Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի 2014-2015 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ ներկայութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի, Թ.Մ.Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին ատենապետ Տիար Կարապետ Պապահէքեանի եւ այժմու անդամներու, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիար Միքայէլ Վայէճեանի եւ անդամներու, վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհիի եւ անդամներու, վարժարանիս բարերարներու, բարեկամներու եւ ստուար թիւով ծնողներու:
Հանդէսին առիթով բեմը շքեղօրէն յարդարուած էր Տիկ. Ամալիա Հայրիկեանի մտայղացումով, ներկայացնելով Հեթանոսական շրջանէն մնացած Գառնիի տաճարը անցնելով Քրիստոնէական շրջանի Սբ. Էջմիածինն ու Նորավանքը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդէսին բացումը կատարեց վարժարանիս հայերէն լեզուի դասատու՝ Տիկ. Մանիշակ Ալեքսանեանը, որ իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ այս տարի ամբողջացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ համայն հայութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն զանազան միջոցառումներով Հայ Դատին կառչած մնալու կամքը ցուցաբերեց: Մենք՝ Վահան Թէքէեան վարժարանէն ներս 100-րդ տարելիցը ոգեկոչեցինք այլազան ձեռնարկներով, վստահ ըլլալով որ մեր շրջանաւարտները անգամ մը եւս պիտի փաստեն, թէ իրենք զաւակներն են ժողովուրդի մը, որ կը յիշէ իր նահատակները եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքները:
Բացման խօսքէն ետք Նախ. Գ.Դ.Ե. եւ Զ. դասարանները ներկայացան «Թող Հնչէ Շեփոր», «Ազգ Փառապանծ», եւ «Սարդարապատ» խմբերգներով, առաջնորդութեամբ Պրն. Երուանդ Քէշիշեանի : Միջն. Բ. դասարանէն՝ Գարլօ Սապունճեան մեներգեց «Հայ Հերոսներու Երգ»ը, որմէ ետք Նախ. Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները ներկայացան «Ելէք Հայեր» եւ «Ղարաբաղցին» խմբերգներով ճոխացնելով մթնոլորտը եւ արժանանալով ներկաներուն որոտընդոստ ծափողջոյններուն: Ապա վարժարանիս «Կարս» պարախումբի (մեծերը) գեղեցիկ հայկական տարազներ հագած ներկայացան պարով մը՝ առաջնորդութեամբ պարուսոյց Արազ Ագըլեանի:
Ապա հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեանը փոխանցելու համար իր կրթական խօսքը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը եղած է ու կը մնայ Մեսրոպակերտ մեծասքանչ լեզուի դարբնոցն ու ամրակուռ ամրոցը, ուր տարիներ շարունակ լուսաւորուած է սերունդներ հայեցի կրթութեամբ շնորհիւ Թ.Մ.Մ. հիմնադիրներու մարմինին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Պայքար Ակումբի զոհողութեան պատրաստ խանդավառ երիտասարդներուն ու այսօր ալ կը շարունակէ սերունդներ եւս դաստիարակել Մեսրոպաշունչ ոգիով եւ հայ մշակոյթի ու պատմութեան գիտութեամբ ու գիտակցութեամբ»:
Տիկ. Նաճարեան աւելցուց ըելով, թէ «վարժարանիս առաքելութիւնը է ու կը մնայ սատարել հայ աշակերտի մտային, բարոյական եւ հոգեւոր զարգացման եւ օրուան պահանջքներուն համընթաց, հայ աշակերտին տալ հայադրոշմ դաստիարակութիւն՝ անոր մէջ զարգացնելով սէր ու յարգանք հանդէպ ազգային մշակոյթին ու աւանդութեանց, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանուր զարգացում, որպէսզի իր արմատները ճանչնալով՝ լաւ մարդ եւ լաւ հայ դառնայ»:
Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք Նախ. Ա.Բ.Գ. եւ Դ. դասարաններու տղաքը ներկայացան պարով մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն՝ պատրաստութեամբ Օրդ. Քրիսթինա Տեմիրճեանի, ուր շրջանաւարտները ներկայացան իրենց սրտի խօսքերով՝ յուզելով ներկաները: Միջն. Բ. դասարանէն Փիթըր Մուրատեան (տհոլով) եւ Դալար Գէորգեան (դաշնամուրով) ներկայացան «Խուժան Ասկեար» նուագով՝ առինքնելով ներկաները:
Ապա շրջանաւարտները հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին իրենց դաստիարակներուն հետ ներկաներուն յոտընկայս ծափողջոյններուն տարափին տակ: Նախակրթարանի ընթացաւարտներու անունով հայերէն լեզուով ուղերձ կարդաց Շիրազ Սամանլեան, ապա բեմ հրաւիրուեցան վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան, Տնօրէնուհին եւ 6-րդ դասարանի դաստիարակ Օրդ. Սիլվա Մահտեսեանը, բաշխելու 6-րդ դասարանի վկայականները:
Միջնակարգի շրջանաւարտներու անունով անգլերէն լեզուով հրաժեշտի խօսքը կարդաց Էմմա-Էնճըլի Քէշիշեան, ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնին նախկին ատենապետ Տիար Կարապետ Պապահէքեան, Տնօրէնուհին եւ 9-րդ դասարանի դաստիարակ Տիկ. Մանիշակ Ալեքսանեան կատարելու վկայականներու տուչութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Հանդէսի աւարտին հանդիսավարուհին ներկայացուց վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ, միաժամանակ անդամ զանազան վարչութիւններու եւ միութիւններու մէջ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի կենսագրութիւնը, որ սիրայօժար ընդունած էր կատարելու հուսկ բանքը:
Տոքթ. Վարդանեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ «Այս տարուան հանդիսութիւնը իւրայատուկ է որովհետեւ ան կը զուգադիպի հայոց ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի ոգեկոչումին: Ողբալու եւ դժբախտ զգալու հանգրուանը անցած է: Այժմ պահանջատիրութեան բուլը սկսած է, եւ կ՛ընթանայ հաստատագայլ: Դուք, սիրելի շրջանաւարտներ, հրաւիրուած էք ըլլալու հայ ազգին ղեկավարները, եւ շարունակելու մեր դատը եւ պահանջելու մեր արդար իրաւունքները»: Ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն պատուիրեց . «Մի մոռնաք՝ որ Թէքէեանը ձեր երկրորդ տունն է, ուր ապրեցաք տարիներ շարունակ, եւ վայելեցիք անոր քաղցրութիւնը, մտերմութիւնը, զոհողութիւնը եւ նամանաւանդ» անոր սէրը: Դուք, ստացաք ձեր ստանալիքը, վաղը, դուք է որ զանազան ասպարէզներէ ներս յաջողելէ ետք, դուք պիտի օգտակար հանդիսանաք անոր ապագայ ճանապարհին… որպէսզի վաղը, ձեր նման տասնեակ հայ ուսանողներ եւս գան… ուսանին եւ վկայուին անկէ: Այս է որ կը սպասենք ձեզմէ: Մնացէ՛ք երախտապարտ շրջանաւարտներ»:
Հուսկ բանքէն ետք տեղի ունեցաւ հրավառութիւն մեծ խանդավառութիւն մը ստեղծելով, ապա շրջանաւարտները բեմին առջեւ ընդունեցին բոլորին շնորհաւորութիւնները:
Բարի երթ կը մաղթենք մեր սիրելի շրջանաւարտներուն:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ