրացած՝ Սարոյեանական Նոր Հայաստանը հիմնելու պատրաստ էինք, թէկուզ մեր երգ ու պարով եւ … արիւնով: Օր մը, Հայաստանի մէջ կրկին հանդիպելու մաղթանքներով բաժնուեցանք իրարմէ: Քանի մը օր ետք իմացանք որ Հայաստանցի մեր այս եղբայրները բարձրացած են Կարսի բերդը եւ Երագոյնը պարզած հոն: Թուրք եւ քիւրտ պահակները բարկացած են, եւ մինչեւ անգամ տեղական թերթ մը անդրադարձած է այս դէպքին մասին եւ պատիժ պահանջած: Ոչինչ, Հայաստանցի մեր եղբայրները այդ օր հաւանաբար քանի մը գաւաթ աւելի կոնծած էին:
Վանի անառիկ բերդին մագլցումը իրապէս որ հերոսութիւն էր մեզի համար: Իսկապէս կ’ապրիս նախնիներուդ փառքը: Որեւէ բանակի համար հաւանաբար անկարելի բան էր այդ բերդը գրաւելը: Ուրարտացիներուն կողմէ ք.ա. 825 թուականին շինուած այս բերդը ունի 70-80 մեդր լայնք, 1.5 ք.մ. (մօտ 2500 մեդր) երկայնք եւ 80 մեդր բարձրութիւն: Բարձր, ժայռակերտ եւ անմատչելի բլուրի մը վրայ շինուած էր այդ: Մէկ կողմը հաւանաբար 75 եւ աւելի մեթր ուղղանկիւն անդունդ, միւս կողմերը քի՜չ մը աւելի «մատչելի»: Քիւրտ պահակ-առաջնորդներու օգնութեամբ մագլցեցանք, զիրար հրելով, իրարու քաշքշելով: Բլրան անառիկ մէկ կողքին, մասնաւոր պաշտպանուած նեղ ու ծուռ աստիճաններէ իջնելով մտանք Ուրարտացի թագաւորներու դամբարանները, որոնց մէկ քանի սենեակները վերջերս յայտնաբերուած էին եւ…կողոպտուած: Ժայռերուն վրայ հանդիպեցանք Ուրարտական բազմաթիւ արձանագրութիւններու:
Բերդը նորոգութեան մէջ էր: Երբ ելանք վեր, մեր առջեւ պարզուած տեսարանը պարզապէս անհաւատալի էր: Աշխարհը ոտքիդ տակ ասացուածքը հոս կիմաստաւորուէր: Եւ մտածել որ մեր հայ արքաները այստեղէն կառավարած եւ պաշտպանած են իրենց ժողովուրդը: Եւ մտածել որ այս պատերն ու ժայռերը լուռ ականատեսները եղած են բիւրաւոր հայ նահատակներու սպանդին: Չե՞ս հայհոյեր: Չե՞ս բողոքեր առ Աստուած հազարաւոր անմեղ մանուկներու սպանդին դէմ կամ անոնց բռնի իսլամացումին…
Ի՜նչ հեգնանք: Ուրարտական-հայկական այդ անառիկ բերդին վրայ թրքական արիւնոտ դրօշակը կը ծածանէր պայծառ արեւին անմե՜ղ շողերուն տակ:
Բերդի բարձունքի հարաւային կողմը կը տեսնէինք Վանի հայկական հին թաղամասերը, դաշտագետինի վերածուած: Ուշադիր աչքերով եթէ նայիս, կրնաս նշմարել ուրուական «յատակագիծ»ները մեր տուներուն եւ թաղերուն՝ խոտերով ծածկուած: Արդեօք թուրքերը որքա՞ն ոսկի գտան հայկական թաղամասերը քանդելու ժամանակ:
Բերդին ստորոտէն քիչ մը անդին բազմաթիւ կրպակներ կային ուր տեղական յուշանուէրներ կը ծախուէին: Իմացանք որ այդ կրպակներէն մէկուն տէրը քրտացած հայուհիի մը թոռնիկն է: Անուշիկ, երիտասարդ կին մըն էր: Բնականաբար մեր գնումները, քիչ մըն ալ աւելիով, իրմէ ըրինք եւ քաջալերեցինք զինք որ չմոռնայ իր հայկական արմատները:
Վանը արդիական քաղաքի վերածուած է: Նոր, ճաշակաւոր, բարձրայարկ եւ պատշգամաւոր շէնքերով, բլուրներուն վրայ բազմաթիւ առանձնատուներով, մաքուր, լայն եւ ծառերով եզերուած ճամբաներով, բազմաթիւ փապուղիներով (թիւնել), մեծ դպրոցներով, համալսարաններով, մեծ հիւանդանոցներով, շուկաներով եւ տակաւին մասամբ նորին: Երբ փապուղիէ մը կ’անցնէինք, մեր ուղեկցորդը կէս կատակ – կէս շիտակ պատմութիւն մը պատմեց: Այսպէս, երբ Վանի կուսակալութիւնը կ’որոշէ փապուղիներով լեռներու մէջէն ճամբայ բանալ, ճափոնական ընկերութիւն մը իր ծրագիրը կը ներկայացնէ եւ կ’ըսէ որ ժամանակ շահելու համար լերան երկու կողմերէն փորելով կու գանք եւ եթէ առաւելագոյնը 3 կամ 4 մեթրով միացման վայրի հանդիպումը փախցընեք, կրնանք այդ պարագային պզտիկ դարձուածքով մը միացնենլ փապուղին: Գերմանական ընկերութիւն մը նոյնպէս կը ներկայացնէ իր ծրագիրը եւ կ’ըսեն որ եթէ 1 կամ 2 մեթրով միացման հանդիպումը շուարինք, գեղեցիկ լուծումներով կը միացնենք փապուղին: Թրքական ընկերութիւն մը եւս իր ծրագիրը կը ներկայացնէ եւ կըսեն որ երկու կողմերէն փորուած փապուղիները եթէ իրարու հանդիպին, լաւ է, ապա թէ ոչ՝ որոշուած վայրին վրայ, երկու փապուղի կ’ունենանք…:
Արդիական պանդոկի մը մէջ Լաս Վէկասեան փառաւոր պիւֆէ-ընթրիքէ մը ետք, ընկերային հաճելի զրոյցներով աւարտեցինք մեր այդ օրուան ուխտագնացութիւնը:




